Պրիւքսէլի մէջ եռակողմ հանդիպում

Հայաստա­նի վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան, Ատրպէյ­ճա­նի նա­խագահ Իլ­համ Ալիեւ եւ Եւոր­պա­կան խոր­հուրդի նա­խագահ Շառլ Մի­շէլ Պրիւքսէ­լի մէջ մէկ­տե­ղուե­ցան եւ քննար­կե­ցին տա­րած­քաշրջա­նի առ­կայ խնդիր­նե­րը։

Հան­դիպման ըն­թացքին քննար­կուեցաւ տա­րած­քաշրջա­նի հա­ղոր­դակցու­թեան բա­ցուե­լու, սահ­մա­նագի­ծը ճշդել եւ անվտան­գութեան յանձնա­խումբի աշ­խա­հան­քի մեկ­նարկե­լու մա­սին նիւ­թե­րը։

Կող­մե­րու օրա­կար­գին էին նաեւ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատրպէյ­ճա­նի մի­ջեւ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու բնա­կանո­նացու­մը եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի հիմ­նախնդրի լուծման մա­սին նիւ­թեր։

Կող­մե­րը հա­մաձայ­նե­ցան Յու­լիս կամ Օգոս­տոս ամիս­նե­րուն կրկին մէկ­տե­ղուիլ եւ գոր­ծընթա­ցի յա­րատե­ւու­մը հաս­տա­տել։

Եւ­րո­պական խոր­հուրդի նա­խագահ Շառլ Մի­շէլ եռա­կողմ ժո­ղովի աւար­տին յայ­տա­րարութիւն մը ընե­լով նշեց թէ բա­նակ­ցութիւննե­րը ան­ցած են մտե­րիմ եւ ար­դիւնքա­բեր։ «Բո­լոր խնդիր­նե­րը քննար­կե­ցինք։ Ական­նե­րու մաք­րա­գոր­ծումը, ձեր­բա­կալո­ւած­նե­րու ազատ ար­ձա­կու­մը եւ ան­յայտ կո­րած­նե­րու հե­տեւանքնե­րը ստու­գե­լու աշ­խա­տու­թիւննե­րը նե­րառեալ քննար­կե­ցինք մարդկա­յին խնդիր­նե­րը։ Սահ­մա­նի ճշդման մա­սին յանձնա­խումբը առա­ջին միատեղ քնար­կումը պի­տի կա­տարէ սահ­մա­նագ­ծի վրայ։ Առաջ­նորդնե­րը հա­ղոր­դակցու­թեան գի­ծերը ար­գե­լափա­կող գոր­ծօննե­րը վե­րաց­նե­լու հա­մար հա­մաձայ­նե­ցան։ Արեւմտեան Ատրպէյ­ճա­նի եւ Նա­խիջե­ւանի մի­ջեւ ու նաեւ Ատրպէյ­ճա­նի վրա­յէն Հա­յաս­տա­նի տար­բեր մար­զեր հաս­նե­լու հա­մար ուղղա­կի անցքե­րու մա­սին հա­մաձայ­նութիւններ գո­յացան։ Փոխ վար­չա­պետ­նե­րը յա­ռաջի­կայ օրե­րու­ն այս աշ­խա­տան­քը ալ աւե­լի զար­գացնե­լու հա­մար հան­դի­պումներ պի­տի ու­նե­նան։ Առաջ­նորդնե­րը նաեւ հա­մաձայ­նե­ցան հա­կադ­րուած եր­կու պե­տու­թիւննե­րու մի­ջեւ միջ­պե­տական յա­րաբե­րու­թիւննե­րը կար­գա­ւորող գոր­ծընթաց­քի աշ­խոյժաց­ման մա­սին։ Այս մա­սին պի­տի աշ­խա­տի եր­կու պե­տու­թիւննե­րու ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարար­նե­րու գլխա­ւորած դի­ւանա­գէտ­ներ»։

Շառլ Մի­շէլ նաեւ նշած է թէ ար­ցա­խահա­յու­թեան իրա­ւունքնե­րը եւ անվտան­գութիւ­նը երաշ­խա­ւորե­լու անխրա­ժեշ­տութիւ­նը թե­լադ­րած է ժո­ղովի ըն­թացքին։

«ԵՄ եր­կու եր­կիրնե­րու ժո­ղովուրդնե­րուն ի նպաստ տնտե­սական զար­գա­ցու­մը նպա­տակադ­րող Տնտե­սական Խորհրդակ­ցա­կան Խմբա­կի աշ­խա­տու­թիւննե­րը պի­տի զար­գացնէ կող­մե­րու հետ միասին»։ Ան նաեւ նշած է թէ ժո­ղովուրդնե­րը յա­րատեւ խա­ղաղու­թեան մը տա­նելու հա­մար Եւրո­միու­թեան աջակ­ցութիւ­նը ալ աւե­լի պի­տի աճի։ 22 Մա­յիսի այս հան­դի­պու­մը Պրիւքսէ­լեան մեր եր­րորդ ժո­ղովն էր։ Նոյն բնոյ­թով վեր­ջին ան­գամ 6 Ապ­րի­լին մէկ­տե­ղուած էինք» ըսաւ Շառլ Մի­շէլ։

Յի­շեց­նենք թէ Պրիւքսէ­լեան հան­դի­պումնե­րու առա­ջինը կա­յացած էր 15 Ապ­րիլ 2021-ին։

Այս յայ­տա­րարու­թիւննե­րէն ետք Հա­յաս­տա­նի եւ Ատրպէյ­ճա­նի փոխ վար­չա­պետ­ներ Մհեր Գրի­գորեան եւ Շա­հին Մուսթա­ֆաեւ մէկ­տե­ղուե­ցան Հա­յաս­տա­նէ Ատրպէյ­ճան սահ­մա­նագ­ծի վրայ՝ ուր քննար­կե­ցին սահ­մա­նի անվտան­գութեան վե­րաբե­րեալ նիւ­թեր։ Հա­մաձայ­նե­ցան երկրորդ հան­դի­պու­մը Մոս­կո­ւայի եւ եր­րորդին ալ Պրիւքսէ­լի մէջ կա­յացնե­լու մա­սին։

Ինչպէս յա­ճախ կը պա­տահի 22 Մա­յիսի հան­դի­պու­մէն ետք ալ կող­մե­րը իրար հա­կասող ելոյթնե­րով հան­դէս եկան։ Այսպէս Ատրպէյ­ճա­նի նա­խագահ Իլ­համ Ալիեւ Թուրքիոյ նա­խագահ Էր­տո­ղանի հետ ու­նե­ցած հե­ռախօ­սազ­րոյցի ըն­թացքին յայտնած է թէ Զան­գե­զու­րի մի­ջանցքի բա­ցուե­լու մա­սին հա­մաձայ­նած են Հա­յաս­տա­նի հետ։ Ալիեւի այս պնդու­մը իս­կոյն հեր­քո­ւեցաւ Հայստա­նի Անվտան­գութեան Խոր­հուրդի քար­տուղար Ար­մէն Գրի­գորեանի կող­մէ՝ որ իր կար­գին յայտնեց թէ Հա­յաս­տա­նի հո­ղերէն ներս պի­տի չգոր­ծէ մի­ջանցքի տրա­մաբա­նու­թիւնը։

Ար­մէն Գրի­գորեան «Ար­մենպրես»ի Ալիեւի յայ­տա­րարու­թիւնը յի­շեց­նող հար­ցումին պա­տաս­խա­նած է հե­տեւեալ կեր­պով. «Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան դիր­քո­րոշու­մը չէ փո­խուած։ Հա­յաս­տա­նի հո­ղերուն վրայ մի­ջանցքի տրա­մաբա­նու­թիւն մը պի­տի չգոր­ծէ։ Պրիւքսէ­լի մէջ հա­մաձայ­նութիւն գո­յացած է տա­րած­քաշրջա­նի հա­ղոր­դակցու­թեան ցան­ցե­րու բաց ըլ­լա­լուն մա­սին։ Եւոր­խորհուրդա­րանի նա­խագա­հի կա­տարած յայ­տա­րարու­թիւններն ալ այս բնոյ­թի են։ Տա­րած­քաշրջա­նի հա­ղոր­դակցու­թեան գոր­ծե­րուն մագ­սա­կէտ­նե­րու ստուգման, անցման վարձքե­րու գանձման եւ մի­ջազ­գա­յին թրան­սիթ ճա­նապար­հորդու­թեան կա­նոն­նե­րով բաց ճա­նապարհնե­րը մի­ջանցք չեն հա­մարո­ւիր»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ