ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Վառ

Հայը ու­նի ժպտա­վառ դէմ­քեր, ոս­կե­վառ գի­նի, սի­րավառ երգ... Մեր ար­տա­յայ­տութիւննե­րը վառ են, յոյ­սե­րը վառ, գե­ղեցիկ ան­ցեալի յի­շատակ­նե­րը վառ... Հայ բա­նաս­տեղծը, առա­ւելա­բար, կը զմայ­լի իր եարին ու կը նկա­րագ­րէ զայն քնքշա­լար. «Քո մա­զերի ցնո­րական փայ­լը պայ­ծառ, քո աչ­քե­րի խո­րու­թիւնը հրդե­հավառ»։ Մէկ այլ բա­նաս­տեղծ սիր­տը խո­ցուած արիւ­նա­քամ երկրին կը նա­յի ու ջեր­մա­վառ կ՛ըսէ. «Էլի ես որբ ու ար­նա­վառ իմ Հա­յաս­տան յարն եմ սի­րում»։ Պատ­ճառն ի՞նչ էր այդ բո­լոր գրա­կան փայ­լա­տակումնե­րուն եւ հրդէհ­նե­րուն, տէ­րեանա­կան եւ չա­րեն­ցա­կան միտ­քե­րուն... Միավանկ բառ մը աննշմար՝ վառ։ Այ­սօր, յար­գե­լի ըն­թերցող, որո­շեցի մեր գրա­կանու­թեան լու­սա­վառ դահ­լիճնե­րու մէջ ճե­մել ու հասկնալ, թէ մենք ին­չո՛ւ ենք այսպէս, ին­չու մեր բո­լոր եր­գերն են կա­րօտա­վառ, ին­չու մեր ու­րա­խու­թիւններն իսկ որ­պէս խո­շոր ար­ցունք կ՛իջ­նեն մեր այ­տերն ի վար, եւ մեր կիր­քերն են բո­ցաւառ...։ Որո­շեցի նաեւ Վա­հան Տէ­րեանի թախ­ծոց տո­ղիկ­նե­րով պա­րու­րել այս պատ­մութիւ­նը, քան­զի անոր Մթնշա­ղի Անուրջներ ժո­ղոուա­ծուն «վառ» միտ­քե­րու ամե­նահա­րուստ շտե­մարանն է։

Հայ­կազնեան բա­ռապա­շարի հնա­գոյն բա­ռերէն մէկն է «վառ»։ Ոս­կե­դարու հա­յերէ­նը լու­սա­ւորո­ւեցաւ «վա­ռիվառ, վառ ի վա­ռեալ, վա­ռումն, վառ­վա­ռիլ, բո­ցաւա­ռեալ, լու­սա­վառ, հրա­վառ, ջա­հավառ, վառ­վա­րուկ» բա­ռերո­վը։ Որ­պէս ածա­կան, ան փայլ տո­ւաւ մեր ժա­մանա­կակից մտա­ծումնե­րուն։ Տես­նե­լու հա­մար անոր իմաս­տի հարստու­թիւնը, բաւ է լսել քա­նի մը պատ­կե­րաւոր ար­տա­յայ­տութիւն. հա­յը ու­նի բոր­բո­քած ու ար­ծարծո­ւած «Վառ թո­նիր», կի­զիչ ու այ­րող «Վառ արեւ», լու­սա­ւոր ու լու­սարձակ «Վառ աստղեր», պայ­ծառ ու ցո­լացիկ «Վառ գո­հար­ներ», պայ­ծառ ու լու­սա­ւոր «Վառ գի­շեր­ներ», գոյ­նե­րով շո­ղացող «Վառ ծա­ղիկ­ներ», անջնջե­լի ու ան­խախտ «Վառ յի­շատակ­ներ», բուռն «Վառ զգա­ցումներ», նման­նե­րու մէջ աչ­քի զար­նող «Վառ եր­գիչներ», կայ­տառ ու աշ­խոյժ «Վառ մա­նուկներ», ինչպէս նաեւ՝ տպա­ւորիչ «Վառ պատ­մութիւններ»։

Տէ­րեանը ինչպէ՞ս ան­տարբեր մնար այդ բո­լոր վառ ար­տա­յայ­տութիւննե­րուն առ­ջեւ։ Բա­նաստղծը «Մթնշա­ղի անուրջնե­ր» ժո­ղովա­ծուի մէջ այդ բո­լորը օգ­տա­գոր­ծեց որ­պէսզի երգէ իր նե­րաշ­խարհը։ Այդ գիր­քի ամէն մէկ քեր­թո­ւածի մէջ կայ խոր զգա­ցումնե­րով բա­նուած «վառ» տո­ղիկ։ Ահա փունջ մը. «Յի­շի՛ր դու խա­ւարում տան­ջո­ւողին, քո սրտում արեւ­ներ են վառ­ւում... Քնքոյշ աստղեր, որ վառ­ւում են ու մա­րում. — Կեա՚նքս, նա էլ մի լու­սե­ղէն հե­քիաթ էր... Ինձ թա­ղէք, երբ կար­միր վեր­ջա­լոյսն է մա­րում, երբ տխուր գգո­ւան­քով արե­գակը մեռ­նող սա­րերի ար­ծա­թէ կա­տար­ներն է վա­ռում...»։

Գրա­բարա­խօս մեր նախ­նի­ներու լե­զուն պայ­ծառ էր։ Անոնք ու­նե­ցան եր­կու ար­տա­յայ­տութիւն. «Վառ ի վառ»՝ փայ­լա­տակող, եւ «Վա­ռեալ բոր­բո­քել»՝ խան­դա­վառել, ոգեշնչել։ Մինչ հիւ­ծախտա­ւոր Տէ­րեանը շշնչաց երբ մտա­ծեց իր սի­րածի մա­սին. «Քո մա­զերի ցնո­րական փայ­լը պայ­ծառ, քո աչ­քե­րի խո­րու­թիւնը հրդե­հավառ... Քո խենթ մարմնի սար­սուռնե­րը եր­ջանկու­թեան, ախ­տա­բոր­բոք արեւ­ներ են բո­ցաւա­ռում... Կա­րօտա­վառ երա­զում ենք միշտ իրար, միշտ իրար հետ, բայց միշտ բա­ժան եւ հե­ռու... Երկնքում անուրջ աստղեր կը վա­ռես, կը լցնես հո­գիս անոյշ երա­զով...»։

«Վառ» բա­ռը պատ­ճառ դար­ձաւ, որ մեր մայ­րե­նին ու­նե­նայ հա­րիւ­րէն աւե­լի պատ­կե­րալից բա­ղադ­րեալ բա­ռեր։ Նպա­տակ չու­նիմ բո­լորը շա­րադ­րե­լու, սա­կայն կ՛ար­ժէ ըն­տիր ու­թեակի մը անդրա­դառ­նալ, քան­զի անոնք մեր վառ մտա­ծողու­թեան ար­տա­ցոլա­ցումներն են. աս­տուածա­վառ, ար­փիավա­ռեալ, մշտա­վառ, մշտնջե­նավառ, վա­յել­չա­վառ, մշտա­վառ, ջեր­մա­վառ, տեն­դա­վառ։

Տէ­րեանը սի­րավառ խօս­քեր ուղղեց նաեւ իր սի­րեկա­նին. «Քեզ իմ կա­րօտի կսկիծն է վա­ռել, իմ քոյր, իմ դա­հիճ, իմ սուրբ սի­րեկան... Շուրթե­րըդ վարդ բո­ցաւա­ռուած են իմ առաջ, ցան­կութիւ­նով արիւ­նա­տենչ ու մեղ­սա­կան... Մի՞թէ դու պի­տի վա­ռես նոր փա­փագ, մի՞թէ դու պի­տի հրդե­հես յու­զում...»։

Ո՞վ կայծ տո­ւաւ Տէ­րեանի գրի­չին։ Աշուղ մը, որուն սիր­տը այ­րած էր մեզ­մէ 500 տա­րի առաջ։ Նա­հապետ Քու­չակն է ան։ Ան­փորձ Վա­նեցին օր մը, խան­դա­վառո­ւած իր եարի կի­սաբաց լու­սա­ւոր ծո­ցէն՝ հա­մար­ձա­կօրէն ըսաւ. «Ուր որ դու կանգնած լի­նիս, չէ պա­տեհ վա­ռեն մո­մեղէն»։ Մէկ այլ երկտո­ղի մէջ տղան դար­ձեալ ար­տա­յայ­տեց իր բա­րի հիացու­մը. «Քո ծոցդ է ճեր­մակ տա­ճար, քո ծծերդ է կան­թեղ կի վառ»։ Քու­չա­կէն հա­րիւր տա­րի յե­տոյ, Տէ­րեանի հա­մար ներշնչման մէկ այլ աղ­բիւր, սի­րոյ վառ տա­ղեր գրեց Նա­ղաշ Յով­նա­թանը. «Ղա­լամ ունքեր կա­պած կա­մար, աչ­քե­րըն վառ շամ­սի ղա­մար»։

Տէ­րեանը ու­նէր «վառ» նե­րաշ­խարհ, մերթ մռայլ, մերթ լու­սա­ւոր։ Ան ըսաւ՝«Տե­սայ երազ մի վառ», ապա պատ­մեց իր յոյ­զե­րը. «Կը ցրեմ կեան­քի յու­շե­րը ցա­ւոտ, ու հե­քիաթա­յին լոյ­սեր կը վա­ռեմ... Վառ­ւում է յա­ւէտ մի անանց կա­րօտ, տխուր ու մե­նակ լուսնեակն է վառ­ւում»։

Տէ­րեանի օրե­րուն աշուղներ եկան ու վա­ռեցին նոր սէ­րեր. «Կա­րօտ եմ լուսնեակ պատ­կե­րիդ, տաս­նըհնգած վառ երե­սիդ», Գու­սան Շա­հէն, «Վառ շուրթե­րիցդ իմ մա­րալ աղ­ջիկ, համ­բոյրով սրտիս վառ հու­րը մա­րի», Գու­սան Զա­քարեան, «Վառ էշ­խիդ աշուղ դար­ձայ», Աշուղ Շե­րամ, «Քո փա­փաքով վառ­ւում եմ, արի, սի­րական, ո՞ւրտեղ ես», Աշուղ Ճի­ւանի։

Տէ­րեանի հա­մար ներշնչում եղան նաեւ բնու­թեան պատ­կերնե­րը։ Հե­տեւեալ երկտո­ղերը, յար­գե­լի ըն­թերցող, հայ­կա­կան քնա­րեր­գութեան քնքշա­գոյն խօս­քերն են, թե­ւաւոր եւ երազ­կոտ. «Երե­կոն վա­ռեց լոյ­սեր դժգու­նակ, ծա­ղիկ­ներն անուշ բոյր են բուրվա­ռում... Գա­րո՜ւն, ամէն տեղ նոր կեանք ես վա­ռել, իմ սրտում էլ ես թե­ւերդ փռել... Հո­ղը կը գրկեմ, ջերմ կը հե­կեկամ, վառ աստղե­րի հետ անոյշ կ՛երա­զեմ... Գա­րու­նը այնքա՚ն ծա­ղիկ է վա­ռել, գա­րու­նը այնպէ՚ս պայ­ծառ է կրկին...»։ Իսկ, երբ օրը վեր­ջա­ցաւ ու յայտնո­ւեցան աստղե­րը, Տէ­րեանը դի­տեց վա­յել­չա­վառ եր­կինքը. «Ցե­րեկը լռեց... Եր­կինքը վա­ռեց ոս­կէ բուրվառ­ներ»։

Յար­գե­լի ըն­լերցող, իրա­ւունք ու­նիք հարցնե­լու... Առա­ջին ան­գամ ո՞վ բուրվառ շար­ժեց հայ­կա­կան քեր­թո­ղու­թեան մէջ... Նա­րեկա­ցին էր ան­կասկած՝ իր Մա­տեանի մէջ. «Բուրվա­ռաւ կա­մացս առա­քել առ քեզ»։

Տէ­րեանը հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան առա­ջին այ­րող սիր­տը չէր ան­կասկած, ո՛չ ալ՝ վեր­ջի­նը։ Հե­տեւա­բար, կ՛առա­ջար­կեմ յա­ջորդ շա­բաթ այլ բա­նաս­տեղծնե­րու եւ եր­գա­հան­նե­րու լու­սա­ւորած էջե­րու վրայ ճե­մել, որ­պէսզի «վառ» բա­ռի պատ­մութեան մէջ չմնան որե­ւէ մութ ծալ­քեր։ Գալ շա­բաթ կը վա­յելենք Իսա­հակեան­նե­րու, Վա­րու­ժաննե­րու, Շան­թե­րու եւ այլ սի­րավառ քեր­թողնե­րու գրա­կանու­թիւնը, ու կը հասկնանք, թէ ին­չու հա­յու ժպի­տը տրտմա­վառ է, աչ­քե­րը վառվռուն, իսկ հո­գին՝ կա­րօտա­վառ։ Մինչ այդ ժա­մանակ վառ պա­հեցէք ձեր սիր­տե­րը։