Վահան Թէքէեանի Ակնոցով Ակնարկ Մը Թուրքեւհայ Յարաբերութիւններուն

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Ուրեմն Վա­­հան Թէ­­քէեան (1878-1945) Մարտ 1931-ին, Գա­­հիրէի «Արեւ» թեր­­թին մէջ կը սկսի հրա­­տարա­­կել յօ­դուա­­ծաշարք մը, որ կը կրէր «Թուրքեւ­­հայ յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը» խո­­րագի­­րը (6, 9, 11, 13, 16, 18 Մարտ)։ Այ­­սօր երբ Թուրքիայի եւ Հա­­յաս­­տա­­­նի մի­­ջեւ բնա­­կանո­­նաց­­ման ուղղու­­թեամբ քայ­­լեր կ՚առ­­նո­­­ւին եր­­կու պե­­տու­­թիւննե­­րու յա­­տուկ բա­­նագ­­նացնե­­րուն կող­­մէ, աւե­­լի քան այժմէական կրնան ըլ­լալ շուրջ իննսուն տա­­րի առաջ Վա­­հան Թէ­­քէեանի կա­­տարած խորհրդա­­ծու­­թիւննե­­րը։ Ան­­շուշտ, այդ եւ այս ժա­­մանակ­­նե­­­րու մի­­ջեւ կայ էական տար­­բե­­­րու­­թիւն մը։ Թէ­­քէեան իր յօ­­դուա­­ծաշար­­քին առանցքը դար­­ձուցած է թուրք եւ հայ ժո­­ղովուրդնե­­րու յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը մաս­­նա­­­ւորա­­պէս, հա­­րեւան­­ցի անդրա­­դառ­­նա­­­լով նաեւ Սո­­վետա­­կան Հա­­յաս­­տա­­­նի դե­­րին, եթէ այս վեր­­ջինս որ­­պէս եր­­կիր կա­­րելիու­­թիւն ու­­նե­­­նար, օր մը, ուղղա­­կի բա­­նակ­­ցե­­­լու Թուրքիոյ հետ։

Բայց կան նաեւ յան­­գի­­­տու­­թիւններ։ Ար­­ցա­­­խեան երկրորդ պա­­տերազ­­մէն ետք ստեղ­­ծո­­­ւած տագ­­նա­­­պալից շրջա­­նը որոշ առու­­մով հա­­մեմա­­տու­­թեան եզ­­րեր կը մա­­տու­­ցէ մե­­զի հայ­­կա­­­կան յե­­տեղեռ­­նեան հո­­գեբա­­նու­­թեան հետ։ Ո՛չ միայն եղեռ­­նը, այ­­լեւ Կար­­սի ան­­կումը, Սեւ­­րի դաշ­­նագրի ջնջու­­մը Թուրքիոյ հան­­դէպ անվստա­­հու­­թեան մթնո­­լորտ մը խտա­­ցու­­ցած էին ան­­ցեալ դա­­րու երես­­նա­­­կան թո­­ւական­­նե­­­րուն, ուր կը հրա­­պարա­­կուէր այս յօ­­դուա­­ծաշա­­րը։ Ինչպէս այ­­սօր, նաեւ այն ժա­­մանակ փա­­փուկ հարց մըն էր խօ­­սիլ թուրքեւ­­հայ յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու մա­­սին՝ հե­­ռու մնա­­լով ազ­­գա­­­յին զգա­­ցու­­մի տի­­րապե­­տու­­թե­­­նէն։ Նո՛յնիսկ երես­­նա­­­կան­­նե­­­րու յու­­սալքու­­թեամբ թանձրա­­ցած մթնո­­լոր­­տին մէջ Թէ­­քէեանի նման ողջմտու­­թեան տի­­պար մը կրնար հա­­մար­­ձա­­­կու­­թեամբ հան­­դէս գալ հա­­յեւթրքա­­կան յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու մա­­սին (իր խօս­­քե­­­րով՝ առար­­կա­­­յական հի­­մի մը վրայ), մինչդեռ այ­­սօր ողջմիտ ձայ­­ներ -որոնք վստահ ենք որ կան- կա՛մ չեն լսո­­ւիր եւ կամ լռու­­թեան կը դա­­տապար­­տո­­­ւին ան­­մի­­­ջապէս որ խօ­­սիլ սկսին (հոս պէտք է նշեմ Փա­­րիզի «Նոր Յա­­ռաջ»ի 12 Մա­­յիս 2022-ի թի­­ւին վրայ երեւ­­ցած «Առանց թուրքի Հա­­յաս­­տան» յօ­­դուա­­ծը, Ժ. Չ. ստո­­րագ­­րութեամբ). աս­­պա­­­րէզը գրա­­ւած է ան­­սո­­­վոր հայ­­րե­­­նասի­­րու­­թեան մը հռե­­տորա­­բանու­­թիւնը, ազ­­գայնա­­մոլա­­կան յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րը, այ­­լա­­­պէս կոր­­ծա­­­նիչ պա­­տերազ­­մի մը անի­­մաստ կո­­չերը եւ շատ ան­­գամ անտրա­­մաբա­­նական լո­­զունգնե­­րը։

Մա­­հացու մտայ­­նութիւն

Յօ­­դուա­­ծաշար­­քի առա­­ջին իսկ պար­­բե­­­րու­­թեան մէջ հե­­ղինա­­կը ինքզինք կ՚ան­­ջա­­­տէ իր պատ­­կա­­­նած Ռամ­­կա­­­վար Ազա­­տական կու­­սակցու­­թե­­­նէն, որու Եգիպ­­տո­­­սի շրջա­­նակին պաշ­­տօ­­­նաթերթն է Գա­­հիրէ հրա­­տարա­­կուող «Արեւ»ը, ու կը նշէ, թէ ինք պա­­տաս­­խա­­­նատու է անձնա­­պէս։ Փա­­փուկ է հար­­ցը, ինչպէս կը խոս­­տո­­­վանի ինքն եւս։ 1915-ի Մեծ Եղեռ­­նէն ան­­ցած է հա­­զիւ 10-15 տա­­րի, վէր­­քը սպիացած ան­­գամ չէ, կ՚արիւ­­նի, ող­­բերգու­­թիւնը կը շա­­րու­­նա­­­կուի տա­­կաւին, իւ­­րա­­­քան­­չիւր ըն­­տա­­­նիք կ՚ապ­­րի դառն կսկիծ։ Թէ­­քէեան ահա այս մթնո­­լոր­­տին մէջ հար­­ցումը կը ձե­­ւակեր­­պէ հե­­տեւեալ կեր­­պով. «Ո՞ւր են, կամ ի՞նչ վի­­ճակի մէջ են ներ­­կա­­­յիս թուրքեւ­­հայ յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը», եւ կը ջա­­նայ գտնել պա­­տաս­­խաններ։ Հար­­ցադրու­­մը, ըստ յօ­­դուա­­ծագ­­րի, եր­­բեք չի դրո­­ւիր հան­­րա­­­յին մա­­կար­­դա­­­կով եւ չի քննար­­կո­­­ւիր ան­­հա­­­տապէս ալ, կար­­ծես ամէն ոք ըն­­դունած է որ հա­­յերու եւ թուրքե­­րու յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը եր­­բեք չեն փո­­խուիր ու պի­­տի չփո­­խուին ալ, թէեւ «ժա­­մանա­­կը, խա­­ղաղու­­թեան շրջա­­նը, մտա­­ւորա­­կան ու հո­­գեբա­­նական ներ­­գործու­­թիւննե­­րը, ներ­­քին եւ ար­­տա­­­քին պա­­տահար­­նե­­­րը կրնան, աշ­­խարհի ամէն կող­­մը, ամէն ազ­­գե­­­րու յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րուն մէջ նոր վի­­ճակ­­ներ ստեղ­­ծել»։

Թէ­­քէեան կը կա­­տարէ հաս­­տա­­­տում մը՝ նշե­­լով, թէ եր­­բեք վե­­րաքննու­­թեան չենք են­­թարկեր մեր գա­­ղափար­­նե­­­րը թուրքեւ­­հայ յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու նման կեն­­սա­­­կան հար­­ցի մը շուրջ, որ տա­­րինե­­րէ ի վեր միշտ կ՚երե­­ւայ նոյն ձե­­ւով՝ «գէ՛շ են յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը եւ գէշ պի­­տի մնան»։ Այս մօ­­տեցու­­մը ան ան­­քա­­­ղաքա­­կան, հա­­կաքա­­ղաքա­­կան, կ՚որա­­կէ եւ կ՚ըսէ թէ ասի­­կա մա­­հացու մտայ­­նութիւն մըն է։

Առա­­ջին իսկ յօ­­դուա­­ծի աւար­­տին Թէ­­քէեան կը յայ­­տա­­­րարէ, թէ «արիւ­­նի ու զէն­­քի քա­­ղաքա­­կանու­­թեան կողմնա­­կից» չէ, եւ իր այս հա­­մոզու­­մը կը նկա­­տէ ազ­­գա­­­յին շա­­հու խնդիր, ո՛չ թէ զգաց­­ման եւ ճա­­շակի կամ գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թեան։ «Մենք, որ մեր թի­­ւին կէ­­սը կորսնցու­­ցինք ար­­դէն, պէտք է ջա­­նանք՝ ամէն բա­­նէ առաջ՝ մեր մէկ կա­­թիլ արիւնն ան­­գամ խնա­­յելու», կը գրէ ան։ Թէ­­քէեան սկզբունքով ալ խա­­ղաղա­­սէր ու մար­­դա­­­սէր է ու մարդկա­­յին կեան­­քը նո­­ւիրա­­կանու­­թիւն կը նկա­­տէ։

Առա­­ջին յօ­­դուա­­ծի աւար­­տին Թէ­­քէեան կը նշէ քա­­ղաքա­­կանու­­թեան լա­­ւատե­­սու­­թիւն պա­­հան­­ջե­­­լը եւ կը յայտնէ, թէ իր ուղղու­­թիւնը մտա­­ծելու ատեն յոյ­­սը կը դնէ թուրք ցե­­ղին ու իր վա­­րիչ­­նե­­­րուն վրայ։

Գնա­­հատու­­մի փորձ

Երկրորդ յօ­­դուա­­ծի սկզբնա­­ւորու­­թեան, ամ­­բողջ կեան­­քը կու­­սակցա­­կան ու հան­­րա­­­յին գոր­­ծի­­­չի փոր­­ձա­­­ռու­­թեամբ ար­­ժեւորած Թէ­­քէեան պե­­տական գոր­­ծի­­­չի մը յա­­րիր գոր­­ծե­­­լակեր­­պի յատ­­կութիւննե­­րուն մա­­սին կը խօ­­սի։ Ար­­ժե­­­ւորումնե­­րը դի­­պուկ են եւ այժմէական։ Թէ­­քէեան կը գրէ, թէ ար­­տա­­­քին յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու վրայ խոր­­հող պե­­տական գոր­­ծիչ մը նկա­­տի առ­­նե­­­լով հան­­դերձ ժո­­ղովրդա­­յին զգա­­ցու­­մը, չի տա­­րուիր անով. «… տա­­րուի­­լը ժխտումն է իր կո­­չու­­մին. իսկ փայ­­փա­­­յել ու գրգռել այդ զգա­­ցու­­մը՝ հա­­ճելի ըլ­­լա­­­լու հա­­մար ժո­­ղովուրդին, անոր մօտ իր դիր­­քը ամ­­րապնդե­­լու, ան­­կէ պա­­տիւ եւ շահ վա­­յելե­­լու հա­­մար, գործն է ամե­­նագէշ ու ամե­­նավ­­նա­­­սակար գոր­­ծի­­­չին, որ իր պատ­­կա­­­նած ժո­­ղովուրդին հա­­մար աղէտ մըն է» (այս եւ հե­­տագայ բո­­լոր ընդգծումնե­­րը՝ Թէ­­քէեանին)։

Հրա­­պարա­­կագի­­րը սահ­­մա­­­նու­­մը կ՚ընէ թուրքեւ­­հայ յա­­րաբե­­րու­­թիւն եզ­­րին։ 1931-ի դրու­­թեամբ այդ յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը ո՛չ թէ Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ Թուրքիոյ հա­­յու­­թեան յա­­րաբե­­րու­­թիւններն էին Թուրքիոյ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րուն հետ, այլ «ատե­­նօք թրքահ­­պա­­­տակ՝ այժմ գաղ­­թա­­­կան հա­­յոց յա­­րաբե­­րու­­թիւններն են անոնք», որոնք թէեւ նիւ­­թա­­­պէս ան­­գոյ, բայց գոյ են բա­­րոյա­­պէս։ Հոս ան կ՚ընէ ճշդում մը. հրա­­պարա­­կագի­­րը գի­­տակից է նման յա­­րաբե­­րու­­թեան ոչ իրա­­ւական բնոյ­­թին եւ կ՚ըսէ, որ նման կապ մը իրա­­ւապէս այ­­լեւս գո­­յու­­թիւն չու­­նի Թուրքիոյ տե­­սակէ­­տէ, սա­­կայն ան կը մնայ ամ­­բողջ հա­­յու­­թեան հա­­մար, «կը մնայ իրո­­ղապէս՝ իբ­­րեւ բա­­րոյա­­կան եւ նիւ­­թա­­­կան խնդիր մը»։

Նկա­­տելով որ թուրքեւ­­հայ յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը ան­­ցեալի ծնունդն են՝ հե­­ղինա­­կը փորձ մը կ՚ընէ գնա­­հատե­­լու զա­­նոնք։

Ըստ Թէ­­քէեանի, մին­­չեւ 1877-ի ռուս-թրքա­­կան պա­­տերազ­­մը թուրքը ցե­­ղային ատե­­լու­­թիւն չէ ու­­նե­­­ցած հա­­յու դէմ, իսկ կա­­ռավա­­րական անար­­դա­­­րու­­թիւննե­­րը մա­­սամբ ապի­­կարու­­թեան հե­­տեւանք էր, մա­­սամբ ալ երկրին տնտե­­սական եւ վար­­չա­­­կան հա­­մակար­­գին եւ կրօ­­նակից քիւրտե­­րը շի­­րաշա­­հելու քա­­ղաքա­­կանու­­թեան ար­­դիւնքը։ Իսկ հա­­յերը գրե­­թէ բա­­ցար­­ձա­­­կօրէն կը հա­­մակեր­­պէին թուրքին։ Ռուս-թրքա­­կան պա­­տերազ­­մէն քա­­նի մը տաս­­նեակ տա­­րի առաջ հա­­յեր թե­­ւակո­­խեցին մտա­­ւորա­­կան զարթնու­­մի շրջան մը եւ սկսան ան­­հանդուրժե­­լի գտնել այն ամէ­­նը ինչ որ հան­­դուրժե­­լի եղած էր մինչ այդ։

Վա­­հան Թէ­­քէեան, ինչպէս հե­­տագա­­յին պատ­­մա­­­բան­­ներ ալ հաս­­տա­­­տած են իրա­­ւամբ, ռու­­սեւթուրք պա­­տերազ­­մը, Սան Ստե­­ֆանո­­յի ու Պեր­­լի­­­նի դաշ­­նա­­­գիր­­նե­­­րը ճա­­կատագ­­րա­­­կան կը նկա­­տէ հա­­յու­­թեան կեան­­քին վրայ։ Այս իրա­­դար­­ձութիւննե­­րը եղան պատ­­ճառ, որ պե­­տու­­թեան քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը փո­­խուի հա­­յերու հան­­դէպ, եւ թուրքը նկա­­տելով զայն՝ կրօ­­նակա­­նէ զատ ցե­­ղային ատե­­լու­­թիւն մը կը սկսի սնու­­ցել, իսկ հա­­յը անոր դէմ կը հա­­նէ ար­­դա­­­րու­­թեան պա­­հան­­ջը՝ յոյ­­սը դնե­­լով Պեր­­լի­­­նի դաշ­­նա­­­գիրով ալ խոս­­տա­­­ցուած օտար պաշտպա­­նու­­թեան վրայ։ «Բայց ան եր­­բեք չյայտնո­­ւեցաւ վճռա­­կան եղա­­նակով մը եւ իրա­­պէս յօ­­դուտ մե­­զի. մենք շա­­հագոր­­ծո­­­ւեցանք՝ գիտ­­նա­­­լով կամ ոչ, ու քա­­նի աւել­­ցաւ մեր յու­­սա­­­խաբու­­թիւնը ու աւել­­ցաւ նաեւ թուրքին ատե­­լու­­թիւնը մեր դէմ…»։

Թէ­­քէեան հա­­կիրճ ու դի­­պուկ պի­­տակ­­ներ կը դնէ 1894-1908-ի շրջա­­նին ու կ՚ըսէ, թէ 1908-էն ետք չորս տա­­րի մեղ­­րա­­­լուսնի շրջան մը եղաւ, հա­­կառակ Ատա­­նայի աղէ­­տին. «Փաստ է, սա­­կայն, որ հա­­յեւ­­թուրք յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը լաւ եղան չորս տա­­րի։ Մաս­­նա­­­ւորա­­պէս հայ Դաշ­­նակցու­­թեան եւ թուրք Իթ­­թի­­­հատին յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը։ Ա՞յն ատեն չէինք ճանչնար թուրքը՝ թէ ան­­կէ առաջ, թէ ան­­կէ վեր­­ջը… Ո՞վ, որո՞նք եղան, եւ են, չճանցչող­­նե­­­րը»։

Զո­­հի դիր­­քը եւ դար­­մա­­­նել
յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը

Թուրքիոյ սահ­­մաննե­­րուն մէջ հա­­յութեան հա­­մար բա­­րենո­­րոգումներ ձեռք բե­­րել եղած էր ազ­­գին նպա­­տակը, որուն հաս­­նե­­­լու մի­­ջոցը սխալ եղած էր սա­­կայն։ «… պա­­տիժը հա­­մեմա­­տական չե­­ղաւ մեր գոր­­ծած սխա­­լին», կը հաս­­տա­­­տէ Թէ­­քէեան՝ նշե­­լով, թէ մարդկօ­­րէն ան­­նե­­­րելի ու ան­­մո­­­ռանա­­լի ոճիր­­ներ իրա­­գոր­­ծո­­­ւած են մե­­զի դէմ՝ նախ 1895-96-ին եւ երկրորդ ան­­գամ ալ 1915-1922-ին։

Այս կէ­­տին վրայ Թէ­­քէեանի խորհրդա­­ծու­­թիւննե­­րը կը փոր­­ձէ սե­­ւեռել Հա­­յոց Մեծ Եղեռնն ու վա­­ղոր­­դայնին պա­­տահած իրա­­դար­­ձութիւննե­­րը, որոնք մեծ մա­­սամբ տեղ չու­­նին այ­­սօր հա­­յոց պատ­­մագրու­­թեան կամ առա­­ւել եւս յի­­շողու­­թեան մէջ, այլ լսե­­լի կը դառ­­նան միայն թրքա­­կան պաշ­­տօ­­­նական յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րուն մէջ՝ ար­­ժա­­­նանա­­լով հայ գոր­­ծիչնե­­րու ժխտու­­մին կամ քննա­­դատու­­թեան։

Թէ­­քէեան կը գրէ, թէ 1915-1922 շրջա­­նին միշտ չէ որ զո­­հի դիր­­քին վրայ եղած է հա­­յու­­թիւնը եւ փոր­­ձած է խմբա­­կան ջար­­դե­­­րուն ու խժդժու­­թիւննե­­րուն վրէ­­ժը լու­­ծել։ «Թուրքե­­րը եր­­բեք իրա­­ւունք պի­­տի չու­­նե­­­նան ատով իրենք զի­­րենք ար­­դա­­­րաց­­նե­­­լու, քա­­նի որ մե­­րը իրենց ահա­­ւոր հա­­րուած­­նե­­­րուն տրո­­ւած նոյնքան ահաւոր պա­­տաս­­խան մըն է միայն, ահա­­ւոր՝ որա­­կով եւ ոչ թէ քա­­նակով»։ Այս պա­­րագան առիթ է, որ­­պէսզի չյի­­շենք միայն մեր զո­­հի հան­­գա­­­ման­­քը, որով­­հե­­­տեւ ասի­­կա մեզ կը պա­­հէ սխալ մտայ­­նութեան մը մէջ։ Թէ­­քէեան այս մա­­սին կը խօ­­սի ո՛չ միայն զո­­հի հո­­գեբա­­նու­­թիւնը ջնջե­­լու, այլ նաեւ վե­­րաց­­նե­­­լու հա­­մար վրէժի կուրցնող զգա­­ցու­­մը, զայն մէջ­­տե­­­ղէն վերցնե­­լու եւ տե­­ղը դար­­մա­­­նու­­մի հար­­ցը դնե­­լու հա­­մար։ Եւ դար­­մա­­­նու­­մը կա­­րելի ընե­­լու հա­­մար նախ պէտք է դար­­մա­­­նել յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը։

Թէ­­քէեան կը կար­­ծէ, թէ յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը մէկ օրէն միւ­­սը չէ որ պի­­տի շտկո­­ւին, բայց կրնան ժա­­մանա­­կի ըն­­թացքին մեղ­­մա­­­նալ։ Սա­­կայն իրա­­գոր­­ծե­­­լու հա­­մար ասի­­կա գա­­ղութնե­­րը, իրենց մա­­մու­­լով եւ բե­­մով, պէտք է հրա­­ժարին տե­­ւական միեւ­­նոյն բա­­նը ըսե­­լէ, միշտ հա­­յու կսկի­­ծը ար­­ծարծե­­լէ։

Յօ­­դուա­­ծագի­­րը տրա­­մաբա­­նական, բայց այ­­սօ­­­րուան պայ­­մաննե­­րով դժբախ­­տա­­­բար յան­­դուգն առա­­ջարկ մը կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ ըսե­­լով, թէ գա­­ղու­­թա­­­հայու­­թիւնը պէտք է դադ­­րի, բե­­րանա­­ցի իսկ ըլ­­լայ, Թուրքիայէ հո­­ղային պա­­հանջ ու­­նե­­­նալէ։ «Եր­­կու ժո­­ղովուրդնե­­րէն մէ­­կը -մենք- իրա­­ւունքի տե­­սակէ­­տով զօ­­րաւոր, մի­­ջոց­­նե­­­րու տե­­սակէ­­տով տկար ենք բո­­լորո­­վին»։ Եւ թուրքե­­րը հա­­յերուն որե­­ւէ զի­­ջում պի­­տի չը­­նեն այնքան ժա­­մանակ, որ­­քան ատեն որ զա­­նոնք գտնեն մի­­ջոց­­նե­­­րով ալ զօ­­րաւո­­րի ձե­­ւերով, գրգռիչ ու սպառ­­նա­­­կան։

Թէ­­քէեան կը նշէ, թէ թուրքեւ­­հայ յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րուն հիմ­­քը իրա­­րու հետ չկռո­­ւիլն է, խու­­սա­­­փիլ պա­­տերազ­­մէ, ըլ­­լա՛յ յար­­ձա­­­կողա­­կան թէ ինքնա­­պաշտպա­­նական. «Ան­­հա­­­տաբար՝ ո՛վ ինչ կ՚ու­­զէ կ՚ընէ, բայց հա­­ւաքա­­բար, բայց ազ­­գո­­­վին, չենք կռո­­ւիր ոեւէ ատեն, ոեւէ ձե­­ւով, ոեւէ ժո­­ղովուրդի հետ՝ սո­­վիէթա­­կան ըլ­­լայ ան թէ քէ­­մալա­­կան»։

Հա­­յաս­­տա­­­նի դե­­րը

Եթէ ըլ­­լար Հա­­յաս­­տան ան­­կախ պե­­տու­­թիւնը, որ այն ժա­­մանակ մաս կը կազ­­մէր Սո­­վետա­­կան Միու­­թեան, ապա պե­­տական խնդիր­­ներ լու­­ծե­­­լու դե­­րը իրեն վե­­րապա­­հուած պի­­տի ըլ­­լար։ Հա­­յեւ­­թուրք յա­­րաբե­­րու­­թեանց պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւնը Հա­­յաս­­տան պե­­տու­­թեան յանձնել կա­­րելի պի­­տի ըլ­­լար այն ժա­­մանակ, եթէ նախ­­կին թրքա­­հայե­­րը, այ­­սինքն գա­­ղու­­թա­­­հայու­­թիւնը ըլ­­լար Հա­­յաս­­տա­­­նի քա­­ղաքա­­ցի։ Եւ քա­­նի որ քա­­ղաքա­­ցի չէ, ու­­րեմն իր գոր­­ծադրե­­լիք առա­­ջին մի­­ջոցն է ստեղ­­ծել այն խա­­ղաղ մթնո­­լոր­­տը, որ պի­­տի ար­­տօ­­­նէ շտկել հա­­յեւ­­թուրք յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը՝ ար­­տա­­­սահ­­մա­­­նի նախ­­կին թուրքիացի հա­­յերու եւ թուրքե­­րու ուղղա­­կի կա­­պերը…

Վնա­­սակար ու անար­­ժան

Վա­­հան Թէ­­քէեան վեր­­ջին յօ­­դուա­­ծով կը քննա­­դատէ Հ. Յ. Դաշ­­նակցու­­թեան Թուրքիոյ նկատ­­մամբ որ­­դեգրած քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը։ Ան կը գրէ, թէ կան դաշ­­նակցա­­կան վա­­րիչ­­ներ, որոնք, թե­­րեւս նաեւ գա­­ղու­­թա­­­հայու­­թեան մէջ ազ­­գա­­­յին զգա­­ցու­­մը վառ պա­­հելու մի­­ջոց որ­­պէս, «կը հա­­ւատա՛ն, թէ առան­­ձինն կամ քիւրտե­­րու հետ գոր­­ծակցու­­թեամբ պի­­տի կա­­րենան թրքա­­կան Հա­­յաս­­տա­­­նը ազատ ու ան­­կախ դարձնել եւ զայն միաց­­նել ներ­­կայ Հա­­յաս­­տա­­­նին»։ Թէ­­քէեան պի­­տի նա­­խընտրէր ոչինչ գրել այս մա­­սին, եթէ չըլ­­լար Թուրքիոյ դէմ մար­­տա­­­շունչ ուղղու­­թիւն մը, որ վնա­­սակար է եւ հա­­յու ցա­­ւին անար­­ժան։ Հե­­ղինա­­կը վնա­­սակար կը նկա­­տէ, որով­­հե­­­տեւ խօս­­քը միայն մեր մէջ չի մնար, այլ կը հաս­­նի Թուրքիոյ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րուն, որով­­հե­­­տեւ հոն տա­­կաւին կը բնա­­կին հա­­յեր, որով­­հե­­­տեւ գա­­ղու­­թա­­­հայու­­թիւնը կ՚ապ­­րի իս­­լա­­­մական եր­­կիրնե­­րու մէջ կամ կը հիւ­­րընկա­­լուի Թուրքիոյ հետ լաւ կա­­պեր ու­­նե­­­ցող եր­­կիրնե­­րու կող­­մէ։

Խօ­­սելով անար­­ժան-ի մա­­սին, Թէ­­քէեան կը գրէ՝ ակ­­նարկե­­լով Դաշ­­նակցու­­թեան կռո­­ւոտ ուղղու­­թեան. «… ան­­զօր սպառ­­նա­­­լիք­­ներն ու լե­­զուա­­գարու­­թիւննե­­րը հե­­ռու են մե­­զի տա­­լէ ար­­ժա­­­նաւոր կե­­ցուածք մը, այնպէս ինչպէս վա­­յել է աշ­­խարհի ամե­­նամեծ տա­­ռապան­­քը կրած ժո­­ղովուրդին»։

Թէ­­քէեան բա­­ցար­­ձա­­­կապէս դէմ է ատե­­լու­­թեան խօս­­քին, գոր­­ծա­­­ծելու հա­­մար ար­­դի եզր մը, երբ կը գրէ, որ եթէ մին­­չեւ իսկ Թուրքիոյ դէմ թշնա­­մական ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րուն վերջ տա­­լով որե­­ւէ բա­­րելա­­ւում պի­­տի չըլ­­լայ երկկող­­մա­­­նի յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու մէջ՝ նո­­րէն ալ պի­­տի պաշտպա­­նէր լե­­զուի, գրչի ու շար­­ժումնե­­րու մէջ փո­­փոխու­­թիւնը։

Յօ­­դուա­­ծի աւար­­տին Թէ­­քէեան կը շեշ­­տէ, թէ խաբ­­կանք մը չի կրնար ըլ­­լալ մի­­ջոց մը՝ ազ­­գա­­­յին զգա­­ցու­­մը վառ պա­­հելու։ Ըստ իրեն ազ­­գա­­­յին զգա­­ցու­­մը կա­­րելի է վառ պա­­հել մի­­միայն եր­­կու մի­­ջոցով.

Ա) Ներ­­կայ Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ ժո­­ղովուրդին աճու­­մովն ու երկրին շէն­­նա­­­լովը,

Բ) Ամե­­նու­­րեք մեր խել­­քին ու տա­­ղան­­դին, մեր կեան­­քին, լե­­զուին ու արուեստնե­­րուն հան­­դէպ գոր­­ծօն պաշտպա­­նու­­թեամբ։

Ար­­ձա­­­գանգ

Թէ­­քէեանի յօ­­դուա­­ծաշար­­քը ար­­ձա­­­գանգ կը գտնէ նաեւ Թուրքիոյ մէջ, ուր գո­­նէ այդ թո­­ւական­­նե­­­րուն մօ­­տէն կը հե­­տեւէին սփիւ­­քա­­­հայ մա­­մու­­լի հրա­­պարա­­կումնե­­րուն։ Այսպէս, 12 Օգոս­­տոս 1931 թո­­ւակիր «Միլ­­լիէթ» օրա­­թեր­­թին մէջ, Ա. Հ. ստո­­րագ­­րութեամբ լոյս տես­­նող «Հա­­յեր» յօ­­դուա­­ծաշար­­քը կ՚անդրա­­դառ­­նայ Թէ­­քէեանի յօ­­դուա­­ծին, տպե­­լով նաեւ հե­­ղինա­­կին լու­­սանկա­­րը։ Հարկ է նշել, թէ «Հա­­յեր» յօ­­դուա­­ծաշար­­քը օրին կը թարգմա­­նուէր նաեւ հա­­յերէ­­նի ու կը տպագ­­րո­­­ւէր «Արեւ»ին մէջ։ «Միլ­­լիէթ»ի յօ­­դուա­­ծագիրն ալ յայտնի է որ կը հե­­տեւէր եգիպ­­տա­­­հայ մա­­մու­­լին։ Թէ­­քէեանի յօ­­դուա­­ծաշար­­քը, ինչպէս նաեւ իր լու­­սանկա­­րին թրքա­­կան թեր­­թի մը մէջ հրա­­տարա­­կուի­­լը ռամ­­կա­­­վար գոր­­ծի­­­չը հա­­րուա­­ծելու առիթ մը կու տայ դաշ­­նակցա­­կան մա­­մու­­լին։ Անդրա­­նիկ Ծա­­ռու­­կեան, որ երի­­տասարդ նո­­րելուկ մըն էր այդ թո­­ւակա­­նին, Վ. Խա­­ժակ ծած­­կա­­­նու­­նով նոյն տա­­րուան Նո­­յեմ­­բե­­­րին Պէյ­­րութի «Ազ­­դակ»ին մէջ հրա­­տարա­­կած «Թէ ին­­չեր կան փո­խուած…» յօ­­դուա­­ծաշար­­քին մէջ (19 Նոյ. 1931) Թէ­­քէեանին ակ­­նարկե­­լով կը գրէր, թէ կան միակա­­նի քեր­­թողներ (Թէ­­քէեան կու­­սակցա­­կան բա­­խու­­մի մը ար­­դիւնքին մէկ աչ­­քը կորսնցու­­ցած էր), որոնք կը բազ­­մին թրքա­­կան մա­­մու­­լի սիւ­­նակնե­­րուն վրայ։

Երու­­սա­­­ղէմ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ