Փաշինեանի այցելութիւնով փոթորիկ պոլսահայոց միջեւ

ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հայաս­տա­նի վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան, 20 Յու­նիս Ուրբաթ օր, Նա­խագահ Էր­տո­ղանի հետ իր հան­դիպման նա­խօրեակին Պոլ­սոյ հայ հա­մայնքէն ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու եւ հայ մա­մու­լի հետ հան­դի­պում ու­նե­ցաւ։

Հան­դիպման մաս կը կազ­մէին Թուրքիոյ հայ հա­մայնքէն հիմ­նարկու­թիւննե­րու եւ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչներ, Թուրքիոյ կա­թողիկ հա­յերու հո­գեւոր առաջ­նորդ Գե­րապայ­ծառ Գա­զան­ճեան, Հայ Բո­ղոքա­կան Եկե­ղեց­ւոյ վերապատուելի Գրի­գոր Աղա­պալօղ­լու, Հայ Վա­քըֆ­նե­րու Միու­թեան նա­խագահ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու, ԱՔՓ կու­սակցու­թեան Պոլ­սոյ պատ­գա­մաւոր Սե­ւան Սվա­ճըօղ­լու եւ Պոլ­սոյ հայ մա­մու­լի ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը։ Ռա­քէլ Տինք նոյնպէս հան­դի­պու­մին մաս­նա­կից­նե­րէն էր։

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խարար Արա­րատ Միր­զո­յեան, Թուրքիա-Հա­յաս­տան բնա­կանո­նաց­ման գոր­ծընթա­ցի բա­նագ­նաց Ռու­պէն Ռու­պի­նեան, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րի տե­ղակալ Վա­հան Կոս­տա­նեան եւ Սեւ Ծո­վու Տնտե­սական Հա­մագոր­ծակցու­թեան Կազ­մա­կեր­պութեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յացու­ցիչ Նա­յիրի Պետ­րո­սեան նոյնպէս հան­դի­պու­մին ներ­կայ էին։ Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանէն որե­ւէ ներ­կա­յացու­ցիչ ներ­կայ չէր։

Պե­շիկ­թա­շի Conrad հիւ­րա­նոցին մէջ կա­յացած հան­դի­պու­մը մօ­տաւո­րապէս եր­կու ժամ տե­ւեց։ Հան­դիպման հե­տեւե­ցան նաեւ թեր­թիս խմբագ­րա­պետ Եդուարդ Տան­ձի­կեան եւ հա­յերէն Էջե­րու խմբա­գիր Բագ­րատ Էս­դուգեանը։

Փա­շինեան իր խօս­քե­րուն սկսաւ այ­ցե­լու­թեան եւ Նա­խագահ Էր­տո­ղանի հետ ու­նե­նալիք հան­դիպման կա­րեւո­րու­թիւնը շեշ­տե­լով։ Ան եր­կու եր­կիրնե­րու մի­ջեւ ուղղա­կի երկկողմ քննար­կումնե­րու կա­րեւորու­թիւնը ընդգծեց եւ յի­շեցուց թէ բնա­կանո­նաց­ման ըն­թացքին նա­խապէս եր­րորդ եր­կիրնե­րու միջ­նորդու­թեամբ քննար­կումներ տե­ղի կ՚ու­նե­նային։ Փա­շինեան ըսաւ որ ու­նին լաւ հնա­րաւո­րու­թիւն մը գոր­ծընթա­ցը առաջ տա­նելու հա­մար։ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետը նաեւ ար­տա­յայ­տեց թէ մի­ջազ­գա­յին զար­գա­ցումնե­րու շրջա­նակին մէջ նմա­նօրի­նակ հան­դի­պում մը ու­նե­նալը կա­րեւոր է եւ այս շրջա­նակին մէջ նոր յա­րաբե­րու­թիւններ աճեց­նե­լու հնա­րաւո­րու­թիւն կայ։

Փա­շինեան ըսաւ որ Թուրքիոյ հետ բնա­կանո­նաց­ման գոր­ծընթա­ցը սկսած ատեն իրենց մէջ «Ար­դեօք պի­տի յա­ջողի՞» հար­ցադրու­մը բարձրա­ցած է։ Ապա շա­րու­նա­կեց՝ «Պէտք է ճշդու­թեամբ նկա­րագ­րել խնդիր­նե­րը, մեր քա­լած ճա­նապար­հը։ Խնդիր­նե­րը լու­ծե­լու ամե­նակա­րեւոր մի­ջոցը՝ դի­մացինդ մտիկ ընելն եւ յա­ջողու­թեան հա­ւատալն է»։

Գոր­ծընթա­ցի հետ կա­պուած չա­փազանց սպա­սումներ չու­նե­նալու անհրա­ժեշ­տութիւ­նը ընդգծե­լով՝ Փա­շինեան ըսաւ «Երեք տա­րի առաջ նման շփումնե­րը իսկ չա­փազանց սպա­սում կը հա­մարո­ւէին»։

«Պէտք է շա­րու­նա­կակա­նու­թիւն ապա­հովել» ըսող Փա­շինեան շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց Նա­խագահ Էր­տո­ղանի հրա­ւէրին հա­մար։

Ան յի­շեցուց որ Եւ­րո­պական Քա­ղաքա­կան Հա­մայնքի Գա­գաթ­նա­ժողո­վը 2026-ի գառ­նան Հա­յաս­տա­նի մէջ պի­տի կա­յանայ եւ շեշ­տեց որ ինք նոյնպէս պի­տի հրա­ւիրէ Էր­տո­ղանը այս գա­գաթ­նա­ժողո­վի առի­թով Երե­ւան։

Այ­ցե­լու­թիւն Պատ­րիար­քա­րան

Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ Նի­քոլ Փա­շինեան դէ­պի Թուրքիա կա­տարած այս առա­ջին աշ­խա­տան­քա­յին հան­դիպման առ­թիւ փա­փաքած էր մէկ­տե­ղուիլ Պոլ­սա­հայ հա­սարա­կու­թեան հետ։ Ար­դա­րեւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թիւնն ալ ծրագ­րեց եր­կու հան­դի­պումներ, մէ­կը Conrad հիւ­րա­նոցի դահ­լի­ճին մէջ, իսկ երկրոր­դը ուղղա­կի Պատ­րիար­քա­րան։ Այսպէս Վար­չա­պետի շքա­խումբը առա­ջին հան­դի­պու­մէն ետք ուղղո­ւեցաւ Գումգա­բու։ Ափ­սոս որ այստեղ զի­րենք սպա­սողը փո­խանակ Մայր Եկե­ղեց­ւոյ զան­գակնե­րու ղօ­ղան­ջն եւ փո­ղոցը լե­ցու­ցած պոլ­սա­հայոց ծա­փող­ջոյննե­րուն, Պատ­րիար­քա­րանի ան­մարդաբ­նակ շէն­քը ու փակ դռնե­րը եղան։

Պար­տինք նշել թէ ամ­բողջ պոլ­սա­հայու­թեան մատ­նո­ւած ամօ­թալի իրա­վիճա­կը դոյզն իսկ բա­րելա­ւողը եղաւ Աթո­ռանիստ Մայր Եկե­ղեց­ւոյ թա­ղական խոր­հուրդի ատե­նապետ Հրանդ Մոս­կո­ֆեան։ Ան՝ որ յար­գած էր պատ­շա­ճու­թիւնը, կան­խե­լով ալ աւե­լի ամօ­թալի պատկերը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ