Լեռը մուկ ծնաւ

Ուրբաթ գի­­­շեր պե­­­տու­­­թեան պաշ­­­տօ­­­­­­­նաթեր­­­թին մէջ հրա­­­տարա­­­կուե­­­լով վեր­­­ջա­­­­­­­պէս տե­­­սանե­­­լի դար­­­ձաւ հա­­­մայնքա­­­յին հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րու ընտրու­­­թիւննե­­­րը կար­­­գա­­­­­­­ւորող կա­­­նոնագ­­­րութիւ­­­նը։ Լու­­­րը ռումբի նման պայ­­­թե­­­­­­­ցաւ հա­­­մայնքա­­­յին շրջա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րէ ներս, քա­­­նի որ ան իբ­­­րեւ պար­­­տադրանք կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նէր մին­­­չեւ 2022 Դեկ­­­տեմբե­­­րի աւարտին կա­­­յաց­­­նել ինը տա­­­րիէ ի վեր առ­­­կա­­­­­­­խուած ընտրու­­­թիւննե­­­րը։

Առա­­­ջին հեր­­­թին լո­­­րը դի­­­մաւո­­­րուե­­­ցաւ ոգե­­­ւորու­­­թեամբ։ Սա­­­կայն յօ­­­դուած­­­նե­­­­­­­րու իրա­­­ւացի ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւնով պար­­­զուեցաւ թէ ընտրու­­­թեան նոր կա­­­նոնա­­­գիրը յա­­­ւելեալ սահ­­­մա­­­­­­­նափա­­­կումներ կը թե­­­լադ­­­րէ ներ­­­հա­­­­­­­մայնքա­­­յին ըն­­­կե­­­­­­­րական կեան­­­քի վրայ։ Ալ աւե­­­լի կը շեշ­­­տո­­­­­­­ւի Վա­­­քըֆ­­­նե­­­­­­­րու Ընդհա­­­նուր Տնօ­­­րէնու­­­թեան վե­­­րահսկիչ հան­­­գա­­­­­­­ման­­­քը։ Ընդհա­­­նուր Տնօ­­­րէնու­­­թիւնը նոյ­­­նիսկ լիազօ­­­րու­­­թիւններ կը ստա­­­նայ ի պա­­­հան­­­ջել հար­­­կին ցան­­­կա­­­­­­­ցած հայ­­­կա­­­­­­­կան հիմ­­­նարկի ընտրու­­­թիւննե­­­րը նշա­­­նակո­­­ւած տե­­­ղապա­­­հով կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պե­­­­­­­լու հա­­­մար։

Նոր կա­­­նոնագ­­­րի պա­­­հան­­­ջը գո­­­յացած էր քա­­­ղաքէ ներս կարգ մը թա­­­ղերու բնակ­­­չութեան նո­­­ւազու­­­մով։ Ներ­­­կա­­­­­­­յիս կան թա­­­ղեր, որոնք ու­­­նին շատ նո­­­ւազ թի­­­ւով բնակ­­­չութիւն եւ հին կա­­­նոնագ­­­րով այս երե­­­ւոյ­­­թը առիթ կը ստեղ­­­ծէր զա­­­նազան շա­­­հագոր­­­ծումնե­­­րու։

Հա­­­կառակ որ ան­­­ցեալին թա­­­ղական ընտրու­­­թիւննե­­­րը ամ­­­բողջ Իս­­­թանպու­­­լի տա­­­րած­­­քին ընդլայ­­­նե­­­­­­­լու ար­­­տօ­­­­­­­նու­­­թիւն տրուած էր պա­­­հան­­­ջող թա­­­ղերուն, բա­­­ցար­­­ձա­­­­­­­կապէս քիչ եղան այդ առի­­­թէն օգ­­­տո­­­­­­­ւիլ ու­­­զող հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րը։ Իսկ այժմ Իս­­­թանպու­­­լի բո­­­լոր հա­­­մայնքա­­­յին հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րը բա­­­ժանո­­­ւած են երեք ընտրա­­­մասե­­­րու եւ այս դրու­­­թիւնը հա­­­զիւ մա­­­սամբ պի­­­տի դիւ­­­րացնէ նա­­­խապէս գո­­­յացած անե­­­լը։

Իսկ գա­­­ւառի եկե­­­ղեցի­­­ներուն հա­­­մար, որոնք կը հա­­­մարո­­­ւին չոր­­­րորդ ընտրա­­­տարածք, հայ հա­­­մայնքի բո­­­լոր ան­­­հատնե­­­րը պի­­­տի կրնան քո­­­ւէար­­­կել կամ թեկ­­­նա­­­­­­­ծու ներ­­­կա­­­­­­­յանալ։Կա­­­նոնագ­­­րի բա­­­ցասա­­­կան գլխա­­­ւոր կէ­­­տը այն է թէ նե­­­րառեալ Սուրբ Փրկիչ Հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոցը, հա­­­մայնքնե­­­րու պատ­­­կա­­­­­­­նող հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոց­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մար ընտրու­­­թիւնը յե­­­տաձ­­­գո­­­­­­­ւած է յա­­­ռաջի­­­կայ տա­­­րուայ։ Այս զան­­­ցա­­­­­­­ռու­­­թիւնը բա­­­ցատ­­­րող պատ­­­ճա­­­­­­­ռաբա­­­նու­­­թիւնը եր­­­բեք գո­­­հացու­­­ցիչ չէ, քա­­­նի որ հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոց­­­նե­­­­­­­րը ի սկզբա­­­նէ կը վա­­­յելեն երկրի Առող­­­ջա­­­­­­­պահա­­­կան Նա­­­խարա­­­րու­­­թեան հսկո­­­ղու­­­թիւնը։

Այսպէ­­­սով բա­­­ցի Վա­­­քըֆֆնե­­­րու Ընդհա­­­նուր Տնօ­­­րէնու­­­թե­­­­­­­նէ պե­­­տական կա­­­ռոյց մը եւս վե­­­րակե­­­ցու կը կանգնո­­­ւի հա­­­մայնքա­­­յին հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րուն։ Այս պա­­­հուն կա­­­րեւո­­­րագոյն մար­­­տահրա­­­ւէրն է գոր­­­ծող կազ­­­մե­­­­­­­րու դի­­­մաց այ­­­լընտրան­­­քա­­­­­­­յին նոր ցան­­­կե­­­­­­­րու պատ­­­րաստու­­թիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ