Պատերազմի հետ եկած ճգնաժամ

Ռուսիոյ Դաշ­նութեան Ուքրաինոյ ուղղո­ւած յար­ձա­կու­մով մեկ­նարկած պա­տերազ­մը ար­դէն լրա­ցուց եր­կու շա­բաթը։ Եր­կու կող­մե­րու հա­շուոյն ալ բա­ւակա­նին սուղ կը թո­ւի պա­տերազ­մի պատ­ճա­ռած աւե­րը։ Իրենց հայ­րե­նի եր­կի­րը լքե­լով հա­րեւան եր­կիրներ ապաս­տա­նած ուքրաինա­ցինե­րու թի­ւը ՄԱԿ-ի տո­ւեալ­նե­րով ար­դէն հա­սած է եր­կու մի­լիոնի։ Նշենք որ այդ թի­ւին մէջ են նաեւ Ուքրաինա բնա­կող հա­յերը, որոնցմէ քա­ղաքա­ցիու­թիւն ու­նե­ցող­նե­րը ուղղո­ւած են դէ­պի Լե­հաս­տա­նի սահ­մա­նը, իսկ Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցիու­թիւնը պահ­պա­նող­նե­րը կ՚ու­զեն վե­րադառ­նալ Հա­յաս­տան։

Զո­հուած զի­նուոր­նե­րու մա­սին տո­ւեալ­նե­րը բա­ւակա­նին հակա­սական են, քա­նի որ կող­մե­րը կը փոր­ձեն կա­րելի եղա­ծին չափ չա­փազան­ցել հա­կառա­կոր­դի կո­րուստնե­րը եւ փո­խարէ­նը նո­ւազեց­նել իր զո­հերը։

Այսպէս ուքրաինա­կան շրջա­նակ­ներ կը պնդեն թէ Ռուս բա­նակի զո­հերը հա­սած են 10 հա­զարի։ Թիւ մը որ՝ Ռու­սիոյ պաշ­տօ­նական աղ­բիւրնե­րու հա­մաձայն կը հա­շուըուի 500։ Ի զուր չէ այն հաս­տա­տու­մը, ըստ որու պա­տերազ­մի ըն­թացքին նախ ճշմար­տութիւնն է որ կ՚ան­հե­տանայ։ Սա­կայն ան­դին կայ ակ­նե­րեւ իրո­ղու­թիւն մը, ուր կը տես­նենք կոր­ծա­նած շէն­քեր ու քա­ղաք­ներ։

Որոշ է որ ներ­կայ ժա­մանակ­նե­րուն նման պա­տերազմնե­րը սահ­մա­նուած պի­տի չըլ­լան միայն պա­տերազ­մող եր­կիրնե­րով։ Ան­դին պա­տերազ­մի ազ­դե­ցու­թիւնը զգա­լի պի­տի ըլ­լայ աշ­խարհի բո­լոր եր­կիրնե­րուն հա­մար։ Թուրքիա ալ ծան­րօ­րէն կ՚ազ­դո­ւի հա­րեւան երկրի մէջ բռնկած պա­տերազ­մէն, երբ այդ երկրի հետ ու­նէր բազ­մա­թիւ կեն­սա­կան նիւ­թե­րու առեւ­տուր մը։ Ար­դէն ներ­քին շու­կան ողո­ղուած է տար­րա­կան բա­զում նիւ­թե­րու բա­ցակա­յու­թեամբ կամ սղա­ճով։ Այս պայ­մաննե­րու տակ կը գու­մա­րուի նաեւ Ան­թա­լիոյ Դի­ւանա­գիտա­կան Հա­մագու­մա­րը, որ եթէ ոչ ուղղա­կի, գո­նէ անուղղա­կի երկխօ­սու­թեան գե­տին մը կրնայ դառ­նալ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ