Հեքիաթահաւաք ՓՈՔՐԻԿ-ին երկինքէն զոյգ-զոյգ խնձորներ ինկան

Հե­քիաթա­­հաւա­­քը իր աւար­­տին հա­­սաւ։ ՓՈՔ­­ՐԻԿ հե­­քիաթա­­րանի կող­­մէ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած ման­­կա­­­կան հե­­քիաթ­­նե­­­րու հա­­ւաքին 6 եր­­կի­­­րէն 39 գրող 50 հե­­քիաթով մաս­­նակցե­­ցաւ։ Հե­­քիաթ­­նե­­­րը պայ­­ծառ լու­­սա­­­պատ­­կեր մը ստեղ­­ծե­­­ցին իրենց զա­­նազան եւ հա­­ճելի նիւ­­թե­­­րով։

ՓՈՔ­­ՐԻԿ Հե­­քիաթա­­հաւա­­քին մաս­­նակցող գրիչ­­նե­­­րուն կէ­­սը Պո­­լիսէն է, իսկ միւս կէ­­սը՝ Երե­­ւանէն, Պէյ­­րութէն, Աթէն­­քէն, Կիպ­­րո­­­սէն եւ Ամե­­րիկա­­յի Միացեալ Նա­­հանգնե­­րէն։

Գրե­­թէ հա­­ւասար թի­­ւով մաս­­նակցե­­ցան պա­­տանի­­ներ եւ չա­­փահաս­­ներ։ Այս պատ­­ճա­­­ռով ալ, մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րը եր­­կու խումբի բաժ­­նո­­­ւեցան՝ «պա­­տանի գրիչ­­ներ» եւ «չա­­փահաս գրիչ­­ներ»։ Խնձոր­­նե­­­րու թիւն ալ երե­­քէն վե­­ցի բարձրա­­ցաւ եւ իւ­­րա­­­քան­­չիւր գրիչ 125 տո­­լար մրցա­­նակի ար­­ժա­­­նացաւ։ Նաեւ յա­­տուկ մրցա­­նակ­­ներ բաշ­­խո­­­ւեցան։

Մեծ ու պզտիկ քով-քո­­վի

Չա­­փահաս գրիչ­­նե­­­րէն մրցա­­նակի ար­­ժա­­­նացան Անի Աբի­­կեան (Աթէնք), Սիւ­­զան Բռնա­­լեան (Պո­­լիս) եւ Գա­­րին Գոչ (Պո­­լիս)։ Պա­­տանի գրիչ­­նե­­­րէն մրցա­­նակի ար­­ժա­­­նացան Մե­­րի Աւա­­գեան (Երե­­ւան), Տե­­սիլ Էր­­մէն (Պո­­լիս) եւ Լե­­նա Սա­­րըօղ­­լու (Պո­­լիս)։

Հե­­քիաթա­­քաղը նաեւ որո­­շեց «յա­­տուկ մրցա­­նակ­­ներ» բաժ­­նել։ Չա­­փահաս գրիչ­­նե­­­րէն Յա­­տուկ Մրցա­­նակի ար­­ժա­­­նացան Աւե­­տիք եւ Թա­­մարա Գաս­­պա­­­րեան (Երեւան), Պօ­­ղոս Եղիազար (Երեւան) եւ Ար­­մի­­­նէ Մու­­րա­­­տեան (Երե­­ւան)։ Իսկ պա­­տանի գրիչ­­նե­­­րէն Յա­­տուկ Մրցա­­նակի ար­­ժա­­­նացան Տե­­սիլ Էր­­մէն (Պո­­լիս), Լա­­րին Թոք (Պո­­լիս) եւ ԱՄՆ Մա­­սաչու­­սեթսէն Ճիան­­նա Ալեք­­սանտրեան, Կա­­րէն Թո­­քաթ­­լեան եւ Սե­­լինա Փա­­փազեան՝ իրենց միաս­­նա­­­բար գրած հե­­քիաթով։

Ըն­­թերցում եւ որո­­շում

Հե­­քիաթա­­քաղե­­րը, այ­­սիքն Հե­­քիաթա­­հաւա­­քին աշ­­խա­­­տակազ­­մի ան­­դամներն էին՝ ման­­կա­­­կան գիր­­քե­­­րու հե­­ղինակ Անա­­հիտ Սար­­գի­­­սեան, Երե­­ւանի «Խնկօ Ապոր» ման­­կա­­­կան գրա­­դարա­­նի հե­­քիաթի բաժ­­նի վա­­րիչ Իս­­կուհի Աւե­­տիսեան, Ամե­­րիկա­­յի Արեւմտեան Թե­­մի Ազ­­գա­­­յին Վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու Խնա­­մակալ Մար­­մի­­­նի գոր­­ծա­­­դիր տնօ­­րէն Թա­­մար Թիւ­­ֆէնկճան, Պոլ­­սոյ մէջ հա­­յերէ­­նի ու­­սուցչու­­հի ու Փոք­­րի­­­կի խմբագ­­րա­­­կան կազ­­մի ան­­դամ Մա­­րի Գա­­լայ­­ճը, Ամե­­րիկա­­յի Արե­­ւելեան Թե­­մի Ազ­­գա­­­յին Առաջ­­նորդա­­րանի Ու­­սումնա­­կան Խոր­­հուրդի վա­­րիչ տնօ­­րէն Մա­­րի Կիւ­­լիւմեան եւ Լի­­բանա­­նահայ բե­­մադ­­րիչ Սէ­­րուժ Յով­­սէ­­­փեան, որոնք նախ բծախնդրօ­­րէն ըն­­թերցե­­ցին բո­­լոր հե­­քիաթ­­նե­­­րը ու յե­­տոյ ժո­­ղով­­ներ գու­­մա­­­րելով որո­­շեցին մրցա­­նակի ար­­ժա­­­նացող հե­­քիաթ­­նե­­­րը։

Յա­­ռաջի­­կայ ամիս­­նե­­­րուն մրցա­­նակա­­կիր հե­­քիաթ­­նե­­­րը պի­­տի հրա­­պարա­­կուին ՓՈՔ­­ՐԻԿ կայ­­քէ­­­ջին մէջ։

ՓՈՔ­­ՐԻԿ ՀԵ­­ՔԻԱԹԱ­­ՐԱՆ՝ Հիմ­­նո­­­ւած է 2014 թո­­ւակա­­նին Պոլ­­սոյ մէջ եւ մին­­չեւ այ­­սօր հրա­­պարա­­կած է 150-է աւե­­լի հե­­քիաթ­­ներ՝ արեւմտա­­հայե­­րէնով։ ՓՈՔ­­ՐԻ­­­Կին բո­­լոր հե­­քիաթ­­նե­­­րը կը պատ­­րաստո­­ւին 4-7 եւ 8-11 տա­­րիքի երե­­խանե­­րուն հա­­մար։ Այս հե­­քիաթ­­նե­­­րուն իւ­­րա­­­քան­­չիւրը գու­­նա­­­ւոր շար­­ժուն պատ­­կերնե­­րով կը զար­­դա­­­րուի եւ կը ձայ­նագրուի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ