Խճանկարի Անտեսանելի մասնիկը

Թուրքիոյ ազգութիւններու խճանկարին մէջ անտեսուած եռանգ մը կը ներկայացնեն Անտիոքի եւ շրջակայքի արաբախօս ուղղափառները։ Անոնք իբրեւ տարածքաշրջանի հնագոյն ժողովուրդներէն մին, լուրջ տարակարծութիւններ կ՚ապրին իրենց ազգային պատկանելիութեան մասին։ Ոմանց համաձայն քրիստոնեայ արաբներ են, իսկ ոմանց համաձայն ալ արաբական մշակոյթի ազդեցութեան տակ մայրենին մոռացած յոյներ։ Այնպէս կամ այսպէս իրենց բնօրրանին մէջ կարեւոր տարր մը ըլլալով ներկայացող Անտիոքնի արաբախօս ուղղափառները այժմ ունին իրենց յատուկ «nehna.org» կայքէջը։ 15 Հոկտեմբերէն սկսեալ գործող հարթակի վրայ յօդուածներ եւ հարցազրոյցներ պիտի հրատարակուին այդ տոհմի հոգեւոր, պատմական եւ ընկերական հարցերու շրուջ։ Պիտի ծանօթացուի արաբախօս ուղղափառներու երաժշտութեան, խոհանոցին եւ կենցաղին մասին տեղեկութիւններ։ «Ակօս»ի աշխատակից Իշխան Էրտինչ այս առթիւ զրուցեց կայքէջի հիմնադրներէն Էմրէ Ճան Տաղլըօղլուի եւ Աննա Մարիա Պէյրունիօղլուի հետ։

Այսպէս Էմ­րէ Ճա­նի բա­ցատ­րութիւ­նով կ՚իմա­նանք կայ­քէ­ջի անո­ւան բա­ցայայ­տումը։ «Նեհ­նա Ան­տիոքի Սու­րիոյ եւ Լի­բանա­նի տա­րածուն խօ­սակ­ցա­կան լե­զուի՝ Տա­մաս­կոստի բար­բա­ռին մէջ կը նշա­նակէ «մենք»։ Մեր հա­մայնքին զա­նազան կո­չումներ կը վե­րագ­րո­ւին։ Հա­մաձայ­նութիւն մը չէ գո­յացած։ Ան­տիոքի ուղղա­փառ­ներ, Ան­տիոքի յոյն ուղղա­փառ­ներ, արա­բախօս յոյն ուղղա­փառ­ներ կամ ալ արա­բերէն բա­ցատ­րութիւններ ըլլլաով մե­սիհի­ներ կամ նաս­րա­նինե­րու նման կո­չումներ կը գոր­ծա­ծուին։ Մենք ու­զե­ցինք այդ բո­լորը գե­րազան­ցող կոչումով սահ­մա­նափա­կումնե­րէ զերծ անուն մը օգ­տա­գոր­ծել եւ որոշեցինք Նեհ­նան»։

Ան­նա Մա­րիա Պէյ­րունիօղ­լու ալ ինքնու­թեան տա­րակար­ծութիւննե­րու մա­սին կ՚ըսէ հե­տեւեալը. «Յատ­կա­պէս Իս­թանպուլ գա­լով պոլ­սե­ցի յոյ­նե­րուն հետ հան­դի­պող Ան­տիոքի ուղղա­փառ­նե­րը առե­րեսո­ւեցան իրենց վե­րագ­րո­ւած ինքնու­թիւննե­րու հետ։ Ոմանք կ՚ըսէին թէ «Այո, դուք յոյն ուղղա­փառ­ներ էք» կամ ալ ընդ հա­կառա­կը «Դուք արաբ քրիս­տո­նեաներ էք»։ Ճիշդ է որ մեր եկե­ղեցին կը կո­չուի Յոյն Ուղղա­փառ եւ կա­պուած է Ան­տիոքի Պատ­րիար­քա­րանին։ Բայց ըն­կե­րաբա­նական առու­մով եւ արա­բերէ­նի ազ­դե­ցու­թեամբ ինքզինք արաբ ուղղա­փառ ըլ­լա­լով ներ­կա­յաց­նողներ ալ կան։ Նո­րակազմ հար­թա­կը կ՚ու­զենք որ ընդգրկէ այս բո­լոր տա­րակար­ծութիւննե­րը, հա­ւաքէ մէկ եր­դի­կի տակ եւ ներ­կա­յաց­նէ «մենք»ը»։

Էմ­րէ Ճան Տաղ­լըօղ­լու Ան­տիոքի ուղղա­փառ­նե­րուն Թուրքիոյ ազ­գութիւննե­րու խճան­կա­րին մէջ նո­ւազ տե­սանե­լի ըլլլա­լը կը բա­ցատ­րէ հե­տեւեալ կեր­պով. «Մենք Ան­տիոքի մէջ խտա­ցած հա­մայնք որ­պէս ո՞վ ըլ­լալնուս, ինչպէ՞ս ապ­րելնուս կամ մեր մշա­կոյ­թի մա­սին բա­ցատ­րութիւններ տա­լու պա­հան­ջը չենք զգացած։ Գի­տենք թէ Ան­տիոք պատ­մա­կանօ­րէն բազ­մակրօն եւ բազ­մազգի քա­ղաք մը եղած է։ Այդ առու­մով ի տար­բե­րու­թիւն Թուրքիոյ այլ քա­ղաք­նե­րէն, Ան­տիոքի մէջ ինքնու­թեան խնդիր­ներ չենք ապ­րիր։ Երկրորդ գոր­ծօն մըն ալ Ան­տիոք կեդ­րո­նախոյս քա­ղաք մըն է։ Եր­րորդ գոր­ծօն մըն ալ Ան­տիոք շատ ուշ, 1939-ին մաս կազ­մեց Թուրքիոյ։ Այդ առու­մով ալ զերծ մնա­ցինք ազ­գա­միջեան կռիւ­նե­րէ կամ կրօ­նական խտա­րակա­նու­թե­նէ»։

Ան­նա Մա­րիա Պէյ­րունիօղ­լու ալ նոյն նիւ­թին ակ­նարկե­լով կը նշէ թէ ինչպէս բո­լոր ազ­գա­յին կամ կրօ­նական փոք­րա­մաս­նութիւննե­րը Ան­տիոքի արա­բախօս ուղղա­փառ­ներն ալ միատարր հա­ւաքա­կանու­թիւն մը չեն։ Այդ պայ­մաննե­րու մէջ հա­մայնքը ներ­կա­յաց­նե­լու խնդի­րը մերթ ընդ մերթ ճա­կատումնե­րու ալ պատ­ճառ կը դառ­նայ։ Նեհ­նա նա­խաձեռ­նութիւ­նը կը նպա­տակադ­րէ նման բե­ւեռա­ցումնե­րը յաղ­թա­հարել։ «Այսպէս մենք նպա­տակադ­րած ենք ինքնու­թեան վեր­աբե­րեալ մատենագ­րութիւն մը գո­յաց­նել։ Յօ­դուած­նե­րով եւ հար­ցազրոյցնե­րով գո­յանա­լիք այդ մա­տենագ­րութեան մէջ լե­զուա­կան, հո­գեւոր արա­րողա­կար­գի, մերթ ընդ մերթ այդ արա­րողա­կար­գի հետ զու­գա­հեռ­ներ կազ­մող խո­հանո­ցի սո­վորու­թիւննե­րու եւ երաժշտու­թեան նիւ­թեր պի­տի կու­տա­կուին։ Ան­ցեալէն մին­չեւ օրերս մեր կեն­ցա­ղը հետ­քեր թո­ղած է մեր ճար­տա­րապե­տական աւան­դութեան վրայ։ Պի­տի ու­նե­նանք լու­սանկար­չա­կան հա­ւաքա­ծոյ մը, որոնք հե­տաքրքիր­նե­րուն պի­տի ներ­կա­յացո­ւին լրա­ցու­ցիչ տե­ղեկու­թիւննե­րով։

Էմ­րէ Ճան Տաղ­լըօղ­լու Նահ­նա­յի ազ­դե­ցու­թեան գօ­տին կ՚ընդլայ­նէ նե­րառե­լով Ան­տիոքի արա­բախօս ուղղա­փառ­նե­րու սփիւռքը։ «Յատ­կա­պէս ԺԹ դա­րու վեր­ջե­րէն սկսեալ աշ­խարհի զա­նազան վայ­րե­րուն ար­տա­գաղթ մը տե­ղի ու­նե­ցած է։ Բա­ցի Թուրքիոյ որոշ քա­ղաք­նե­րէ, Եւ­րո­պայի տա­րած­քին ալ զգա­լի սփիւռք մը գո­յացած է։ Պի­տի փոր­ձենք այդ զան­գուածին իր մշա­կոյ­թը Եւոր­պա­յի մէջ պա­հելու փոր­ձեր ալ փո­խան­ցել։ Կայ­քէ­ջի հիմ­նա­դիր­նե­րէն Ֆե­րիթ Թեք­պաշ Գեր­մա­նիա կը բնա­կի եւ այդտե­ղի հա­մայնքի օրա­կար­գէն յօ­դուած­նե­րով եւ հար­ցալրոյցնե­րով պի­տի նպաս­տէ կայ­քէ­ջին»։

Զրոյ­ցի այս հանգրո­ւանին Իշ­խան Էր­տինչ կը հե­տաքրքրո­ւի բնակ­չութեան մա­սին թո­ւային տո­ւեալ­նե­րով։ Յայտնի է թէ արա­բախօս ուղղա­փառ­նե­րու հա­մար ալ յստակ տո­ւեալ­ներ կը բա­ցակա­յին եւ նիւ­թը կը ներ­կա­յանայ են­թադրա­կան թի­ւերով։ Այսպէս Ան­տիոքի շրջա­նին մէջ բնա­կող­նե­րը 7 հա­զարի շուրջ են։ Եւոր­պա գաղ­թածնե­րով այդ թի­ւը կը հաս­նի 20 հա­զարի։ Միւս կող­մէ օրէ օր կ՚աւել­նայ Պոլ­սոյ յոյն հա­մայնքին միացող արա­բախօս ուղղա­փառ­նե­րու թի­ւը։

Արա­բախօս ուղղա­փառ­նե­րը մե­ծաւ­մա­սամբ կը բաժ­նեն Թուրքիոյ ազ­գա­յին կամ կրօնա­կան փոք­րա­մաս­նութիւննե­րուն վի­ճակած խնդիր­նե­րը։ Էմ­րէ Ճան Տաղ­լըօղ­լու կը նշէ թէ նախ եւ առաջ ու­նին օրի­նական ինքնու­թիւն մը չու­նե­նալու խնդի­րը։ Եկե­ղեցա­կան հիմ­նարկնե­րուն կա­լուած ու­նե­նալ­նուն դէմ դրո­ւած ար­գելքնե­րէ բա­ցի ան­ցեալին գրա­ւուած կարգ մը կա­լուած­նե­րուն վե­րատի­րանա­լու հա­մար ալ աշ­խա­տանք կը տա­նին։ Արա­բախօս ուղղա­փառ­նե­րը եւս ստի­պուած են իրենց հո­գեւո­րական­նե­րուն ապ­րուստը ստանձնե­լու ծանր բե­ռը տանելու։ «Մենք նաեւ զրկո­ւած են Լո­զանի Դաշ­նագրի քրիս­տո­նեայ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րուն ընդձե­ռած կարգ մը իրա­ւունքնե­րէն։ Օրի­նակի հա­մար մայ­րե­նի լե­զուով դա­սաւան­դող դպրոց­ներ չենք ու­նե­ցած» ըսաւ Էմ­րէ Ճան Տաղ­լըօղ­լու։

Ամէն պա­րագա­յի ինքնու­թեան հար­ցը կը շա­րու­նա­կէ գլխա­ւոր հար­ցա­կանը մնա­լու։ Այս մա­սին Ան­նա Մա­րիա Պէյ­րունիօղ­լու կը յայտնէ թէ իրենք իբ­րեւ եկե­ղեցի մաս կը կազ­մեն Յոյն Ուղղա­փառ Եկե­ղեց­ւոյ։ Հե­տեւա­բար մաս կը կազ­մեն նաեւ Պոլ­սոյ Տիեզե­րական Պատ­րիար­քա­րանին։ «Մեր արա­բախօս ըլ­լա­լը Պոլ­սոյ յոյն հա­մայնքին կող­մէ խտրա­կանու­թեան են­թարկո­ւելու պատ­ճառ կը դառ­նայ։ Պոլ­սաբնակ յոյ­նե­րը իրենք զի­րենք աւե­լի սահ­մա­նափակ կը բնու­թագրեն։ Ճիշդ է որ արա­բախօս ենք եւ արա­բերէ­նի հետ ալ հաշ­տո­ւած։ Հաշ­տո­ւած ենք նաեւ աշ­խարհագ­րութեան թե­լադ­րած մշա­կու­թա­յին յատ­կա­նիշ­նե­րուն հետ։ Ու­րեմն չենք կրնար ու­րա­նալ արա­բու­թիւնը։ Հե­տեւա­բար յատ­կա­պէս Պոլ­սոյ յոյն հա­մայնքին հետ հան­դի­պելէ ետք ծա­գած -Արա՞բ ենք, թէ յոյն ենք- բա­նավէ­ճը մեր հա­մայնքի կա­րեւո­րագոյն հար­ցը ըլ­լա­լով կը շա­րու­նա­կուի։ Ան­շուշտ որ այս երե­ւոյ­թը կը դժո­ւարաց­նէ Իս­թա­պու­լի յոյն հա­մայնքին հետ յար­մա­րուե­լու նիւ­թը։ Մօտ ան­ցեալին «Իս­թոս» հրա­տարակ­չա­տան մա­տենա­շարէն լոյս տե­սած «Արա­բախօս Արե­ւելեան Ուղղա­փառ­նե­րը» անուն գրքի մէջ ալ այս նիւ­թը ար­ծարծած էինք։ Այնտեղ զրու­ցա­կից­ներ «Ես զիս յոյն ըլ­լա­լով կ՚ըն­դունիմ, բայց պոլ­սե­ցի յոյ­նե­րը ին­ծի արաբ ըլ­լա­լով կը տես­նեն» կամ ալ «Ես զիս արաբ կ՚ըն­դունիմ, բայց կը պատ­կա­նիմ Յոյն Ուղղա­փառ Եկե­ղեցիին, բայց պոլ­սե­ցի յոյ­նե­րը կը մեր­ժեն այս իրո­ղու­թիւնը»։ Ձե­ւով մը «Փոք­րա­մաս­նութեան մէջ փոք­րա­մաս­նութիւն» կը հա­մարո­ւինք»։

Իշ­խան Էր­տինչ կը շա­րու­նա­կէ հարցնել՝ «Ար­դեօք ի՞նչ հա­կազ­դե­ցու­թիւննե­ր ու­նե­ցաք հար­թա­կը հիմ­նե­լու ըն­թացքին»։ Էմ­րէ Ճան այս հար­ցումին կը պա­տաս­խա­նէ ըսե­լով. «Հա­սարա­կու­թիւնը կա­րիքը ու­նէր այս բա­նին, բայց մին­չեւ օրս չէր իրա­կանա­ցած։ Հար­թա­կի հիմ­նա­դիր­նե­րէն Ֆե­րիթ Թեք­պա­շի հրա­ւէրով մէկ­տե­ղուե­ցանք։ Այդ մի­ջոցին տա­րած­քաշրջա­նէն ալ շատ դրա­կան ար­ձա­գանգներ ստա­ցանք։ Որո­շած ենք հա­սարա­կու­թեան առ­կայ բա­նավէ­ճերուն մէջ կողմ չ՚ըլ­լալ։ Խնդիր­նե­րը առանց յե­տաձ­գե­լու, խօ­սելէ առանց խու­սա­փելու կա­րելի եղա­ծին չափ բազ­մաբնոյթ քննար­կումնե­րու գե­տին մը պատ­րաստել կ՚ու­զենք։ Այդ առու­մով ալ ատե­լու­թեան պատ­գա­մէ զերծ բո­լոր կար­ծիքնե­րու բաց պի­տի ըլ­լանք» կ՚ըսէ Էմ­րէ Ճան։

Իսկ Ան­նա Մա­րիա Պէյ­րունիօղ­լու կը նշէ թէ նա­խաձեռ­նութեան հիմ­նա­դիր­նե­րը վեց հո­գինոց խմբակ­ցութիւն մըն են։ Ֆե­րիթ Թեք­պաշ կը բնա­կի Գեր­մա­նիոյ Քէօրլն քա­ղաքը։ Ճան Թեր­պի­յէլին կայ մեր կազ­մին մէջ, որ Իս­քենտե­րու­նէն է եւ ներ­կա­յիս Իս­թանպու­լի մէջ փաս­տա­բանու­թիւնով կը զբա­ղի։ Մի­շել Ու­յար Գա­րակէօզեանի մէջ ու­սուցիչ էր, որ վեր­ջերս Իս­քենտե­րուն փո­խադ­րո­ւեցաւ։ Քեթ­րին Քէօփ­րիւ Գաղ­թի Հա­մաշ­խարհա­յին Կազ­մի աշ­խա­տակից է։ Վեր­ջա­պէս ես եւ Էմ­րէ­ Ճան բո­լորս ալ ու­սումնա­սիրու­թիւններ կը կա­տարենք մեր մշա­կոյ­թին եւ պատ­մութեան մա­սին։

Էմրէ Ճան վրայ կը բե­րէ աւելցնե­լով թէ հիմ­նա­դիր­նե­րը թէեւ վեց հո­գի են, բայց ան­դին ու­նին գրող­նե­րու լոյն շրջա­նակ մը։

Իշ­խան Էր­տինչ օրա­կար­գի կը բե­րէ մի այլ կա­րեւոր խնդիր։ Ար­դեօք կա՞ն Պո­լիս գա­լով ու­ծացման երեւոյթներ։ «Կա՛ն» կը պա­տաս­խա­նէ Ան­նա Մա­րիան։ «Իս­թանպուլ գա­լով ինքզինք պոլ­սե­ցի յոյ­նե­րուն ըն­դունել տա­լու մար­մա­ջին մատ­նո­ւող­ներ կան։ Պոլ­սե­ցի յոյ­նե­րուն երբ հարցնես թէ եր­կիրդ ո՞ւր է, բո­լորն ալ Իս­թանպուլ կ՚ըսեն։ Ըն­տա­նեօք Ան­տիոքէն Իս­թանպուլ եկած, այստե­ղի յու­նաց վար­ժա­րան­ներ յա­ճախած մէ­կու մը երբ նոյն հար­ցումը ուղղո­ւի ան­վա­րան կը լսէք «Յու­նաստան» պա­տաս­խա­նը»։ Էմ­րէ Ճան նոյն նիւ­թի վրայ կը բե­րէ հե­տեւեալ խօս­քե­րը. «Ափ­սոս որ Իս­թանպու­լի, Զմիւռնիոյ եւ Իմ­րո­զի յոյ­նե­րու թի­ւը բա­ւակա­նին նօս­րա­ցած է։ Իրենց հաս­տա­տու­թիւնը պա­հելու հա­մար կա­րիքը ու­նին նոր ու­ժի մը։ Ահա այդ ու­ժը ձեռք կը բե­րեն Ան­տիոքի արա­բախօս ուղղա­փառ­նե­րու մի­ջոցաւ։ Պոլ­սոյ բո­լոր եկե­ղեցի­ներու ժամ­կոչնե­րը Ան­տիոքէն եկած­ներ են։ Անոնք են նաեւ դպրոց­նե­րու տնտես­նե­րը։ Նոյ­նիսկ կա­րելի է ըսել դպրոց­նե­րը բաց պա­հելու միակ մի­ջոցը այդ ժո­ղովուրդի ներ­կա­յու­թիւնով կա­րելի կ՚ըլ­լայ։ Այս ալ իր հետ կը բե­րէ ու­ծացման ան­խուսա­փելի հե­տեւանքներ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ