8 Մարտեան աւանդութիւններ

8Մարտ Կա­­նանց Մի­­ջազ­­գա­­­յին Տօ­­նը Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան հա­­մար ոչ աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին օրե­­րէն է։ Ար­­դա­­­րեւ Հա­­յաս­­տա­­­նէ ներս կա­­նայք օրը կ՚ապ­­րին տօ­­նական մթնո­­լոր­­տի մէջ։ Ան­­շուշտ Հա­­յաս­­տա­­­նի հա­­մար ալ վի­­ճելի նիւ­­թե­­­րէն է երկրի մէջ կա­­նանց հա­­սարա­­կու­­թե­­­նէ ներս ապրած խտրականու­­թիւնը։

Իսկ Թուրքիոյ մէջ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը մեծ մտա­­հոգու­­թեան կը մատ­­նո­­­ւին Մա­­յիս 1-ի եւ Նեւ­­րո­­­զի նման տօ­­նական օրե­­րուն։ Վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն Մար­­տի 8-ն ալ նոյն մտա­­հոգու­­թիւննե­­րով ար­­գի­­­լեալ օր կը դառ­­նայ Թուրքիոյ մէջ։ Այս տա­­րի ալ գլխա­­ւորու­­թեամբ Իսթան­­պուլի Կու­­սա­­­կալու­­թեան, իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը բա­­ցար­­ձա­­­կապէս ար­­գի­­­լեցին կի­­ներու 8 Մար­­տեան հան­­րա­­­հաւաք­­նե­­­րը։ Սա­­կայն նման ար­­գելքի յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը ինչպէս նա­­խորդ տա­­րինե­­րուն, այս տա­­րի ալ ան­­զօր մնաց կա­­նանց վճռա­­կամու­­թեան դի­­մաց։

Իրա­­կանու­­թեան մէջ Մար­­տի 8-ի հան­­րա­­­հաւաք­­նե­­­րը բա­­ռին բուն իմաս­­տով տօ­­նական մթնո­­լորտ կը ստեղ­­ծեն, որուն մէջ հեգ­­նանք ու ծաղ­­րանքն ալ չի պակ­­սիր իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու հաս­­ցէին։ Տա­­կաւին քա­­նի մը օր առաջ էր որ դա­­տավա­­րու­­թիւնը կա­­յացաւ նա­­խորդ 8 Մար­­տին նա­­խագա­­հին անար­­գե­­­լու մե­­ղադ­­րանքով մօտ եր­­կու տաս­­նեակ կա­­նանց հան­­դէպ։ Կա­­նայք կը մե­­ղադ­­րո­­­ւէին երաժշտա­­կան կշռոյ­­թով ցատկռտե­­լու մի­­ջոցաւ նա­­խագա­­հը անար­­գե­­­լով։

Այս տա­­րի ալ ոս­­տի­­­կանու­­թիւնը ցե­­րեկուայ ժա­­մերէն ար­­գե­­­լափա­­կած էր Թաք­­սի­­­մի հրա­­պարակ ել­­լող բո­­լոր փո­­ղոց­­նե­­­րը։

Փա­­կուած էր հրա­­պարակ ել­­լող մեթ­­րո­­­յի եւ հան­­րա­­­շար­­ժի կա­­յարան­­նե­­­րը։ Սա­­կայն այս բո­­լորը ար­­գելք չե­­ղան 8 Մար­­տը երե­­կոյեան եր­­թով մը տօ­­նելու սո­­վորու­­թիւնը որ­­դեգրած կի­­ներուն հա­­մար։

Անոնք հրա­­պարա­­կի յա­­րակից զա­­նազան վայ­­րե­­­րու մէջ մէկ­­տե­­­ղուե­­ցան եւ կրկնե­­ցին իրենց ցատկռտու­­կի վան­­կարկու­­մը։ «Ցատ­­կէ՛ չցատ­­կո­­­ղը Թայ­­յիպ է»։ Այս պայ­­մաննե­­րու մէջ ոս­­տի­­­կանու­­թիւնը իր բո­­լոր կա­­րողու­­թիւնը ի գործ կը դնէր տար­­բեր կէ­­տերու վրայ մէկ­­տե­­­ղուած կի­­ներու իրա­­րու միանա­­լը կան­­խե­­­լու հա­­մար։

«Ակօս»ի թղթա­­կից Իշ­­խան Էր­­տինչ ցոյ­­ցե­­­րուն հե­­տեւե­­լով հե­­տաքրքրա­­կան դրուագ­­ներ կը փո­­խան­­ցէ։ Էր­­տինչի վկա­­յու­­թեամբ ցոյց կազ­­մա­­­կեր­­պող կի­­ներ իրենց դէմ պատ­­նէշ կազ­­մած կին ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րուն կ՚առա­­ջար­­կէին ձեր­­բա­­­զատո­­ւիլ ոս­­տի­­­կանա­­կան հա­­մազ­­գեստէն եւ միանալ իրենց։

Այսպէս 8 Մարտ մը եւս ան­­ցաւ պե­­տու­­թեան ան­­հանդուրժո­­ղու­­թիւնով, կի­­ներու վճռա­­կամու­­թեամբ եւ շնչո­­ւած օդը թու­­նա­­­ւորող ար­­ցունքա­­բեր կա­­զերով ու հրմշտու­­քով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ