Վայելքն ու ձանձրոյթը նոյն երեկոյեան ընթացքին

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Նախորդ հինգշաբ­­թի երե­­կոյ հա­­մայն պոլ­­սա­­­հայու­­թեան հա­­մար մեծ նշա­­նակու­­թիւն ու­­նե­­­ցող օր մը ըլ­­լա­­­լով կա­­րելի է բնու­­թագրել, քա­­նի որ այդ օր եր­­կու ան­­ջատ վա­­յելք հան­­դի­­­պած էին նոյն եր­­դի­­­կին տակ։ Այդ հան­­դիպման առա­­ջին նշա­­նակու­­թիւնն էր Սեւ Ծո­­վեայ Տնտե­­սական Հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան Կազ­­մա­­­կեր­­պութեան հիմ­­նադրու­­թեան 20-ամեակի նշու­­մը եւ երկրորդն էր Հա­­յաս­­տա­­­նի երաժշտա­­կան առաջ­­նա­­­տար ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րէն Կո­­միտաս Քա­­ռեակի հո­­յակապ հա­­մեր­­գը։

Կոմիտաս Քառեակը իր երաժշտա­­կան բարձր կա­­տարու­­մով մէկ դար է, որ կը պան­­ծացնէ գլխա­­ւորու­­թեամբ Կո­­միտաս Վար­­դա­­­պետի, հայ երաժշտու­­թեան ամե­­նակա­­րեւոր նմոյշնե­­րը։

Մի­­ջոցա­­ռու­­մը մեկ­­նարկեց շնոր­­հա­­­լի եր­­կու հա­­ղոր­­դա­­­վար­­նե­­­րու՝ Գա­­րոլին Մա­­միկո­­նեանի եւ Սա­­րօ Պենկլիեանի ող­­ջոյնի խօս­­քե­­­րով։ Անոնք իրենց եռա­­լեզու ու­­ղերձնե­­րով հա­­յերէն, անգլե­­րէն եւ թրքե­­րէնով ող­­ջունե­­ցին ներ­­կայնե­­րը եւ ապա ելոյթ ու­­նե­­­նալու հա­­մար բեմ հրա­­ւիրե­­ցին ՍԾՏՀ կազ­­մա­­­կեր­­պութե­­նէ ներս Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան մշտա­­կան ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Սա­­հակ Սարգսեանը։ Ապա ելոյթ ու­­նե­­­ցաւ ՍԾՏՀԿ ընդհա­­նուր քար­­տուղար դես­­պան Լա­­զար Քո­­մանէս­­քու եւ Կար­­գա­­­դիր Յանձնա­­խումբի անու­­նով ալ «Ժա­­մանակ» թեր­­թի խմբագ­­րա­­­պետ Արա Գօ­­չու­­նեան։

Այս ելոյթնե­­րէն ետք կա­­տարո­­ւեցաւ յու­­շա­­­նուէր­­նե­­­րու տո­­ւու­­չութիւն մը։ Այստեղ տո­­ղան­­ցե­­­ցին պոլ­­սա­­­հայ հա­­մայնքի ծա­­նօթ հա­­սարա­­կան գոր­­ծիչներ կամ բա­­րերար­­ներ, որոնցմէ մէկ մա­­սը ար­­դէն ծա­­նօթ են, այս գրա­­սենեակի հիմ­­նադրու­­թեան օրե­­րէն սկսեալ իրենց նո­­ւիրեալ աջակ­­ցութեամբ։ Օրի­­նակի հա­­մար, երբ Տիգ­­րան Ալ­­թուն բեմ կը հրա­­ւիրո­­ւէր, որ­­պէս երախ­­տի­­­քի ար­­տա­­­յայ­­տութիւն, յուշանուէր մը ստա­­նալու հա­­մար, այս կազ­­մա­­­կեր­­պութեան հիմ­­նադրու­­թեան օրե­­րուն ծա­­նօթ շա­­տեր իս­­կոյն կը յի­­շէին թէ Հա­­յաս­­տա­­­նի ներ­­կա­­­յացուցչու­­թիւնը աշ­­խա­­­տան­­քի սկսած էր նոյն ինքն Տիգ­­րան Ալ­­թունի սե­­փական գրա­­սենեակին մէջ, իրեն տրա­­մադ­­րո­­­ւած սե­­նեակով մը։

Նոյնպէս Սամ­­սոն Էօզա­­րարատ հիմ­­նադրու­­թեան այդ առա­­ջին օրե­­րուն կա­­րեւոր ներդրում ու­­նե­­­ցած էր։ Սա­­կայն մե­­ծարեալ­­նե­­­րուն մէջ կա­­յին այնպի­­սի ան­­ձինք, որոնք դի­­տումնա­­ւոր կեր­­պով հե­­ռաւո­­րու­­թիւն պա­­հած էին այս հաս­­տա­­­տու­­թեան հան­­դէպ եւ սա­­կայն նոյնպէս կը տո­­ղան­­ցէին բե­­մին վրայ հետզհե­­տէ պոլ­­սա­­­հայ մի­­ջոցա­­ռումնե­­րու կի­­զակէ­­տը դար­­ձած փլա­­քեթի տո­­ւու­­չութեան իրենց ներ­­կա­­­յու­­թիւնը բե­­րելու հա­­մար։

Իս­­կա­­­պէս ձանձրա­­ցու­­ցիչ էր յայ­­տագրի այս հա­­տուա­­ծը, որ կը տե­­ւէր մօ­­տաւո­­րապէս 1,5 ժամ։ Սա­­կայն այդ ձանձրա­­ցու­­ցիչ սպա­­սու­­մին յա­­ջոր­­դո­­­ղը կա­­տարեալ վա­­յելք մըն էր բո­­լորին հա­­մար շնոր­­հիւ Կո­­միտաս Քա­­ռեակի։

Սա­­կայն այստեղ դար­­ձեալ կար ման­­րա­­­մաս­­նութիւն մը, որն էր պա­­տուա­­կան փա­­ռաւոր ան­­ցեալ մը ու­­նե­­­ցող խումբին անո­­ւան կցո­­ւած «ազ­­գա­­­յին» ածա­­կանը։ Ըստ երե­­ւոյ­­թի յետ սովետա­­կան շրջա­­նի մո­­լուցքնե­­րէն մէկն ալ տե­­ղի-ան­­տե­­­ղի գոր­­ծա­­­ծուած «ազ­­գա­­­յին» մակ­­դիրն է։ Յի­­շենք որ Հա­­յաս­­տա­­­նի Գի­­տու­­թիւննե­­րու Ակա­­դեմիեան ալ այս նոյն շրջա­­նին վե­­րանո­­ւանո­­ւեցաւ «Ազ­­գա­­­յին Ակա­­դեմիա» կո­­չու­­մով։

Սա­­կայն այս տո­­ղերէն ան­­ջա­­­տաբար նշենք որ Կո­­միտաս Քա­­ռեակը իր կա­­տարո­­ղական բարձր մա­­կար­­դա­­­կով հիանա­­լի ապ­­րումներ մա­­տու­­ցեց Տե­­պիւ­­սիի, Կո­­միտա­­սի, Մասսնէի, Աս­­լա­­­մազեանի եւ Յա­­րու­­թիւնեանի ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րով։

Քա­­ռեակը կը բաղ­­կա­­­նար հե­­տեւեալ երա­­ժիշտնե­­րէն՝ առա­­ջին ջու­­թակ Էտուարդ Թա­­դէոսեան, երկրորդ ջու­­թակ Սիւ­­զի Երէ­­ցեան, ալտ Ալեք­­սանտր Կո­­սեմեան եւ թաւ­­ջութակ Ան­­ճե­­­լա Սարգսեան։

Մասսնէի «Մտո­­րումներ» յօ­­րինու­­մին մէջ դաշ­­նա­­­կահա­­րուի Սե­­լին Կիւ­­լիւն կ՚ըն­­կե­­­րակ­­ցէր ջու­­թա­­­կահար Էտո­­ւարդ Թա­­դէոսեանի։ Իսկ Յա­­րու­­թիւնեանի «Սա­­սունցի­­ներու Պար» ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութեան մէջ ալ դաշ­­նա­­­կահա­­րու­­հի Մե­­լինա Սե­­ճիկեան Գու­­յումճու կը նո­­ւագակ­­ցէր քա­­ռեակին։

Յո­­բելե­­նական բնոյ­­թով այս մի­­ջոցառ­­ման հա­­մար հրա­­տարա­­կուած էր եռա­­լեզու գրքոյկ մը, որու բո­­վան­­դա­­­կու­­թեան մէջ կը նկա­­տենք Թուրքիոյ Հա­­յոց Պատ­­րիարք Սա­­հակ Բ. Մա­­շալեանի, ՍԾՏՀԿ Հա­­յաս­­տա­­­նի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Սա­­կահ Սարգսեանի, ՍԾՏՀԿ Ընդհա­­նուր Քար­­տուղար Լա­­զար Քո­­մանէս­­քուի, Արա Գօչունեանի սրտի խօս­­քե­­­րը, Կո­­միտաս Վար­­դա­­­պետի եւ Կո­­միտաս Քա­­ռեակի ու նաեւ կազ­­մա­­­կեր­­պութեան ան­­ցած տա­­րինե­­րու մա­­սին հե­­տաքրքրա­­կան տե­­ղեկու­­թիւններ։

Բծախնդիր աշ­­խա­­­տան­­քով մը հան­­դի­­­սատե­­սին ներ­­կա­­­յաց­­ող այս եզա­­կի հա­­մեր­­գի միակ թե­­րու­­թիւնը շուրջ 1,5 ժամ տե­­ւող եւ շատ ան­­գամ ալ եռա­­լեզու կրկնու­­թիւննե­­րով ըն­­թա­­­ցող հա­­տուածն էր, որ թե­­րեւս ալ ան­­խուսա­­փելի էր նկա­­տի ու­­նե­­­նալով հան­­դի­­­սու­­թեան դի­­ւանա­­գիտական բնոյ­­թը։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ