Փաստաբանները կը դիմեն վճռաբեկ Ատեան

Տինք ընտանի­քի փաս­տա­բան­նե­րը ոճի­րի մա­սին Իս­թանպու­լի 14-րդ Եղեռ­­նա­­­դատ Ատեանի վճի­­ռը ար­­ձա­­­կելէն ետք ծա­­ւալուն աղեր­­սագրով մը իրենց առար­­կութիւ­­նը ներ­­կա­­­յացու­­ցած էին։ Իրա­­ւապաշտպան­­ներ Հա­­քան Պա­­քըր­­ճըօղ­­լու, Պահ­­րի Պե­­լեն եւ Հիւլյա Տե­­ւեճի 19 էջա­­նանոց առար­­կութեան մէջ հա­­կազ­­դած էին կարգ մը ամ­­բաստա­­նեալ­­նե­­­րու ան­­պարտ հռչա­­կու­­մին եւ առ­­հա­­­սարակ դա­­տական գոր­­ծընթա­­ցի սխալ կա­­յանա­­լուն։ Այդ առար­­կութիւ­­նը քննար­­կող Իս­­թանպու­­լի Շրջա­­նային Դա­­տարա­­նը 5 Մա­­յիսին կա­­յացած որո­­շու­­մով մեր­­ժեց փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րու առար­­կութիւ­­նը։ Ապա Տինք ըն­­տա­­­նիքի իրա­­ւապաշտպան­­նե­­­րը շատ աւե­­լի բո­­վան­­դա­­­կալից թղթած­­րա­­­րով մը մի առ մի նշե­­ցին դա­­տավա­­րու­­թեան թե­­րացումնե­­րը։

Փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րը դի­­տել տո­­ւին թէ ամ­­բողջո­­վին ան­­տե­­­սուած է դէ­­պի ոճիր եր­­կա­­­րող գոր­­ծընթա­­ցի հիմ­­նա­­­կան փու­­լե­­­րը։ Ի դէմ իրենց ներ­­կա­­­յացու­­ցած պա­­հանջնե­­րուն, Հրանդ Տին­­քը թի­­րախի վե­­րածող գոր­­ծընթա­­ցի գլխա­­ւոր դե­­րակա­­տար­­ներ Վե­­լի Քիւ­­չիւք, Քե­­մալ Քե­­րինչսիզ եւ Օք­­թայ Եըլ­­տը­­­րըմ դի­­տումնա­­ւոր կեր­­պով զերծ պա­­հուած են դա­­տական գոր­­ծընթա­­ցէ։

Այժմ խնդի­­րը փո­­խան­­ցո­­­ւած է Վճռա­­բեկ Ատեան, որու պա­­տաս­­խա­­­նը ճա­­կատագ­­րա­­­կան կրնայ ըլ­­լալ դա­­տական ըն­­թացքի յա­ռաջի­կայ զար­գա­ցումնե­րուն հա­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ