Իֆթարներու եռուզեռ

Իսլամ հաւատացեալներու ծոմապահութեան ամիսն է Ռամազանը։ Հին աւանդութիւն մըն է մեծահարուստներու իրենց ապարանքներուն մէջ սարքած իֆթարի սեղանները։ Համակրօնացիներ միասնաբար կ՚ելլէին ծոմէն, ուր նաեւ սեղանին շուրջ կը ստեղծուէր ընկերային յարաբերութիւններ։

Հանրապետական շրջանին անտեսուած այդ սովորոյթը ԱՔՓ իշխանութեան տարիներուն վերահաստատուած է, այս անգամ նաեւ ստանալով քաղաքական բնոյթ։ Կորած է նաեւ համահաւատացեալներով սահմանուելու սկզբունքը եւ քրիստոնեայ հոգեւորականներ կը փութան քաղաքական դէմքերու կազմակերպած իֆթարի սեղաններուն։ Կը պատահի նաեւ հակառակը, ուր քրիստոնեայ հաստատութիւններ Պատրիարքարան կամ եկեղեցիի մը թաղականութիւն, իրենք կը սարքեն իֆթարի սեղաններ, հիւրասիրելու կամ պատուելու համար քաղաքական գործիչները։ Այսպէս Սահակ Բ. Պատրիարք յաճախ այցելեց Անգարա ԱՔՓ կուսակցութեան կամ Նախագահ Էրտողանի հրաւէրներուն ընդառաջելով։

Լսումներու համաձայն նման կարգադրութիւն մըն ալ կը կատարուի Ֆերիգիւղի եկեղեցւոյ սրահին մէջ, որուն պատուոյ հիւրը կ՚ըլլայ վերջին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ