«Օրօրայի» 2022-ի հերոսները

«Օրօ­րան» կը մե­ծարէ մե­րօրեայ երեք հե­րոս­նե­րը, որոնք Աֆ­ղանստա­նի մէջ կրթու­թեան հնա­րաւո­րու­թիւն կու տան կա­նանց եւ աղ­ջիկնե­րուն, կ՚ազա­տեն ռազ­մա­գեր­նե­րը Եմե­նի մէջ եւ մար­դու իրա­ւունքնե­րը կը պաշտպա­նեն Եգիպ­տոս։

Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հատակ­նե­րու յի­շատակ­ման օրը, «Օրօ­րա» մար­դա­սիրա­կան նա­խաձեռ­նութիւ­նը յայ­տա­րարեց 2022 թո­ւակա­նի «Օրօ­րայի» հե­րոս­նե­րու անուննե­րը, որոնք կը վտան­գեն սե­փական կեան­քը ու­րիշնե­րուն օգ­նե­լու հա­մար։ Անոնք «Օրօ­րայի» հե­րոս դար­ձած են իրենց ու­նե­ցած բա­ցառիկ ազ­դե­ցու­թեան, խի­զախու­թեան եւ նո­ւիրուածութեան հա­մար։ 1.000.000 ԱՄՆ տո­լար մրցա­նակը կը շնոր­հո­ւի Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը վե­րապ­րողնե­րու անու­նով՝ ի երախ­տա­գիտու­թիւն անոնց փրկող­նե­րուն, ար­ձա­գան­գե­լով մար­դա­սիրա­կան խնդիր­նե­րու ամ­բողջ աշ­խարհին՝ օգ­նե­լով ամե­նակա­րիքա­ւոր­նե­րուն։ Հե­րոս­նե­րու անուննե­րը յայ­տա­րարո­ւեցան Մա­տենա­դարա­նի մէջ. որոնցմէ մէ­կը կը դառ­նայ 2022 թ. «Օրօ­րա» մրցա­նակի դափ­նե­կիր։

«Մե­րօրեայ այսպի­սի բա­ցառիկ հե­րոս­նե­րը մեզ կը յի­շեց­նեն այն մա­սին, որ ամե­նադ­ժո­ւարին պա­հերուն ան­գամ լու­սաւոր ապա­գան այն մարդկանց ձեռ­քե­րուն է, որոնք կը հա­ւատան եւ պատ­րաստ են ար­տա­սովոր քայ­լե­րու՝ պաշտպա­նելու լու­սա­ւոր ապա­գան։ Մեզ­մէ շա­տերն այ­սօր կա­րող են ճնշո­ւած զգալ՝ առնչո­ւելով մարդկա­յին վշտի ու տա­ռապան­քի ան­վերջ թո­ւացող ալի­քին։ Բայց «Օրօ­րայի» հե­րոս­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ըլ­լալ կա­րեկ­ցանքի փա­րոս՝ առաջ­նորդե­լով եւ ոգեշնչե­լով մարդկայ­նութեանը։ Պա­տիւ է մաս­նա­կից ըլ­լալ այս նա­խաձեռ­նութեան, որ նուիրուած է անոնց ճա­նաչ­ման ու կ՚ար­ժա­նաց­նէ եւ կ՚աջակ­ցի», ըսաւ «Օրօ­րա» մրցա­նակի Ընտրող Յանձնա­ժողո­վի նա­խագահ, Լոն­տո­նի կայ­սե­րական քո­լեճի Կլո­պալ առող­ջա­պահա­կան նո­րարա­րու­թիւննե­րու ինստի­տու­տի տնօ­րէն Լորտ Արա Դար­զին։

2022 թ. «Օրօ­րայի» հե­րոս­ներն են՝

Ճա­միլա Աֆ­ղա­նի (Աֆ­ղանստան)՝ խա­ղաղու­թեան ակ­տի­վիստ եւ «Նուռ» կրթու­թեան եւ կա­րողու­թիւննե­րու զար­գացման կազ­մա­կեր­պութեան (NECDO) հիմ­նա­դիր։ Ան 25 տա­րի պայ­քա­րած է, որ­պէսզի Աֆ­ղանստա­նի կա­նանց հա­մար կրթու­թիւնը դառ­նայ հա­սանե­լի։ Երբ թա­լիբ­նե­րը իշ­խա­նու­թեան եկան, Ճա­միլա Աֆ­ղա­նին ստի­պուած եղաւ լքել իր հայ­րե­նիքը։ Բայց նոյ­նիսկ ան­կէ ետք ան չէ յանձնուած՝ եւ կը շա­րու­նա­կէ պայ­քա­րիլ իր ժո­ղովուրդին հա­մար։

Մա­հինուր էլ-Մաս­րի (Եգիպ­տոս)՝ փաս­տա­բան եւ քա­ղաքա­կան ակ­տի­վիստ Եգիպ­տո­սէն։ Ան կը պայ­քա­րի երկրի քա­ղաքա­կան ազա­տու­թիւննե­րու եւ մար­դու իրա­ւունքնե­րու հա­մար, կը կազ­մա­կեր­պէ բո­ղոքի խա­ղաղ ցոյ­ցեր եւ դա­տարան­նե­րէ ներս կը պաշտպա­նէ քաղ­բանտար­կեալ­նե­րու իրա­ւունքնե­րը։ Եգիպ­տո­սի պաշ­տօ­նական քա­ղաքա­կանու­թեան դէմ ան­հա­մաձայ­նութիւն յայտնե­լը կրնայ վտան­գա­ւոր ըլ­լալ։ Մա­հինուր էլ-Մաս­րին իր գոր­ծունէու­թեան պատ­ճա­ռով մի քա­նի ան­գամ ձեր­բա­կալո­ւած եւ բան­տարկո­ւած է։ Այ­դու հան­դերձ, ան չի կոր­ցներ լա­ւատե­սու­թիւնը իր երկրի ապա­գայի հան­դէպ եւ կը ձգտի ըլ­լալ դրա­կան փո­փոխու­թիւննե­րու առա­ջամար­տիկ։

Հա­տի Ճու­ման (Եմեն)՝ խա­ղաղու­թեան ակ­տի­վիստ եւ միջ­նորդ-բա­նակ­ցող։ Ան պար­բե­րաբար կը վտան­գէ իր կեան­քը, որ­պէսզի կազ­մա­կեր­պէ ռազ­մա­գերի­ներու փո­խանա­կում եւ առաջ­նագծէն դուրս բե­րէ այնտեղ մնա­ցած զո­հուած­նե­րու աճիւննե­րը։ Քա­նի որ քա­ղաքա­ցիական պա­տերազ­մի հե­տեւան­քով Եմե­նը կը շա­րու­նա­կէ մնալ եր­կա­րատեւ քա­ղաքա­կան եւ մար­դա­սիրա­կան ճգնա­ժամի մէջ, Հա­տի Ճու­մա­նը ըն­տա­նիք­նե­րուն կու տայ միակ սփո­փան­քը, որ անոնց ան­հետ կո­րած հա­մարուող սի­րելի մար­դիկ, ի վեր­ջոյյ, կրնան հանգչիլ խա­ղաղու­թեամբ։

«Որ­պէս «Օրօ­րա» մրցա­նակի դափ­նե­կիր՝ ես գի­տեմ, թէ որ­քան կա­րեւոր է աջակ­ցութիւ­նը եւ ճա­նաչու­մը մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կով։ «Օրօ­րա» մար­դա­սիրա­կան նա­խաձեռ­նութիւ­նը հնա­րաւո­րու­թիւն կու տայ ակ­տի­վիստնե­րուն եւ իրա­ւապաշտպան­նե­րուն, որոնք յա­ճախ միայ­նակ կը գոր­ծեն, առաջ մղե­լու իրենց աշ­խա­տան­քը եւ աւե­լի մեծ ար­դիւնք գրան­ցե­լու։ Ես կը ցան­կա­նամ շնոր­հա­ւորել 2022 թո­ւի «Օրօ­րայի» հե­րոս­նե­րը եւ մաղ­թել անոնց լա­ւագոյնն իրենց գոր­ծունէու­թեան մէ­ջե,- ըսաւ «Կա­նանց հա­մերաշ­խութիւն յա­նուն նե­րառա­կան խա­ղաղու­թեան եւ զար­գացմա­ն» կազ­մա­կեր­պութեան (SOFEPADI) եւ Քոն­կո­յի կա­նանց հիմ­նադրա­մի (FFC) հա­մահիմ­նա­դիր, 2021 թո­ւի «Օրօ­րա» մրցա­նակի դափ­նե­կիր Ժու­լիէն Լու­սենկեն։

2022 թ. «Օրօ­րա» մրցա­նակի առա­ջադ­րումնե­րու փու­լը պաշ­տօ­նապէս բա­ցուած է 2021 թու­կա­նի Ապ­րի­լի 24-ին։ 633 առա­ջադ­րում եղած է 62 երկրնե­րէ՝ նե­րառեալ ԱՄՆ, Պրա­զիլ, Հա­յաս­տան, Հնդկաս­տան, Նի­ժերիա, Չե­խիա, Փա­քիս­տան, Ռո­ւան­տա, Վրաս­տան եւ Ուքրաինա։ Ամէն տա­րի «Օրօ­րա» մրցա­նակի դափ­նե­կիրին կը շնոր­հո­ւի 1.000.000 ԱՄՆ տո­լար պար­գեւ, որը բա­ցառիկ հնա­րաւորու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռէ շա­րու­նա­կելու նո­ւիրա­տուու­թեան շղթան եւ աջակ­ցե­լու այն կազ­մա­կեր­պութիւննե­րուն, որոնք կ՚օգ­նեն կա­րիքա­ւոր­նե­րուն։

«Ամէն տա­րի ես կը հիանամ այն բա­ցառիկ հե­րոս­նե­րով եւ անոնց աշ­խա­տան­քով, որոնց կ՚աջակ­ցի «Օրօ­րան»։ Անոնք կ՚առնչո­ւին բազ­մա­թիւ խնդիր­նե­րու անե­րեւա­կայե­լի պայ­մաննե­րով, երբ գրե­թէ ամէն ինչ իրենց դէմ է, բայց, այ­դուհան­դերձ, անոնց մար­դա­սիրու­թիւնը, հա­ւատը, քա­ջու­թիւնը կ՚օգ­նեն անոնց շա­րու­նա­կել յա­ռաջա­նալու։ Ես մեծ յոյս ու­նիմ, որ աշ­խարհը դա­սեր կ՚առ­նէ անոնցմէ» նշեց 2017 թ. «Օրօ­րա» մրցա­նակի դափ­նե­կիր, «Օրօ­րա» մար­դա­սիրա­կան նա­խաձեռ­նութեան նա­խագահ եւ Սու­տա­նի «Գթու­թեան Մայր» հի­ւան­դա­նոցի բժշկա­պետ տնօ­րէն Թոմ Քա­թինան։

Ըստ աւան­դոյթի, 2022 թ. «Օրօ­րայի» հե­րոս­նե­րու անուննե­րը կ՚ար­ձա­նագ­րուին 21-րդ դա­րին ստեղ­ծո­ւած «Մա­տեան Մար­դա­սիրաց» եզա­կի ձե­ռագ­րի մէջ, որ «Օրօրա» մար­դա­սիրա­կան նա­խաձեռ­նութեան իւ­րա­յատուկ տա­րեգիրքն է եւ կը ցու­ցադրո­ւի Մա­տենա­դարա­նի մէջ։

«Օրօ­­րա» հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին մար­­­դա­­­­­­­սիրա­­­կան մրցա­­­նակի մա­­­սին

«Օրօ­­­րա» հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին մար­­­դա­­­­­­­սիրա­­­կան մրցա­­­նակի առա­­­քելու­­­թիւնն է ճա­­­նաչ­­­ման ար­­­ժա­­­­­­­նաց­­­նել եւ աջակ­­­ցիլ անոնց, որոնք վտան­­­գի կ՚ են­­­թարկեն սե­­­փական կեան­­­քը, առող­­­ջութիւ­­­նը կամ ազա­­­տու­­­թիւնը, որ­­­պէսզի փրկեն այն մարդկանց կեան­­­քը, առող­­­ջութիւ­­­նը կամ ազա­­­տու­­­թիւնը, որոնք կը տա­­­ռապին հա­­­կամար­­­տութիւննե­­­րու, մարդկու­­­թեան դէմ իրա­­­գոր­­­ծո­­­­­­­ւող յան­­­ցա­­­­­­­գոր­­­ծութիւննե­­­րու կամ մար­­­դու իրա­­­ւունքնե­­­րու այլ լուրջ խախ­­­տումնե­­­րու հե­­­տեւան­­­քով։ «Օրօ­­­րա» մրցա­­­նակի դափ­­­նե­­­­­­­կիրը կ՚ընտրո­­­ւի՝ ըստ ցու­­­ցա­­­­­­­բերած խի­­­զախու­­­թեան, նո­­­ւիրու­­­մի եւ ու­­­նե­­­­­­­ցած ազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թեան։

«Օրօ­­­րա» մրցա­­­նակի Ընտրող յանձնա­­­ժողո­­­վի կա­­­զմին ընդգրկուած են Նո­­­պելեան դափ­­­նե­­­­­­­կիր­­­ներ Շի­­­րին Էպա­­­տին եւ Լէյ­­­մա Գբո­­­վեն, Իռ­­­լանտիայի նախ­­­կին նա­­­խագահ Մե­­­րի Ռո­­­բին­­­սը­­­­­­­նը, մար­­­դու իրա­­­ւունքնե­­­րու ակ­­­տի­­­­­­­վիստ Հի­­­նա Ճի­­­լանին, Մեք­­­սի­­­­­­­կայի նախ­­­կին նա­­­խագահ Էռ­­­նեստօ Սե­­­տիլ­­­յոն, մար­­­դու իրա­­­ւունքնե­­­րու ակ­­­տի­­­­­­­վիստ եւ The Sentry նա­­­խաձեռ­­­նութեան հա­­­մահիմ­­­նա­­­­­­­դիր Ճոն Փրեն­­­դերգաս­­­թը, Unilever ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թեան նախ­­­կին գլխա­­­ւոր գոր­­­ծա­­­­­­­դիր տնօ­­­րէն եւ IMAGINE կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութեան հա­­­մահիմ­­­նա­­­­­­­դիր եւ հա­­­մանա­­­խագահ Փոլ Փոլ­­­մա­­­­­­­նը, «Բժիշկներ առանց սահ­­­մաննե­­­րու» կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութեան հա­­­մահիմ­­­նա­­­­­­­դիր եւ Ֆրան­­­սա­­­­­­­յի նախ­­­կին արտգործնա­­­խարար Պեռ­­­նարդ Քուշնե­­­րը, լրագ­­­րող, Փու­­­լի­­­­­­­ցերեան մրցա­­­նակի դափ­­­նե­­­­­­­կիր Տե­­­լէ Օլո­­­ճետեն, Նիւ Եոր­­­քի Գար­­­նե­­­­­­­կի կոր­­­պո­­­­­­­րացիայի նա­­­խագահ Վար­­­դան Գրե­­­գորեանը (1934-2021)։ Յանձնա­­­ժողո­­­վը կը նա­­­խագա­­­հէ Լոն­­­տո­­­­­­­նի կայ­­­սե­­­­­­­րական քո­­­լեճի Կլո­­­պալ առող­­­ջա­­­­­­­պահա­­­կան նո­­­րարա­­­րու­­­թիւննե­­­րու ինստի­­­տու­­­տի տնօ­­­րէն Լորտ Արա Տար­­­զին։ Պա­­­տուա­­­ւոր հա­­­մանա­­­խագահ­­­ներ են խա­­­ղաղու­­­թեան եւ մար­­­դու իրա­­­ւունքնե­­­րու յայտնի ակ­­­տի­­­­­­­վիստ Պեն­­­ժա­­­­­­­մին Ֆե­­­րեն­­­ցը եւ օս­­­կա­­­­­­­րակիր դե­­­րասան, մար­­­դա­­­­­­­սէր Ճորճ Քլու­­­նին։

Մենք կը յար­­­գենք Ընտրող յանձնա­­­ժողո­­­վի առա­­­ջին հա­­­մանա­­­խագահ, Նո­­­պելեան դափ­­­նե­­­­­­­կիր Էլի Վի­­­զելի յի­­­շատա­­­կը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ