Թրքական անհանդուրժողութիւնը ուղղուած է Կարօ Փայլանին

Երկրէ ներս հետզհե­­տէ ծա­­ւալող ազ­­գայնա­­կան հիս­­տե­­­րիայի հե­­տեւան­­քով կը տի­­րէ 24 Ապ­­րի­­­լի յի­­շատակ­­ման դէմ ան­­հանդուրժո­­ղակա­­նու­­թեան հո­­սանք մը։ Այսպէս 2010 թո­­ւակա­­նէն այս կողմ հան­­րութեան մաս­­նակցու­­թեամբ կա­­յացող ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան զո­­հերու յի­­շատակ­­ման մի­­ջոցա­­ռու­­մը վեր­­ջին վայրկեանին հրա­­պարա­­կուած յայ­­տա­­­րարու­­թիւնով մը ար­­գի­­­լուե­­ցաւ Իս­­թանպու­­լի կու­­սա­­­կալին կող­­մէ։

Առա­­ջին ան­­գամ 2010 թո­­ւակա­­նին Թաք­­սի­­­մի հրա­­պարա­­կին վրայ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած սգա­­հան­­դէ­­­սը ամէն տա­­րի կրկնո­­ւեցաւ մեծ թի­­ւով մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րու ներ­­կա­­­յու­­թեամբ։ Վեր­­ջին եր­­կու տա­­րինե­­րուն սգա­­հան­­դէ­­­սը կը կա­­յանար առ­­ցանց դրու­­թեամբ եւ այս տա­­րուայ հա­­մար ալ կը կան­­խա­­­տեսո­­ւէր Պէ­­շիք­­թա­­­շի հրա­­պարա­­կին վրայ անցկաց­­նել մի­­ջոցա­­ռու­­մը։ Վե­­րեւ նշո­­ւած ան­­հանդուրժո­­ղակա­­նու­­թեան երե­­ւոյթնե­­րէն մէկն ալ կը պար­­զո­­­ւէր Կա­­րօ Փայ­­լա­­­նի Թուրքիոյ Խորհրդա­­րանին յղած առա­­ջար­­կին հան­­դէպ։ Կա­­րօ Փայ­­լան իր պատ­­րաստած բա­­նաձե­­ւով կը պա­­հանջէր որ Թուրքիոյ Հան­­րա­­­պետու­­թիւնը առե­­րեսո­­ւի պատ­­մա­­­կան ճշմար­­տութեան հետ եւ վերջ տայ իր որ­­դեգրած ու­րացման ռազ­­մա­­­վարու­­թեան։

Փայ­­լա­­­նի այս առա­­ջար­­կին դի­­մաց, առա­­ջին հա­­կազ­­դո­­­ղը եղաւ Խորհրդա­­րանի Նա­­խագա­­նը, որ այս առա­­ջար­­կը ըն­­դունեց իբ­­րեւ անար­­գանք երկրի պատ­­մութեան։

Ապա ընդդի­­մադիր ազ­­գայնա­­կան կու­­սակցու­­թիւննե­­րէն ալ հնչեց նման բնոյ­­թի բո­­ղոք­­ներ, որոնք ծա­­ւալե­­լով հետզհե­­տէ վե­­րածո­­ւեցան հայ պատ­­գա­­­մաւո­­րի դէմ լին­­ջի երե­­ւոյ­­թի։

Ի վեր­­ջոյ Կա­­րօ Փայ­­լա­­­նի դէմ հա­­լածան­­քի վեր­­ջին հա­­րուա­­ծը եկաւ Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանէ, որ կա­­տարո­­ւածը դա­­ւաճա­­նու­­թիւն կո­­չելով պա­­հան­­ջեց որ Կա­­րօ Փայ­­լան ար­­ժա­­­նի կեր­­պով ստա­­նայ գոր­­ծած ոտնձգու­­թեան պա­­տաս­­խա­­­նը։

Պար­­տինք նշել թէ երկրի պատ­­մութեան մէջ բա­­զում փոր­­ձե­­­րով ծա­­նօթ ենք նման սպառ­­նա­­­լիք­­նե­­­րու հա­­ւանա­­կան հե­­տեւանքնե­­րուն։ Այդ հե­­ռան­­կա­­­րով ըն­­կե­­­րային ցան­­ցե­­­րու վրայ որոշ շրջա­­նակ­­ներ սկսած են զօ­­րակ­­ցութեան ար­­շաւներ կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­լու «Կա­­րօ Փայ­­լան առան­­ձին չէ» կար­­գա­­­խօսով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ