Տանջանքի դէպքերու գերազանց աճ

Թուրքիոյ Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Հիմ­նարկի դար­մանման կեդ­րո­նը հրա­պարա­կեց 2021-ի տե­ղեկա­գիրը։ Տե­ղեկա­գիրը կը վկա­յէ թէ նա­խորդ տա­րուայ ըն­թացքին տան­ջանքի են­թարկո­ւելով դի­մող­նե­րու թի­ւը գե­րազան­ցած է նա­խորդ 30 տա­րինե­րու տո­ւեալ­նե­րը։ Այսպէս 2021-ի ըն­թացքին 984 դի­մող­ներ ար­ձա­նագրուած են։ Անոնցմէ 616-ը նշեալ տա­րուայ ըն­թացքին տան­ջանքի մատ­նո­ւած են։ Տան­ջանքի մատ­նո­ւած­նե­րու կրտսե­րագոյ­նը 5 տա­րեկան է եւ երի­ցագոյ­նը 76։

Դի­մումնե­րու մե­ծամաս­նութիւ­նը կա­տարո­ւած է կազ­մա­կեր­պութեան Իս­թանպու­լի մաս­նա­ճիւ­ղին։ Իս­թանպու­լի 307 դի­մումնե­րուն կը յա­ջոր­դեն Վա­նի 263, Տի­յար­պե­քիրի 166, Իզ­մի­րի 134, Ան­գա­րայի 66 եւ Ճիզ­րէ­յի 48 դի­մումնե­րը։

Պո­ղազի­չի Հա­մալ­սա­րանի ու­սա­նող­նե­րու նշա­նակո­ւած տե­սու­չի դէմ բո­ղոք­նե­րու ըն­թացքին բեր­ման են­թարկո­ւած­նե­րը եւ «ԼԿՊԹ» նե­րու դէմ ատե­լու­թեան ար­շաւնե­րը ամ­բողջ տա­րուայ ըն­թացքին շա­րու­նա­կուե­ցան։

Իս­թանպու­լի Պայ­մա­նագ­րի չե­ղար­կումէն ետք բո­ղոքող կի­ներն ալ տան­ջանքնե­րէն ազ­դո­ւած խմբակ­նե­րու մէջ են։

Տե­ղեկա­գիրը նաեւ հա­մեմա­տական տո­ւեալ­ներ կը փո­խան­ցէ դի­մումնե­րու սե­ռային բա­ժան­մունքին մա­սին։ Այսպէս տան­ջանքի են­թարկո­ւած­նե­րէն 35,2 կի­ներ են եւ 60,5 ալ այ­րեր։ անոնց մէջ 4,2 տո­կոսն ալ կը պա­տակա­նի եր­րորդ սե­ռին, այ­սինքն միասե­ռական­նե­րուն։

Դի­մող­նե­րէն 89,9 տո­կոսը յայտնած են թէ տան­ջանքի են­թարկո­ւած են քա­ղաքա­կան հա­կումնե­րու կամ ինքնու­թիւննե­րու հե­տեւան­քով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ