Նախագահի եւ Պատրիարքի պատգամները 24 Ապրիլի յիշատակման առթիւ

Ամենապատիւ

Տ. Սահակ Բ.

Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ

Հայ համայնքի ար­ժէ­քաւոր ան­դամներ,

Թան­կա­գին հայ­րե­նակից­ներս.

Ձեզ կ՚ող­ջունեմ սրտա­գին զգաց­մամբ ու սի­րով։

Դուք այ­սօր հա­մախմբո­ւած էք Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քութեան հո­վանիին տակ՝ վեր­յի­շելու հա­մար այն օս­մա­նահա­յերը, որոնք իրենց կեան­քե­րը կո­րու­սին Առա­ջին Հա­մաշ­խարհա­յին Պա­տերազ­մի պար­տադրած դժո­ւարին պայ­մաննե­րու ներ­քեւ։

Ան­գամ մը եւս յար­գանքով կը յի­շատա­կեմ մա­հացած օս­մա­նահա­յերը, որոնց ողջ զա­ւակ­նե­րուն ու թոռ­նե­րուն կը յայտնեմ իմ ան­կեղծ ցա­ւակ­ցութիւններս։

Աս­տուծմէ ողոր­մութիւն կը հայ­ցեմ այն մի­լիոնա­ւոր օս­մա­նահ­պա­տակ­նե­րուն հա­մար որոնք իրենց մահ­կա­նացու­նե­րը կնքե­ցին Առա­ջին Հա­մաշ­խարհա­յին Պա­տերազ­մի դժո­ւարին պայ­մաննե­րուն ներ­քեւ։

Օս­մա­նեան Կայսրու­թեան վեր­ջին տա­րինե­րը, որոնք զու­գա­դիպած էին Առա­ջին Հա­մաշ­խարհա­յին Պա­տերազ­մին, մի­լիոնա­ւոր Օս­մանցի զա­ւակ­նե­րու հա­մար եղած էին յոյժ ցա­ւալի շրջան մը։

Այս հա­սարա­կաց տա­ռապանքնե­րը առանց կրօ­նական, ազ­գա­յին պատ­կա­նելիու­թեան կամ մշա­կու­թա­յին խտրա­կանու­թեան հասկնալն ու կի­սելը, մարդկա­յին պար­տա­կանու­թիւն մըն է։

Մենք դա­րեր շա­րու­նակ ու­րա­խու­թեան եւ տրտմու­թեան պա­րագա­ներուն իրա­րու բաժ­նե­կից­ներ եղած ենք։ Այս առու­մով ան­ցեալի վէր­քե­րուն միաս­նա­բար դար­մա­նու­մը եւ մարդկա­յին կա­պերու աւե­լի ամ­րապնդու­մը կա­րեւո­րու­թիւն կը զգե­նու։

Այս հաս­կա­ցողու­թեամբ, փո­խանակ ցա­ւերը մե­ծաց­նե­լու, ես կը հա­ւատամ, որ հար­կա­ւոր է ապա­գան միաս­նա­բար կեր­տել, ներշնչո­ւելով շուրջ հա­զարա­մեայ մեր խո­րար­մատ միաս­նա­կանու­թե­նէն։

Ար­դա­րեւ այս նպա­տակաւ մե­զի հա­րեւան Հա­յաս­տա­նի հետ դրա­կան գոր­ծընթաց­քի մը ձեռ­նարկած ենք։

Գի­տեմ եւ շատ կը կա­րեւո­րեմ, թէ Հա­յազ­գի մեր հայ­րե­նակից­նե­րը կողմնա­կից են այս բնա­կանո­նաց­ման գոր­ծընթա­ցին ու ան­կեղծօ­րէն կ՚աջակ­ցին եր­կու հա­րեւան եր­կիրնե­րու սերտ հա­մագոր­ծակցու­թեան։

Շատ եր­կար տա­րիներ յե­տոյ մեր շրջա­նին մէջ, վասն մշտա­տեւ խա­ղաղու­թեան եւ կա­յու­նութեան ի յայտ եկած այս պատ­մա­կան հնա­րաւո­րու­թեան ար­ժեւոր­ման ուղղու­թեամբ, կ՚ակնկա­լեմ ձեր զօ­րաւոր ներդրու­մը։

Այս հո­ղերու վրայ մեր դա­րաւոր միաս­նա­կանու­թեան ըն­թացքին Հայ հայ­րե­նակից­նե­րը մեր մշա­կու­թա­յին եւ մարդկա­յին կեան­քե­րէն ներս անջնջե­լի հետ­քեր թո­ղած են։ Կ՚ու­զեմ վստա­հեց­նել Ձեզ, թէ ամէն ջանք ի գործ պի­տի դրո­ւին որ­պէսզի անոնք իրենց կեան­քը շա­րու­նա­կեն խա­ղաղ, ապա­հով ու անվտանգ պայ­մաննե­րու ներ­քեւ։

Այս զգա­ցումնե­րով ու խո­հերով կրկին ան­գամ յար­գանքով կը յի­շատա­կեմ Առա­ջին Հա­մաշ­խարհա­յին Պա­տերազ­մի ըն­թացքին մեր կորսնցու­ցած Օս­մա­նահա­յերը։ Իմ ող­ջոյններն ու յար­գանքը կը յղեմ բո­լոր հայ­րե­նակից­նե­րուս, որոնք կը մաս­նակցին ոգե­կոչ­ման այս արա­րողու­թեան։

Ռէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան

Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագահ

***

Ամե­նապա­տիւ Սրբա­զան Պատ­րիարք Հօր

24 Ապ­րի­լի յի­շատա­կու­թեան առ­թիւ պատ­գա­մը

Այ­սօր մենք կը յի­շատա­կենք Ա. Հա­մաշ­խարհա­յին Պա­տերազ­մի օրե­րուն իրենց կեան­քը կո­րու­սած մեր ժո­ղովուրդի եկե­ղեցա­կան եւ աշ­խարհա­կան զա­ւակ­նե­րը. Սուրբ Պա­տարա­գի մա­տուցմամբ ի հո­գեւորս կը միանանք անոնց եւ գո­հու­թիւն կը յայտնենք Ամե­նակա­լին Աս­տուծոյ։ Բո­լոր այս ան­մեղ զո­հերը մեր Եկե­ղեց­ւոյ կող­մէ սրբա­դասո­ւած ըլ­լա­լով, 2015էն սկսեալ 24 Ապ­րի­լը այ­լեւս դուրս եկած է սգա­տօն ըլ­լա­լու իր հան­գա­ման­քէն եւ դար­ձած՝ սրբա­դասո­ւած սուրբե­րու յի­շատա­կու­թեան օր, խնդրե­լու հա­մար անոնց աղօթ­քը եւ բա­րեխօ­սու­թիւնը։

Տօ­նակա­տար­ման օրն է այ­սօր ան­հուն ան­հա­մար նա­հատակ­նե­րու ծաղ­կապսակ յի­շատա­կը պան­ծացնե­լու։ Սուրբ Եկե­ղեցին որո­շեց ու վճռեց իր խո­րաթա­փանց իմաս­տութեամ­բը պայ­ծա­ռակեր­պել բիւ­րա­ւոր նա­հատակ­նե­րու յի­շատա­կը, սրբա­դասե­լով զա­նոնք օրա­ցոյ­ցի նոր տնօ­րինու­մով մը եւ իրենց արեան կար­մի­րը օծե­լով երկնա­յին լու­սա­ճաճանչ կա­պոյ­տով։ Սուրբե՜ր են բո­լորը. Ար­ժա՚ն եւ իրա՚ւ։

Անոնք, ըստ մեր հա­ւատ­քին, «մին­չեւ վեր­ջը» տո­կացին եւ ար­ժա­նացան երկնա­յին ան­թա­ռամ պսակ­նե­րուն։ Սուրբ Եկե­ղեցին կրկին մե­զի կը յի­շեց­նէ, որ առանց հա­շուի առ­նե­լու յա­ւիտե­նական ար­դա­րու­թիւնը, ան­հե­թեթ պի­տի մնան երկրա­յին մեր դա­տաս­տաննե­րը։ Մար­դոց եւ ազ­գե­րու ճա­կատագ­րի վե­րաբե­րեալ վճռա­կան խօս­քի իրա­ւունքը կը պատ­կա­նի Բարձրեալին, ոչ թէ մար­դոց եղ­ծա­նելի դա­տաս­տաննե­րուն։ Եսա­յի Մար­գա­րէին մի­ջոցաւ Աս­տո­ւած կը մատ­նանշէ ու­նայնու­թիւնը մարդկա­յին դա­տողու­թիւննե­րու. «Եր­կինքը որ­քան հե­ռու է երկրէն, նոյնքան հե­ռու են իմ ճամ­բա­ներս՝ ձեր ճամ­բա­ներէն, մտա­ծումներս ձեր մտա­ծումնե­րէն» (55.9)։

Սու­գը եւ տօ­նը ո՞ւր տես­նո­ւած է ընդգրկած զի­րար, բա­ցի մեր Տէր եւ Փրկիչ Յի­սուս Քրիս­տո­սի խա­չելու­թե­նէն, որ կը պա­րու­նա­կէ իր փա­ռահեղ Յա­րու­թիւնը մե­ռել­նե­րէն եւ ան­մա­հու­թիւնը։ Այս չէ՞ր Վար­դա­նան­ցի սուրբ հե­րոս­նե­րու բնա­բանը ար­ձա­կուած՝ ընդդէմ մա­հուան սար­սա­փազ­դու աչ­քե­րուն. «Մահ՝ ոչ իմա­ցեալ՝ մահ է. իսկ մահ իմա­ցեալ՝ ան­մա­հու­թիւն»։ Մեծ Եղեռ­նի զո­հերուն ան­մա­հու­թիւնը սկսաւ իրենց մա­հուան օրը։ Մենք, պար­զա­պէս, հա­րիւր տա­րուայ սու­գէն յե­տոյ արթնցանք այս ճշմար­տութեան։

Պէտք է յի­շէնք եւ յի­շեց­նենք ան­ցեալը ոչ թէ այնպէս, ինչպէս՝ կար­ծես թէ երէկ պա­տահած ան­բուժե­լի հա­րուած­ներ են անոնք, այլ ան­հերքե­լի փաս­տարկնե­րը՝ մեր ազ­գա­յին ու կրօ­նական զօ­րու­թեան, տո­կու­նութեան, կեն­սունա­կու­թեան ու գո­յատեւ­ման եռան­դին։ Պի­տի յի­շէնք եւ ու­րիշնե­րուն պի­տի յի­շեց­նենք որ­պէսզի չկրկնո­ւին ան­մարդկա­յին նման դէպ­քեր։

Այ­սօր 24 Ապ­րիլ է։ Տխրահռչակ օրն է յի­շատակ­ման՝ մեր ազ­գի դար մը առաջ ապ­րած սոս­կա­լի ող­բերգու­թեան։ Մեր պատ­մութեան ամե­նէն թանձրա­խաւար շրջա­նի մը սկիզ­բը խորհրդան­շող չա­րաղէտ թո­ւական մը, որ կը ծրէ կրկին մեր գլուխնե­րը գե­տին, սրտաճմլիկ խորհրդա­ծելու հա­մար զգա­յացունց պա­տահար­նե­րը։

Այ­սօր մենք կ՚անդրա­դառ­նանք Ա. Հա­մաշ­խարհա­յին Պա­տերազ­մին ու այս աշ­խարհա­ւեր պա­տերազ­մի տա­րինե­րուն ապ­րո­ւած ող­բերգու­թեան, քա­նի որ այս պա­տերազ­մի շրջա­նը կա­րեւոր ան­կիւնա­դարձ մը եղած է մեր ժո­ղովուրդին հա­մար, իր անու­րա­նալի հե­տեւանքնե­րով, զոր ծա­նօթ է մե­զի «Մեծ Եղեռն» յոր­ջորջու­մով։

Ժո­ղովուրդ մը որ մե­ծաւ մա­սամբ խա­ղաղ կե­ցու­թեամբ հա­ւատա­րիմ քա­ղաքա­ցին էր այն կայսրու­թեան, որուն զար­գացման հա­մար ըրած էր այն, ինչ որ կրնար ընել։ Ժո­ղովուրդ մը, մե­զի հա­մար ան­հասկնա­լի պատ­ճառնե­րով մշա­կուած ու զար­գա­ցած քա­ղաքա­կանու­թեան մը հե­տեւան­քով պո­կուած էր իր դա­րաւոր բնա­կավայ­րե­րէն։

Տա­րագ­րութիւն բա­ռը իր ամե­նացաւառիթ երան­գա­ւորումնե­րով նախ­շո­ւած է մեր հա­յեցի ինքնու­թեան վրայ։ Այդ դժբախտ կի­րար­կումը իր հետ բե­րած է վան­քե­րու դա­տար­կա­ցում, աղօ­թատե­ղինե­րու հա­ւատա­ցեալ­նե­րէն ամա­յացում, վար­ժա­րան­նե­րու զրկում՝ ու­սուցիչ­նե­րէն ու աշա­կերտնե­րէն, առ հա­սարակ բնա­կավայ­րե­րը՝ իրենց բնա­կիչ­նե­րէն։

Ըն­տա­նիք­ներ մատ­նո­ւեցան ող­բա­լու իրենց ծնո­ղակո­րոյս եւ որ­դե­կորոյս վի­ճակ­նե­րը։ Այ­րեր եւ կի­ներ, ծե­րեր եւ տղա­ներ, երի­տասարդներ եւ կոյ­սեր հար­կադրո­ւեցան ըն­թա­նալ մա­հաբոյր ճա­նապար­հէ մը։ Այ­սինքն ժխտա­կան վի­ճակ մը, որուն հե­տեւան­քով ժո­ղովուրդ մը հար­կադրուած էր իր խո­ցուած սրտին մէջ կրել ան­դառնա­լի ու ան­դարմա­նելի կո­րուստնե­րու ցա­ւը հա­րիւ­րա­ւոր հա­զար­նե­րով։

Այս դէպ­քը Անա­տոլո­ւի տա­րած­քին ժո­ղովուրդնե­րու խա­ղաղ հա­մակե­ցու­թեան եւ կողք կող­քի ապ­րե­լու փոր­ձա­ռու­թեան մեծ վնաս պատ­ճա­ռած է։ Այս ան­կիւնա­դար­ձին հա­րիւ­րա­ւոր տա­րինե­րու ըն­թացքին թա­փուած ճակ­տի քրտինքնե­րու ար­դիւնքնե­րը ան­հե­տացած, նոյ­նիսկ առ յա­ւէտ կորստեան մատ­նո­ւած են։

Ի սփիւռս աշ­խարհի ցրո­ւած մեր զա­ւակ­նե­րուն պատ­ճա­ռաւ, սփիւռքը՝ որ իր մէջ կը պար­փա­կէ Հայ ժո­ղովուրդի եր­կու եր­րորդը, դար­ձած է ըն­կե­րաբա­նական ճշմար­տութիւն մը։

Դա­րերու ընդմէ­ջէն ըն­թա­ցած աշ­խարհի պատ­մութեան թա­տերա­բեմին վրայ չէ եղած շրջան մը, ուր պա­տերազմներ պա­տահած չըլ­լան։ Ար­ցունքն ու սու­գը եղած է պա­տերազմնե­րու հա­սարա­կաց յայ­տա­րարը, առանց նկա­տի ու­նե­նալու թէ ո՞ր կող­մը դուրս եկած է յաղ­թա­կան եւ կամ պար­տո­ւած։ Բնա­կանա­բար մեր իրա­կանու­թեան մէջ բա­ցուած մեծ վէր­քե­րը աւե­լի շատ կ՚արիւ­նին։ Բայց եւ այնպէս միայն իր ցա­ւերը գիտ­նալ եւ անոնց մա­սին ար­տա­յայ­տո­ւիլը այս հո­ղերու վրայ ապ­րած ժո­ղովուրդնե­րու ամե­նամեծ թե­րու­թիւննե­րէն մին է։ Հա­յեր եւ այլ Քրիս­տո­նեայ ժո­ղովուրդներ՝ Յոյ­ներ, Ասո­րիներ, Քաղ­դէացի­ներ, Հրեաներ, Իս­լամ ժո­ղովուրդներ՝ Թուրքեր, Քիւրտեր, Արաբ­ներ, Չէր­քէզներ, Պօշ­նաքներ, Լա­զեր, Ռօ­ման­ներ եւ այլք, բո­լորը ու­նին դառն, մա­շած եւ մեծ վէր­քե­րով լի պատ­մութիւններ, որոնք թա­ղուած են այս հո­ղերուն տակ։ Իւ­րա­քան­չիւրը, որ վի­րաւո­րուած է ծան­րա­պէս եւ կամ նո­ւազ չա­փով, ու­նի իր «ջարդ»ի պատ­մութիւ­նը։ «Կրա­կը ուր որ իյ­նայ, այն տե­ղը կ՚այ­րէ» ասու­թեան ուղղու­թեամբ, այ­սօր մեր պատ­մութիւ­նը կը պատ­մենք։ Մեր ող­բե­րուն ունկնդիր, մեր կո­րուստնե­րուն նկատ­մամբ հա­մակ­րա­կան մեր­ձե­ցում ցու­ցա­բերող բա­րեկամ սրտեր գտնել կը փա­փաքինք։ Մենք ալ պէտք է լսենք անոնց պատ­մութիւննե­րը, հաս­նինք հա­սարա­կաց յայ­տա­րար­նե­րու, որո­նենք գոր­ծե­լու մի­ջոցը եւ ձե­ւը որ­պէսզի նման դէպ­քե­րու յա­ռաջաց­ման ատակ այս աշ­խարհագ­րա­կան շրջա­նէն ներս ան­գամ մը եւս այսպի­սի ցա­ւեր չապ­րո­ւին։

Պէտք է նշենք, թէ այս հո­ղերուն վրայ Հա­յոց ապ­րած ցա­ւերու ու­րա­ցու­մը խիղ­ճե­րը կը վի­րաւո­րէ։ Նոյնպէս պէտք է նշէնք նաեւ բա­րոյա­կան սկզբունքնե­րու ներ­հակ կը գտնենք այն ջան­քե­րը որոնք կը մի­տին մեր հայ­րե­րուն այս ցա­ւերը մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ գոր­ծա­ծել որ­պէս քա­ղաքա­կայ­նա­ցուած թէ­զեր, ընդդէմ Թուրքիոյ։ Ոչ ու­րա­ցու­մը, ոչ ալ տար­բեր եր­կիրնե­րու խորհրդա­րան­նե­րու մէջ ըն­դունո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան օրի­նագի­ծերը այս հո­ղերուն վրայ ապ­րուած ցա­ւերուն եւ զա­նոնք ապ­րած ան­ձե­րուն պա­տիւ չեն բե­րեր։ Ընդհա­կառա­կը ցաս­մամբ բար­կա­ցած եւ պաշտպա­նու­թեան ան­ցած կող­մեր ան­ցեալի շու­քե­րը մե­ծաց­նե­լով պատ­ճառ կը դառ­նան որ մթագ­նին ժո­ղովուրդնե­րու հաշ­տութեան եւ բնա­կան յա­րաբե­րու­թիւններ մշա­կելու յոյ­սե­րը եւ շրջա­փակ­ման են­թարկո­ւի դրա­ցի ժո­ղովուրդնե­րու ներ­կան ու ապա­գան։

Մենք եւս, հե­տեւե­լով մեր երա­նաշ­նորհ նա­խորդ պատ­րիարքնե­րուն, պի­տի ներ­կա­յաց­նենք մեր մաղ­թանքնե­րը վասն հաշ­տութեան, խա­ղաղու­թեան եւ բա­րեկա­մու­թեան Թուրքե­րու եւ Հա­յերու մի­ջեւ։ Պի­տի քա­ջալե­րենք, որ վրա­յէն 107 տա­րիներ ան­ցած դէպ­քե­րը հա­զարա­մեայ հա­սարա­կաց պատ­մութեան ցա­ւառիթ մէկ բա­ցառու­թիւնը ըն­կա­լելով, յա­րաբե­րու­թիւննե­րը ան­յա­պաղ հաս­տա­տուին դրա­ցիական եւ հա­սարա­կաց շա­հու յայ­տա­րարար­նե­րու հի­ման վրայ։

Պար­տինք յի­շել նաեւ այն ամե­նամեծ ճշմար­տութիւ­նը, ըստ որում մեր ապ­րած աշ­խարհագ­րա­կան շրջա­նը պար­տադրած է որ բա­զում ժո­ղովուրդներ կողք կող­քի եւ իրա­րու մէջ գո­յատե­ւեն։ Ան­ցեալէն փո­խան­ցո­ւած հար­ցե­րը պէտք է ձեռք առ­նել այս լոյ­սին ներ­քեւ։ Բա­րեկա­մական կա­մուրջներ հաս­տա­տել, մշա­կու­թա­յին եւ առեւտրա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րը զար­գացնել եւ այս աշ­խարհագ­րա­կան շրջա­նը բո­լորին հա­մար շա­հաբեր եւ օրհնա­լի սե­ղանի մը վե­րածել մեր բո­լորին եւ ի մաս­նա­ւորի քա­ղաքա­գէտ­նե­րու պար­տա­կանու­թիւնն է։ Ասոր այ­լընտրան­քը բաղ­խումնե­րով ու պա­տերազմնե­րով զի­րար սպա­ռող, աղ­քա­տանա­լով խո­պանա­ցած աշ­խարհագ­րութիւնն է։

Այժմ, եր­կու ազ­գե­րու մի­ջեւ քաշքշուքը, փո­խադարձ ամ­բաստա­նու­թիւնը, վռի­ժառու­թեան կար­գա­խօս­նե­րը, իրա­ւունքի պա­հանջնե­րը, հայ­հո­յալից ար­տա­յայ­տութիւ­նը հա­րիւր տա­րի եւս պի­տի շա­րու­նա­կե՞նք, թէ ոչ նոր սկիզբնե­րու առիթ պի­տի ըն­ծա­յենք։ Կով­կասնե­րու հա­րիւ­րա­մեայ սա­ռած շրջա­նը դար մը ե՞ւս պի­տի շա­րու­նա­կենք, թէ ոչ պի­տի ող­ջունենք ժո­ղովուրդնե­րու մի­ջեւ հաս­տա­տելի խա­ղաղու­թեան գար­նա­նային մեղ­մութիւ­նը։ Այս աշ­խարհագ­րա­կան շրջա­նի ժո­ղովուրդնե­րը, առանց տա­րուե­լու հե­ռաւոր եր­կիրնե­րու գրգռու­թիւննե­րէն, պի­տի կա­րենա՞ն իրենց շրջան­նե­րը ապա­գայ դա­րերու երա­նու­թեան եր­կին վե­րածել։

Այս հար­ցումնե­րուն պա­տաս­խաննե­րը պի­տի որո­շեն քա­ղաքա­գէտ­ներն ու իրենց կող­մէ զար­գա­ցած ռազ­մա­վարու­թիւննե­րը։ Եթէ այս եր­կու ժո­ղովուրդնե­րու հե­ռատես քա­ղաքա­գէտ­նե­րը, մտա­ւորա­կան­ներն ու գրչի մշակ­նե­րը, արո­ւես­տա­գէտ­ներն ու կրօ­նաւոր­նե­րը նոր տի­պար­ներ չյա­ռաջաց­նեն այս աշ­խարհագ­րա­կան շրջա­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ ըլ­լալ որ­պէս ար­ցունքի հո­վիտ եւ տրտմու­թեան ամե­նամեծ բա­ժինը դար­ձեալ ան­մեղ ժո­ղովուրդնե­րուն պի­տի վի­ճակի։ Դար մը առաջ 1914ին քա­ղաքա­գէտ­ներ հար­ցին լու­ծումը պա­տերազ­մի մէջ գտան։ Իրենց ժո­ղովուրդնե­րը հա­մոզե­ցին, թէ պա­տերազ­մը ան­խուսա­փելի էր։ Ար­դիւնքը մարդկու­թեան հա­մար դար­ձաւ ամօ­թի պատ­մութիւն մը։ Այ­սօ­րուան քա­ղաքա­գէտ­նե­րը եթէ ըն­կա­լեալէն դուրս քայ­լեր առ­նե­լու քա­ջու­թիւնը եւ վար­պե­տու­թիւնը ցու­ցա­բերեն, ան­կասկած պի­տի տի­րանան շրջա­նի ժո­ղովուրդնե­րուն դա­րուն խա­ղաղու­թիւնը ներ­կա­յաց­նե­լու պա­տիւին։

Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան Պատ­մութեան մէջ Վսե­մաշուք Նա­խագահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տօ­ղան եղաւ եզա­կան դէմ­քը, որ թէ ան­ցեալին որ­պէս վար­չա­պետ եւ թէ յե­տագա­յին որ­պէս հան­րա­պետու­թեան նա­խագահ այս յի­շատա­կութեանց առ­թիւ հրա­պարա­կեց պատ­գամներ։ Այս պատ­գամնե­րուն մէջ դրսե­ւորո­ւած է ցա­ւակ­ցա­կան ոգի, նաեւ տա­րագ­րութեան դժբախ­տութիւ­նը ապ­րե­լով իրենց կեան­քե­րը կո­րու­սած մեր ազ­գի զա­ւակ­նե­րու յի­շատակ­նե­րուն նկատ­մամբ ար­տա­յայ­տո­ւած՝ յար­գանք։ Ըստ մե­զի այդ բո­լորը տե­ղին կ՚ըլ­լայ ար­ժե­ւորել դրա­կան քայ­լեր, որոնք կրնան ապա­գային զար­գա­նալ բաղ­ձա­լի մեր­ձե­ցու­մի մը ի նպաստ։ Վսե­մաշուք Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հի թան­կա­գին պատ­գա­մին հա­մար Նո­րին Վսե­մու­թեան կը յայտնենք մեր յար­գանքն ու երախ­տի­քը։

Նախ եւ առաջ պէտք է բա­րեկա­մական ու ան­կեղծու­թեան կա­մուրջներ հաս­տա­տել։ Պատ­մա­կան դէպ­քե­րու ար­ժե­ւորու­մը միայն այսպի­սի մի­ջավայ­րի մը մէջ կրնայ շի­նիչ եւ գո­հացու­ցիչ ըլ­լալ։ Վեր­ջերս այս առու­մով յա­ռաջա­ցած դի­ւանա­գիտա­կան ջան­քե­րը մե­զի գո­հու­նա­կու­թիւն կ՚առ­թեն։ Ի բո­լոր սրտէ կը մաղ­թենք որ սահ­մաննե­րը բա­ցուին եւ Կով­կա­սի շրջա­նը վե­րածո­ւի բա­րեկա­մական մի­ջավայ­րի մը եւ այս ուղղու­թեամբ աղօթք կ՚առա­քենք առ Բարձրեալն Աս­տո­ւած որ յա­ջողու­թեամբ պսա­կէ դի­ւանա­գիտա­կան ջան­քե­րը։

Մար­դոց հա­մար ան­կա­րելին, կա­րելի է Աս­տուծոյ հա­մար։ Եթէ կը փա­փաքինք այս նպա­տակին հաս­նիլ՝ պէտք է ու­նե­նանք բա­րի կա­մեցո­ղու­թիւն եւ այս բա­րեկա­մեցո­ղու­թեան կցել առ Բարձրեալն Աս­տո­ւած առա­քուած մեր աղօթքնե­րը։ Բարձրեալն Աս­տո­ւած Թուրքիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի հայ­րե­նակից­նե­րուն սրտե­րուն հպի, որ­պէսզի կա­րենան ըմբռնել, թէ որ­քան կա­րեւոր է լաւն ու գե­ղեցի­կը կեր­տել եւ ու­նե­նալ բա­րի դրա­ցիական յա­րաբե­րու­թիւններ։ Աս­տուծոյ եւ Անոր շի­նարար մի­ջամ­տութեան վստա­հինք։ Մեր դրա­ցինե­րուն հա­մար կ՚աղօ­թենք։ Մեր դրա­ցիներն ալ մե­զի հա­մար աղօ­թեն եւ այսպէ­սով Թուրք եւ Հայ ժո­ղովուրդնե­րու մի­ջեւ բա­րեկա­մական կա­մուրջ մը հաս­տա­տուի։

Երբ կը շա­րու­նա­կենք ապ­րիլ Քրիս­տո­սի հրա­շափառ Սուրբ Յա­րու­թեան աւե­տիսի ու­րա­խու­թիւնը, թող Ամե­նաբա­րին Աս­տո­ւած Սուրբ Կոյս Մա­րիամ Աս­տո­ւածած­նի, եկե­ղեց­ւոյ հին եւ նոր, ծա­նօթ եւ ան­ծա­նօթ բո­լոր սուրբե­րու բա­րեխօ­սու­թեամբ լսէ մեր աղա­չանքնե­րուն ձայ­նը։ Այ­լեւս վերջ գտնեն աշ­խարհա­ւեր պա­տերազմնե­րը, մարդկա­յին իրա­ւունքնե­րու սպառ­նա­ցող կռիւ­նե­րը։ Աս­տուծոյ սէ­րը, ողոր­մութիւ­նը եւ շնորհնե­րը յա­ւիտեան թա­գաւո­րէ ի շի­նու­թիւն եւ ի բա­րօրու­թիւն հա­մայն աշ­խարհի մարդկու­թեան, առանց ցե­ղի, ազ­գի եւ կրօն­քի խտրու­թեան. Ամէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ