Կարօ Օլկարի Լիբանանեան այցելութիւնը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

«Չու­զե­ցինք որ քա­ղաքա­կանա­ցուած պատ­գամներ կամ ակա­դեմա­կան վեր­լուծումնե­րով զբա­ղուինք։ Մենք ուղղա­կի են­թա­կային՝ տեղ­ւոյն վրայ ապ­րող մար­դուն պատ­մածնե­րը լսել կ՚ու­զենք։ այդ պատ­ճա­ռաւ հրա­ւիրած ենք Պա­րոն Կա­րօն»։ Պէյ­րութաբ­նակ եւ ար­մատնե­րով Չմիշ­կա­զագ­ցի Տի­կին Ար­փի Ման­կա­սարեան այսպէս կը բա­ցատ­րէր այժմ պոլ­սաբնակ, բայց պա­պենա­կան եր­կիր եւ ծննդա­վայր Տէր­սի­մի հետ կա­պերը վառ պա­հած Կա­րօ Օլ­կա­րը բա­նախօ­սու­թիւննե­րու հա­մար Լի­բանան հրա­ւիրե­լու պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւնը։

Միւս կող­մէ մեր վա­ղեմի բա­րեկամ Կա­րօն եւս ոգե­ւորո­ւած էր ստա­ցած հրա­ւէրով։ «Պի­տի եր­թամ ու իմ ըն­տա­նիքէս սկսե­լով բո­լոր տէր­սի­մահա­յերու ապ­րումնե­րը պի­տի պատ­մեմ իրենց» կ՚ըսէր։ Եւ իս­կա­պէս ալ կար­ճա­տեւ պատ­րաստու­թե­նէ մը վերջ Կա­րօ Օլ­կար յու­զումնա­խառն զգա­ցումնե­րով մեկ­նե­ցաւ դէ­պի Լի­բանա­նի մայ­րա­քաղաք Պէյ­րութ։ Իր եսկ փո­խան­ցումով ինքզինք գտաւ խիստ հա­րազատ մի­ջավայ­րի մը մէջ։ Պէյ­րութեան իւ­րա­քան­չիւր օր նոր յու­զումնե­րով լե­ցուն կ՚անցնէր, երբ կը նկա­տէր բազ­մա­թիւ զու­գա­հեռ­ներ, այն նո­րայայտ մարդկանց ու իր գեր­դաստա­նի մի­ջեւ։

Կա­րօ Լի­բանա­նի մէջ խօ­սեցաւ իր ըն­տա­նիքի ան­ցած ող­բերգա­կան ճա­նապար­հի մա­սին։ Պատ­մեց թէ 1915-ի ար­հա­ւիր­քը վե­րապ­րածներ ինչպէս յա­ջողած են նման ող­բերգու­թեան կրկնու­թիւնը հա­մարո­ւող աղէ­տալի օրե­րը յաղ­թա­հարել եւ վե­րըն­ձիւղո­ւիլ իրենց սպառ­նա­ցող դա­ժանու­թիւննե­րէ։ Ափ­սո­սանք է տես­նել թէ հա­յաշ­խարհի մե­ծամաս­նութեան հա­մար ան­տե­սուած նիւթ մը դար­ձած է հան­րա­պետա­կան շրջա­նի Թուրքիոյ ան­ցուդարձնե­րը, քա­նի որ մենք հա­յերս միան­շա­նակ հա­մոզո­ւած ենք որ 1915-ի ցե­ղաս­պա­նու­թիւնով ամ­բողջո­վին վերջ գտած է հայ կեան­քը պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Ի դէմ այս հա­մատա­րած հա­մոզու­մին, հա­յու գո­յու­թիւնը շա­րու­նա­կեց Թուրքիոյ զա­նազան քա­ղաք­նե­րու մէջ, շատ ան­գամ ալ իր հիմ­նա­կան յատ­կա­նիշ­նե­րէն զրկո­ւելու երե­ւոյթնե­րով։

Հա­յու գի­տակ­ցութիւ­նը կեն­դա­նի էր, բայց հա­յախօ­սու­թիւնը ոչ։ Լքեալ ալ ըլ­լայ եկե­ղեցի­ները կը շա­րու­նա­կէին ուխտա­վայր մնալ, բայց առանց հա­յեցի ծի­սակա­տարու­թեան եւ Կա­րօն իր կեան­քի ըն­թացքին ակա­նատե­սը եղած էր այս բո­լորին։ Ան իր ըն­տա­նիքի պատ­մութե­նէն գի­տէր 1938-ին տե­ղի ու­նե­ցած զի­նուո­րական գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը, որոնց հե­տեւան­քով տեղ­ւոյն հա­յու­թիւնը կրկին ան­գամ տա­րագ­րո­ւած էր երկրի մէջ դէ­պի թրքաբ­նակ գա­ւառ­ներ, ուր բռնու­թեամբ իրենց կը պար­տադրուէր կրօ­նափո­խու­թիւն։ Յա­նուն ըն­տա­նիքի գո­յու­թեան, ձե­ւակա­նօրէն կը հա­մակեր­պէին այդ պար­տադրանքնե­րուն, բայց խոր­քին մէջ ամուր փա­րած էին իրենց ինքնու­թեան։ Ձե­ւակա­նօրէն որ­գեգրած էին թրքե­րէն անու­ներ, բայց իւ­րա­քան­չիւրը ու­նէր նաեւ իր հա­յեցի անո­ւանու­մը, որ տան մէջ ընդմիշտ կը շեշ­տո­ւէր։

Կա­րօն այս բո­լորը պատ­մեց, զինք լսե­լու հա­մար մէկ­տե­ղուած հա­սարա­կու­թեան, որոնք մեծ ու­շադրու­թեամբ հե­տեւէին անոր խօս­քե­րուն եւ հա­ւանա­բար նոյն պա­հուն կը վե­րար­ժե­ւորէին իրենց տա­րինե­րու հո­լովոյ­թով պատ­մո­ւած սխալ ըն­կա­լումնե­րը։ Յայտնու­թիւն կը դառ­նար Տէր­սի­մի հա­յերու իրենց ինքնու­թեան վե­րադառ­նա­լու հա­մար վատ­նած ջան­քե­րը, մա­նաւանդ որ այդ բո­լորը յա­ճախ կը հան­դի­պէին դժկա­մու­թեան երե­ւոյթնե­րուն։ Ինչպէս սփիւռքի, նոյնպէս Թուրքիոյ մէջ ալ շա­տեր տա­կաւին պատ­րաստ չէին իրենց հաս­տատ հա­մոզումնե­րը վե­րատե­սու­թեան են­թարկե­լու։ Դժո­ւար պա­տաս­խա­նելի հար­ցումներ կը գո­յանա­յին իրենց դի­մաց։ Ու­րեմն կար ծպտեալ պայ­մաննե­րով ալ ըլ­լայ գո­յու­թիւնը պա­հած հայ ինքնութիւն մը։ Այս դէպ­քին ինչպէ՞ս վե­րաբե­րիլ կոր­սո­ւած որդւոյն հետ։ Հե­տեւիլ աւագ եղ­բօր մեր­ձե­ցու­մին, որ հօ­րը կ՚ըսէր թէ բո­լոր դժո­ւարու­թիւննե­րու ժա­մանակ ինք եղած է հա­ւատա­րի որ­դի , երբ եղ­բայրը կո­րած էր օտա­րու­թեան մէջ։ Հե­տեւա­բար այ­սօր ալ ցան­կա­լի չէ իր գո­յու­թիւնը։ Փո­խարէ­նը հայ­րը կը պատ­րաստո­ւէր ու­ծա­ցու­մէն փրկո­ւած որդւոյն հա­մար խնճոյք պատ­րաստե­լու։

Կա­րօ Օլ­կա­րի Լի­բանա­նեան օրե­րը ան­գամ մը եւս մեր օրա­կար­գին բե­րին կոր­սո­ւած ու ապա վե­րագտնո­ւած որդւոյն առա­կը։ Եր­կու ճա­նապարհ կայ մեր առ­ջեւ, գրկել կամ մեր­ժել։ Յայտնի է որ եր­կու ձգտումներն ալ պի­տի ու­նե­նան իրենց կողմնա­կից­նե­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ