Զրոյց Էլիֆ Աթալայի եւ Բագրատ Էսդուգեանի հետ

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

ishanerdinc@gmail.com

ԻՇԽԱՆ ԷՐ­­ՏԻՆՉ- Նշած էք թէ Էս­­դուգեա­­նի եւ ըն­­տա­­­նիքին ոդի­­սակա­­նը լսե­­լով մատ­­նո­­­ւած էք «Ինչպէ՞ս կա­­րելի է յաղ­­թա­­­հարել այս խո­­չըն­­դոտնե­­րը» հար­­ցումին։ Էս­­դուգեանի պա­­տումնե­­րը լսե­­լով թրքա­­հայոց մա­­սին ինչպի­­սի՞ պատ­­կե­­­րացում մը ու­­նե­­­ցաք։

ԷԼԻՖ ԱԹԱ­­ԼԱՅ- Իւ­­րա­­­քան­­չիւր ան­­հա­­­տի հան­­դի­­­պած դէպ­­քե­­­րու դէմ վե­­րաբեր­­մունքը, ըն­­կա­­­լու­­մը եւ դի­­մադ­­րութիւ­­նը տար­­բեր է։ Ամէն կեանք ինքնին պատ­­մութիւն մըն է եւ այդ առու­­մով ալ ան­­հա­­­տական պատ­­մութիւննե­­րը շատ աւե­­լի կեն­­սա­­­կան են։ Ան­­հա­­­տի զգա­­ցումնե­­րը կեան­­քի շա­­րու­­նա­­­կելու կամ­­քը, ընդհա­­տումնե­­րը կամ յա­­րատե­­ւու­­թիւնը դա­­սական պատ­­մա­­­գիտու­­թեան նիւ­­թե­­­րը չէին եղած։ Իսկ երբ կը թա­­փան­­ցէք այդ բո­­լորին ինքնա­­բերա­­բար կ՚ազ­­դո­­­ւիք նաեւ։ Այս է բա­­նաւոր պատ­­մութեան կա­­րեւո­­րու­­թիւնը։ Կեան­­քի փոր­­ձը իմաս­­տա­­­լից է նաեւ յա­­ջորդ սե­­րունդնե­­րու հա­­մար։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւր սայ­­թաքու­­մէ ետք վե­­րականգնիլ՝ սա մարդ արա­­րածի պա­­տուա­­ւոր եւ ուժգին յատկու­­թիւնն է։

Ի.Է.- Կար­­ծեմ այ­­ցե­­­լած էք այս պա­­տումնե­­րու մէջ նշո­­ւած վայ­­րե­­­րը։

Է.Ա.- Բա­­ցի Պոլ­­սոյ թա­­ղերէն այ­­ցե­­­լած եմ Ակ­­ընը։ Գիր­­քի մէջ նշո­­ւած 1915-ի այդ ող­­բերգա­­կան պատ­­կե­­­րը կար­­ծես վե­­րակեն­­դա­­­նացաւ, երբ տե­­սայ Ակն քա­­ղաքի աս­­տի­­­ճանա­­ւոր փո­­ղոց­­նե­­­րը։ Ակն գա­­ցի ու տե­­սայ այդ աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րը։ Մու­­րատ գե­­տէն դէ­­պի ներ­­քեւ եր­­կա­­­րող բազ­­մա­­­թիւ աս­­տի­­­ճան­­ներ կա­­յին։ Վայ­­րի խո­­տերով ծած­­կո­­­ւած եւ ոտք չդի­­պած աս­­տի­­­ճան­­ներ։ Շատ զգա­­ցուե­­ցայ այդ պա­­հուն։ Պոլ­­սոյ մէջ ալ Սա­­մաթիոյ Սուրբ Գէորգ Եկե­­ղեցին, երբ այ­­ցե­­­լեցի տար­­բեր հո­­գեբա­­նու­­թեան մը մատ­­նո­­­ւեցայ։ Վայ­­րեր կան իրենց ոգին կը պա­­հեն։ Ակ­­նի մէջ այդ զգա­­ցած էի։ Ծան­­րութիւն մը ու լռու­­թիւն մը կը տի­­րէր։ «Այստեղ բա­­ներ մը պա­­տահած էր» կ՚ըսէր այդ լռու­­թիւնը։ Սա­­մաթիա ալ նման զգա­­ցումներ ապ­­րե­­­ցայ։

Ի.Է.-Գիր­­քը կա­­րեկ­­ցանքի զգա­­ցում մը կը գո­­յաց­­նէ՞։

Է.Ա.- Թուրքիոյ մէջ ժո­­ղովուրդին հա­­մայնքնե­­րու վե­­րածո­­ւելով տա­­րան­­ջատման պատ­­ճառնե­­րէն մէկն ալ վայ­­րե­­­րու ան­­ջա­­­տուա­­ծու­­թիւնն է։ Հա­­ղոր­­դակցու­­թեան պո­­կուի­­լը բո­­լորիս հա­­մար խնդիր մըն է։ Իմ բա­­նաւոր պատ­­մութեան աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րէս քա­­ղածս ծի­­սակա­­տարու­­թիւննե­­րու վե­­րացումն է։ Օրի­­նակի հա­­մար Քիւ­­չիւքսու կամ Կէօք­­սույի մէջ երբ Զատ­­կի Տօ­­նավա­­ճառ կը կազ­­մո­­­ւէր բո­­լորը միասին էին։ Ող­­բա­­­ցեալ Հայր Տո­­սիտէոս իր ման­­կութեան յու­­շե­­­րը պատ­­մե­­­լու ժա­­մանակ այս վկա­­յու­­թիւնը բե­­րած էր։ Հի­­մա այդ տե­­սանե­­լիու­­թիւնը այ­­լեւս գո­­յու­­թիւն չու­­նի։ Բո­­լոր հա­­մայնքնե­­րը ինքնամ­­փո­­­փուած են։

Ի.Է.-Էս­­դուգաեանի պա­­տումնե­­րու մէջ ո՞րն էր ամե­­նատ­­պա­­­ւորի­­չը

Է.Ա.- Նախ եւ առաջ ըն­­տա­­­նիքի պատ­­մութիւ­­նը խիստ տպա­­ւորիչ էր։ Բագ­­րատ աղ­­բա­­­րիկի հա­­մես­­տութիւ­­նը, կեան­­քի պար­­տադրանքնե­­րուն հե­­զաբար հա­­մակեր­­պի­­­լը, լրագ­­րո­­­ղի, հա­­յու եւ թուրքիացիի յատ­­կա­­­նիշ­­նե­­­րով պայ­­քա­­­րիլը եւ ան­­զի­­­ջող կամ­­քը տպա­­ւորիչ էր։

Բո­­լորը պատ­­մե­­­լիք հե­­քեաթ մը ու­­նին։ Կա­­րեւոր եղա­­ծը այդ պա­­տու­­մը ներ­­կա­­­յաց­­նելն է։ 19 Յու­­նո­­­ւար թո­­ւակա­­նը թէ ինձ եւ թէ Բագ­­րատ աղ­­բա­­­րիկի հա­­մար մեծ նշա­­նակու­­թիւն ու­­նե­­­ցող ընդհատ­­ման պահ մըն է։ Ար­­դա­­­րեւ զրոյ­­ցի ըն­­թացքին ալ, երբ նիւ­­թը այդ տխուր օրուան հա­­սաւ, ակա­­մայ ընդհա­­տեցինք մեր խօ­­սակ­­ցութիւ­­նը։

Ի.Է.- Այս հա­­տորը ինքնին կը նկա­­րագ­­րէ՞ Էս­­դուգեանի կեան­­քը։

Է.Ա.- Ան­­շուշտ որ։ Իմ շատ կա­­րեւո­­րած ոտ­­քի մնա­­լու, դի­­մադ­­րե­­­լու կամ­­քը Բագ­­րատ աղ­­բա­­­րիկը բնու­­թագրող լա­­ւագոյն յատ­­կա­­­նիշն է։ Մա­­նաւանդ ալ նիւ­­թա­­­կան առու­­մով կիր­­քեր չու­­նե­­­նալը։ Բագ­­րատ աղ­­բա­­­րիկի ըն­­տա­­­նիքին սա­­նիկ­­նե­­­րէ մէ­­կու խօս­­քը գիր­­քին խո­­րագի­­րը դար­­ձաւ։ «Շատ վեր մի՛ նա­­յիր ֆեսթ կ՚իյ­­նայ գլխէդ»։

Ըն­­թերցող Պոլ­­սա­­­հայեր
իրենց կեան­­քէն ցո­­լացումներ
պի­­տի տես­­նեն

ԻՇ­­ԽԱՆ ԷՐ­­ՏԻՆՉ- Եղեռ­­նէն վերջ Պո­­լիս գաղ­­թողնե­­րու հա­­մար այս մեծ քա­­ղաքը պանդխտու­­թեան վայր մը ըլ­­լա­­­լով կ՚ըն­­կա­­­լուի։ Դուք ձեզ պան­­դուխտ կը զգա՞ք։

ԲԱԳ­­ՐԱՏ ԷՍ­­ԴՈՒԳԵԱՆ- Մենք հա­­մակեր­­պած ենք այս քա­­ղաքին։ Իւ­­րա­­­ցու­­ցած ենք քա­­ղաքի կեն­­ցա­­­ղը։ Ան­­ցեալին գիւ­­ղա­­­ցի ըն­­տա­­­նիք­­ներ էինք, իսկ այժմ քաղ­­քե­­­նի։ Ու­­րեմն ես զիս պան­­դուխտ չեմ զգա­­ցած այս քա­­ղաքին մէջ, մին­­չեւ որ այ­­ցե­­­լեցի Շա­­պին­­գա­­­րահի­­սարը, Թամ­­զա­­­րան կամ Ազպտե­­րը։ Այդ վայ­­րե­­­րը մեր տոհ­­մի բնօր­­րանն էին եւ այդ հո­­ղերուն վրայ կո­­խելով ես ալ տա­­րուե­­ցայ Յա­­կոբ Մնձու­­րիի նման Պո­­լիսը գա­­ւառ մը ըլ­­լա­­­լով ըն­­կա­­­լելու հո­­գաբա­­նու­­թեան։

Ի.Է.- Մար­­գար պապի կեան­­քը նման է Մնձու­­րիի հետ։

Բ.Գ.-Ճիշդ է։ Պապս Մար­­գար եւ Յա­­կոբ Մնձու­­րի զու­­գա­­­հեռ կեանքներ ապ­­րած են։ Հա­­մարեա նոյն վայ­­րե­­­րէն նախ պանդխտու­­թեան հա­­մար եկած են Պո­­լիս եւ ապա մին­­չեւ իրենց վեր­­ջին շունչը ապ­­րած են այս քա­­ղաքին մէջ։ Եր­­կուքն ալ փռա­­պան էն, Ա. Աշ­­խարհա­­մար­­տին եր­­կուքն ալ զի­­նուո­­րագ­­րո­­­ւեցան եւ այդ շրջա­­նին եր­­կուքն ալ կորսնցու­­ցին իրենց ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րը։ Միակ տար­­բե­­­րու­­թիւն որ կար իրենց մի­­ջեւ Մնձու­­րի ու­­սեալ էր եւ Մար­­գար պապս ոչ։ «Ես աւագն էի եւ հօրս օգ­­նե­­­ցի հո­­ղագոր­­ծութեամբ։ Ինձմէ փոք­­րե­­­րը դպրոց յա­­ճախե­­ցին» կը պատ­­մէր, անէծք տա­­լով գրա­­ճանաչ չըլ­­լա­­­լուն։

Ի.Է.- Բա­­ցի կեան­­քի պայ­­քա­­­րէն, մաս­­նակցած էք նաեւ Թուրքիոյ մէջ ձախ քա­­ղաքա­­կանու­­թեան հո­­սան­­քին։

Բ.Է.- Ճիշդ է ես աշ­­խարհի ան­­ցուդարձնե­­րը դի­­տեցի ձա­­խակող­­մեան լու­­սա­­­մու­­տէ մը։ Առա­­ջին ան­­գամ 15 տա­­րեկան էի, երբ ծա­­նօթա­­ցայ հա­­մայ­­նա­­­վար գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թեան հետ եւ մին­­չեւ օրս ալ կը շա­­րու­­նա­­­կեմ այդ սկզբունքով ապ­­րիլ ու գոր­­ծել։ Այս ըն­­թա­­­ցքը հա­­կասա­­կան երե­­ւոյթնե­­րու ալ պատ­­ճառ դար­­ձաւ։ Օրի­­նակի հա­­մար հա­­ւատա­­ցեալ մը չեմ, բայց կը ծա­­ռայեմ Հայ Առա­­քելա­­կան եկե­­ղեց­­ւոյ։ Հա­­մայ­­նա­­­վար եւ նո­­ւիրեալ ե­­կեղե­­ցասէ­­րի մը կեր­­պարնե­­րը կ՚իւ­­րացնեմ իմ մէջ։ Գի­­տեմ եկե­­ղեցիի նշա­­նակու­­թիւնը հայ ազ­­գի պատ­­մութեան ընթացքին։

Ի.Է.- Ըստ ձեզ այս գիր­­քը պատ­­մութեան վկա­­յու­­թիւն մը կա­­րելի՞ է հա­­մարել։

Բ.Է.- Կար­­ծեմ թէ Էլիֆ Աթա­­լայի հե­­ղինա­­կու­­թեամբ յա­­ջող աշ­­խա­­­տու­­թիւն մը դուրս եկաւ։ Հե­­զասահ պա­­տում մը գո­­յացաւ։ Պոլ­­սա­­­հայեր բա­­ւակա­­նին զու­­գա­­­հեռ­­ներ պի­­տի գտնեն իրենց ու այս գիր­­քի բո­­վան­­դա­­­կու­­թեան մի­­ջեւ։ Իսկ ոչ հա­­յեր եւս պի­­տի տպաւորուին ան­­կաշկանդ ոճէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ