Յիշելով «Ազդարար»ի հրատարակութեան տարեդարձը

Հայ ժողովուրդի պատ­մութիւ­նը հա­րուստ է մշա­կու­թա­յին ար­ժէքնե­րով։ Սուրբ Սա­հակ եւ Սուրբ Մես­րո­պի ու իրենց ան­մի­ջական աշա­կերտնե­րու ներդրու­մով բա­ցուե­ցաւ Հայ Գրա­կանու­թեան Ոս­կե­դարը։ Հա­յերէ­նով ար­տադրո­ւած եր­կե­րու ընդմէ­ջէն ան­մա­հացաւ այս կա­րեւոր շար­ժումը։ Մո­մի եւ կան­թե­ղի տա­մուկ լոյ­սե­րով լու­սա­ւորո­ւած վա­նական խու­ցեր վե­րածո­ւեցան սրբա­զան վայ­րե­րու, որոնք ծնունդ տո­ւին ձե­ռագիր մա­գաղա­թեայ մա­տեան­նե­րու։

Հայ ժո­ղովուրդը ու­նէր զար­գա­նալու եւ նո­րու­թիւննե­րով յա­ռաջա­նալու ջի­ղը։ Ուստի, այս ոգիով առաջ­նորդո­ւած, հա­սաւ այն երա­նելի հանգրո­ւանին, ուր Յա­կոբ Մե­ղապարտ հի­մը դրաւ Հայ տպագ­րութեան։ Այս ան­գամ սկսաւ տպագ­րա­կան մա­մու­լը գոր­ծել գրատ­պութեան եւ հրա­տարա­կու­թեան առա­քելու­թեամբ։

ԺԸ. դա­րուն Հայ տպագ­րութեան պատ­մութեան մէջ բա­ցուե­ցաւ նոր էջ մը, երբ հե­ռաւոր Հնդկաս­տա­նի Մատ­րաս քա­ղաքին մէջ Յա­րու­թիւն Քա­հանայ Շմա­ւոնեան հրա­տարա­կեց «Ազ­դա­րար»ի առա­ջին թի­ւը, 16 Հոկ­տեմբեր 1794-ին։

Այ­սօր, Հայ Մա­մու­լի նա­հապե­տի հրա­տարա­կու­թեան տա­րեդարձն է։ Ու­րախ ենք, որ հե­ռաւոր Հնդկաս­տա­նէն ծա­գած մա­մու­լի այս արե­գակը ու­նե­ցած է իր յա­ջորդնե­րը, որոնք որ­պէս օրա­թերթ եւ կամ պար­բե­րաթերթ շա­րու­նա­կած են հա­ւատա­րիմ մնալ «Ազ­դա­րար»ի առա­քելու­թեան, որ էր լու­սա­ւորել Հայ ժո­ղովուրդը, անոր մէջ զար­գացնել ազ­գա­յին ինքնա­գիտակ­ցութեան, ինքնա­ճանաչ­ման զգա­ցու­մը։

Փառք Աս­տուծոյ, որ Պոլ­սա­հայու­թեան ծո­ցին մէջ եւս զար­գա­ցած է «Ազ­դա­րար»ի առա­քելա­կից դառ­նա­լու գի­տակ­ցութիւ­նը, որով ծնած են «Ազ­դա­րար»ի զա­ւակ­ներն ու թոռ­նե­րը, որոնք հա­կառակ նիւ­թա­կան կամ ըն­կե­րային ժխտա­կան ազ­դե­ցու­թիւննե­րու յա­ռաջա­ցու­ցած աննպաստ պայ­մաննե­րուն, մնա­ցած են իրենց ծա­ռայու­թեան պատ­նէ­շին վրայ, կեր­տե­լով հա­րուստ պատ­մութիւն մը։

Ու­րախ ենք, որ մեր քա­ղաքին մէջ կը շա­րու­նա­կէ գոր­ծել Հայ Մա­մու­լը, փո­խան­ցե­լով մեր հո­գեւոր, բա­րոյա­կան ու մտա­ւորա­կան ար­ժէքնե­րը մե­րօրեայ հա­սարա­կու­թեան։ Մենք կը գնա­հատենք Հայ Մա­մու­լի մեր խմբա­գիր­ներն ու աշ­խա­տակազ­մը, որոնք ոգի ի բռին կը մա­քառին մե­րօրեայ ժա­մանակ­նե­րու յա­ռաջ բե­րած գլխա­ւոր ախ­տին դէմ, որ է ան­տարբե­րու­թիւն հան­դէպ Հայ գիր­քին ու մա­մու­լին։ Պէտք չէ մոռ­նալ, թէ հա­մայնքա­յին կեան­քի պատ­մութիւ­նը կը կեր­տո­ւի Հայ Մա­մու­լի սիւ­նակնե­րով։ Հայ Մա­մու­լը մեր ժա­մանակ­նե­րը կը կամրջէ ան­ցեալ ժա­մանակ­նե­րուն։ Հա­ղոր­դակցու­թեան դուռ կը բա­նայ ան­ցեալի հա­մայնքա­յին հա­րուստ ապ­րումնե­րուն, որոնք եթէ լա­ւագոյնս ար­ժե­ւորո­ւին կրնան որ­պէս օրի­նակ ներ­կա­յանալ, իրենց խթա­նիչ ազ­դե­ցու­թեամբ։

Ուստի յի­շելով ու յի­շեց­նե­լով այս ճշմար­տութիւննե­րը, հայ­րա­բար կը թե­լադ­րենք մեր ժո­ղովուրդին, որ գի­տակ­ցի Հայ Մա­մուլ ու­նե­նալու ար­ժէ­քին ու վա­րուի զգեն­լով պա­տաս. խա­նատո­ւու­թեան քաղցր լու­ծը, վասն պահ­պանման մեր մշա­կու­թա­յին ար­ժէքնե­րուն։

Երբ կը յի­շենք «Ազ­դա­րար»ի հրա­տարա­կու­թիւնը, հայ­րա­կան սի­րով եւ օրհնու­թեամբ կ՚ող­ջունենք Հայ Մա­մու­լի մեր երախ­տա­շատ խմբա­գիր­ներն ու աշ­խա­տակից­նե­րը, բո­լորին մաղ­թե­լով կար եւ կա­րողու­թիւն իրենց օրհնեալ ծա­ռայու­թեանց մէջ։ Տէ­րը օրհնէ բո­լորը, իրենց պար­գե­ւէ գոր­ծե­լու եռանդ ու ըլ­լայ՝ վար­ձա­հատոյց։

Սա­հակ Բ.

Պատ­րիարք Հա­յոց Թուրքիոյ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ