Կոնտը իբրեւ պատմական Երեւանի միակ նմոյշ

ԻՐԱ ՑՈՐՈՒ

Օտար քա­ղաք մը այ­­ցե­­­լող զբօ­­սաշրջիկ­­նե­­­րուն հե­­տաքրքրո­­ւած առա­­ջին վայ­­րը քա­­ղաքի հին թա­­ղամա­­սերն են։ Աթեն­­քի մէջ Փլա­­քան կամ Փա­­րիզի Մոն­­մարդրը այս տե­­սակի օրի­­նակ­­ներ կը հա­­մարո­­ւին։

Երե­­ւան 2800 տա­­րեկան քա­­ղաք որ­պէս, զուրկ է այս տե­­սակի թա­­ղամա­­սէ մը։ Քա­­ղաքի պատ­­մութեան մեկ­­նա­­­կէտը հան­­դի­­­սացող Էրե­­բու­­նիի ամ­­րո­­­ցը փո­­շիածածկ պա­­տէ մը աւե­­լին չէ։ Քա­­ղաքի դի­­մագի­­ծը բնո­­րոշող շի­­նու­­թիւննե­­րու ամե­­նահի­­նը ԺԹ դա­­րուն կա­­ռու­­ցո­­­ւած շէն­­քեր են։ Սա­­կայն այդ ամ­­բողջի մէջ Կոն­­տը Շա­­հար եւ Տե­­միր­­պուլաղ (Քա­­րահանք) թա­­ղերը բա­­ցառու­­թիւն կը կազ­­մեն։

Ներ­­կա­­­յիս Կոն­­տը թէեւ չար­­ժա­­­նանար զբօ­­սաշրջիկ­­նե­­­րու ու­­շադրու­­թեան, բայց կը պա­­հէ հին Երե­­ւանի տպա­­ւորու­­թիւնը։ Երեւանի մէջ պարսկա­­կան տի­­րապե­­տու­­թիւնը վերջ գտած է 1828-ին։ Յա­­տուկենտ մնա­­ցած շէն­­քերու աւե­­րակ­­նե­­­րէն կա­­րելի է կռա­­հել թէ թա­­ղը ան­­ցեալին ընտրա­­նինե­­րով բնա­­կեցո­­ւած է։ Ռու­­սա­­­կան իշ­­խա­­­նու­­թեան շրջա­­նին Իրա­­նէ եւ Օս­­մա­­­նեան երկրէ եկած գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րով բնա­­կեցո­­ւող Կոն­­տի տի­­րական­­նե­­­րը Մե­­լիք Աղա­­մալեան ըն­­տա­­­նիքն էր։ Թա­­ղի բնակ­­չութիւ­­նը կը բաղ­­կա­­­նար հա­­յերէ, թուրքե­­րէ եւ շուրջ 100 ըն­­տա­­­նիք կա­­զող փո­­շանե­­րէ։ Թա­­ղը նոյ­­նիսկ Հոկ­­տեմբե­­րեան յե­­ղափոխու­­թե­­­նէն առաջ ալ անա­­պահով վայր կը հա­­մարո­­ւէր։ Քրիս­­տո­­­նեանե­­րու եւ մահ­­մե­­­տական­­նե­­­րու բնա­­կարան­­նե­­­րը ար­­տա­­­քին տես­­քով ալ կը տար­­բե­­­րէին իրար­­մէ։ Այդ տար­­բե­­­րու­­թիւնը այ­­սօր ան­­գամ նկա­­տել կա­­րելի է։ Յայտնի է որ թա­­ղի մէջ վեր­­ջին 200 տա­­րուայ ըն­­թացքին նոր շէնք չէ կա­­ռու­­ցո­­­ւած։ Անոնց մէջ կը հան­­դի­­­պինք նաեւ Երե­­ւանի հնա­­գոյն շի­­նու­­թիւննե­­րէն մէ­­կուն՝ 1687-ին կա­­ռու­­ցո­­­ւած մզկի­­թի մը աւե­­րակ­­նե­­­րուն։ 1915-ին ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թե­­­նէ փրկո­­ւած 16 գաղ­­թա­­­կան ըն­­տա­­­նիք բնա­­կած են լքո­­ւած մզկի­­թին մէջ։ Տա­­րօնէն եւ Բա­­ղէշէն գաղ­­թած այդ ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու շա­­ռաւիղ­­նե­­­րէն մէ­­կը տա­­կաւին կը շա­­րու­­նա­­­կէ հոն բնա­­կիլ։ Մզկի­­թի աւե­­րակը տես­­նե­­­լու հա­­մար պար­­տա­­­ւոր էք տու­­նի մը պար­­տէ­­­զէն անցնե­­լու։

Թա­­ղը Երե­­ւանի գ­­խա­­­ւոր հրա­­պարա­­կէն հա­­զիւ 1,5 Քմ. հե­­ռաւո­­րու­­թեան վրայ է եւ ու­­նի չորս փո­­ղոց­­ներ։ Պա­­րոնեան, Լէօ, Սա­­րեան եւ Ֆրիկ։ Այդ չորս փո­­ղոց­­նե­­­րու մայ­­թե­­­րուն վրայ պի­­տի նկա­­տէք աւե­­րակ աս­­տի­­­ճան­­ներ, որոնք իրա­­կանու­­թեան մէջ Կոն­­տի դար­­պասներն են։ Ամե­­նահեշտ ճա­­նապար­­հը Պա­­րոնեան փո­­ղոցի Սուրբ Յով­­հաննէս Եկե­­ղեցիէն կը սկսի։ Եկե­­ղեց­­ւոյ միջ­­նա­­­դարեան կա­­ռու­­ցո­­­ւած­­քը փլած է 1679-ի երկրա­­շար­­ժին։ Աւե­­լի ուշ քա­­նի մը ան­­գամ նո­­րոգո­­ւած ու վեր­­ջա­­­պէս 1980-ական­­նե­­­րուն ի հի­­մանէ վե­­րակա­­ռու­­ցո­­­ւած է։ Այստեղ նեղ­­լիկ փո­­ղոց­­նե­­­րը կոր­­սո­­­ւելու մտա­­հոգու­­թիւն կը յա­­ռաջաց­­նեն, բայց ի զուր։ Քա­­նի որ հան­­դի­­­պած որե­­ւէ աս­­տի­­­ճան ձեզ դար­­ձեալ փո­­ղոց պի­­տի հասցնէ։ Կոն­­տը իբ­­րեւ առա­­ջին տպա­­ւորու­­թիւն կը յի­­շեց­­նէ Պրա­­զիլի սար­­սա­­­փազ­­դու ֆա­­ւելա­­ները։ Բայց իրո­­ղու­­թիւնը բո­­լորո­­վին տար­­բեր է։ Բնա­­կիչ­­նե­­­րը մար­­դա­­­մօտ եւ հիւ­­րա­­­սէր են։ Ժպի­­տով ար­­տա­­­սանո­­ւած «Բա­­րեւ ձեզ» մը իս­­կոյն կը վե­­րածո­­ւի մտեր­­միկ զրոյ­­ցի եւ դուք ձեզ ակնթար­­թի մը մէջ պար­­տէ­­­զի շու­­քին տակ մա­­տու­­ցո­­­ւած բա­­լի քոմ­­փոստով մը հիւ­­րա­­­սիրո­­ւած կը գտնէք։ Այս խար­­խուլ տու­­նե­­­րու արան­­քին կա­­րելի է բա­­րեզարդման խոր­­հուրդնե­­րու մատ­­նո­­­ւիլ, բայց յի­­շեց­­նեմ որ բնա­­կիչ­­նե­­­րը վե­­րապա­­հու­­թիւններ ու­­նին այս խոր­­հուրդին դի­­մաց։

Կոն­­տը նաեւ ու­­նի իր առաս­­պել հե­­րոս­­նե­­­րը՝ Յան­­ցա­­­գործ Մի­­րօն, Կազ­­յոլ Վա­­նիկը եւ Մի­­լիցա Անտրէն իրենց ար­­կա­­­ծախնդրու­­թիւննե­­րով ապ­­րող առաս­­պելներ են։

Կոն­­տը Երե­­ւանի պատ­­մա­­­կան թա­­ղամաս կո­­չու­­մը պա­­հող միակ վայրն է եւ այս յատ­­կութիւ­­նով ալ զբօ­­սաշրջա­­կան կեդ­­րոն մը դառ­­նա­­­լու նե­­րու­­ժը ու­նի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ