Արդարադատական գայթակղութիւն

25Ապ­րիլ եր­կուշաբ­թի օր Չաղ­լա­յանի Ար­դա­րան­դա­տու­թեան Պա­լատէ ներս 27-րդ Եղեռ­նա­դատ Ատեանի դահ­լի­ճին մէջ կա­յացաւ «Կէ­զի» զբօ­սայ­գիի դա­տավա­րու­թեան վճռա­կան փու­լը։ Դա­տակազ­մը մե­ղադ­րեալ­նե­րուն վեր­ջին յայ­տե­րը լսե­լէ ետք Օս­ման Քա­ւալան դա­տապար­տեց ցկեանս բան­տարկու­թեան։

Դա­տակազ­մը առանց փաս­տեր ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մոզո­ւած էր, որ Օս­ման Քա­ւալա 79 քա­ղաք­նե­րու մէջ զան­գո­ւածա­յին ցոյ­ցեր կազ­մա­կեր­պե­լով փոր­ձած է իշ­խող կա­ռավա­րու­թիւնը տա­պալե­լու։ Նոյն յան­ցանքին աջակ­ցե­լու մե­ղադ­րանքով Միւ­ճելլա Եափը­չը, Չիղ­տեմ Մա­թեր, Հա­քան Ալ­թը­նայ, Մի­նէ Էօզէր­տեն, Ճան Աթա­լայ, Թայ­ֆուն Քահ­րա­ման եւ Եիղիթ Ալի Էք­մեքճի 18 տա­րուայ ազա­տազրկման դա­տապար­տո­ւեցան։ Դա­տակազ­մի վճի­ռէն ետք Միւ­ճելլա Եափը­չը, Չիղ­տեմ Մա­թեր եւ Մի­նէ Էօզէր­տեն ձեր­բա­կալո­ւեցան եւ ղրկո­ւեցան Պա­քըր­գիւղի կա­նանց բան­տը։ Հա­քան Ալ­թը­նայ, Ճան Աթա­լայ եւ Թայ­ֆուն Քահ­րա­ման նոյնպէս ձեր­բա­կալո­ւեցան եւ ղրկո­ւեցան Սի­լիվ­րիի բան­տը, ուր կը մնայ նաեւ Օս­ման Քա­ւալա։

Դա­տակազ­մի այս վճի­ռը շատ մեծ հա­կազ­դե­ցու­թիւն պատ­ճա­ռեց եւ բո­ղոքի ցոյ­ցեր կա­տարո­ւեցան Իս­թանպուլ, Ան­գա­րա եւ Իզ­մի­րի մէջ։

Չիղ­տեմ Մա­թեր վեր­ջերս կը բնա­կէր Գեր­մա­նիա եւ յատ­կա­պէս այս դա­տական նիս­տին ներ­կայ գտնո­ւելու հա­մար եկած էր եր­կիր։ Մե­ղադ­րեալ­նե­րու իրա­ւապաշտպան­նե­րէն Աք­չայ Թաշ­չը յայ­տա­րարեց որ պի­տի առար­կեն դա­տակազ­մի այս անըն­դունե­լի վճի­ռին դէմ։

ԱՄՆ եւ Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թիւննե­րը ցա­սում յայտնե­ցին ար­դա­րադա­տական գայ­թակղու­թիւն հա­մարո­ւող վճռին դէմ եւ պա­հան­ջե­ցին բան­տարկեալ­նե­րու ազատ ար­ձա­կու­մը։ Եւ­րո­խորհրդա­րանն ալ բուռն կեր­պով հա­կազ­դեց դա­տարա­նի որոշ­ման, ուր Թուրքիոյ տե­ղեկա­տու Նա­քօ Սան­չես Ամոր եւ Եւ­րո­միու­թեան ու Թուրքիոյ խորհրդարական­նե­րու միու­թեան նա­խագահ Սեր­կէյ Լա­կոտինսքի իրենց ըրած յայ­տա­րարու­թեան մէջ ցա­սում յայտնե­ցին, ըսե­լով թէ դա­տակազ­մը հա­ւանա­կան ամե­նավատ մեկ­նա­բանու­թեան դի­մած է։ «Այս վճի­ռը բա­ցայայտ կեր­պով ներ­հակ է ԵՄԻԱ-ի որո­շումնե­րուն եւ բնա­կանա­բար հե­տեւանքներ պի­տի ու­նե­նայ» ըսուած է յայ­տա­րարու­թեան մէջ։

Մի­ջազ­գա­յին Ներ­ման Կազ­մա­կեր­պութեան Եւ­րո­պայի գրա­սենեակն ալ դա­տապար­տեց վճի­ռը։ «Այ­սօր ար­տա­կարգ անար­դա­րու­թեան մը ակա­նատես եղանք։ Դա­տարա­նի որո­շու­մը ոչ միայն Օս­ման Քա­ւալա­յի եւ իր հետ դա­տուող ան­ձե­րուն, այլ Թուրքիայէ ներս եւ ամ­բողջ աշ­խարհի վրայ ար­դա­րու­թեան ու մար­դու իրա­ւունքնե­րը պաշ­տա­նող­նե­րու ուղղուած է»։

Երկրէ ներս ալ ընդդի­մադիր Հան­րա­պետու­թեան Կու­սակցու­թեան Նա­խագահ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու «Թո­ւիթըր»եան գրա­ռու­մով մը բո­ղոքեց այս որո­շու­մին դէմ։ «Կէ­զի»ի դի­մադ­րութիւ­նը զօ­րակ­ցութեան, խա­ղաղու­թեան եւ ժո­ղովրդա­վարու­թեան ձօ­նուած ազ­գա­յին շար­ժում մըն էր։ Բռնա­պետա­կան իշ­խա­նու­թիւնը ափ­սոս որ իրա­ւաբա­նական սկզբունքնե­րը ոտ­նա­կոխե­լով կը շա­րու­նա­կէ իր եր­թը» ըսաւ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու։

Կա­յացած որո­շու­մին դէմ դա­տարա­նի առ­ջեւ շատ բուռն կեր­պով հա­կազ­դե­ցու­թիւն ցու­ցա­բերե­ցին Հան­րա­պետա­կան Կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր­ներ՝ Էօզկիւր Էօզեր եւ Սեզ­կին Թան­րը­քու­լու, Ժո­ղովրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարու­թեան Կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Ֆի­լիզ Քե­րես­թէ­ճիօղ­լու եւ Թուրքիոյ Բա­նուո­րական­Կուսակ­ցութեան Նա­խագահ Էր­քան Պաշ եւ նոյն կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Ահ­մետ Շըք։

51 ցու­ցա­րար­ներ բեր­ման
են­թարկո­ւած

Դա­տակազ­մի վճի­ռը յա­ջորդ օր հան­րա­հաւա­քով մը դա­տապար­տո­ւեցաւ նաեւ Թաք­սի­մի մէջ։ Այս ցոյ­ցին մաս­նակցե­ցան զա­նազան հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւններ, Արհմիու­թիւններ եւ քա­ղաքա­ցիներ։

Մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թեան ըն­թերցու­մէն ետք, երբ ժո­ղովուրդը կը պատ­րաստո­ւէր ցրուելու, յան­կարծ կա­տարո­ւեցաւ ոս­տի­կանա­կան բիրտ մի­ջամ­տութիւն եւ 51 ցու­ցա­րար­ներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ