Հայաստանի մարզիկներու յաջողութիւնը

Հայաս­տա­­նի մարմնա­­մար­­զիկներ մե­­տայլներ նո­­ւաճե­­ցին Պալ­­քա­­­նեան մրցումնե­­րու ըն­­թացքին։

Հա­­յաս­­տա­­­նի Ղա­­պանի շրջա­­նէն մաս­­նակցող Լե­­ւոն Աղա­­սեան երեք քայ­­լով ոս­­տումի մէջ ար­­ձա­­­նագ­­րե­­­լով 16մ. 25 սմ.-ի մրցա­­նիշով ար­­ժա­­­նացաւ ոս­­կե­­­մետայ­­լի։

Պալ­­քա­­­նեան եր­­կիրնե­­րու սահ­­մա­­­նու­­մով մեկ­­նարկած մրցա­­շար­­քը հետզհե­­տէ ընդլայ­­նե­­­ցաւ այլ եր­­կիրնե­­րէ մաս­­նակցող­­նե­­­րով։ Աթա­­գիւ­­ղի մարմնա­­մար­­զի դահ­­լի­­­ճին մէջ կա­­յացող Պալ­­քա­­­նեան 27-րդ մրցումնե­­րուն մաս­­նակցե­­ցան 19 եր­­կիրնե­­րէ ժա­­մանած 250 մար­­զիկներ Գրի­­գոր Բար­­սե­­­ղեանի գլխա­­ւորած Հա­­յաս­­տա­­­նի մար­­զիկնե­­րու խումբի մար­­զիչն էր Ար­­սէն Պետ­­րո­­­սեան։

Հա­­յաս­­տա­­­նի հա­­ւաքա­­կանին մէջ կը նշո­­ւէր Ռազ­­միկ Մկրտի­­չեան, Ռո­­ման Ալեք­­սա­­­նեան, Գոռ Յա­­րու­­թիւնեան, Գա­­յանէ Ճի­­լոյեան, Էլէ­­նա Ալա­­վեր­­տեան եւ Եանա Սարգսեան։

Հա­­յաս­­տա­­­նի խումբէն մե­­տայլ նո­­ւաճող երկրորդ անու­­նը եղաւ Երու­­նադ Մկրտի­­չեան, որ 1500 մ. վազ­­քին մէջ վազ­­քուղին 3,46 րո­­պէով աւար­­տե­­­լով ար­­ժա­­­նացաւ ար­­ծա­­­թեայ մե­տայ­լի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ