Շնորհանդէս «Նոսթալժի» գրախանութի մէջ

10Յունիս ուրբաթ երե­կոյ ժա­մը 19.30-ին, գիր­քի շնոր­հանդէս պի­տի կա­յանայ Էլիֆ Աթա­լայի հե­ղինա­կած «Առանց ֆէսը քցե­լու, Բագ­րատ Էս­դուգեանի պա­տու­մը» անուն գիր­քին հա­մար։ Օս­մանպէյ «Նոս­թալժի» գրա­տան մէջ կա­յանա­լիք շնոր­հանդէ­սին հե­ղինա­կի կող­քին պի­տի մաս­նակցի նաեւ, այդ պա­տումնե­րու են­թա­կայ Բագ­րատ Էս­դուգեան։

Մե­նագ­րութեան մը բնոյ­թը ու­նե­ցող հա­տորը Էս­դուգեանի կեան­քը կը ցո­լաց­նէ սե­րունդնե­րու հո­լովոյ­թով։ Ըն­թերցո­ղը գիր­քի էջե­րուն մէջ կը հան­դի­պի Էս­դուգեանի նախ­նի­ներուն Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նէն դէ­պի Պո­լիս եր­կա­րող ոդի­սակա­նին։ Գիր­քը նաեւ վկա­յու­թիւններ կը բե­րէ Պոլ­սոյ եր­բեմնի հա­յաշատ թա­ղերէն, ուր ան­ցած է Էս­դուգեանի ման­կութիւ­նը եւ պա­տանու­թիւնը։

Սերնդա­կից­ներ իրենց կեան­քէն ալ զու­գա­հեռ­ներ կը գտնեն, այս պա­տումնե­րու մէջ, իսկ կրտսեր սե­րունդի հա­մար գիր­քը կը խոս­տա­նայ նո­րանոր յայտնա­բերումներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ