Ս. Հռիփսիմեանց Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնն ու սարկաւագական ձեռնադրութիւն Պիւյիւքտէրէի մէջ

Պիւյիւքտէ­րէի Ս. Հռիփ­սի­մեանց Եկե­ղեց­ւոյ անո­ւան տօ­նախմբու­թիւնը նշո­ւեցաւ 13 Յու­նիս 2022, Եր­կուշաբ­թի առա­ւօտ։ Արա­րողու­թեանց նա­խագա­հեց, Ս. Պա­տարա­գը մա­տոյց եւ քա­րոզեց Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հայ­րը։

Արա­րողու­թեանց մաս­նակցե­ցան Աթո­ռոյս միաբան հայ­րե­րը եւ քա­հանա­յից դա­սը, ինչպէս նաեւ հիւ­րա­բար քա­ղաքս գտնո­ւող Գերպ. Տ. Վազ­գէն Ծ. Վրդ. Գա­րայեան։ Ս. Սե­ղանին սպա­սար­կե­ցին Արժ. Տ. Նա­թան Քհնյ. Արա­պեան, Արժ. Տ. Ներ­սէս Քհնյ. Այ­վա­զեան, Բրշ. Հրա­չեայ Սրկ. Սու­րէ­նեան, Բրշ. Վահ­րամ Սրկ. Լիւ­լէ­ճեան, Բրշ. Լե­ւոն Սրկ. Գու­յումճեան, Բրկ. Ղա­զար Կսրկ. Սա­պունճու, Բրկ. Կա­րապետ Կսրկ. Եօն­թան եւ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցողու­թիւննե­րը կա­տարե­ցին հո­գեւոր հայ­րեր եւ Աթո­ռոյս Ար­մաշ Դպրաց Խումբի ան­դամնե­րը, առաջ­նորդու­թեամբ եւ եր­գե­հոնա­հարու­թեամբ Բրշ. Յա­րու­թիւն Էտ­վին Սրկ. Կա­լիպեանի։

Ի ժամ Ս. Պա­տարա­գի, Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռոյ եր­կու ժա­ռան­գա­ւոր սա­ներ՝ Բրկ. Ար­տա Կսրկ. Փնար­ճը եւ Բրկ. Գրի­գոր Էր­քան Կսրկ. Կա­րապե­տեան, Պատկ. Կրօ­նական Ժո­ղովի որո­շու­մով եւ Ամեն. Ս. Պատ­րիարք Հօր օրհնու­թեամբ սար­կա­ւագ ձեռ­նադրո­ւեցան։

Ճա­շու գիր­քե­րու ըն­թերցու­մէն ան­մի­ջապէս առաջ, նո­ւիրեալ­ներ Արժ. Տ. Գրի­գոր եւ Արժ. Տ. Կո­րիւն աւագ քա­հանա­ներու կող­մէ սաղ­մո­սասա­ցու­թեամբ բեմ առաջ­նորդո­ւեցան եւ ներ­կա­յացո­ւեցան Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան։ Մեր Հո­գեւոր Պե­տին կա­տարած կո­չու­մէն ետք, զոյգ ըն­ծա­յացու­նե­րը կար­դա­ցին իրենց ուխտա­գիր­նե­րը։ Ապա արեւ­մուտք դառ­նա­լով, «Աս­տո­ւածա­յին եւ երկնա­ւոր շնորհ» եր­գով հրա­ժարե­ցան աշ­խարհէն, որուն ներ­կա­ներ պա­տաս­խա­նեցին իրենց «Ար­ժա­նի են»նե­րով։

Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը եր­կու տի­րացու­նե­րուն բազ­կուրա­րը ու­րա­րի փո­խելով դրաւ իրենց ու­սե­րուն վրայ, ապա իրենց տո­ւաւ Ս. Աւե­տարան կար­դա­լու եւ Ս. Պա­տարա­գին սպա­սար­կե­լու իշ­խա­նու­թիւն։

Նո­րըն­ծայ Ար­տա եւ Գրի­գոր սար­կա­ւագ­նե­րու Ս. Սե­ղանն ու մեր Հո­գեւոր Պե­տին կա­տարած խնկար­կութեամբ իր աւար­տին հա­սաւ ձեռ­նադրու­թեան հան­դի­սու­թիւնը։

Ապա շա­րու­նա­կուե­ցաւ Ս. Պա­տարա­գի արա­րողու­թիւնը։

Տէ­րու­նա­կան Աղօթ­քէն առաջ քա­րոզեց Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը եւ անդրա­դար­ձաւ գե­ղեց­կութեան ու հա­ւատ­քի գա­ղափար­նե­րուն։, որոնք ան­մի­ջական կապ ու­նէին օրո­ւան տօ­նին հետ։ Մեր Հո­գեւոր Պե­տը ըսաւ թէ գե­ղեց­կութիւ­նը մար­դա­կային կեան­քի բարձրա­գոյն ար­ժէքնե­րէն է։ Գե­ղեց­կութիւնն ալ մշտա­կան եւ անխզե­լի կապ ու­նի բա­րիին ու ճշմար­տութեան հետ։ Եւ եթէ մարդ տես­նէ ու հասկնայ Աս­տո­ւածա­յին գե­ղեց­կութիւ­նը, կ’ու­զէ իր կեան­քը նո­ւիրա­բերել այդ գե­ղեց­կութեան հաս­նե­լու սի­րոյն։ Գե­ղեցիկ աղ­ջիկ մըն էր Հռիփ­սի­մէ, որ իր կեան­քի նո­ւիրա­բերեց Քրիս­տո­սի սի­րոյն։ Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը պատ­մեց Ս. Հռիփ­սի­մէի եւ ըն­կե­րու­հի­ներուն կեանքն ու վար­քը։ Անոնք իրենց կեան­քե­րը նո­ւիրա­բերե­ցին, նա­հատա­կուե­ցան։

Մեր Հո­գեւոր Պե­տը ապա անդրա­դար­ձաւ եր­կու ըն­ծա­յեալ­նե­րու, Աթո­ռոյս եր­կու ժա­ռան­գա­ւոր սա­ներուն, որոնք սար­կա­ւագ ձեռ­նադրո­ւեցան։ Անոնք սի­րայօ­ժար ու գի­տակ­ցութեամբ փա­փաքե­ցան եւ ուխտե­ցին իրենց Տի­րոջ ճամ­բէն քա­լել ու իրենց կեան­քը նո­ւիրա­բերել իրենց Արար­չին։ Անոնք ի մօ­տոյ պի­տի ձեռ­նադրո­ւին եւ ամ­բողջու­թեամբ նո­ւիրո­ւին։ Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը իր ու­րա­խու­թիւնը յայտնեց, որ ելած են եր­կու երի­տասարդ ոյ­ժեր եւ ներ­կա­ները հրա­ւիրեց իրենց հա­մար եւս աղօ­թելու։

Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը օրո­ւան տօ­նին առ­թիւ շնոր­հա­ւորեց Պիւ­յիւքտէ­րէի այս գողտրիկ ու հա­յաթա­փուած Եկե­ղեց­ւոյ բո­լոր ծա­ռայող­նե­րը։

Հո­գեհան­գիստ եւ մա­տաղօրհնու­թիւն

Հուսկ՝ Սրբա­զան Պատ­րիարք Հօր գլխա­ւորու­թեամբ կա­տարո­ւեցաւ պաշ­տօն Ս. Հռիփ­սի­մեանց Եկե­ղեց­ւոյ հան­գուցեալ հո­վիւ­նե­րու, երախ­տա­ւոր­նե­րու, վա­րիչ­նե­րու, հա­ւատա­ցեալ­նե­րու եւ բա­րերար­նե­րու հոգ­ւոցն ի հան­գիստ եւ մա­տաղի օրհնու­թիւն։

Եկե­ղեցա­կան հան­դի­սու­թեան աւար­տին, Եկե­ղեց­ւոյ պար­տէ­զին մէջ սար­քո­ւեցաւ սի­րոյ սե­ղան։ Այստեղ նոր ձեռ­նադրո­ւած եր­կու սար­կա­ւագ­ներ ու­ղերձներ կար­դա­լով նախ փառք տո­ւին Աս­տուծոյ, որ զի­րենք սար­կա­ւագու­թեան աս­տի­ճանին ար­ժա­նացուց, ապա շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնե­ցին Պատ­րիարք Հօր, հո­գեւո­րական­նե­րուն եւ իրենց ըն­տա­նիք­նե­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ