Նոթեր՝ Պերլինի համագումարի երկրորդ օրուայ մասին

«Ժողովրդա­վարու­­թեան եւ Ազա­­տու­­թեան Հա­­մագու­­­մար» խո­­­րագ­­­րով 5-6 Մարտ թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րուն Պեր­­­լի­­­­­­­նի մէջ կա­­­յացած հան­­­դիպման առա­­­ջին օրո­­­ւայ նիս­­­տե­­­­­­­րուն անդրա­­­դար­­­ձած էինք թեր­­­թիս նա­­­խորդ թի­­­ւով։ Այս ան­­­գամ լու­­­սարձա­­­կի տակ կ՚առ­­­նենք հա­­­մագու­­­մա­­­­­­­րի երկրորդ օրո­­­ւայ նիս­­­տը։

Օրո­­­ւայ միակ նիս­­­տը կո­­­չուած էր «Հա­­­սարա­­­կական ընդդի­­­մու­­­թիւն», որ իր կար­­­գին մէջ իւ­­­րա­­­­­­­յատուկ էր 17 մաս­­­նա­­­­­­­կից­­­նե­­­­­­­րով։ Ատե­­­նախօս­­­նե­­­­­­­րը կը նե­­­կայաց­­­նէին ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան հաս­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար պայ­­­քա­­­­­­­րող միու­­­թիւններ կամ հար­­­թակներ։ Ժո­­­ղովա­­­վար Տոքթ. Նիլ Մութլո­­­ւէր այս «շատ հա­­­րուստ» նիս­­­տի ատե­­­նախօս­­­նե­­­­­­­րը կը նկա­­­րագ­­­րէր «Ներ­­­քին օտար դի­­­մադ­­­րողներ» եզ­­­րով։

Նիս­­­տի առա­­­ջին ելոյ­­­թը ներ­­­կա­­­­­­­յացուց «Խա­­­ղաղու­­­թեան Մայ­­­րեր» հար­­­թա­­­­­­­կի անու­­­նով Նա­­­ֆիյէ Եիղիթ։ Ան առ­­­ցանց մաս­­­նակցած այս ժո­­­ղովին պատ­­­մեց թէ քիւրտ կա­­­նայք եր­­­կար տա­­­րիներ կը պայ­­­քա­­­­­­­րին խա­­­ղաղու­­­թիւնը կեր­­­տե­­­­­­­լու հա­­­մար։ «Սպա­­­նուած երա­­­խայի դին տան սառ­­­նա­­­­­­­րանը պա­­­հելու հար­­­կադրո­­­ւեցանք։ Որ­­­դի­­­­­­­ներ­­­նուս դիակի մնա­­­ցոր­­­դա­­­­­­­ցը փոս­­­տով ստա­­­ցանք» ըսե­­­լէ ետք եւ­­­րո­­­­­­­պաբ­­­նակ մար­­­դու իրա­­­ւունքի պաշտպան­­­նե­­­­­­­րուն զօ­­­րակ­­­ցութեան կոչ կա­­­տարե­­­լով աւար­­­տեց իր զե­­­կոյ­­­ցը։

«Կե­­­զի» զբօ­­­սայ­­­գիի դէպ­­­քե­­­­­­­րուն ոս­­­տի­­­­­­­կանա­­­կան բռնու­­­թեան զոհ դար­­­ձած 15 ամեայ Պեր­­­քին Էլ­­­վա­­­­­­­նի հայ­­­րը Սա­­­մի Էլ­­­վան յու­­­սալքո­­­ւած էր գոր­­­ծող իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րէն եւ նշեց թէ իշ­­­խա­­­­­­­նափո­­­խու­­­թեան հա­­­մար ամհրա­­­ժեշտ է ընդդի­­­մադիր դա­­­շինքնե­­­րու կազ­­­մութիւ­­­նը։

«Քազ» լեռ­­­նե­­­­­­­րու բնու­­­թեան պաշտպա­­­նու­­­թեան հա­­­մար կազ­­­մո­­­­­­­ւած հար­­­թա­­­­­­­կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նող Օնուր Քըթ կա­­­րեւո­­­րեց երկրա­­­գունդի վրայ նոյն թթո­­­ւածի­­­նը շնչող­­­նե­­­­­­­րուն միաս­­­նութիւ­­­նը։ «Իրա­­­ւունքի, ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան հաս­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար պէտք է կա­­­ռու­­­ցել առաջ­­­նորդնե­­­րէ զերծ աշ­­­խարհ մը» ըսաւ Քըթ։

«Պո­­­ղազի­­­չի Զօ­­­րակ­­­ցութեան Խոր­­­հորդ»էն Էճեմ Նուր Կիւ­­­լեր, Պո­­­ղազի­­­չի Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանին նշա­­­նակո­­­ւած տե­­­ղապա­­­հը շրջա­­­նային վար­­­չութիւննե­­­րու ընտրո­­­ւած­­­նե­­­­­­­րուն փո­­­խարի­­­նող տե­­­ղապահ­­­նե­­­­­­­րու հե­­­տեւան­­­քը հա­­­մարե­­­լով նշեց թէ այս անի­­­րաւու­­­թիւնը տե­­­սանե­­­լի եղած է Պո­­­ղազի­­­չի Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի ու­­­սա­­­­­­­նող­­­նե­­­­­­­րուն դի­­­մադ­­­րութեան շնոր­­­հիւ։ «Տե­­­ղապահ­­­նե­­­­­­­րը առան­­­ձին են, մենք չենք» ըսաւ Կիւ­­­լեր։

«Շա­­­բաթ­­­նօ­­­­­­­րեայ Մայ­­­րե­­­­­­­րու Նա­­­խաձեռ­­­նութեան» ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչ Մա­­­սիտէ Օճաք «Մոռ­­­նա­­­­­­­լը յօ­­­ժարիլ կը նշա­­­նակէ, իսկ յի­­­շելը առե­­­րեսո­­­ւիլ, հա­­­շիւ տես­­­նել ու ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան հետ առնչո­­­ւած է» ըսաւ։ Օճաք հա­­­մագու­­­մա­­­­­­­րի մաս­­­նա­­­­­­­կից­­­նե­­­­­­­րուն կոչ ուղղեց 9 Մարտ թո­­­ւակա­­­նին Ուրֆա­­­յի դա­­­տարա­­­նի մուտքին ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւն պա­­­հան­­­ջող Շեն­­­յա­­­­­­­շար ըն­­­տա­­­­­­­նիքի հետ զօ­­­րակ­­­ցե­­­­­­­լու հա­­­մար։

«Գե­­­րինե­­­րու Հետ Զօ­­­րակ­­­ցութեան Հար­­­թակ»ի ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչ Ու­­­ղուր Քա­­­րաթա­­­շի հա­­­մաձայն «Թուրքիոյ պատ­­­մութիւ­­­նը նաեւ բան­­­տե­­­­­­­րու պատ­­­մութիւն է» խօս­­­քե­­­­­­­րով սկսած զե­­­կոցին շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կու­­­թեան յայտնեց թէ ցկեանս ազա­­­տազրկման դա­­­տապար­­­տո­­­­­­­ւած 1600 բան­­­տարկեալ­­­նե­­­­­­­րէն 600-ը կը տա­­­ռապին ծանր հի­­­ւան­­­դութիւննե­­­րէ։ «Բան­­­տե­­­­­­­րէ ներս տի­­­րող խնդիր­­­նե­­­­­­­րու լուծման հա­­­մար անհրա­­­ժեշտ է դուրսի զօ­­­րակ­­­ցութիւ­­­նը» ըսաւ Քա­­­րաթաշ։

Հիւ­­­սէ­­­­­­­յին Մաթ, Կա­­­նի Քափ­­­լան, Մեհ­­­մետ Պայ­­­րաք տար­­­բեր ալե­­­ւի միու­­­թիւննե­­­րու ու դաշ­­­նակցու­­­թիւննե­­­րու անու­­­նով ան­­­ջա­­­­­­­տաբար ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տո­­­­­­­ւեցան երկրի կա­­­րեւո­­­րագոյն կրօ­­­նական փոք­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութեան ամե­­­նաէական խնդիր­­­նե­­­­­­­րու շուրջ։

Նոյնպէս Հա­­­ֆըզ Ահ­­­մետ Թուրհալ­­­լը Քիւրտիս­­­տա­­­­­­­նի Մահ­­­մե­­­­­­­տական­­­նե­­­­­­­րու եւ Ալի Աթա­­­լան ալ էզ­­­տի­­­­­­­ներու են­­­թարկո­­­ւած խտրա­­­կանու­­­թեան ակ­­­նարկե­­­լով նշե­­­ցին երկրէ ներս տի­­­րող ան­­­հանդուրժո­­­ղու­­­թեան մթնո­­­լոր­­­տը, որուն պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատուն հա­­­մարե­­­լով գոր­­­ծող իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը։

Ար­­­դի Թուրքիոյ պատ­­­մութեան մէջ մարդկա­­­յին կո­­­րուստի առու­­­մով մե­­­ծագոյն ահա­­­բեկ­­­չութիւ­­­նը կա­­­տարո­­­ւած էր 10 Հոկ­­­տեմբեր 2015-ին, երբ ՏԱԻՇ-ի մա­­­հապարտներ Ան­­­գա­­­­­­­րայի կա­­­յարա­­­նի առ­­­ջեւ գոր­­­ծած արար­­­քով զո­­­հեցին աւե­­­լի քան 100 երի­­­տասարդներ։ Անոնց ծնո­­­ղաց անու­­­նով ներ­­­կա­­­­­­­յացաւ Էր­­­տո­­­­­­­ղան Թե­­­թիք եւ կրկնեց այդ յար­­­ձա­­­­­­­կու­­­մը կան­­­խե­­­­­­­լու մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րը գոր­­­ծադրե­­­լէ խու­­­սա­­­­­­­փող­­­նե­­­­­­­րու պատ­­­ժո­­­­­­­ւիլը։

Ֆեր­­­հատ Էն­­­ճիւ եկած էր «Ռո­­­պոս­­­քիի Ըն­­­տա­­­­­­­նիք­­­ներ»ը, իսկ Շել­­­մուն Էլ­­­պեր Ռհա­­­վի ալ «Եւ­­­րո­­­­­­­պայի Ասո­­­րինե­­­րու Միու­­­թիւն»ը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար։ «Երկրի բնիկ ժո­­­ղովուրդնե­­­րէն ասո­­­րինե­­­րու գո­­­յու­­­թիւնը կ՚ան­­­տե­­­­­­­սուի, հե­­­տեւա­­­բար կը պա­­­հան­­­ջենք մեր գո­­­յու­­­թեան եւ իրա­­­ւունքնե­­­րու հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­մը» ըսաւ Ռհա­­­ւի։

«Արե­­­ւել­­­քի եւ Հա­­­րաւ Արե­­­ւել­­­քի Միու­­­թիւննե­­­րու Հար­­­թակ»ի անու­­­նով ելոյթ ու­­­նե­­­­­­­ցող Ապ­­­տուլհա­­­քիմ Տա­­­շէ ետք, այս նիս­­­տի եզ­­­րա­­­­­­­փակիչ զե­­­կոյ­­­ցը ար­­­տա­­­­­­­սանեց Համ­­­տուլլահ Աւ­­­րաս, որ կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նէր վեր­­­ջերս կազ­­­մո­­­­­­­ւած «Մե­­­ռեալի Յար­­­գանք եւ Ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւն» նա­­­խաձեռ­­­նութիւ­­­նը։ Աւ­­­րաս ըսաւ թէ «բո­­­լոր թուրք չե­­­ղող­­­նե­­­­­­­րը բռնու­­­թեան կ՚են­­­թարկո­­­ւին եւ նոյ­­­նիսկ անոնց մե­­­ռել­­­նե­­­­­­­րը կ՚անար­­­գո­­­­­­­ւին»։ Նիս­­­տը աւար­­­տե­­­­­­­ցաւ ժո­­­ղովա­­­վար Տոք. Նիլ Մութլո­­­ւէվի վեր­­­լուծա­­­կան նա­­­խադա­­­սու­­­թիւննե­­­րով։

Կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պիչ յանձնա­­­խումբը կի­­­րակ­­­նօ­­­­­­­րեայ այս նիս­­­տը գնա­­­հատեց հե­­­տեւեալ կեր­­­պով. «Այս հա­­­մագու­­­մա­­­­­­­րը ծրագ­­­րե­­­­­­­լու ժա­­­մանակ նպա­­­տակադ­­­րած էինք շատ տար­­­բեր բնա­­­գաւառ­­­նե­­­­­­­րէ եկող­­­նե­­­­­­­րու հետ միասին ել­­­քի մի­­­ջոց­­­ներ որո­­­նելը։ Հա­­­մոզուած ենք որ ար­­­դիւնքը գո­­­հացու­­­ցիչ եղած է։ Ան­­­ցեալէն բա­­­ւակա­­­նին դա­­­սեր քա­­­ղած ենք եւ այս միաս­­­նութիւնն ալ ոգե­­­ւորիչ եղաւ բո­­­լորին հա­­մար»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ