Տատեան վարժարանի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մէջ 26 Յունիս, Հինգշաբթի երեկոյեան հրաժեշտ տուաւ ընթացաւարտ դասարանի սաներուն: Ներկայ գտնուեցան Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետուհի եւ անդամները, նախկին ուսուցիչներ, որոնք փոքր դասարաններուն դասաւանդած էին սաներուն, ուսուցչաց կազմը եւ ծնողներ: Անոնք ջերմօրէն շրջապատեցին այս տարուան 37 հոգիէ բաղկացեալ հունձքը:
Յայտագիրը գործադրուեցաւ երկու խոստմնալից աշակերտներ՝ Լարա Էօլչէն եւ Ատրիան Գուրանի կողմէ: Սաները բեմ բարձրացան եւ գործադրեցին երաժշտութեան ելոյթ մը: Ապա հրաժեշտի խօսքերը արտայայտուեցան հայերէն, թրքերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Այս տարի առաջին անգամ գործադրուեցաւ վարժարանի դրօշակին փոխանցումը 8րդ դասարանէն 7րդ դասարան: Այս արարողութիւնը սովորական պիտի դառնայ ու գործադրուի ամէն տարի: Մրցանակաբաշխման համար բեմ բարձրացաւ միջնակարգի համակարգող Սիպէլ Արբաճըքը, որ բեմ հրաւիրեց ատենապետուհի Օր. Մարի Եանճըն. ան «Սարայլը» մրցանակով վարձատրեց Արտէն Չիմէնը: Վարժարանի առաջինը հանդիսացաւ Արտէն Չիմէնը եւ աղջիկներէն ալ Լարա Էօլչէնը, որոնք վարձատրուեցան Վարժարանի հիմնադրի ներկայայցուցիչ Ելիզ Էօղրէթի եւ Նուպար Մանաւեանի կողմէ ոսկեայ մատանիով եւ լամբակազարդով: Տիկին Ելիզը յիշատակեց ազգային բարերար, հանգուցեալ Տիգրան Կիւլմէզկիլը, որուն բարի անունով անուանուած է հանդիսասրահը: Ապա Ծնողաց Միութեան կողմէ պատրաստուած յուշանուէրները յանձնուեցան ատենապետուհի Մարալ Թօփճուի ձեռամբ: Ուսուցչաց կազմն ալ նուիրեց վկայագիրներու կողքին վարժարանի խորհրդանիշով շապիկներ: Փակման խօսքը արտասանեց վարժարանիս տնօրէնուհին Տիկ. Երանուհի Պալճըն: Ան մաղթեց ապագայի վերելք եւ նոր ուղիին վրայ յաջողութիւն: Ան շեշտեց հայ վարժարաններուն անհրաժեշտութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն իրենց բոլոր տարուան ջանքերուն համար: Յայտագիրը շարունակեց պարտէզին մէջ սարքուած մօտաւորապէս 300 հոգինոց ճաշկերոյթով եւ հատուած կարկանդակով: Հաճելի երաժշտութեամբ փակուեցաւ գիշերը: