Մեկնարկեց Խաչատուրանի անուան 18-րդ միջազգային մրցումը

Անուանի հայ եր­գա­հան Արամ Խա­չատու­րեանի անու­նով 18-րդ Մի­ջազ­գա­յին Երաժշտա­կան Մրցու­մը մեկ­­նարկեց Երե­­ւանի մէջ 6 Յու­­նիս թո­­ւակա­­նին, որ նաեւ Արամ Խա­­չատու­­րեանի ծննդեան օրն է։

Մի­­ջոցա­­ռու­­մը մեկ­­նարկեց մրցման մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րու, դա­­տակազ­­մի եւ կազ­­մա­­­կեր­­պիչնե­­րու Երե­­ւանի պան­­թէոնին մէջ Արամ Խա­­չատու­­րեանի շիր­­մին վե­­րեւ յար­­գանքի տուրք մա­­տու­­ցե­­­լով։

Մրցման գլխա­­ւոր նպա­­տակ կը հա­­մարո­­ւի երի­­տասարդ երա­­ժիշտնե­­րու յայտնա­­բերու­­մը։ Այս տա­­րի մրցու­­մին բա­­ցի Հա­­յաս­­տա­­­նէն, Պել­­կիա, Ռու­­սիա, Վե­­նեզո­­ւէլա, Հա­­րաւա­­յին Քո­­րէա, Ճա­­փոնիա, Չի­­նաս­­տան, Ռու­­մի­­­նիա, Մոլ­­տո­­­վա, Պե­­լառուս, Զո­­ւիցե­­րիա, Սպա­­նիա եւ Իտա­­լիայէն 19 թաւ­­ջութա­­կահար­­ներ կը մաս­­նակցին։

Մրցու­­մի բա­­ցու­­մը կա­­տարո­­ւեցաւ Հա­­յաս­­տա­­­նի Պե­­տակա­­նա Սին­­ֆո­­­նիկ Նո­­ւագա­­խումբի հա­­մեր­­գով։ Սեր­­կէյ Սմբա­­տեանի խմբա­­վարած հա­­մեր­­գին մե­­նակա­­տարն էր անո­­ւանի ջու­­թա­­­կահար Քրիս­­տոֆ Պա­­րաթի։

Մրցման ար­­դիւնքնե­­րը պի­­տի յայ­­տա­­­րարո­­ւին 13 Յու­­նի­­­սին կա­­յանա­­լիք յա­­տուկ մի­­ջոցա­­ռու­­մով։

Արամ Խա­­չատու­­րեանի անո­­ւան Մի­­ջազ­­գա­­­յին Երաժշտա­­կան Մրցու­­մը առա­­ջին ան­­գամ կա­­յացած էր եր­­գա­­­հանի ծննդեան 100-ամեակին՝ 6 Յու­­նիս 2003 թո­ւականին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ