Յարութիւն Աբեղան Օշականի մէջ վարդապետական գաւազան ստացաւ

Օրհնու­թեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րեգին Բ. Ամե­նայն Հա­­յոց Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետի, 11 Յու­­նիս 2022, Շա­­բաթ, ժա­­մը 11.30-ին, Օշա­­կանի Ս. Մես­­րոպ Մաշ­­տոց Եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ, ձե­­­ռամբ՝ Մայր Աթո­­­ռի Ար­­­տա­­­­­­­քին Յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րու եւ Արա­­­րողա­­­կար­­­գի Բաժ­­­նի Տնօ­­­րէն Գերշ. Տ. Նա­­­թան Ար­­­քեպս. Յով­­­հաննէ­­­սեանի կա­­­տարո­­­ւեցաւ Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան Աթո­­­ռոյս միաբան­­­նե­­­­­­­րէն Հոգշ. Տ. Յա­­­րու­­­թիւն Աբղ. Տա­­­մատեանի վար­­­դա­­­­­­­պետա­­­կան աս­­­տի­­­­­­­ճանի մաս­­­նա­­­­­­­ւոր իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան տո­­­ւու­­­չութիւ­­­նը, խար­­­տա­­­­­­­ւիլա­­­կու­­­թեամբ՝ Աթո­­­ռոյս միաբան­­­նե­­­­­­­րէն Հոգշ. Տ. Զա­­­տիկ Վրդ. Պա­­­պիկեանի։

Արա­­­րողու­­­թեանց ներ­­­կայ էին Մայր Աթոռ Ս. Էջ­­­միած­­­նի Լու­­­սա­­­­­­­րարա­­­պետ Գերշ. Տ. Մու­­­շեղ Եպս. Պա­­­պաեան, Գու­­­գա­­­­­­­րաց Թե­­­մի Առաջ­­­նորդ Գերշ. Տ. Յով­­­նան Եպս. Յա­­­կոբեան, միաբան հայ­­­րեր, սար­­­կա­­­­­­­ւագ­­­ներ եւ ուխտա­­­ւոր­­­ներ։ Ներ­­­կա­­­­­­­ներու կար­­­գին էին նաեւ ուխտա­­­ւոր Պոլ­­­սե­­­­­­­ցիներ։ Արա­­­րողու­­­թիւնը խորհրդա­­­ւոր զու­­­գա­­­­­­­դիպու­­­թեան մը եւս առիթ եղաւ, որով Ս. Մես­­­րոպ Մաշ­­­տո­­­­­­­ցի այ­­­ցե­­­­­­­լու տաս­­­նեակ աշա­­­կերտներ եւս հե­­­տեւե­­­ցան արա­­­րողու­­­թեան։

Արա­­­րողու­­­թիւնը սկիզբ առաւ, Տէ­­­րու­­­նա­­­­­­­կան Աղօթ­­­քով, զոր ար­­­տա­­­­­­­սանո­­­ւեցաւ եկե­­­ղեց­­­ւոյ մէջ ներ­­­կայ գտնո­­­ւող մա­­­նուկնե­­­րու կող­­­մէ։ Յըն­­­թացս արա­­­րողու­­­թեան, Հայր Սուրբը, նախ նզո­­­վեց Քրիս­­­տո­­­­­­­նէական Ուղղա­­­փառ վար­­­դա­­­­­­­պետու­­­թեան ան­­­հա­­­­­­­րիր ու­­­սուցումնե­­­րով հե­­­րետի­­­կոս հռչա­­­կուած­­­նե­­­­րը։ Ապա, աշա­­­կեր­­­տե­­­­­­­լու իր պատ­­­րաստա­­­կամու­­­թիւնը յայտնեց Հայ Եկե­­­ղեց­­­ւոյ եռա­­­մեծար վար­­­դա­­­­­­­պետ­­­նե­­­­­­­րուն, ըն­­­թերցե­­­լով նաեւ ուղղա­­­փառ վար­­­դա­­­­­­­պետու­­­թեան դա­­­ւանան­­­քը։ Առ այդ, Նա­­­թան Ար­­­քե­­­­­­­պիս­­­կո­­­­­­­պոս, Հայր Սուրբին շնոր­­­հեց վար­­­դա­­­­­­­պետա­­­կան գա­­­ւազան գոր­­­ծա­­­­­­­ծելու իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւն եւ արա­­­րողու­­­թեան աւար­­­տին «Պահ­­­պա­­­­­­­նիչ» աղօթ­­­քով օրհնեց նո­­­րապ­­­սակ Յա­­­րու­­­թիւն Վար­­­դա­­­­­­­պետը։

Սրբա­­­զան Հայ­­­րը նաեւ քա­­­րոզեց, անդրա­­­դառ­­­նա­­­­­­­լով օրո­­­ւայ խոր­­­հուրդին եւ ըսաւ. «Այ­­­սօր կը հրճո­­­ւի հո­­­գին մեծ վար­­­դա­­­­­­­պետ Սուրբ Մես­­­րոպ Մաշ­­­տո­­­­­­­ցին, որուն գե­­­րեզ­­­մա­­­­­­­նին մօտ, ան­­­գամ մը եւս վար­­­դա­­­­­­­պետ մը ծնաւ մեր եկե­­­ղեց­­­ւոյ մէջ։ Վար­­­դա­­­­­­­պետ՝ որ այ­­­սօ­­­­­­­րուան խօս­­­քով կա­­­րող ենք թարգմա­­­նել ու­­­սուցիչ եւ այ­­­սօր Դուք ստա­­­ցաք իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւն ու­­­սուցա­­­նելու եւ խրա­­­տելու։ Մենք այ­­­սօր այստեղ հա­­­ւաքուած հո­­­գեւոր եղ­­­բայրներ, հո­­­գեւոր խրախ­­­ճանքի մէջ ենք։ Եւ մեր աղօթքն է, որ Տէ­­­րը մշտա­­­պէս Ձեր վար­­­դա­­­­­­­պետա­­­կան գա­­­ւազա­­­նը ամուր պա­­­հէ եւ մեր նախ­­­նեաց վար­­­դա­­­­­­­պետաց ու­­­ղին մշտա­­­պէս լու­­­սա­­­­­­­ւորէ ձեր ըն­­­թացքը եւ վար­­­դա­­­­­­­պետու­­­թեան ճա­­­նապար­­­հը»։

Իր խօս­­­քե­­­­­­­րու ըն­­­թացքին, եկե­­­ղեց­­­ւոյ մէ­­­ջի մա­­­նուկնե­­­րու ներ­­­կա­­­­­­­յու­­­թեամբ պար­­­զո­­­­­­­ւած գե­­­ղեցիկ տե­­­սարա­­­նին եւս անդրա­­­դառ­­­նա­­­­­­­լով, Սրբա­­­զան Հայ­­­րը ըսաւ որ, այս մա­­­նուկնե­­­րու ներ­­­կա­­­­­­­յու­­­թիւնը կար­­­ծէք պատ­­­գամ մը կը փո­­­խան­­­ցէր նո­­­րըն­­­ծայ վար­­­դա­­­­­­­պետին։ Գնա­­­ցէ՛ք եւ պահ­­­պա­­­­­­­նեցէ՛ք քրիս­­­տո­­­­­­­նէական հա­­­ւատ­­­քը հա­­­յուն եւ յի­­­շեցէ՛ք թէ՝ այսքան հա­­­յու զա­­­ւակ Քրիս­­­տո­­­­­­­սի խօս­­­քին կա­­­րօտն ու­­­նին եւ պէտք է մեծ­­­նան այդ խօս­­­քով։

Սրբա­­­զան Հայ­­­րը յա­­­ջոր­­­դիւ յի­­շեցուց, թէ՝ Հայր Սուրբը ան­­դամն է Պոլ­­սոյ Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռոյ միաբա­­նու­­թեան եւ այս առու­­մով նաեւ խրատ­­ներ տո­­ւաւ։ Յայտնեց, թէ՝ Հայր Սուրբը պի­­տի եր­­թայ Պոլ­­սոյ հա­­ւատա­­ցեալ­­նե­­­րուն քա­­րոզե­­լու եւ զա­­նոնք մխի­­թարե­­լու։ Պոլ­­սոյ մէ­­ջի ծա­­ռայու­­թիւնն ու առա­­քելու­­թիւնը անհրա­­ժեշտ եւ կե­­նաց առա­­քելու­­թիւն որա­­կելով, յայտնեց, թէ՝ ան­­ցեալի բաղ­­դատմամբ աւե­­լի սա­­կաւա­­թիւ դար­­ձած են հա­­ւատա­­ցեալ ան­­ձե­­­րը։ Սա­­կայն այս բո­­լորին մէջ, հո­­գեպէս մխի­­թարե­­լու պար­­տա­­­կանու­­թիւնը կը յանձնո­­ւի վար­­դա­­­պետա­­կան իշ­­խա­­­նու­­թեամբ։ Այս առ­­թիւ, իր շնոր­­հա­­­ւորան­­քը յայտնեց նաեւ Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռոյ։

Եկե­­ղեցա­­կան արա­­րողու­­թեանց աւար­­տին, ներ­­կայ հո­­գեւո­­րական­­ներ ու ուխտա­­ւոր­­ներ շնոր­­հա­­­ւորե­­ցին Հայր Սուրբը։ Իսկ, յա­­ջոր­­դիւ, Հայր Սուրբը, իջաւ Ս. Մես­­րոպ Մաշ­­տո­­­ցի գե­­րեզ­­մա­­­նը ուր կա­­տարեց, որ­­պէս վար­­դա­­­պետ իր անդրա­­նիկ ուխտի աղօթ­­քը։

Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետը
լան­­ջա­­­խաչ շնոր­­հեց նո­­րըն­­ծայ Յա­­րու­­թիւն Վար­­դա­­­պետին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­­րեգին Բ. Ամե­­նայն Հա­­յոց Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետը, 12 Յու­­նիս 2022, Կի­­րակի, Վե­­հարա­­նի մէջ ըն­­դունեց Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռոյս նո­­րըն­­ծայ վար­­դա­­­պետը Հոգշ. Տ. Յա­­րու­­թիւն Վրդ. Տա­­մատեանը, որ Մայր Աթո­­ռի Ար­­տա­­­քին Յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու եւ Արա­­րողա­­կար­­գի Բաժ­­նի Տնօ­­րէն Գերշ. Տ. Նա­­թան Ար­­քեպս. Յով­­հաննէ­­սեանի ձե­­ռամբ 11 Յու­­նի­­­սին Օշա­­կանի Ս. Մես­­րոպ Մաշ­­տոց Եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ ար­­ժա­­­նացած էր մաս­­նա­­­ւոր վար­­դա­­­պետու­­թեան աս­­տի­­­ճանի։

Նա­­թան Արեք­­պիսկո­­պոս, նո­­րըն­­ծայ վար­­դա­­­պետը ներ­­կա­­­յացուց Նո­­րին Սրբու­­թեան եւ այս առի­­թով հայ­­ցեց Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետին օրհնու­­թիւնը։

Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետը, իր հայ­­րա­­­կան օրհնու­­թիւնն ու շնոր­­հա­­­ւորան­­քը բե­­րելով Հայր Սուրբին աւար­­տա­­­ճառի պաշտպա­­նու­­թեան եւ վար­­դա­­­պետա­­կան աս­­տի­­­ճանի ար­­ժա­­­նանա­­լու առիթ­­նե­­­րը, վստա­­հու­­թիւն յայտնեց, որ նո­­րըն­­ծայ վար­­դա­­­պետը առա­­ւել ջեր­­մե­­­ռան­­դութեամբ ու նա­­խան­­ձախնդրու­­թեամբ պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կէ իր առա­­քելու­­թիւնը։ Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետը անդրա­­դար­­ձաւ նաեւ Հայր Սուրբին Պոլ­­սոյ Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռէ ներս ու­­նե­­­ցած ծա­­ռայու­­թեան եւ մաղ­­թեց որ Պո­­լիս վե­­րադար­­ձին իր ներդրու­­մը բե­­րէ Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռոյ գոր­­ծունէութեանց։ Այս առ­­թիւ իր շնոր­­հա­­­ւորանքն ու օրհնու­­թիւնը փո­­խան­­ցեց նաեւ Ամե­­նապա­­տիւ Սրբա­­զան Պատ­­րիարք Հօր, Հայր Սուրբի ծնո­­ղաց, ինչպէս նաեւ Պոլ­­սա­­­հայ Ժո­­ղովուրդին։

Յա­­րու­­թիւն Վար­­դա­­­պետը եւս երախ­­տա­­­գիտա­­կան խօսք մը ար­­տա­­­սանեց եւ Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետին շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց իր հայ­­րա­­­կան հո­­գածու­­թեան հա­­մար։ Յի­­շեցուց, թէ՝ ամիս­­ներ առաջ Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հօր դի­­մու­­մով եւ Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետի օրհնու­­թեամբ ու հա­­մամ­­տութեամբ, հաս­­տա­­­տուած էր Մայր Աթոռ իր ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը կա­­տարե­­լու հա­­մար։ Այս մէ­­կը առիթ եղած էր Մայր Աթոռոյ միաբա­­նական կեան­­քին մաս կազ­­մե­­­լու եւ օր ըստ օրէ զգա­­լու, թէ՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջ­­միածի­­նը, որ­­պէս գոր­­ծօն կա­­ռոյց կը ծա­­ռայէ ի սփիւռս աշ­­խարհի հայ ժո­­ղովուրդին։ Այս շրջա­­գիծով կե­­ցու­­թեան օրե­­րը օրհնեալ պա­­հերու վե­­րածո­­ւած էին, ըստ որում Հայր Սուրբը Պո­­լիս վե­­րադար­­ձին իր հետ վար­­դա­­­պետա­­կան կո­­չու­­մին առըն­­թեր պի­­տի փո­­խադ­­րէր նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջ­­միած­­նի շունչը, ինչպէս նաեւ Ազ­­գիս Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետին սէրն ու օրհնու­­թիւնը Պոլ­­սա­­­հայ հա­­մայնքին։

Հան­­դիպման աւար­­տին, Նո­­րին Սրբու­­թիւնը վար­­դա­­­պետա­­կան ակա­­նակուռ լան­­ջա­­­խաչով զար­­դա­­­րեց Յա­­րու­­թիւն Վար­­դա­­­պետի կուրծքը, եւ «Պահ­պա­նիչ» աղօթ­քով օրհնեց զին­քը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ