«Ղուկասին Կինը» Պոլսոյ մէջ

Մարտ ամսուայ մէջ Ֆրանսայի Նիս քաղաքը ներկայացած, Պոլսեցի գրող Արտաւազդ Պէզիրճեանի գործ՝ «Ղուկասին Կինը» թատերախաղի տեսային արձանագրութիւնը 6 Յունիս Երկուշաբթի 20։30-ին Ֆէրիգիւղի Նազար Շիրինօղլու եւ 8 Յունիս Չորեքշաբթի 20։30-ին Արամեան Սանոց Միութեան սրահներու մէջ խոշոր պաստառի վրայ պիտի ցուցադրուի արուեստասէր համայնքի։ Երեկոյեան ներկայ պիտի գտնուին խաղի հեղինակը եւ բեմադրիչը. Ֆրանսայէն Տիկին Պէրթա Պասթաճը Կիւվէնը, որոնց արուեստական անցեալի եւ այժմեայ գործունէութեանց մասին տեղեկութիւններ պիտի մատուցուի, եւ իրենց հետ շփուելու առիթ պիտի ընծայուի։ Երկու ձեռնարկութիւններուն ալ մուտքը ազատ է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ