Զօրակցութիւն Չիղտեմ Մաթերի

«Քան»ի փառատօնի ընթացքին զօրակցութիւն Չիղտեմ Մաթերի։ Ֆրանսայի Քան քաղաքի մէջ 75-րդ անգամ մեկնարկող փառատօնը վերածուեցաւ «Կէզի» զբօսայգիի դէպքերու բերմամբ 18 տարուայ ազատազրկման դատապարտուած Չիղտեմ Մաթերի հետ զօրակցութեան հարթակի։

«3000 Տարուայ Կարօտ» ֆիլմին աշխատակցած արուեստագէտներ «Ազատութիւն Չիղտեմ Մաթերին» գրուած վերտառութիւններով հաւաքաբար նկարուեցան եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին պաշտօնակիցի հանդէպ։

Փառատօնի շրջանակին մէջ Էմին Ալփերի հեղինակած «Ցամքած Օրեր» ֆիլմի առաջին ներկայացման ընթացքին Էմին Ալփեր ողջունեց Չիղտեմ Մաթերը, որ նաեւ այս ֆիլմի արտադրիչներու խմբակին մաս կը կազմէր։

«Պաշտօնակից եւ իմ ֆիլմի համաարտադրիչ Չիղտեմ Մաթերին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ։ Ան այս պահուն մեզի հետ չէ, քանի որ ծիծաղելի մեղադրանքով մը բանտարկուած է։ Բայց մեր միտքը ու սիրտը միշտ իր հետ է» ըսաւ Էմին Ալփեր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ