Համայնքներու պահանջները կը հակասեն իրարու

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ,
ՄԻՀՐԱՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Հայ Հիմ­­նարկնե­­­րու միու­­­թեան՝ ԷՐ­­­ՎԱՊ-ի առա­­­ջին նիս­­­տը տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցաւ 6 Յու­­­նիս եր­­­կուշաբ­­­թի օր Սուրբ Փրկիչ Հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոցի սրա­­­հին մէջ։ Հա­­­մավա­­­րակի պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ աւե­­­լի քան եր­­­կու տա­­­րիէ ի վեր չէր կա­­­յանար ԷՐ­­­ՎԱՊ-ի ժո­­­ղով­­­նե­­­­­­­րը, որոնք ան­­­ցեալին ու­­­նէին ամ­­­սա­­­­­­­կան հեր­­­թա­­­­­­­կանու­­­թեան բնոյթ։

Եր­­­կուշաբ­­­թի օրո­­­ւայ ժո­­­ղովին նա­­­խագա­­­հեց Թուրքիոյ Հա­­­յոց Պատ­­­րիարք Սա­­­հակ Բ. Մա­­­շալեան։ Օրա­­­կար­­­գի գլխա­­­ւոր նիւթն էր ինը տա­­­րիէ ի վեր չկա­­­յացող հա­­­մայնքա­­­յին հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րու ընտրու­­­թիւննե­­­րը։ Պատ­­­րիարք սրբա­­­զանի խօս­­­քե­­­­­­­րով այս բաց­­­թո­­­­­­­ղու­­­մը մօ­­­տեցած է իր աւար­­­տին եւ կ՚ակնկա­­­լուի թէ սոյն տա­­­րուայ ըն­­­թացքին կա­­­յանան հա­­­մայնքա­­­յին հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րու վար­­­չութիւննե­­­րու ընտրու­­­թիւննե­­­րը։

Իսկ Սուրբ Փրկիչ Ազ­­­գա­­­­­­­յին Հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոցի հո­­­գաբար­­­ձութեան ընտրու­­­թեան հա­­­մար կը նա­­­խատե­­­սուի 2023 թո­­­ւակա­­­նը։ Յայտնի չէ թէ ո՞ր պայ­­­մաննե­­­րու բե­­­րու­­­մով հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոցի հո­­­գաբար­­­ձութեան ընտրու­­­թիւնը ան­­­ջա­­­­­­­տուած է ամ­­­բողջէն։

Պատ­­­րիարք սրբա­­­զանը պար­­­զեց նաեւ ընտրու­­­թիւննե­­­րու մաս­­­նակցե­­­լու դրու­­­թեան մա­­­սին փոք­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութեան տար­­­բեր հա­­­մայնքնե­­­րու ակնկա­­­լու­­­թիւննե­­­րը։ «Յոյն հա­­­մայքնը կը պա­­­հան­­­ջէ որ ընտրու­­­թիւնը կա­­­յանայ նա­­­հան­­­գա­­­­­­­յին բնոյ­­­թով եւ քա­­­ղաքի բո­­­լոր յոյն հայ­­­րե­­­­­­­նակից­­­նե­­­­­­­րը քո­­­ւէար­­­կեն բո­­­լոր հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րու հա­­­մար» ըսաւ պատ­­­րիար­­­քը։

Նշենք որ երկրի յոյն հա­­­մայնքը ամե­­­նաշատ հիմ­­­նարկներ ու­­­նե­­­­­­­նալով հան­­­դէպ ամե­­­նանո­­­ւազ բնակ­­­չութիւն ու­­­նե­­­­­­­ցողն է։ Ասոր փո­­­խարէն ասո­­­րիներ կը պա­­­հան­­­ջեն թէ հիմ­­­նարկնե­­­րու վար­­­չութիւննե­­­րը ընտրո­­­ւին թաղ առ թաղ, գիւղ առ գիւղ։ Անոնց այս պա­­­հան­­­ջը կը հա­­­մապա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նէ նա­­­խորդ դրու­­­թեան, որուն դէմ առար­­­կութիւննե­­­րու հե­­­տեւան­­­քով անհրա­­­ժեշ­­­տութիւն դար­­­ձած էր նոր կա­­­նոնագ­­­րի մը ձե­­­ւաւո­­­րու­­­մը։ Դի­­­տելով Պոլ­­­սոյ թա­­­ղերէ ներս հայ բնակ­­­չութեան ժա­­­մանա­­­կի ըն­­­թացքին ապ­­­րած տե­­­ղափո­­­խու­­­թիւննե­­­րը, հա­­­յոց պա­­­հանջն է ընտրա­­­տարած­­­քը հա­­­ւաքել ամ­­­բողջ Պոլ­­­սոյ մաշ­­­տա­­­­­­­բով։ «Մե­­­զի հա­­­մար ձեռնտու է նաեւ մեր հիմ­­­նարկնե­­­րը դա­­­սաւո­­­րել չորս ընտրա­­­տարած­­­քի մէջ, բայց բո­­­լորո­­­վին անըն­­­դունե­­­լի է տա­­­րան­­­ջա­­­­­­­տուած ընտրու­­­թեան հա­­­մակար­­­գը»։

Պատ­­­րիարք սրբա­­­զանի այս հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­մի ետին կա­­­րելի է դի­­­տել պոլ­­­սա­­­­­­­հայ հա­­­մայնքի յա­­­տուկ հա­­­կասու­­­թիւննե­­­րը։ Որոշ թա­­­ղեր հա­­­մարեա բո­­­լորո­­­վին հա­­­յաթափ եղած են։ Ու­­­րեմն անի­­­մաստ է այդ թա­­­ղի եկե­­­ղեցին մա­­­տակա­­­րարե­­­լու հա­­­մար թա­­­ղեցի­­­ներու թեկ­­­նա­­­­­­­ծու­­­թիւն պա­­­հան­­­ջել։ Բայց կան այնպի­­­սի թա­­­ղեր, որոնք նօս­­­րա­­­­­­­ցած բնակ­­­չութիւ­­­նով հան­­­դերձ ու­­­նին եկամ­­­տա­­­­­­­բեր կա­­­լուած­­­ներ, որուն փո­­­խարէն թա­­­ղեցի­­­ներով հա­­­րուստ, բայց կա­­­լուած­­­նե­­­­­­­րով աղ­­­քատ այլ թա­­­ղեր։ Ճիշդ ալ հոս է որ կը ծա­­­գի կար­­­ծի­­­­­­­քանե­­­րու բա­­­խու­­­մը։

Սա­­­հակ սրբա­­­զան անդրա­­­դար­­­ձաւ նաեւ կրթա­­­կան հա­­­մակար­­­գի դժո­­­ւարու­­­թիւննե­­­րուն։ Պատ­­­րիար­­­քը յայտնեց թէ, ինք ան­­­ձամբ դէմ է դպրոց փա­­­կելու առա­­­ջարկնե­­­րուն մա­­­նաւանդ երբ նման առա­­­ջարկներ կը հնչեն ընտրու­­­թիւննե­­­րու ըն­­­դա­­­­­­­ռաջ։ Նաեւ օրա­­­կար­­­գի եկաւ յա­­­ռաջի­­­կայ ընտրու­­­թիւննե­­­րու ըն­­­թացքին իրենց թեկ­­­նա­­­­­­­ծու­­­թիւնը առա­­­ջադ­­­րե­­­­­­­լու նպա­­­տակ ու­­­նե­­­­­­­ցող­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­մար հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րու ելմտա­­­յին տո­­­ւեալ­­­նե­­­­­­­րը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նող տե­­­ղեկագ­­­րի մը պատ­­­րաստու­­­թեան նիւ­­­թը։

Պա­­­քըր­­­գիւղի Ծնունդ Սուրբ Աս­­­տո­­­­­­­ւածած­­­նի եկե­­­ղեց­­­ւոյ թա­­­ղական խոր­­­հուրդի ատե­­­նապետ Մե­­­սուտ Էօզ­­­տե­­­­­­­միր «Ակօս»ին կա­­­տարած յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւննե­­­րու ըն­­­թացքին տո­­­ւաւ հե­­­տեւեալ բա­­­ցատ­­­րութիւննե­­­րը։ «Ժո­­­ղովը ար­­­դիւնա­­­ւէտ էր։ Մէկ­­­տե­­­­­­­ղուե­­­ցանք 32 հիմ­­­նարկնե­­­րու ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչնե­­­րու մաս­­­նակցու­­­թեամբ։ Օրա­­­կար­­­գի գլխա­­­ւոր նիւ­­­թը առ­­­կա­­­­­­­խուած ընտրու­­­թիւններն էին։ Պատ­­­րիարք սրբա­­­զանը ներ­­­կա­­­­­­­յացուց ընտրա­­­տարածքնե­­­րու վե­­­րաբե­­­րեալ նա­­­խագի­­­ծը։ Նա­­­խագ­­­ծի հա­­­մաձայն Ոս­­­կեղջիւ­­­րի արե­­­ւելեան եւ արեւմտեան հա­­­տուած­­­նե­­­­­­­րը, Ասիական ափը եւ գա­­­ւառի եկե­­­ղեցի­­­ները չորս ան­­­ջատ ընտրա­­­տարածքներ ըլ­­­լա­­­­­­­լով կը ներ­­­կա­­­­­­­յանան։ Մինչ այդ Սուրբ փրկիչ Հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոցի Հո­­­գաբար­­­ձութեան Ատե­­­նապետ Պետ­­­րոս Շի­­­րինօղ­­­լու դար­­­ձեալ անդրա­­­դար­­­ձաւ դպրոց­­­նե­­­­­­­րը միաց­­­նե­­­­­­­լու խնդրին, դի­­­տել տա­­­լով թէ հա­­­ւանա­­­կան երկրա­­­շար­­­ժի մը դէմ դպրո­­­ցի շէն­­­քե­­­­­­­րու ամ­­­րացման հա­­­մար նա­­­խատե­­­սուած գու­­մարնե­­րը քա­­ռապատ­­կո­­­ւած են»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ