Քըլըչտարօղլու այցելեց Հրանդ Տինք Հիմնարկ

Հանրապե­տու­թեան Կու­սակցու­թեան Նա­խագահ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու 17 Ապ­րիլ կի­րակի օր ըն­կե­րակ­ցութեամբ կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Սեզ­կին Թան­րը­քու­լու եւ Իս­թանպու­լի վար­չութեան նա­խագահ Ճա­նան Քաֆ­թանճըօղ­լուի, այ­ցե­լու­թիւն մը տո­ւին Հրանդ Տինք Հիմ­նարկին։ Հիմ­նարկի մէջ Հան­րա­պետու­թեան կու­սակցու­թեան պա­տուի­րակու­թիւնը դի­մաւո­րեցին Հրանդ Տին­քի այ­րին Ռա­քէլ, որ­դին Արատ Տինք եւ Նա­յաթ Գա­րաքէօսէ։

Հի­ւրերը բա­ցատ­րութիւններ ստա­ցան Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի ծա­ւալած գոր­ծունէու­թեան մա­սին։ Ապա միաս­նա­բար շրջե­ցան Անա­րատ Յղու­թիւն շէն­քը՝ ուր կը գոր­ծէ նաեւ «Ակօս»ի խմբագ­րա­կազ­մը։ Փափ­կա­վարա­կան այ­ցե­լու­թեան աւար­տին Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու շէն­քի դռան առ­ջեւ պա­տաս­խա­նեց լրագ­րողնե­րու հար­ցումնե­րուն եւ ըսաւ որ Հրանդ Տին­քի ոճի­րը ցարդ չէ պար­զո­ւած, քա­նի որ չեն յայտնա­բերո­ւած մար­դասպա­նու­թեան պա­տուի­րատու­նե­րը։

Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լո­ւի այս յայ­տա­րարու­թիւնը հա­կազ­դե­ցու­թիւն պատ­ճա­ռեց իշ­խա­նու­թեան շրջա­նակ­նե­րէ ներս, ուր Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Սիւ­լէյման Սոյ­լու պնդեց որ Քը­լըչ­տա­րօղ­լո­ւի խօս­քե­րը կը մի­տին այս ոճի­րին մէջ Ֆե­թուլլա­հական­նե­րու մեղ­քը քօ­ղար­կե­լու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ