Հարցազրոյց Սարիկ Սեւադայի հետ

Երիտասարդ լրագրող, Սարիկ Սեւադան աշխատած է սփիւռքի նախարարութիւնը։ Նախարարութեան մէջ, նաեւ «Հայերն այսօր» պարբերականին աշխատած ժամանակ շփուած է բազմաթիւ սփիւռքահայերու հետ։ Անոր յօդուածներու հերոսները պարզ ու շիտակ, յաճախ կեանքի դժուարին դպրոց անցած սփիւռքահայեր են, որոնցմէ շատերու հետ Սարիկը ձեւաւորած է մտերմիկ յարաբերութիւններ, ուսումնասիրած ու գրի է առած անոնց՝ յաճախ դժուարին կեանքէն վերցուած դրուագները։ Անոնք այսօր արժեքաւոր յուշագրութիւն դարձած են։ «Նիդերլանդական օրագիր»ի թղթակիցը Նիդերլանդներու մէջ հանդիպած է Սարիկ Սեւադային եւ զրուցած անոր հետ։

Սարիկ, բա­րով եկած էք Նի­դեր­լանդներ։ Ըն­թերցո­ղի սե­ղանին է «Հա­յի հետ­քը սփիւռքում» նոր լոյս տե­սած գիր­քը։ Ինչպէ՞ս ծնաւ գրքի գա­ղափա­րը։

Գրքի գա­ղափա­րը, եթէ ան­կեղծ ըսեմ, միան­գա­մից ծնաւ։ Ես միշտ հե­տաքրքրո­ւած եմ սփիւռքով, սփիւռքաբ­նակ հայ­րե­նակից­նե­րով, անոնց գոր­ծունէու­թեամբ եւ հա­յապահ­պա­նու­թեան հա­մար կա­տարած գոր­ծով։ Այս ամէ­նը առիթ հան­դի­սացան, որ սկսիմ նոր նա­խաձեռ­նութեան՝ հայ­րե­նանո­ւէր հա­յերուն հա­մախմբել գրքի մը մէջ՝ «Հա­յի հետ­քը սփիւռքում»։

Հետք, որը պատ­մութեան դառն էջե­րէն յա­ռաջա­ցած է, բայց այ­սօր, այդ հետ­քը շատ փո­փոխու­թիւննե­րու են­թարկուած։ Ան ապ­րեցնող, շունչ տո­ւող հետք է այ­սօր, կռիւ տո­ւող, պայ­քա­րող հետք է...

Ի՞նչ չա­փանիշնե­րով ընտրած էք հե­րոս­նե­րուն։

Յա­տուկ չա­փանիշ­ներ չկան։ Սփիւռքի նա­խարա­րու­թան աշ­խա­տան­քա­յին տա­րինե­րուն սփիւռքաբ­նակ հայ­րե­նակից­նե­րու հետ ձե­ւաւո­րուած ջերմ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը թոյլ տո­ւին ճա­նաչե­լու այն հայ­րե­նանո­ւէր հա­յերուն, որոնք իրենց գոր­ծով հա­յու հետք կը թո­ղուն, օտար շրջա­նակի մէջ ճա­նաչե­լի կը դարձնեն հա­յու լա­ւագոյն տե­սակը։

Որո՞նք են ձեր հե­րոս­նե­րը։

Իմ հե­րոս­նե­րը սփիւռքի մէջ հա­յապահ­պան մար­տիկներն են, որւնք ամե­նօրեայ պայ­քա­րի մէջ են՝ հայ մնա­լու հա­մար։ Ես, Հա­յաս­տանցի ըլ­լա­լով չեմ զգա­ցած մի շարք նրբու­թիւններ սփիւռքաբ­նակ հա­յերու կեն­ցա­ղավար­ման վե­րաբե­րեալ։ Պէտք է տես­նես այն, որոշ ժա­մանակ բնա­կուիս որե­ւէ օտար պե­տու­թեան մէջ, նոր ինքդ քո մէջ վեր­լուծես այն դժո­ւարու­թիւննե­րը, որոնք առ­կայ են այ­սօր։

Եթէ անդրա­դառ­նամ հե­րոս­նե­րուն, ապա շատ բազ­մե­րես պատ­կեր կ՚ու­նե­նանք, հիմ­նա­կանին հա­մայնքա­յին, միու­թե­նական մար­դիկ են, գոր­ծա­րար­ներ, մշա­կու­թա­յին գոր­ծիչներ, որոնք իրենց գոր­ծով եւ հա­յու տե­սակով հետք թո­ղած են սփիւռքա­հայ իրա­կանու­թեան մէջ։

Ձեր առա­ջին գրքի՝ «Հայ­րե­նադար­ձի աչ­քե­րով» ժո­ղովա­ծուի շնոր­հանդէ­սը կա­յացած է դեռ 2020 թո­ւակա­նին։ Այն դրա­կան ար­ձա­գանգ ու­նե­ցաւ ոչ միայն Հա­յաս­տա­նէ ներս՝ նաեւ սփիւռքի հա­յու­թեան շրջան­նե­րուն։ «Հա­յի հետ­քը սփիւռքում» գիր­քը՝ երկրորդն է, որու շնոր­հանդէ­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ այստեղ՝ Նի­դեր­լանդնե­րուն մէջ։ Ին­չու՞ մեզ մօտ, կի­սուէք խնդրեմ տպա­ւորու­թիւննե­րով։

Այո, գրքիս շնոր­հանդէ­սը կա­յացաւ Նի­դեր­լանդնե­րու ամե­նահա­յաշատ՝ Ալ­մե­լօ քա­ղաքի Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ եկե­ղեց­ւոյ «Գա­լուստ Կիւլպեն­կեան» սրա­հը։ Հրա­ւէրը եւ կազ­մա­կերպչա­կան աշ­խա­տանքնե­րը իրա­կանա­ցած են Դեն Բո­սի «Կո­միտաս» միու­թեան կող­մէ՝ ի դէմս միու­թեան նա­խագահ տի­կին Մա­րօ Քա­ռեանի, որ նաեւ գրքիս հե­րոս­նե­րէն մէկն է։ Կ՚ու­զեմ առի­թէն օգ­տո­ւիլ եւ իմ խո­րին շնոր­հա­կալու­թիւնը յայտնել իրեն, «Կո­միտաս» միու­թեան ան­դամնե­րուն՝ «Սփիւռքը Հա­յաս­տա­նին լա­ւագոյնս ճա­նաչե­լի դարձնե­լու գոր­ծին ու­նե­ցած աւան­դի հա­մար» շնոր­հա­կալագ­րին ար­ժա­նի տես­նե­լուն հա­մար։ Ան ին­ծի հա­մար շատ պար­տա­ւորեց­նող է, եւ միաժա­մանակ քա­ջալե­րող, քա­նի որ գնա­հատո­ւած կը զգաս, քո աշ­խա­տան­քը ստա­ցուած կը հա­մարես, եւ այդ կ՚ըլ­լայ ոչ թէ այս կամ այն գրա­սենեակի կամ նա­խարա­րու­թեան կող­մէ, որոնց ան­դա­ւաճան աշ­խա­տելաոճը միշտ կը մնայ նոյ­նը՝ ուղղոր­դո­ւած, միջ­նորդա­ւորո­ւած, այլ կ՚ըլ­լայ 100% ար­դար ու ան­կողմնա­կալ սկզբունքով, գոր­ծե­լաոճով եւ ամե­նակա­րեւո­րը՝ սփիւռքի կող­մէ։

«Հա­յի հետ­քը սփիւռքում» գիր­քը ի՞նչ տո­ւաւ ձեզի։

Տո­ւած է աւե­լի ինքնավստա­հու­թիւն, հա­մար­ձա­կու­թիւն, ներ­քին կա­րողու­թիւն, որ կրնաս քեզ թոյլ տալ մտնե­լու վտան­գա­ւոր դաշտ մը, ուր կայ շատ ընե­լիք­ներ, շատ զգոյշ գոր­ծե­լաոճով առաջ­նորդո­ւելու հմտու­թիւն։ Ամէն մի նոր աշ­խա­տանք ընե­լուս՝ ես ու­նիմ մի սկզբունք, որը նաեւ կը հա­մարեմ իմ կեան­քի կար­գա­խօսը՝ միշտ պէտք է գե­րազան­ցես ինքդ քեզ... Եր­բեք պէտք չէ այնպէս ըլ­լայ, որ նոր աշ­խա­տանքդ որե­ւէ իմաս­տով զի­ջի նա­խապէս ըրա­ծիդ... սա հեշտ գործ չէ...

Մօ­տակայ ի՞նչ ծրա­գիր­ներ կը նա­խատե­սէք։

Մար­տի 13-ին՝ կի­րակի օրը, տե­ղի կ՚ու­նե­նայ նոյն գրքիս յա­ջորդ շնոր­հանդէ­սը այս ան­գամ Պել­կիա՝ Պրիւքսե­լի «Հայ Տուն»ը։ Ապ­րի­լին շնոր­հանդէս­ներ նա­խատե­սուած են Ֆրան­սա, Իս­պա­նիա եւ Գեր­մա­նիա, որոնք տա­կաւին մշակ­ման փու­լին են։ Նաեւ ու­նիմ սփիւռքի հետ կա­պուած եր­կու նոր նա­խագիծ՝ բայց հի­մա փա­կագի­ծը չբա­նամ, քա­նի որ աշ­խա­տան­քա­յին ըն­թացքին մէջ են. ժա­մանա­կը ամէն բան տե­սանե­լի կը դարձնէ...

Ձեզ յա­ջողու­թիւն եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան վե­րելք կը մաղ­թեմ՝ յե­տագայ ձեր գոր­ծունէու­թեան ըն­թացքին։

Ան­չափ շնոր­հա­կալ եմ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ