Խաղաղութեան մրցանակները լրագրողներուն

Նոպե­լեան խա­ղաղու­թեան մրցա­նակին այս տա­րի ար­ժա­նի գտնո­ւեցան եր­կու լրագ­րողներ՝ Փի­լիպեան կղզի­ներէն Մա­րիա Ռես­սա եւ Ռու­սաստա­նէն Տի­միթ­րի Մու­րա­տով։ Մա­րիա Ռես­սա 15 Սեպ­տեմբե­րին ալ ստա­ցած էր այս տա­րուայ Հրանդ Տինք մրցա­նակը։ Նո­պելի մրցա­նակի յանձնա­խումբը այս մա­սին կա­տարած յայ­տա­րարու­թեան մէջ կը նշէ թէ եր­կու լրագ­րողնե­րը 329 թեկ­նա­ծու­նե­րու մէ­ջէն ընտրո­ւած են իրենց եր­կիրնե­րէ ներս խօս­քի իրա­ւունքը քա­ջաբար պաշ­տա­նել­նուն հա­մար։

«Ազատ, ան­կախ եւ իրո­ղու­թեան հիմ­քով լրագ­րո­ղու­թիւնը կը ծա­ռայէ ու­ժին չա­րաշահ­ման, սու­տին եւ ռազ­մա­տենչ քա­րոզ­չութեան դէմ մարդկու­թիւնը խնա­յելու»։

Մա­րիա Ռես­սա Փի­լիպեան կղզի­ներու հա­մար Նո­պելեան մրցա­նակի առա­ջին դափ­նե­կիրն է։ Ան 2012-ին հիմ­նած է «Ռափ­լեր» լրա­տու գոր­ծա­կալու­թիւնը։

Տի­միթ­րի Մու­րա­տով իբ­րեւ պրպտող լրագ­րող 1993-ին հիմ­նած էր «Նո­վայա Կա­զեթէ» թեր­թը, որուն ընդհա­նուր վա­րիչն է մին­չեւ օրս։

Հրանդ Տինք Հիմ­նարկը եւս շնոր­հա­ւորեց Հրանդ Տինք Մրցա­նակի դափ­նե­կիր Մա­րիա Ռես­սան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ