«Կէզի»ի գործիչները կը շարունակեն իրենց կամքը պարտադրել իշխանութեան շրջանակներուն

2013 թո­­ւակա­­նին «Կէ­­զի» զբօ­­սայ­­գիի մէջ կա­­տարո­­ւած բո­­ղոքի ցոյ­­ցե­­­րը մեծ տպա­­ւորու­­թիւն թո­­ղած են Թուրքիոյ քա­­ղաքա­­ցիական պատ­­մութեան մէջ։ Այդ պատ­­ճա­­­ռաւ ալ ամէն տա­­րի Մայ­­րի­­­սի 31-ին կը յի­­շուին այդ դէպ­­քե­­­րը եւ իշ­­խա­­­նամէտ կամ ընդդի­­մադիր մա­­մու­­լը իւ­­րա­­­քան­­չիւրը իր կող­­մէն դի­­տուած մեկ­­նա­­­բանու­­թիւննե­­րով կը վեր­­լուծեն պա­­տահած­­նե­­­րը։

Այս տա­­րի մա­­նաւանդ ալ գայ­­թակղու­­թեան հա­­մազօր անօ­­րինու­­թիւննե­­րով աւար­­տած դա­­տավա­­րու­­թիւննե­­րէ վերջ «Կէ­­զի»ի դէպ­­քե­­­րու յի­­շատա­­կու­­մը շատ աւե­­լի աղմկա­­յարոյց նշո­­ւեցաւ։ Ար­­դէն բո­­լորին ծա­­նօթ է խորհրդա­­րանա­­կան եւ նա­­խագա­­հական ընտրու­­թիւննե­­րու ըն­­դա­­­ռաջ իշ­­խա­­­նու­­թեան գոր­­ծադրած լա­­րուա­­ծու­­թեան ռազ­­մա­­­վարու­­թիւնը։ Կար­­ծես բո­­լոր այս գոր­­ծօննե­­րը իրար ամ­­բողջաց­­նե­­­լով այս տա­­րուայ յի­­շատա­­կումնե­­րը շատ աւե­­լի լա­­րուած մթնո­­լորտնի մը վե­­րածե­­ցին։

Թաք­­սի­­­մի Զօ­­րակ­­ցութեան Հար­­թա­­­կը կոչ ուղղեց հրա­­պարա­­կին վրայ մէկ­­տե­­­ղուե­­լու հա­­մար։ Մինչ այդ Թուրքիոյ Բա­­նուո­­րական Կու­­սակցու­­թեան նա­­խագա­­հը եւ երես­­փո­­­խան­­ներ Վոս­­փո­­­րի կա­­մուրջին վրայ պար­­զած պաս­­տա­­­ռով փոր­­ձե­­­ցին հա­­սարա­­կու­­թեան ու­­շադրու­­թիւնը ուղղել այդ օրե­­րու ան­­ցուդարձնե­­րուն։

Այդ շար­­ժումի դէմ ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րու վե­­րաբե­­րու­­մը բա­­ւակա­­նին սուր եղաւ եւ ոս­­տի­­­կանու­­թիւնը իր լի­­զօրու­­թիւննե­­րու սահ­­մաննե­­րը ոտ­­նա­­­կոխե­­լով բռնու­­թիւն կի­­րար­­կեց երես­­փո­­­խան­­նե­­­րու դէմ։

Միւս կող­­մէ երե­­կոյեան ժա­­մերուն բազ­­մա­­­հարիւր ցու­­ցա­­­րար­­ներ մէկ­­տե­­­ղուե­­ցան Ճար­­տա­­­րապետ­­նե­­­րու սե­­նեակի առ­­ջեւ եւ փոր­­ձե­­­ցին բարձրա­­ձայ­­նել իրենց իսկ պատ­­րաստած մա­­մալոյ յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը։ Ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը այստեղ եւս դի­­մեցին բռնու­­թեան եւ բազ­­մա­­­թիւ ցու­­ցա­­­րար­­ներ բեր­­ման են­­թարկո­­ւեցան։

Նաեւ խոշ­­տանգո­­ւեցան ընդդի­­մադիր մա­­մու­­լի թղթա­­կից­­ներ եւ նկա­­րահան­­ներ։

Այս բո­­լորին զու­­գա­­­հեռ բան­­տարկուած մտա­­ւորա­­կան­­նե­­­րու անու­­նով Միւ­­ճելլա Եափը­­ճը ալ բան­­տէն ուղղար­­կած գրա­­ռու­­մով մը ող­­ջունեց դի­­մադ­­րութան կամ­­քը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ