Լոյս տեւսա Էսդուգեանի մենագրութիւնը

«Իլե­թիշիմ» հրա­տարակ­չա­տան մա­տե­նա­­շա­րէն լոյս տե­­սաւ լրագ­­րող Էլիֆ Աթա­­լայի Բագ­­րատ Էս­­դուգեանի ձօ­­նած մե­­նագ­­րութիւ­­նը։ Եր­­կա­­­րատեւ աշ­­խա­­­տան­­քի մը ար­­դիւնք հան­­դի­­­սացող այս պա­­տու­­մին մէջ հե­­ղինա­­կը օրեր շա­­րու­­նակ զրու­­ցած է Էս­­դուգեանի հետ եւ այդ զրոյցնե­­րու ձայ­­նագրու­­թիւննե­­րը վե­­րածած ամ­­բողջա­­կան պա­­տու­­մի մը։ Այսպէս ըն­­թերցո­­ղը կը ծա­­նօթա­­նայ Բագ­­րատ Էս­­դուգեանի նախ­­նի­­­ներէն սկսող կեն­­սագրա­­կան պա­­տումի մը, որ բազ­­մա­­­թիւ վկա­­յու­­թիւններ կը պա­­րու­­նա­­­կէ աւե­­լի քան կէս դա­­րուայ ան­­ցուդար­­ձե­­­րու հո­­լովոյ­­թով։ Գիր­­քը տո­­ղանցք մըն է նախ­­նեաց հայ­­րե­­­նիքէն՝ Արեւմտեան Հա­­յաս­­տա­­­նի Կա­­մախ, Էրպաա, Ազպտեր եւ Շե­­պին Գա­­րահի­­սարէն, ու կը հաս­­նի մին­­չեւ Ռու­­մե­­­լի Հի­­սար եւ Սա­­մաթիա։ Պոլ­­սոյ հա­­յաշատ թա­­ղերը։ Պա­­տու­­մին մէջ ինքնա­­բերա­­բար տեղ կը գտնեն Էս­­դուգեանի ու­­սա­­­նած Էսաեան, Պո­­մոն­­թիի Մխի­­թարեան կամ Կեդ­­րո­­­նակա­­նի նստա­­րան­­նե­­­րէն յու­­շագրու­­թիւններ, ինչպէս նաեւ Սա­­յաթ Նո­­վա Երգչա­­խումբի հիմ­­նադրու­­թեան օրե­­րէն վկա­­յու­­թիւններ։ Ինչպէս վե­­րեւ ալ նշած էինք հա­­տորը ինքնին վկա­­յու­­թիւննե­­րու փունջ մըն է 1960-ական թո­­ւական­­նե­­­րէն մին­­չեւ մեր օրե­­րուն հաս­­նող ժա­­մանա­­կահա­­տուա­­ծի մը ընդմէջէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ