Արգիլեցին Մոլիէրի քրտերէն բեմադրութիւնը

Մոլիէրի «Թար­­թիւֆ» պիէսի բե­­մադ­­րութիւ­­նը Ատա­­նայէն վերջ Մե­­րիս­­նի մէջ ալ ար­­գի­­­լուե­­ցաւ հա­­սարա­­կական անվտան­­գութեան պատ­­րո­­­ւակով։

Սոյն բե­­մադ­­րութիւ­­նը նա­­խապէս ալ 5 Դեկ­­տեմբեր 2021-ին Մար­­տի­­­նի մէջ ար­­գի­­­լուած էր։

Ամի­­տայի թատ­­րո­­­նը հրա­­պարա­­կեց հե­­տեւեալ յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը. «Հիւ­­րա­­­խաղե­­րու ծրա­­գիրը մշա­­կած էինք 5 Յու­­նի­­­սին Ատա­­նայի եւ 6 Յու­­նի­­­սին ալ Մեր­­սի­­­նի մէջ «Թար­­թիւֆ»ը բե­­մադ­­րե­­­լու հա­­մար։ Նա­­խապէս եր­­կու քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ ալ թա­­տերաս­­րահ վար­­ձե­­­լու հա­­մար դի­­մում կա­­տարե­­ցինք Ատա­­նայի եւ Մեր­­սի­­­նի քաղ­­քա­­­պետա­­րան­­նե­­­րուն։ Եր­­կու քա­­ղաքա­­պետա­­րան­­նե­­­րու մշա­­կու­­թա­­­յին գոր­­ծե­­­րու պաշ­­տօ­­­նակա­­տար­­նե­­­րը նման անհրա­­ժեշ­­տութիւն մը չըլ­­լա­­­լով հան­­դերձ կու­­սա­­­կալու­­թիւննե­­րէ թոյլտո­­ւու­­թիւն պա­­հան­­ջե­­­ցին։ Կա­­տարե­­ցինք պա­­հան­­ջո­­­ւած դի­­մումնե­­րը եւ սա­­կայն եր­­կու կու­­սա­­­կալու­­թիւններն ալ ան­­պա­­­տեհ գտան Մո­­լիէրի քրտե­­րէն ներ­­կա­­­յացու­­մը։ Մա­­նաւանդ Մեր­­սի­­­նի մէջ ժխտա­­կան պա­­տաս­­խա­­­նը ստա­­ցանք բե­­մադ­­րութե­­նէն 20 ժա­­մ առաջ, կի­­րակի գի­­շեր ժա­­մը 23.00-ին։ Նման վե­­րաբեր­­մունք կ՚ապա­­ցու­­ցէ թէ չե­­ղար­­կե­­­լու այս որո­­շումնե­­րը բո­­լորո­­վին կ՚ա­­մայա­­կան են։ Մտա­­հոգ ենք տես­­նե­­­լով թէ քրտե­­րէնով կա­­տարո­­ւած արո­­ւես­­տի դէմ այս ար­­գելքնե­­րը հետզհգտէ յա­­րատեւ կը դառ­­նան» ըսո­­ւած է Ամի­­տայի թատ­­րո­­­նի այս մա­­սին կա­­տարած յայ­­տա­­­րարու­­թեան մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ