Մահ Սամի Քոհենի

Թրքական մամուլի երկարամեայ աշխատակից Սա­մի Քո­հեն մա­հացաւ 93 տա­րեկա­նին։

Ան որ­դին էր դար­ձեալ լրագ­րող Ալ­պերտ Քո­հենի։ 1928 թո­ւին ծնած Սա­մի Քո­հեն լրագ­րա­կան աս­պա­րէզ մտաւ իր հօր հիմ­նած լա­տինօ եւ ֆրան­սե­րէն երկլե­զու «Թուրքիոյ Ձայ­նը» թեր­թին մէջ։ Ալ­պերտ Քո­հեն նաեւ կ՚աշ­խա­տէր Իս­թանպու­լի «Սե­լանիք Պան­քա­սը» դրա­մատան մէջ։ Քո­հեն­նե­րու ըն­տա­նիքը շատ ծանր հա­րուած մը ստա­ցան 1942 թո­ւին գոր­ծադրո­ւած «Ու­նե­ւորու­թեան տուրք»ի պատ­ճա­ռաւ։

Սա­մի Քո­հեն այդ դժո­ւար շրջա­նը կը պատ­մէր հե­տեւեալ կեր­պով. «Հայրս դրա­մատան աշ­խա­տող ըլ­լա­լով յա­ջողե­ցաւ պարտք վերցնել եւ ապա վճա­ռել։Եթէ ոչ հա­ւանա­բար ինք ալ պի­տի հար­կադրուէր մեր բա­րեկամ­նե­րու նման Աշ­քա­լէի ճամ­բարնե­րը պար­տա­դիր աշ­խա­տան­քի եր­թա­լու։ Բնա­կանա­բար այս խնդի­րը խո­րապէս ցնցեց զիս։ Մենք ազ­գա­սէր մի­ջավայ­րի մը մէջ մեծ­ցած ենք։ Մեր թեր­թը Երզնկա­յի երկրա­շար­ժէն ետք հրեայ սփիւռքին ուղղեալ օգ­նութեան կոչ ըրած էր։ Իսկ պե­տու­թիւնը կու գար այդ թեր­թը փլե­լու պատ­ճառ դառ­նա­լիք ծանր հարկ մը պար­տադրե­լու։ Ան­շուշտ հայրս չէր կրնար հան­դուրժել, տուրքը վճա­րեցինք, բայց եղա­ծը եղաւ»։

1954-ին Ապ­տի Իփեք­ճիի հրա­ւէրով «Միլ­լի­յեթ» թեր­թի մէջ ար­տա­քին լու­րե­րու ղե­կավար եւ ար­տա­քին քա­ղաքա­կանու­թեան յօ­դուա­ծագիր ըլ­լա­լով աշ­խա­տան­քի լծո­ւած Սա­մի Քո­հեն այդ առա­քելու­թիւնը շա­րու­նա­կեց մօտ 70 տա­րիներ։

Քո­հեն «Միլ­լի­յեթ»ի կող­քին աշ­խա­տակ­ցե­ցաւ «Նիու­զո­ւիք», «Տը Կար­տիըն» թեր­թե­րուն եւ զա­նազան պար­բե­րական­նե­րու հա­մար ալ յօ­դուած­ներ ստո­րագ­րեց։ Ան աս­պա­րէզին մտած օրե­րուն մա­սին «Ակօս»ի աշ­խա­տակից Ռի­թա էն­տե­րին կը պատ­մէ հե­տեւեալ վկա­յու­թիւնը. «Օր մը «Ենի Իս­թանպուլ» թեր­թի սե­փակա­նատէր Հա­պիպ Էտիպ Թէօրէ­հան զիս քո­վը կան­չեց ու ըսաւ –Գրու­թիւններդ շատ լաւ կը ստա­ցուին։ Բայց իմ շրջա­նակէն կարգ մը մար­դիկ կը հարցնեն թէ ի՞նչ է այս Քո­հեն ազ­գա­նու­նը։ Ես կը դժո­ւարա­նանմ բա­ցատ­րե­լու։ Միաս­նա­բար ծած­կա­նուն մը գտնենք որ­պէսզի աւե­լի հեշտ ըլ­լայ։- Վճռա­կամօ­րէն ո՛չ պա­տաս­խա­նեցի։ Չեմ ու­զեր որ ձեր բա­րեկամ­նե­րուն դի­մաց դժո­ւար կա­ցու­թեան մատ­նո­ւիք։ Հե­տեւա­բար ար­տօ­նու­թիւն կը խնդրեմ։ Իրեն բա­ցատ­րե­ցի թէ Քո­հեն ազ­գա­նու­նը հօր­մէս ժա­ռանգ է եւ այդ ժա­ռան­գին չեմ դա­ւաճա­նէր։ Հա­մաձայ­նե­ցաւ եւ ան­գամ մըն ալ այդ նիւ­թը չբա­ցաւ իմ դի­մաց»։

Սա­մի Քո­հենի վեր­ջին գրու­թիւնը լոյս տե­սաւ սոյն տա­րուայ Ապ­րիլ ամ­սո­ւան մէջ։ Ան նա­խորդ տա­րի ալ ար­ժա­նացած էր Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան գե­րազանց ծա­ռայու­թեան մրցա­նակին։ Թուրքիոյ հրեայ հա­մայնքն ալ Քո­հենի մա­հուան ար­ձա­գան­գեց «Լրագ­րո­ղու­թեան վաս­տա­կաւոր ան­դա­մը եւ մեր հա­մայնքի պար­ծանք անձնա­ւորու­թիւնը Սա­մի Քո­հենի մա­հուան թա­խիծը կ՚ապ­րինք» գրա­ռու­մով։ (Շա­լոմ-Միլ­լի­յեթ-Հիւրրի­յեթ)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ