Միջեկեղեցական շփումներ Վատիկանի մէջ

Հոկտեմբեր ամսուայ առաջին տասնօրեայ հատուածին Հռոմի Պապական Աթոռը բեմահարթակ հանդիսացաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ նաեւ Հայաստանի համար։ Ֆրանչիսկոս Պապի հրաւէրով Վեհափառ Հայրապետ Գարեգին Բ. Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Վատիկանի մէջ մասնակցեցան միջեկեղեցական բնոյթի զանազան միջոցառումներուն։ Հոգեւոր պետերուն կ՚ընկերակցէին նաեւ Հայ եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականները։

Միւս կողմէ ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգիսեան եւ Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը եւս ժամանած էին Հռոմ եւ ներկայ գտնուեցան հայկական արուեստի նուիրուած ցուցահանդէսին։ Այս բոլորին մասին լուրերը եւ լուսանկարները քաղելով Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի եւ Վատիկանի պաշտօնական կայքէջէն, կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան։

Վատիկա­նի եր­կօ­րեայ
հա­մաժո­ղովը իր գա­­գաթ­­նա­­­կէտին հա­­սաւ Վե­­հափառ հայ­­րա­­­պետի ու­­ղերձը հա­­մաժո­­ղովի ըն­­թացքին

Սէնթ Էճի­­տիօ հա­­մայնքին կող­­մէ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած հա­­մաժո­­ղովը, 7 Հոկ­­տեմբեր 2021, Հինգշաբ­­թի, շա­­րու­­նա­­­կուե­­ցաւ խտա­­ցեալ օրա­­կար­­գով։ «Լա Նու­­վո­­­լա» հա­­մագու­­մարնե­­րու կեդ­­րո­­­նի յար­­կէն ներս տե­­ղի ու­­նե­­­ցած աշ­­խա­­­տանքնե­­րը կեդ­­րո­­­նացան չորս կա­­րեւոր նիւ­­թե­­­րու վրայ։

Հա­­մաժո­­ղովին իր մաս­­նակցու­­թիւնը բե­­րաւ նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­­րեգին Բ. Ամե­­նայն Հա­­յոց Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետը, որ «Հո­­րիզո­­նի ընդլայ­­նում. միւսնե­­րու նո­­րովի գիւ­­տը» խո­­րագ­­րեալ ֆո­­րու­­մի նիս­­տին որ­­պէս ատե­­նախօս իր ելոյ­­թը ու­­նե­­­ցաւ։ Բա­­նախօ­­սու­­թիւննե­­րուն հե­­տեւե­­ցան նաեւ Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը, ինչպէս նաեւ Հայ Եկե­­ղեց­­ւոյ պա­­տուի­­րակու­­թեան մաս կազ­­մող բարձրաս­­տի­­­ճան հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րը։

Սէնթ Էճի­­տիօ հա­­մայնքէն Հայր Մար­­քօ Կնիանիին վա­­րած նիս­­տի ըն­­թացքին բա­­ցի Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետէն, ելոյթ ու­­նե­­­ցաւ նաեւ Ամե­­րիկա­­հայ գիտ­­նա­­­կան, «Moderna» պիօփոր­­ձա­­­գիտա­­կան ամե­­րիկեան ըն­­կե­­­րու­­թեան հա­­մահիմ­­նա­­­դիր Նու­­պար Աֆէեան։

Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետը իր խօս­­քե­­­րուն մէջ նախ ող­­ջունեց հա­­մաժո­­ղովի կազ­­մա­­­կեր­­պիչներն ու մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րը, ըսե­­լով. «Առ Աս­­տո­­­ւած գո­­հու­­նա­­­կու­­թեամբ կ՚ող­­ջունենք Սուրբ Էճի­­տիօ հա­­մայնքի կազ­­մա­­­կեր­­պած միջկրօ­­նական ու միջմշա­­կու­­թա­­­յին երկխօ­­սու­­թեան հեր­­թա­­­կան հա­­մաժո­­ղովը։ Մեր օրհնու­­թիւնն ու գնա­­հատան­­քը կը բե­­րենք կազ­­մա­­­կեր­­պիչնե­­րուն ու նա­­խաձեռ­­նողնե­­րուն։ Անոնց ազ­­նիւ ջան­­քե­­­րով այ­­սօր հնա­­րաւո­­րու­­թիւն ու­­նե­­­ցած ենք՝ կրկին հա­­մախմբո­­ւելու եւ կի­­սելու տար­­բեր կրօն­­նե­­­րու եւ մշա­­կոյթնե­­րու փոխ­­ճա­­­նաչո­­ղու­­թեան ու փո­­խըմբռնման մա­­սին մեր մտա­­հոգու­­թիւններն ու ըն­­կա­­­լումնե­­րը»։

Նո­­րին Սրբու­­թիւնը, յա­­ջոր­­դա­­­բար անդրա­­դար­­ձաւ հա­­յու­­թեան ար­­դի մար­­տահրա­­ւէր­­նե­­­րուն եւ ներ­­կա­­­ներուն ու­­շադրու­­թեան յանձնեց ներ­­կայ իրա­­վիճա­­կը։ Հա­­մամարդկա­­յին ար­­ժէքնե­­րու վրայ հիմ­­նո­­­ւելով, յետ պա­­տերազ­­մեան շրջա­­նի մա­­սին իր ելոյ­­թը ու­­նե­­­ցաւ եւ ներ­­կա­­­յացուց Հա­­յաս­­տա­­­նէ ներս տի­­րող իրա­­վիճա­­կը եւ պա­­տերազ­­մի հետ առըն­­չո­­­ւած ժխտա­­կան իրա­­վիճակ­­նե­­­րը։

Այս ուղղու­­թեամբ ունկնդիր­­նե­­­րուն ու­­շադրու­­թեան յանձնեց, թէ՝ հա­­մընդհա­­նուր գոր­­ծակցու­­թեան ու ջան­­քե­­­րու կա­­րիքը կը զգա­­ցուի՝ բա­­րեկար­­գե­­­լու հա­­մար մեր ընդհա­­նուր տու­­նը՝ Եր­­կիր մո­­լորա­­կը։

Իր խօս­­քե­­­րը եզ­­րա­­­փակեց հե­­տեւեալ ձե­­ւով. «Մենք կ՚աղօ­­թենք, որ բա­­ցուին բո­­լոր մարդկանց սիր­­տերն ու միտ­­քե­­­րը՝ մարդկու­­թեան կեան­­քի նո­­րոգ­­ման հա­­մար մար­­դը վե­­րահաս­­տա­­­տելով Աս­­տուծոյ արար­­չա­­­կից ըլ­­լա­­­լու իր ճշմա­­րիտ կոչ­­ման ու նպա­­տակի մէջ։ Թող Աս­­տո­­­ւած ունկնդիր ըլ­­լայ մեր աղօթ­­քին, զօ­­րաց­­նէ մեզ մեր առա­­քելու­­թեան մէջ եւ օրհնէ բո­­լոր ազ­­նիւ ջան­­քե­­­րը յա­­նուն խա­­ղաղու­­թեան եւ ժո­­ղովուրդնե­­րու հա­­մերաշ­­խութեան»։

Մի­­ջեկե­­ղեցա­­կան աղօթք

Հա­­մաժո­­ղովի նիս­­տե­­­րէն յե­­տոյ, ժա­­մը 16.30-ին, Ն.Ս.Տ. Ֆրան­­չիսկոս Ա. Քա­­հանա­­յապե­­տի, Ն.Ս.Տ.Տ. Բար­­թո­­­ղոմէոս Ծայ­­րա­­­գոյն Պատ­­րիար­­քի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­­րեգին Բ. Ամե­­նայն Հա­­յոց Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետի նա­­խագա­­հու­­թեամբ պատ­­մա­­­կան «Քո­­լոսէում»ին շուրջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ մի­­ջեկե­­ղեցա­­կան արա­­րողու­­թիւն։ Եր­­կու փու­­լե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցեալ արա­­րողու­­թեան առա­­ջին բա­­ժինը մի­­ջեկե­­ղեցա­­կան, իսկ երկրոր­­դը միջկրօ­­նական բնոյթ ու­­նէր։

Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը եւս, որ­­պէս պա­­տուոյ հիւ­­րե­­­րէն մին հե­­տեւե­­ցաւ այս եզա­­կի ու խորհրդա­­շատ արա­­րողու­­թեան։ Բա­­ցի Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տէն, արա­­րողու­­թեան մաս­­նակցե­­ցան նաեւ Հայ Եկե­­ղեց­­ւոյ պա­­տուի­­րակու­­թեան մաս կազ­­մող բարձրաս­­տի­­­ճան եկե­­ղեցա­­կան­­ներ։ Հրա­­ւիրեալ­­նե­­­րու շար­­քին կը գտնուէին նաեւ Գեր­­մա­­­նիոյ Վար­­չա­­­պետ Ան­­կե­­­լա Մեր­­քել, քոյր եկե­­ղեցի­­ներէ բարձրաս­­տի­­­ճան հո­­գեւո­­րական­­ներ, մի­­ջեկե­­ղեցա­­կան դէմ­­քեր, ինչպէս նաեւ հա­­յազ­­գի աշ­­խարհա­­կան­­ներ։

Նո­­րին Սրբու­­թիւնը, յա­­ջոր­­դա­­­բար անդրա­­դար­­ձաւ Հայ իրա­­կանու­­թե­­­նէ ներս զգա­­լի դար­­ձած քրիս­­տո­­­նէական վկա­­յու­­թեան, զո­­հողու­­թեան եւ հա­­ւատ­­քի նշան­­նե­­­րուն մա­­սին։ Հա­­յաս­­տա­­­նէն օրի­­նակ­­նե­­­րով տա­­լով շա­­րու­­նա­­­կեց իր խօս­­քե­­­րը եւ շեշ­­տե­­­լով հո­­գեւոր մշա­­կու­­թա­­­յին ար­­ժէքնե­­րու կա­­րեւո­­րու­­թիւնը, յոյս յայտնեց որ հա­­մամարդկա­­յին քրիս­­տո­­­նէական ար­­ժէքնե­­րը պահ­­պա­­­նուին ամե­­նու­­րէք։

Հուսկ, իր խօս­­քե­­­րու աւար­­տին, խա­­ղաղ ու ար­­դար աշ­­խարհ կեր­­տե­­­լու դժո­­ւարին ճա­­նապար­­հին մէջ Աս­­տուծոյ օգ­­նա­­­կանու­­թեան անհրա­­ժեշ­­տութիւ­­նը շեշ­­տե­­­լով, ներ­­կա­­­ները հրա­­ւիրեց Տի­­րոջ օգ­­նա­­­կանու­­թեան։

Մի­­ջեկե­­ղեցա­­կան աղօթ­­քէն վերջ, եկե­­ղեցի­­ներու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րը թա­­փօրով մը ան­­ցան «Քո­­լոսէում»ի շրջա­­կայ հա­­մալի­­րի մէկ այլ հա­­տուա­­ծը, ուր բե­­մահար­­թա­­­կի վրայ այս ան­­գամ տեղ առին այլ կրօն­­նե­­­րու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րուն հետ։ Միջկրօ­­նական ներ­­կա­­­յացու­­ցիչներ իրենց պատ­­գամնե­­րով հան­­դէս եկան։ Բաց աս­­տի, ելոյթ մըն ալ ու­­նե­­­ցաւ Գեր­­մա­­­նիոյ վար­­չա­­­պետ Ան­­կե­­­լա Մեր­­քել։

Սրբա­­զան Քա­­հանա­­յապե­­տը այստեղ հան­­դէս եկաւ իր եզ­­րա­­­փակիչ պատ­­գա­­­մով։ Նախ շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց բո­­լոր ներ­­կա­­­ներուն։ Ապա, միասին աղօ­­թելու, ինչպէս նաեւ ան­­ցեալի, ներ­­կա­­­յի եւ ապա­­գայի մա­­սին եղած մտա­­հոգու­­թիւննե­­րուն բաժ­­նե­­­կից դառ­­նա­­­լու կա­­րեւո­­րու­­թիւնը շեշ­­տադրեց։

Այս յատ­­կանշա­­կան հա­­մախմբման ար­­ձակման պա­­հուն ներ­­կա­­­ներ մէկ վայրկեան լռու­­թեամբ յար­­գե­­­ցին աշ­­խարհի բո­­լոր պա­­տերազմնե­­րու զո­­հերու յի­­շատակ­­նե­­­րը։ Ապա, բո­­լոր հո­­գեւոր պե­­տերը սի­­րոյ ող­­ջոյն փո­­խան­­ցե­­­ցին մա­­նուկնե­­րու, որոնք իրենց ձեռ­­քին մէջ կը կրէին խորհրդան­­շա­­­կան խա­­ղաղու­­թեան պատ­­գամներ՝ ձի­­թենիի ճիւ­­ղե­­­րու մէջ։

Այսպէ­­սով եզ­­րա­­­փակո­­ւեցաւ Սէնթ Էճի­­տիօ մի­­ջազ­­գա­­­յին հա­­մայնքին կող­­մէ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած տա­­րեկան աւան­­դա­­­կան խա­­ղաղու­­թեան աղօթ­­քի ծրա­­գիրը։

Յու­­նաց Բար­­թո­­­ղոմէոս
Ծայ­­րա­­­գոյն Պատ­­րիար­­քի հետ տե­­սակ­­ցութիւն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­­րեգին Բ. Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետն ու Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը, 7 Հոկ­­տեմբեր 2021, Հինգշաբ­­թի առա­­ւօտ, պաշ­­տօ­­­նական հիւ­­րե­­­րու յա­­տուկ «Տո­­մուս Սան­­թա Մար­­թա» հիւ­­րա­­­նոցին մէջ տե­­սակ­­ցութիւն ու­­նե­­­ցան Յու­­նաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բար­­թո­­­ղոմէոս Ծայ­­րա­­­գոյն Պատ­­րիար­­քին հետ։ Նո­­րին Սրբու­­թեան եւ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թեան կող­­քին էր նաեւ Արեւմտեան Եւ­­րո­­­պայի Հայ­­րա­­­պետա­­կան Պա­­տուի­­րակ եւ Վա­­տիկա­­նի Սուրբ Աթո­­ռի մօտ Հա­­յաս­­տա­­­նեայց Առա­­քելա­­կան Եկե­­ղեց­­ւոյ մշտա­­կան ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Գերշ. Տ. Խա­­ժակ Ար­­քեպս. Պար­­սա­­­մեանը։ Իսկ, Բար­­թո­­­ղիմէոս Պատ­­րիար­­քի կող­­քին էր Գա­­տըգիւ­­ղի Էմ­­մա­­­նուէլ Սրբա­­զան Մետ­­րո­­­պոլի­­տը։

Հայ Եկե­­ղեց­­ւոյ Հայ­­րա­­­պետն ու Ուղղա­­փառ Եկե­­ղեց­­ւոյ Պատ­­րիար­­քը, եղ­­բայրա­­կան ջերմ մթնո­­լոր­­տի մէջ ող­­ջա­­­գու­­րո­­­ւեցան։ Թէ՛ Բար­­թո­­­ղոմէոս Պատ­­րիար­­քը եւ թէ՛ Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետը Սէնթ Էճի­­տիօ հա­­մայնքին կող­­մէ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած հա­­մաժո­­ղովին հրա­­ւիրո­­ւած էին, որ­­պէս ատե­­նախօս­­ներ։ Հան­­դիպման ըն­­թացքին հո­­գեւոր առաջ­­նորդներ զրու­­ցե­­­ցին հա­­մաժո­­ղովի օրա­­կար­­գին եւ ընդգրկած կա­­րեւոր նշա­­նակու­­թեան մա­­սին։ Բաց աս­­տի, անոնք եղ­­բայրա­­բար զրու­­ցե­­­լու, իրենց յի­­շատակ­­նե­­­րը վե­­րաթար­­մացնե­­լու առիթն ու­­նե­­­ցան։ Շեշ­­տո­­­ւեցաւ նաեւ Հայ Եկե­­ղեց­­ւոյ եւ Յոյն Եկե­­ղեց­­ւոյ բար­­ւոք յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը։

Այս հան­­դի­­­պու­­մը նաեւ գե­­ղեցիկ առիթ դար­­ձաւ Պատ­­րիարք Սրբա­­զան Հօր մօտ։ Բար­­թո­­­ղիմէոս Պատ­­րիար­­քի Աթո­­ռը հաս­­տա­­­տուած է Պոլ­­սոյ մէջ եւ տա­­րուան ըն­­թացքին տար­­բեր առիթ­­նե­­­րով Յու­­նաց Պատ­­րիարքն ու Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը առիթ կ՚ու­­նե­­­նան իրա­­րու հետ հան­­դի­­­պելու, մի­­ջեկե­­ղեցա­­կան նիւ­­թե­­­րու մա­­սին զրու­­ցե­­­լու եւ բա­­րեմաղ­­թութիւններ կա­­տարե­­լու։ Իսկ, այս ան­­գամ անոնք Վա­­տիկա­­նի մէջ Հո­­գեւոր Պե­­տերու իսկ մաս­­նակցու­­թեամբ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած հա­­մաժո­­ղովին կը մեկ­­տե­­­ղուէին։ Բաց աս­­տի, առի­­թը աւե­­լը կ՚իմաս­­տա­­­ւորո­­ւէր քա­­նի Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետը, հան­­դերձ իր պա­­տուի­­րակու­­թեամբ իր բարձր ներ­­կա­­­յու­­թեամբ զրու­­ցա­­­կից կը դառ­­նար։

Այ­­ցե­­­լու­­թիւն Սէնթ Էճի­­տիօ
Հա­­մայնքի Կեդ­­րո­­­նին

Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետն ու Պատ­­րիարք Հայ­­րը, երէկ Ն.Ս.Տ. Ֆրան­­չիսկոս Ա. Քա­­հանա­­յապե­­տի հետ տե­­սակ­­ցե­­­լէ յե­­տոյ Վա­­տիկա­­նի բարձրաս­­տի­­­ճան պա­­տաս­­խա­­­նատու դէմ­­քե­­­րուն հետ հան­­դի­­­պումներ ու­­նե­­­ցած էին։ Այ­­լա­­­պէս անոնք Կար­­տի­­­նալ Փիէթ­­րո Փա­­րոլի­­նի, Կար­­տի­­­նալ Քուրթ Քո­­խի, Կար­­դի­­­նալ Լեոնար­­տօ Սանտրիին եւ Քեն­­թըրպրիի Ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոս Ճաս­­թին Ուել­­պիի քա­­ղաքա­­վարա­­կան այ­­ցե­­­լու­­թիւն տո­­ւած էին։

Առ այդ, Նո­­րին Սրբու­­թիւնը եւ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը, հան­­դերձ Հայ Եկե­­ղեց­­ւոյ պա­­տուի­­րակու­­թեան մաս կազ­­մող բարձրաս­­տի­­­ճան եկե­­ղեցա­­կան­­ներ՝ Խա­­ժակ Սրբա­­զանի, Մու­­շեղ Սրբա­­զանի եւ Տա­­թեւ Սրբա­­զանի այ­­ցե­­­լու­­թիւն տո­­ւին նաեւ Սուրբ Էճի­­տիօ հա­­մայնքի կեդ­­րո­­­նը, ուր եկե­­ղեցո­­ւոյ մէջ կա­­տարո­­ւած ուխտի աղօթ­­քէն յե­­տոյ Հայ Եկե­­ղեց­­ւոյ պա­­տուի­­րակու­­թիւնը հիւ­­րընկա­­լուե­­ցաւ ճա­­շասե­­ղանով։ Ներ­­կայ էին ՍԷնթ Էճի­­տիոյի հիմ­­նա­­­դիր Փրոֆ. Անտրէա Ռի­­քար­­տին, այժմու նա­­խագահ՝ Մար­­քօ Իմ­­փակլիաց­­ցօ եւ ՍԷնթ Էճի­­տիոյէն Հայր Մար­­քօ Կնա­­վին։

Ճա­­շի ըն­­թացքին տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ ջերմ զրոյց։ Ներ­­կա­­­ներ թէ՛ ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւեցան հա­­մաշ­­խարհա­­յին հար­­ցե­­­րու ու տագ­­նապնե­­րու եւ թէ՛ Հայ ինքնու­­թեան հետ աղեր­­սուած դրա­­կան եւ ժխտա­­կան երե­­ւոյթնե­­րու մա­­սին։ Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետը, մաս­­նա­­­ւորա­­պէս շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց Վա­­տիկա­­նի հիւ­­րընկալ­­նե­­­րուն եւ պա­­տաս­­խա­­­նատու­­նե­­­րուն, որոնք հե­­տաքրքրուած էին նաեւ Հա­­յաս­­տա­­­նի հետ։ Նո­­րին Սրբու­­թիւնը, ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւեցաւ նաեւ տեղ­­ւոյն ժո­­ղովուրդին պա­­տերազ­­մի յա­­ջոր­­դող շրջա­­նին ու­­նե­­­ցած կեան­­քի մա­­սին։ Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետը յայտնեց, թէ՝ քրիս­­տո­­­նէական հա­­մամարդկա­­յին ար­­ժէքնե­­րը պէտք է պահ­­պա­­­նուին յատ­­կա­­­պէս քրիս­­տո­­­նեանե­­րու կող­­մէ։ Նո­­րին Սրբու­­թիւնը մե­­ծապէս կը կա­­րեւո­­րէ մի­­ջազ­­գա­­­յին հան­­րութեան դե­­րակա­­տարու­­թիւնը։

Բաց աս­­տի, յայտնենք, թէ՝ Հայր Մար­­քօ Կնա­­վին անդրա­­դար­­ձաւ նաեւ ՍԷնթ Էճի­­տիոյի գոր­­ծունէու­­թեան։ Ինք յի­­շատա­­կեց Պոլ­­սոյ մէջ ու­­նե­­­ցած օրե­­րը եւ յայտնեց, թէ՝ Ամե­­նապա­­տիւ Պատ­­րիարք Սրբա­­զան Հօր հետ ու­­նե­­­ցած բա­­րեկա­­մու­­թիւնը տաս­­նեակ տա­­րիներ առաջ տա­­կաւին Երա­­նաշ­­նորհ Մես­­րոպ Բ. Պատ­­րիարք Հօր Կղզեաց հո­­վուու­­թեան եւ տես­­չութեան տա­­րինե­­րուն հաս­­տա­­­տուած էր։ Ինք զա­­նազան առիթ­­նե­­­րով գտնո­­ւած էր Պոլ­­սոյ մէջ։

Ու­­րա­­­խու­­թիւն էր Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը հիւ­­րընկա­­լել Վա­­տիկա­­նի մէջ։ Ինք այս առու­­մով, հա­­րազատ կը զգար Հայ Եկե­­ղեցին ու պա­­տիւ էր նաեւ Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետն ու բարձրաս­­տի­­­ճան եկե­­ղեցա­­կան­­նե­­­րը հիւ­­րընկա­­լել Սուրբ Էճի­­տիօ հա­­մայնքի կեդ­­րո­­­նին մէջ։

Հան­­դիպման աւար­­տին տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ յու­­շա­­­նուէր­­նե­­­րու փո­­խանա­­կում։

Վա­­տիկա­­նի մէջ
հրա­­ժեշ­­տի ընթրիք

«Մար­­դիկ որ­­պէս եղ­­բայրներ եւ երկրա­­գունդի ապա­­գան. կրօն­­ներն ու մշա­­կոյթնե­­րը երկխօ­­սու­­թեան մէջ» խո­­րագ­­րեալ հա­­մաժո­­ղովի եր­­կօ­­­րեայ նիս­­տե­­­րը իրենց աւար­­տին հա­­սան 7 Հոկ­­տեմբեր 2021, Հինգշաբ­­թի երե­­կոյեան։

Իսկ, երե­­կոյեան հրա­­ժեշ­­տի ընթրիք մը տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ ի պա­­տիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­­րեգին Բ. Կա­­թողի­­կոսին, որ Վա­­տիկա­­նի մէջ կը գլխա­­ւորէ Հայ Եկե­­ղեց­­ւոյ պա­­տուի­­րակու­­թեան։ Վա­­տիկա­­նի Քրիս­­տո­­­նէից հետ միու­­թեան քա­­հանա­­յապե­­տական խոր­­հուրդի նա­­խագահ Կար­­տի­­­նալ Քուրտ Քո­­խի հիւ­­րա­­­սիրու­­թեամբ պատ­­րաստուած ընթրի­­քը տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ, բարձրաս­­տի­­­ճան հիւ­­րե­­­րու հա­­մար յատ­­կա­­­ցուած Վա­­տիկա­­նի «Տո­­մուս Սան­­թա Մար­­թա» հիւ­­րա­­­նոցին մէջ, ուր Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետն ու Պատ­­րիարք Հայ­­րը կ՚իջե­­ւանին իրենց կե­­ցու­­թեան օրե­­րուն։

Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետին եւ Կար­­տի­­­նալ Քուրտ Քո­­խի սե­­ղանա­­կից էին Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը, ինչպէս նաեւ Վա­­տիկա­­նի Պե­­տական Քար­­տուղար Կար­­տի­­­նալ Փիեթ­­րօ Փա­­րոլին, Արե­­ւելեան Եկե­­ղեցի­­ներու Քա­­հանա­­յապե­­տական Խոր­­հուրդի Նա­­խագահ Կար­­տի­­­նալ Լէոնար­­տօ Սանտրի, Հայ Կա­­թողի­­կէ Եկե­­ղեց­­ւոյ նո­­րըն­­տիր Կա­­թողի­­կոս Պատ­­րիարք Նո­­րին Գե­­րեր­­ջանկու­­թիւն Ռա­­ֆայէլ Պետ­­րոս ԻԱ., Թուրքիոյ Հայ Կա­­թողի­­կէ Հա­­մայնքի Վի­­ճակա­­ւոր Արհ. Տ. Լե­­ւոն Ար­­քեպս. Զե­­քիեան եւ Արեւմտեան Եւ­­րո­­­պայի հայ­­րա­­­պետա­­կան պա­­տուի­­րակ եւ Վա­­տիկա­­նի Ս. Աթո­­ռի մօտ Հա­­յաս­­տա­­­նեայց Առա­­քելա­­կան Եկե­­ղեց­­ւոյ մշտա­­կան ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Գերշ. Տ. Խա­­ժակ Ար­­քեպս. Պար­­սա­­­մեան։ Հրա­­ժեշ­­տի ընթրի­­քին մաս­­նակցե­­ցան նաեւ Հայ Եկե­­ղեց­­ւոյ պա­­տուի­­րակու­­թեան բարձրաս­­տի­­­ճան եկե­­ղեցա­­կան­­ներ։

Հրա­­ժեշ­­տի ընթրի­­քի սե­­ղանին շուրջ, Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետի, Պատ­­րիարք Սրբա­­զան Հօր եւ սե­­ղանա­­կից բարձրաս­­տի­­­ճան եկե­­ղեցա­­կան­­նե­­­րու մի­­ջեւ ստեղ­­ծո­­­ւեցաւ ջերմ մթնո­­լորտ։ Այս մէ­­կը առիթ դար­­ձաւ նաեւ որ, Հայ Եկե­­ղեց­­ւոյ հո­­գեւո­­րական­­ներ իրենց շնոր­­հա­­­ւորան­­քը յայտնեն Հայ Կա­­թողի­­կէ նո­­րըն­­տիր Կա­­թողի­­կոս Պատ­­րիար­­քին։

Պատ­­րիարք Հայ­­րը յայտնեց, թէ՝ Վա­­տիկա­­նի այ­­ցե­­­լու­­թիւնը իր բազ­­մա­­­կող­­մա­­­նի երե­­սակ­­նե­­­րով իմաս­­տա­­­ւորո­­ւած էր։ Քոյր եկե­­ղեցի­­ներու բարձրաս­­տի­­­ճան եկե­­ղեցա­­կան­­նե­­­րու հետ Հայ Եկե­­ղեց­­ւոյ Հայ­­րա­­­պետն ու բարձրաս­­տի­­­ճան եկե­­ղեցա­­կան­­նե­­­րը իրա­­րու հան­­դի­­­պելու, զրու­­ցե­­­լու եւ իրենց եղ­­բայրա­­կան ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րը փո­­խան­­ցե­­­լու առիթն ու­­նե­­­ցած էին։

Կար­­տի­­­նալ Քուրտ Քո­­խը, Կար­­տի­­­նալ Փիեթ­­րօ Փա­­րոլին եւ Կար­­տի­­­նալ Լէոնար­­տօ Սանտրին, Վա­­տիկա­­նի հան­­րա­­­ծանօթ դէմ­­քե­­­րէն ըլ­­լա­­­լով յատ­­կա­­­պէս շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնե­­ցին Ամե­­նայն Հա­­յոց Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետին, որ ըն­­դա­­­ռաջե­­լով հրա­­ւէրին փու­­թա­­­ցած էր Վա­­տիկան, նաեւ հան­­դէս գա­­լու ատե­­նախօ­­սու­­թեամբ։ Ու­­րա­­­խու­­թեամբ անդրա­­դար­­ձան նաեւ, թէ՝ Պատ­­րիարք Հօր Վա­­տիկան այ­­ցե­­­լու­­թիւնը եւս ու­­րա­­­խացու­­ցիչ պա­­րագայ էր, նկա­­տի ու­­նե­­­նալով մի­­ջեկե­­ղեցա­­կան շրջա­­նակ­­նե­­­րէ ներս իր ու­­նե­­­ցած ծա­­նօթու­­թիւննե­­րը։

Իր կար­­գին, Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետը շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց իր ան­­ձին եւ Հայ Եկե­­ղեց­­ւոյ պա­­տուի­­րակու­­թեան ան­­դամնե­­րուն ցու­­ցա­­­բերո­­ւած եղ­­բայրսի­­րու­­թեան եւ հիւ­­րա­­­սիրու­­թեան հա­­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ