Թուրքիոյ սպառնացող քաղաքականութիւնը արդիւնքներ կը քաղէ

Ռուսիոյ Դաշ­նութիւ­նը Ուքրա­նիան ար­շա­ւելու պատ­ժա­­­միջո­­ցի հա­­մազօր պա­­տերազ­­մի հա­­մար պատ­­րո­­­ւակած էր ՆԱ­­ԹՕ-ի դէ­­պի իր ծո­­ցը հաս­­նող ծա­­ւալ­­ման ռազ­­մա­­­վարու­­թիւնը։ Փու­­թին իրա­­ւացի էր իր առար­­կութեան մէջ, բայց կա­­տարուածը կա­­րելի չէր ար­­դա­­­րաց­­նել լոկ այս պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թեամբ։ Անցնող երեք ամիս­­նու ըն­­թացքին Ուքրա­­նիա եր­­կի­­­րը քան­­դո­­­ւեցաւ եւ բա­­ցի բազ­­մա­­­հազար զո­­հերէ, մի­­լիոնա­­ւոր մար­­դիկ հար­­կադրուեցան իրենց տու­­նե­­­րը լքե­­լով գաղ­­թի ճամ­­բան բռնե­­լու։ Երկրէ դուրս ել­­լողնե­­րու թի­­ւը ար­­դէն գե­­րազանցած է 5 մի­­լիոնը։ Իսկ բազ­­մա­­­միլիոն ժո­­ղովուրդ ալ երկրի մէջ տե­­ղափո­­խուած են դէ­­պի աւե­­լի ապա­­հով վայ­­րեր։ Ռու­­սիա նոյնպէս ու­­նե­­­ցաւ շատ ծանր մարդկա­­յին կո­­րուստ եւ մի­­ջազ­­գա­­­յին հան­­րութեան դի­­մաց հար­­կադրո­­ւեցաւ ծանր լուծ մը տա­­նելու։

Այս բո­­լորէն ետք ներ­­կայ հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րը դար­­ձած է ալ աւե­­լի մտա­­հոգիչ, երբ Շո­­ւէտ ու Ֆին­­լանտիա որո­­շած են ան­­դա­­­մակ­­ցիլ ՆԱ­­ԹՕ-ին։ Թէեւ այս եր­­կու եր­­կիրնե­­րը ան­­դա­­­մակ­­ցած չըլ­­լա­­­լով հան­­դերձ, իբ­­րեւ եր­­բեմնի Խորհրդա­­յին Միու­­թեան սահ­­մա­­­նակից եր­­կիրներ, իրենց անվտան­­գութիւ­­նը կը տես­­նէին արեւմտեան աշ­­խարհի ան­­մի­­­ջական հո­­վանիին տակ մնա­­լով։

Թուրքիա այս հանգրո­­ւանին ան­­գամ մը եւս բեմ եկաւ իր ան­­կանխա­­տեսե­­լի դի­­ւանա­­գիտու­­թեամբ։ Նա­­խագահ Էրտո­­ղան եւ անոր ան­­դա­­­ցու­­պը դար­­ձած Ազ­­գա­­­յին Շար­­ժում Կու­­սակցու­­թեան պետ Պահ­­չե­­­լի առար­­կե­­­ցին յատ­­կա­­­պէս Շո­ւէտի ՆԱ­­ԹՕ-ի ան­­դա­­­մակ­­ցութեան, պատ­­ճա­­­ռաբա­­նելով որ այս եր­­կի­­­րը Թուրքոյ յան­­ցա­­­գործ հա­­մարած ահա­­բեկիչ­­նե­­­րու ապաս­­տան դար­­ձած է։ Էր­­տո­­­ղանի իշ­­խա­­­նու­­թեան շրջա­­նին Թուրքիոյ ար­­տա­­­քին քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը կա­­ռու­­ցո­­­ւած է սպառ­­նա­­­լիք­­նե­­­րու վրայ։ Կ՚ար­­ժէ խոս­­տո­­­վանիլ թէ ար­­դիւնա­­ւէտ ռազ­­մա­­­վարու­­թիւն մըն է այդ, քա­­նի որ ակնկա­­լուած ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը կ՚ապա­­հովէ արեւմտեան եր­­կիրնե­­րու դի­­մաց։ Ար­­դա­­­րեւ ՆԱ­­ԹՕ-ի ընդհա­­նուր քար­­տուղար Սթոլ­­թենպերկ կրկնեց ծա­­նօթ յան­­կերգը, ըսե­­լով որ կը գի­­տակ­­ցին Թուրքիոյ մտա­­հոգու­­թիւննե­­րուն։

Արեւմտեան նոյն շրջա­­նակ­­նե­­­րը նման յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րով հան­­դէս եկած եւ «Թուրքիա իրա­­ւունք ու­­նի իր սահ­­մաննե­­րու անվտան­­գութիւ­­նը ապա­­հովե­­լու» ըսած էին, երբ այս վեր­­ջինս իր հզօր բա­­նակով կ՚ար­­շա­­­ւէր հա­­րեւան երկրի՝ Սու­­րիոյ հիւ­­սի­­­սային տա­­րած­­քը։

Բնաւ տար­­բեր չէ ԱՄՆ նա­­խագահ Պայ­­տը­­­նի Ֆ-16 կոր­­ծա­­­նիչ­­նե­­­րու եւ վե­­րակազ­­մութեան սար­­քե­­­րու վա­­ճառ­­քին ճամ­­բայ տո­­ւող յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րը։

Ամե­­րիկա­­յի Հայ Դա­­տի յանձնա­­խումբը, ինչպէս նաեւ քրտա­­կան, յու­­նա­­­կան, կիպ­­րա­­­կան, հրէական եւ իրա­­ւանց պաշտպան վեց այլ կազ­­մա­­­կեր­­պութիւններ դա­­տապար­­տե­­­ցին Թուրքիոյ «ֆ.16»ներ ծա­­խելու մասին Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու նա­­խագահ Պայ­­տը­­­նի վար­­չա­­­կար­­գին առա­­ջար­­կը։

Նշեալ կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րը նաեւ դի­­մեցին Ծե­­րակոյ­­տի եւ Ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րու տան Ար­­տա­­­քին յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու եւ Ռազ­­մա­­­կան սպա­­սար­­կութիւննե­­րու յանձնա­­խումբե­­րուն՝ պա­­հան­­ջե­­­լով անոնցմէ, որ մեր­­ժեն Սպի­­տակ տան առա­­ջար­­կը։

Սպի­­տակ տու­­նէն աղ­­բիւր մը ան­­ցեալ շա­­բաթ հաս­­տա­­­տեց, թէ Պայ­­տը­­­նի վար­­չա­­­կազ­­մը Քոնկրե­­սէն կը խնդրէ հա­­ւանու­­թիւն տալ Թուրքիոյ «ֆ.16» ռազ­­մա­­­կան օդա­­նաւեր եւ հրթիռ­­ներ ու այլ սպա­­ռազի­­նու­­թիւն ծա­­խելու։ Քոնկրե­­սին ուղղո­­ւած դի­­մու­­մին մէջ կը նշո­­ւի, թէ վա­­ճառ­­քը կը բխի Ուա­­շինկթը­­նի ազ­­գա­­­յին ապա­­հովու­­թեան շա­­հերէն, յատ­­կա­­­պէս Ուքրա­­նիոյ հետ Ան­­գա­­­րայի ռազ­­մա­­­կան կա­­պերուն պատ­­ճա­­­ռով։

Ամե­­րիկա­­յի Հայ Դա­­տի յանձնա­­խումբի գոր­­ծա­­­դիր վա­­րիչ Արամ Համ­­բա­­­րեան շեշ­­տեց, թէ Թուրքիոյ բռնա­­տէր Էր­­տո­­­ղանի վար­­չա­­­կազ­­մին նման զէն­­քեր տրա­­մադ­­րե­­­լը վնաս­­ներ պի­­տի հասցնէ Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու շա­­հերուն եւ անոր պաշտպա­­նած սկզբունքնե­­րուն՝ յի­­շեց­­նե­­­լով, որ Ան­­գա­­­րա անվստա­­հելի դաշ­­նա­­­կից մը ըլ­­լա­­­լը ցոյց տո­­ւած էր ռու­­սա­­­կան «Ս 400» հա­­կաօդա­­յին հա­­մակար­­գեր գնե­­լով, որուն հա­­մար անի­­կա դուրս մնա­­ցած էր աւե­­լի ար­­դիական «ֆ.35» կործանիչներու ծրա­­գիրէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ