Իրան կը դատապարտէ Ալիեւի պնդումները

Երեւան, «Ար­մէնփրէս».- Իրա­նի ազ­գա­յին ապա­հովու­թեան գե­րագոյն խոր­հուրդի քար­տուղար Ալի Շամ­խա­նի կտրուկ կեր­պով հա­կադար­ձեց Ատրպէյ­ճա­նի նա­խագահ Իլ­համ Ալիեւի նո­րագոյն յե­րիւ­րանքին, այն մա­սին, թէ Իրան եւ Հա­յաս­տան իբ­րեւ թէ կը հա­մագոր­ծակցին թմրա­միջոց­նե­րու ապօ­րինի շրջա­նառու­թեան ոլոր­տին մէջ։

Շամ­խա­նի շեշ­տեց, որ բա­րի դրա­ցիու­թեան սկզբունքնե­րը ան­տե­սելը եւ կեղծ յայ­տա­րարու­թիւննե­րը «չեն կրնար լաւ յա­րաբե­րու­թեան նշան ըլ­լալ»։

«Թմրա­միջոց­նե­րու դէմ պայ­քա­րին մէջ ամ­բողջ աշ­խարհի կող­մէ հե­րոս ճա­նաչուած եր­կի­րի մը դէմ մե­ղադ­րանքը չի կրնար այլ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նալ, քան մե­ղադ­րո­ղի խօս­քե­րուն հեր­քումը։ Զգու­շա­ցէք սա­տանա­յին ծու­ղակնե­րէն», շեշ­տեց Շամ­խա­նի։

Նշենք, Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան, անդրա­դառ­նա­լով Ալիեւի այդ ան­հիմն պնդու­մին՝ ընդգծեց, որ թմրա­միջոց­նե­րու ապօ­րինի շրջա­նառու­թեան դէմ Իրան-Հա­յաս­տան մօ­տէն կը գոր­ծակցին։

Աւե­լի ուշ, Իրա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թիւնը եւս հեր­քեց Ալիեւի յայ­տա­րարու­թիւնը՝ շեշ­տե­լով, որ Պա­քուի՝ նման ան­հիմն յայ­տա­րարու­թիւննե­րը պի­տի ստա­նան հա­մապա­տաս­խան ար­ձա­գանգ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ