Քասթամոնուի Հայոց Գերեզմանատունը

ԷՐՍՈՅ ՍՈՅՏԱՆ

Քասթա­մոնու քա­ղաքի տի­րող դիր­քի մը վրայ կը գտնո­ւի Սէյ­րանթե­փէ վայ­րը, որուն լան­ջե­րուն կը գտնո­ւին գե­րեզ­մաննոց­ներ։ Այն գե­րեզ­մաննե­րու տա­րած­քին մէկն ալ կը պատ­կա­նի հա­յերուն։ Ի տար­բե­րու­թիւն Թուրքիոյ այլ քա­ղաք­նե­րուն, Քաս­թա­մոնո­ւի Հա­յոց Գե­րեզ­մա­նատու­նը գոր­ծող վայր մըն է, ուր վեր­ջերս նոր թա­ղում մըն ալ կա­տարո­ւած։

Ան­տա­ռապատ տա­րած­քին մէջ գտնուող գե­րեզ­մա­նատու­նէ ներս հա­շուե­ցինք մօտ 100 շիր­մա­քարեր։ Մե­զի հա­մար ու­շագրաւ էր կարք մը շիր­մա­քարե­րու վրայ հա­յերէն անուննե­րու տակ տես­նել «Ռու­հունա Ֆա­թիհա» գրա­ռու­մը, որ սո­վորա­բար մահ­մէ­տական­նե­րու յա­տուկ երե­ւոյթ է եւ կը նշա­նակէ «Տէր Ողոր­մեայ»։

Բա­ցի Քաս­տա­մոնու քա­ղաքին կեդ­րո­նէն, Թաշ­քէօփ­րիւ գա­ւառի կեդ­րո­նը, Թիւ­թենլի եւ Քա­փաք­լը գիւ­ղե­րը, Տա­տայ գա­ւառի կեդ­րո­նը եւ Հա­ճը Պէյ գիւ­ղը եւս կը գոր­ծեն հայ­կա­կան գե­րեզ­մաններ։

Քաս­թա­մոնու քա­ղաքի կեդ­րո­նը հայ­կա­կան եկե­ղեցի մը գո­յու­թիւն չու­նի։ 1650-ական թո­ւական­նե­րու կա­ռու­ցո­ւած Սուրբ Աս­տո­ւածա­ծին Եկե­ղեց­ւոյ տե­ղը ան­գամ ան­յայտ է։ Նոյնպէս գա­ւառ­նե­րու եւ գիւ­ղե­րու մէջ ալ հայ­կա­կան եկե­ղեցիի մը հետ­քի չենք հան­դի­պած։ 1965-ի մար­դա­համա­րի հա­մաձայն քա­ղաքի 1498 քրիս­տո­նեանե­րէն 1224-ը Հայ Առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ ծու­խերն են։ Նոյն մար­դա­համա­րին 849 ան­ձեր մայ­րե­նի լե­զու ըլ­լա­լով հա­յերէ­նը նշած են։ Ներ­կա­յիս քա­ղաքի կեդ­րո­նը Թաշ­քէօփ­րիւ եւ Տա­տայ գա­ւառ­նե­րը Թաշ­քէօփ­րի­ւի Գա­փաք­լը եւ Թիւ­թենլի գիւ­ղե­րու մէջ ալ խիստ նօսրա­ցած թի­ւով հա­յեր կ՚ապ­րին։

***

Քաս­տա­մոնո­ւի հայ բնակ­չութիւ­նը հա­մեմա­տաբար կ՚աճի ամառ­նա­յին ամիս­նե­րուն, քա­նի որ Պո­լիս հաս­տա­տուած նախ­կին քաս­տա­մոնու­ցի­ներ իրենց կա­պը բո­լորո­վին չեն խզած հայ­րե­նի երկրին հետ եւ ամառ­նա­յին եղա­նակին կ՚այ­ցե­լեն պա­պենա­կան տու­նե­րը իրենց պար­տէզնե­րը մշա­կելու հա­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ