24 Ապրիլի յիշատակման ընդառաջ

Պսակա­ձեւ ժահ­րի հա­մավա­րակի հե­տեւան­քով վեր­ջին եր­կու տա­րինե­րուն առ­ցանց կա­տարո­ւող 1915-ի զո­հերու յի­շատակ­ման մի­ջոցա­ռու­մը այս տա­րի կը կա­յանայ Պէ­շիք­թա­շի նա­ւամա­տոյ­ցին դի­մաց գտնո­ւող Պար­պա­րոսի հրա­պարա­կին վրայ։

24 Ապ­րի­լի յի­շատակ­ման հար­թա­կի նա­խաձեռ­նութեամբ կա­տարո­ւող հրա­պարա­կային մի­ջոցա­ռումնե­րը նախ կը կա­տարո­ւէին Թաք­սի­մի հրա­պարա­կը։ Եր­կու տա­րի անց մէկ­տեղման վայ­րը փո­խադ­րուած էր նախ Ֆրան­սա­կան Դես­պանտան առ­ջեւ, ապա Թիւ­նե­լի Հրա­պարակ եւ վեր­ջա­պէս 2019-ին Շիշ­հա­նէի մեթ­րո­յի կա­յարա­նին մուտքը։ Հար­թա­կը պատ­կան իշ­խա­նու­թիւննե­րու հետ բա­նակ­ցե­լով այս տա­րուայ հա­մար որո­շած է Պէշիք­թա­շի Հրա­պարա­կը։ Երե­կոյեան ժա­մը 19.00-ին, այդ մէկ­տե­ղու­մին ըն­դա­ռաջ Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Միու­թիւնը մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թիւնով մը պի­տի յի­շատա­կէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հերը։

Նոյն օր Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նատան մէջ պի­տի յի­շատա­կուի նաեւ շար­քա­յին զի­նուոր Սե­ւակ Պա­լըք­ճը, որ նոյնպէս ատե­լու­թեան դրդու­մով գոր­ծո­ւած ոճի­րի մը զո­հը դար­ձած էր։ Շա­բաթօ­րեայ Մայ­րե­րը 16 Ապ­րի­լի իրենց մէկ­տեղման պա­հուն Տի­րան Քե­լեկեանի ան­ձին մէջ յի­շատա­կեցին 24 Ապ­րիլ 1915-ին ոս­տի­կան­նե­րու կող­մէ բեր­ման են­թարկո­ւած եւ ապա ան­յայտ կո­րած հայ մտա­ւորա­կան­նե­րը։

Նշենք որ բա­ցի զան­գո­ւածա­յին բնոյ­թի այս մի­ջոցա­ռումնե­րէ զա­նազան հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւններ ար­դէն իսկ ձեռ­նարկած են Թուղրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան որ­դեգրած ու­րացման ռազ­մա­վարու­թիւնով մո­ռացու­թեան տրո­ւած մեծ ոճի­րը դահ­լի­ճային կամ հա­մացան­ցա­յին ծրա­գիր­նե­րով քննար­կե­լու։

Միւս կող­մէ աշ­խարհի տար­բեր քա­ղաք­նե­րուն մէջ աշ­խարհաս­փիւռ հա­յու­թիւնը կը պատ­րաստո­ւի ան­գամ մը եւս հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան բիւ­րա­ւոր զո­հերու յի­շատակ­ման մի­ջոցա­ռումնե­րու։

2015 թո­ւին Հա­յոց Առա­քելա­կան Եկե­ղեց­ւոյ եղեռ­նի նա­հատակ­նե­րը սրբա­դասե­լու որո­շու­մէն ետք 24 Ապ­րիլ թո­ւակա­նը սահ­մա­նուած չէ զո­հերու յի­շատա­կու­մով։ Ընդհա­կառակ այդ խորհրդան­շա­կան օրը ալ աւե­լի մեծ նշա­նակու­թիւն կը ստա­նայ, երբ ցե­ղաս­պա­նու­թեան երե­ւոյթնե­րը հետզհե­տէ յա­ճախա­կի կը դառ­նան աշ­խարհի տար­բեր ան­կիւննե­րու վրայ։

Թուրքիոյ հան­րա­պետու­թեան իշ­խա­նու­թիւննե­րը որ­քան ալ փոր­ձեն այս յի­շատա­կումնե­րը թրքա­տեացու­թեան ճղճիմ սահ­մա­նի մը մէջ դի­տել խնդի­րը շատ աւե­լի էական բնոյթ ու­նի եւ այդ առու­մով ալ ար­ժա­նի է հա­մամարդկա­յին ու­շադրու­թեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ