Մարմնամարզական Խրախճանք

31Մայիս 2022 Երեք­շաբթի օր Գալ­ֆաեան Վար­ժա­րանի կող­մէ Վար­սեն Օրունճագ­ճըէլի անո­ւան յի­շատա­կին Գալ­ֆաեան վար­ժա­րանի կող­մէ՝ Պուրհան Ֆէ­լէք Մար­զա­դաշ­տին մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւեցաւ ԺԵ. Մարմնա­մար­զա­կան Խրախ­ճանքը։ Այս կազ­մա­կեր­պութեան մաս­նակցե­ցան մեր 10 ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րէն 300 աշա­կերտներ։ Գալ­ֆաեան Վար­ժա­րանի մար­զանքի ու­սուցիչ Հա­գան Կիւ­նարդան ստանձնած էր բո­լոր կար­գադրու­թիւննե­րը, որուն աջա­կից հան­դի­սացաւ նաեւ Գալ­ֆաեանի տնօ­րէնու­հի Օր. Թա­մար Նէր­կիս։

Խրախ­ճանքի ըն­թացքին բո­լոր մաս­նա­կից վար­ժա­րան­նե­րը ստա­ցան փլա­քէթ­ներ ու աշա­կերտներն ալ օրո­ւայ յի­շատա­կին առ­թիւ մե­տայլներ։

Այս աւան­դա­կան զո­ւարթ ու հա­ճելի մթնո­լոր­տին առիթ ստեղ­ծո­ւեցաւ՝ ազ­գա­յին բա­րերա­րու­հի Տի­կին Մարգրիտ Աթ­մա­ճայի կող­մէ, զոր դուստրն է ող­բա­ցեալ Վար­սեն Օրունճագ­ճըէլի։

Ինչպէս միշտ այս տա­րի ալ իր կող­մէ ստանձնո­ւեցաւ օրո­ւայ բո­լոր ծախ­սե­րը։

Գալ­ֆաեանի կող­մէ տա­րինե­րէ ի վեր կա­տարո­ւած այս մրցու­մին նպա­տակն է տղոց մէջ մարմնա­մար­զի սէ­րը արթնցնել ու զա­նոնք այս ուղղու­թեամբ քա­ջալե­րել։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ