Պատմական օրեր Տիգրանակերտի մէջ

7Մայիս 2022 շա­բաթ յետ­մի­ջօրէին Տիգ­րա­նակեր­տի պատ­մա­կան Սուրբ Կի­րակոս Եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փակէն ներս, նոյ­նիսկ շրջա­կայ փո­ղոց­նե­րուն վրայ կը տի­րէր մեծ ոգե­ւորու­թիւն։ Պո­լիսէն եւ Եւոր­պա­յի զա­նազան քա­ղաք­նե­րէն ժա­մանող­նե­րու կող­քին Ատըեամա­նէն, Ան­տիոքէն, Մու­շէն եւ Տի­յար­պէ­քիրի այլ գա­ւառ­նե­րէն ժա­մանած հա­յեր միանա­լով տե­ղացի հա­յերու եւ քիւրտե­րու կը կազ­մէին ծո­վածա­ւալ բազ­մութիւն մը։ Անոնց կող­քին էին նաեւ պե­տական աւա­գանիին թիկ­նա­պահ­նե­րու բազ­մանդամ խումբե­րը։ Այդ բազ­մութեան մէջ կա­տարո­ւեցաւ դռնբա­ցէքի արա­րողու­թիւնը, որ­մէ ետք ժո­ղովուրդը մտաւ եկե­ղեցի եւ մեծ հիացու­մով տե­սաւ վե­րանո­րոգո­ւած եւ բա­րեզար­դո­ւած պատ­մա­կան տա­ճարը։

Յի­շելով մօտ ան­ցեալի տխուր մի­ջադէ­պերը ներ­կայ պատ­կե­րը միայն մէկ խոր­հուրդ կը ներ­կա­յաց­նէր, որն է կամ­քի յաղ­թա­նակը։ 2012-ին մեծ զո­հողու­թիւննե­րով վե­րականգնած եկե­ղեցին հա­զիւ քա­նի մը տա­րի անց պե­տական զի­նեալ ու­ժե­րու գոր­ծո­ղու­թիւննե­րուն թա­տերա­բեմը դար­ձած էր։ Այս շրջա­նին Սուրբ Կի­րակոս Եկե­ղեցին ոս­տի­կանա­կան յա­տուկ ջո­կատա­յին­նե­րու գրաւ­ման տակ սրբապղծո­ւեցաւ։ Ոս­տի­կան­ներ ազ­գայնա­մոլ կար­գա­խօս­ներ գրե­ցին եկե­ղեց­ւոյ որմնա­քարե­րուն վրայ եւ մեծ հպար­տութեամբ նկա­րուե­ցան զէնք ի ձե­ռին։ Պե­տու­թիւնը իր պաշ­տօ­նեանե­րուն ոտնձգու­թիւնը սրբագրե­լու հա­մար ստանձնեց գո­յացած վնա­սի հա­տու­ցումը եւ ահա այ­սօր այդ կամ­քի յաղ­թա­նակի օրն էր, որ կ՚ապ­րո­ւէր։ Ար­դա­րեւ Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիարք Սա­հակ Բ. Այս առ­թիւ խօ­սած ճա­ռին մէջ յա­տուկ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց Մշա­կոյ­թի եւ Զբօ­սաշրջու­թեան Մե­ծայարգ Նա­խարա­րին, Տի­յար­պա­քըրի Կու­սա­կալին, Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնին, Սուր Թա­ղի Գա­ւառա­պետին, պե­տական աւագանիին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րեգին Բ. Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոսի ներ­կա­յացու­ցիչ Գերշ. Տ. Յով­նան Եպս. Յա­կոբեանին, Յոյն, Ասո­րի եւ

Քաղ­դէացի հո­գեւո­րակա­նաց իրենց զօ­րակ­ցութեան հա­մար։

Պատ­րիարք Սրբա­զանը յատ­կա­պէս շեշ­տեց Տ. Արամ Ար­քեպս. Աթէ­շեանի ներդրու­մը, եկե­ղեց­ւոյ թէ 2012-ի եւ թէ ներ­կայ վե­րանո­րոգու­թիւննե­րուն հա­մար տա­րած ջան­քե­րը։

«Իւ­րա­քան­չիւր աղօ­թատե­ղի ու­նի տար­բեր ան­հա­տակա­նու­թիւն։ Այս եկե­ղեցին եւս աղօ­թատե­ղի մըն է, որ ու­նի ան­հա­տակա­նու­թիւն, պատ­կա­նելիու­թիւն։ Ոչ հի­մա, սա­կայն ան­ցեալին քա­ղաքակրթու­թեան մը գա­գաթ­նա­կէտ ըլ­լա­լու չա­փանիշն էր աղօ­թատե­ղինե­րու փառ­քը։ Այս առու­մով մար­դիկ իրենց արո­ւես­տի եւ հարստու­թեան բո­լոր կա­րելիու­թիւննե­րը ի սպաս կը դնէին աղօ­թատե­ղիներ հաս­տա­տելու եւ զա­նոնք բա­րեզար­դե­լու հա­մար…։ Տիգ­րա­նակերտցի հա­յեր ալ ճիշդ այս բանն է որ ըրին. Հայ ժո­ղովուրդի եւ իր եկե­ղեցիին մին­չեւ այդ օրե­րուն հա­սած քա­ղաքակրթու­թեան եւ այս հո­ղերու վրայ գո­յացած մշա­կոյ­թի մեծ հա­մադ­րութեան մը յոււշար­ձա­նը կանգնել եւ այդ ըն­ծա­յել երկնքի եւ երկրի Արար­չին՝ Աս­տուծոյ։ Մի­ջին Արե­ւել­քի Հա­յոց մե­ծագոյն Եկե­ղեցիին կա­ռու­ցումը պսա­կը եղաւ Տիգ­րա­նակեր­տի հա­յերուն օրհնեալ այս փա­փաքին»։

Սրբա­զան Պատ­րիար­քը ապա հա­կիրճ նկա­րագ­րեց եկե­ղեցիի պատ­մա­կան ան­ցեալը։

«1915-էն ետք, ինչպէս Տիգ­րա­նակերտցի հա­յերը, նոյնպէս Անա­տոլուն տակ­նուվրայ ընող քա­ղաքա­կան ու­րո­ւակա­նի ճիշդ մէջ­տե­ղը մնաց։ Ժո­ղովուրդը գաղ­թեց։ Դռնե­րը պաշ­տա­մունքի փա­կուե­ցան։ 1915-ին վնա­սուած եկե­ղեցին, Առա­ջին Աշ­խարհա­մար­տին, Գեր­ման սպա­ներու կող­մէ գոր­ծա­ծուե­ցաւ, որ­պէս սպա­յակոյ­տի կեդ­րոն։ Ապա գոր­ծա­ծուե­ցաւ որ­պէս Սիւ­մէրպան­քի բամ­պա­կի մթե­րանոց։ 1960-էն սկսեալ պաշ­տա­մունքի վե­րաբա­ցուած եւ 3000 քա­ռակու­սի մեթր տա­րածու­թեան վրայ կա­ռու­ցո­ւած Հա­յոց Ս. Կի­րակոս Եկե­ղեցին մաս­նա­ւորա­բար 1980-էն սկսեալ քա­ղաքաբ­նակ հա­յերու զա­նազան պատ­ճառնե­րով դէ­պի արեւմտեան նա­հանգներ եւ Եւ­րո­պայի զա­նազան եր­կիրներ գաղ­թին պատ­ճա­ռաւ լքո­ւեցաւ։ Հա­մայնքէ նօս­րա­ցած ըլ­լա­լու պատ­ճա­ռաւ արա­րողու­թեանց կա­տարու­մը կանգ առաւ եւ մերթ ընդ մերթ պա­տահած գո­ղու­թեան դէպ­քե­րով նաեւ անխնա­մու­թեան պատ­ճա­ռաւ տա­նիքի որոշ մա­սերը փուլ եկան եւ եկե­ղեցին ան­գործա­ծելի վի­ճակի մատ­նո­ւեցաւ։

Երբ հա­սանք 2011 թո­ւակա­նին, օրո­ւան Պատ­րիար­քա­կան Ընդհա­նուր Փո­խանորդ, ի ծնէ Տիգ­րա­նակերտցի Գերշ. Տ. Արամ Ար­քեպս. Աթէ­շեան լծո­ւեցաւ եկե­ղեց­ւոյ վե­րանո­րոգու­թեան գոր­ծին։ Էր­կուն Այը­քի ատե­նապե­տու­թեամբ վե­րակազ­մո­ւած ծխա­կան խոր­հուրդին հետ գոր­ծակցա­բար, թէ երկրի մէջ եւ թէ ար­տերկրեայ շփումնե­րով խիստ մե­ծածախս նո­րոգու­թեան գոր­ծընթացք մը յա­ջողու­թեամբ պսա­կուե­ցաւ»։

Այստեղ պար­տինք նշել թէ հայ հա­մայնքի մեծ ջան­քե­րուն զու­գա­հեռ Օս­ման Պայ­տե­միրի գլխա­ւորած Տի­յար­պա­քըրի մայր քա­ղաքա­պետա­րանի եւ Ապ­տուլլահ Տե­միր­պա­շի գլխա­ւորած Սուր Թա­ղամա­սի Քա­ղաքա­պետա­րանի ներդրումնե­րը մեծ նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցան եկե­ղեց­ւոյ վե­րակա­ռուցման գոր­ծին մէջ։

Եկե­ղեց­ւոյ նա­խորդ վե­րանո­րոգու­թիւնը ար­ժա­նացած է Եւ­րո­միու­թեան Մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գի մրցա­նակ - Europa Nostra 2015 մրցա­նակին, որ Եւ­րո­պայի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան ծի­րէն ներս ամե­նահե­ղինա­կաւոր մրցա­նակն է։ 263 ան­հատնե­րու եւ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու դի­մումնե­րէն մրցա­նակով պսա­կուած են 28 նա­խագի­ծեր։ Թուրքիայէն սոյն մրցա­նակի ար­ժա­նացած է Տի­յար­պա­քըրի Ս. Կի­րակոս Եկե­ղեցին։ Մրցա­նակի գլխա­ւոր պատ­ճառնե­րէն մին էր Եւ­րո­պացի­ներու եւ դա­տակազ­մի կա­րեւո­րու­թիւն ըն­ծա­յած մէկ թե­ման, ըստ որում յետ վե­րանո­րոգու­թեան կա­ռոյ­ցը առիթ պի­տի ըն­ծա­յէր յա­տուկ հա­ւաքա­կանու­թեան մը հոս­քը ապա­հովե­լու եւ այդ մի­ջոցով մար­դոց իրա­րու մի­ջեւ յա­րաբե­րու­թիւնը ջեր­մացնե­լու։ Այս սկզբունքը ամ­բողջո­վին կ՚ար­դա­րանայ, երբ կը նկա­տենք ծպտեալ եւ կրօ­նափոխ եղած հայ ըն­տա­նիք­նե­րու շա­ռաւիղ­նե­րուն Սուրբ Կի­րակոս Եկ­ղեցւոյ կա­մար­նե­րուն տակ վե­րայայտնու­թիւնը։ Ար­դա­րեւ ի վկայ­կութիւ այդ յայտնու­թեան մա­տու­ցո­ւած առա­ջին պա­տարա­գի աւար­տին կա­տարո­ւեցաւ չորս մկրտու­թիւններ, որոնցմէ երե­քը չա­փահաս­ներ էին եւ պսա­կադ­րութիւն մը։

Ապա Սրբա­զան Պատ­րիար­քը խօս­քը ուղղեց Զբօ­սար­շութեան ու Մշա­կոյ­թի Նա­խարա­րին, որ նաեւ յոյ­սեր յայտնած էր Սուրբ Սար­գիս Եկե­ղեցին նո­րոգե­լու առու­մով։

«Տի­յար­պա­քըրը, իր պատ­մութեան վեր­ջին 1700 տա­րուան ըն­թացքին միշտ եղած է կա­րեւոր Քրիս­տո­նեայ հա­ւաքա­կանու­թեամբ բնա­կավայր մը։ Երբ նպա­տակադ­րո­ւած է Տի­յար­պա­քըրը աշ­խարհի զբօ­սաշրջու­թեան առ­ջեւ բա­նալ, Հայ, Ասո­րի եւ Քաղ­դէացի եկե­ղեցի­ները քա­ղաքին շա­հեց­նե­լու կա­րեւո­րու­թիւնը ամե­նաբարձր մա­կար­դա­կով դո՛ւք կը գնա­հատէք։ Կը շնոր­հա­ւորենք այս ուղղու­թեամբ ձեր ցու­ցա­բերած քա­ջու­թիւնն ու նա­խատե­սու­թիւնը։

Ան­շուշտ, թէ այս բա­ցու­մը Տի­յար­պա­քըր­ցի հա­յերու հա­մար տօ­նական օր մըն է ան­կասկած։ Տի­յար­պա­քըրի հետզհե­տէ նո­ւազող Քրիս­տո­նեայ մնա­ցոր­դա­ցին հա­մար այս եկե­ղեց­ւոյ բա­ցու­մը աւի­շի մաս­նա­յատ­կութիւ­նը ու­նի։ Հա­յաշ­խարհի հա­մար Թուրք եւ Հայ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը զար­գացնե­լու առու­մով կա­րեւոր եւ իմաս­տա­լից բա­րեկա­մու­թեան պատ­գամ մը ու­նի։ Թուրք եւ Հայ յա­րաբե­րու­թեանց հա­զարա­մեայ շրջա­նին փայ­լուն եւ դրա­կան դէպ­քեր եւ ապ­րումներ կան։ Այնպէս, որ կը հա­ւատանք թէ յե­տագա­յին հաս­տա­տելի բա­րեկա­մական կա­մուրջնե­րու հա­մար կա­րեւոր են որ այդ բո­լորը յա­ռաջ քշո­ւին։

Պաշ­տա­մունքի վե­րաբա­ցուած այս եկե­ղեցին պէտք է ար­ժե­ւորել որ­պէս բա­րիդ­րա­ցիական յու­շարձան Հա­յերու, Թուրքե­րու եւ Քիւրտե­րու, Քրիս­տո­նեանե­րու եւ Մահ­մե­տական­նե­րու մի­ջեւ։

Դժբախ­տա­բար Անա­տոլո­ւի բազ­մա­թիւ վայ­րե­րէն հայ­կա­կան պատ­մա­կան կո­թող­նե­րու նկատ­մամբ յու­զիչ լու­րեր կը ստա­նանք։ Եկե­ղեցի­ներ եւ վան­քեր գան­ձա­խոյ­զե­րու կող­մէ կը փո­րուին, մեր գե­րեզ­մաննե­րուն նկատ­մամբ յար­գանք ու խնամք չի ցու­ցացբե­րուիր…

Սի­րելի Տի­յար­պա­քըր­ցի եղ­բայրներ եւ քոյ­րեր,

Այս ու­րախ օրո­ւան առ­թիւ սի­րով առլցուն կը շնոր­հա­ւորեմ բո­լորդ։ Այս եկե­ղեցին միակ կա­ռոյցն է, որ Տի­յար­պա­քըրի հետ ձեր ու­նե­ցած յի­շատակ­նե­րը վառ պի­տի պա­հէ։ Հո­գելոյս Մկրտիչ Մար­կո­սեանի վար­պետ գրի­չովը նկա­րագ­րած «Կեավուր Մա­հալ­լէ­սի»ի վեր­ջին յու­շարձանն է։ Ար­ժէ­քը գիտ­ցէք, խնա­մեցէք, կա­րիք­նե­րովը հե­տաքրքրո­ւեցէք եւ ծխա­կան խոր­հուրդը քա­ջալե­րեցէք։

Յետ այ­սու ձեր պաշ­տա­մունքնե­րը պի­տի կրնաք աւե­լի յա­ճախա­կիօրէն կա­տարել։ Իրա­րու մի­ջեւ եւ այլ հա­յերու հետ ձեր կա­պը պի­տի զօ­րանայ։ Այս եկե­ղեցին բա­ցի պաշ­տա­մունքէ, ու­նի նաեւ մշա­կու­թա­յին եւ զբօ­սաշրջա­կան ծա­ռայու­թիւն մը, որ եկե­ղեց­ւոյ ազ­դե­ցու­թիւնը պի­տի բազ­մա­պատ­կէ։ Որ­պէս ձեր պատ­րիար­քը, այս գե­ղեցիկ օրը ձեզ հետ բաժ­նե­կից ըլ­լա­լու եր­ջանկու­թիւնը ու­նիմ։ Այս օրհնեալ գոր­ծին բո­լոր երախ­տա­ւոր­նե­րը սի­րով եւ յար­գանքով կ’ող­ջունեմ ու կը շնոր­հա­ւորեմ։ Աս­տուած օրհնէ այս ջան­քե­րը։ Աս­տո­ւած, այս եկե­ղեցին կա­ռու­ցող եւ այստեղ պաշ­տա­մունք կա­տարող մեր նա­խահայ­րե­րուն ու նա­խամայ­րե­րուն հո­գինե­րը լու­սա­ւորէ»։

Սրբա­զան Պատ­րիարք Հայ­րը այս առ­թիւ Սուրբ Սա­հակ Մես­րոպ շքան­շա­նով պա­տուեց Թա­ղական Խոր­հուրդի Ատե­նապետ Էր­կիւն Այը­քը, վեր առ­նե­լով անոր նո­ւիրեալ ծա­ռայու­թիւնը Սուրբ Կի­րակոս եկե­ղեց­ւոյ հան­դէպ։ Պատ­րիար­քը նաեւ նշեց թէ եկե­ղեցիէ ներս հո­գեւոր ծա­ռայու­թեան հա­մար պաշ­տօ­նակո­չած է Տէր Աւե­տիս Քհնյ. Թա­պաշեանը, որ ար­դէն իսկ Անա­տոլո­ւի բո­լոր եկե­ղեցի­ներու հո­գեւոր հո­վիւի պաշ­տօ­նը կը կատարէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ