Մեզ յղկող միջավայրի մասին (Ա)

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Բաւա­կանին հե­տաքրքրա­կան ոդի­սական մըն էր «Առանց Ֆէ­սը Քցե­լու» գիր­քի պատ­րաստու­թեան փու­լը։ Ամէն ինչ սկսած էր լրագ­րող Էլիֆ Աթա­լայի հար­ցումնե­րուն պա­տաս­խա­նելով։ Մեր ման­կութեան եւ պա­տանու­թեան յու­շե­րը հետզհե­տէ աւե­լի հե­տաքրքրա­կան թո­ւեցան եւ Էլիֆ սկսաւ ձայ­նագրո­ւած այդ զրոյցնե­րը թուղթի անցնե­լու։ Աւար­տին մեր ձեռ­քին ու­նե­ցանք մա­սամբ կեն­սագրա­կան բնոյ­թի յու­շա­պատում մը, որ յա­ռաջա­ցած էր իմ զրու­ցա­կիցի հար­ցումնե­րով։ Գիր­քը լոյս տես­նե­լէն ետք յատ­կա­պէս ըն­կե­րական մտե­րիմ շրջա­նակէ լսե­ցինք ակ­նարկու­թիւններ, որոնց հա­մաձայն բա­ւակա­նին տեղ չէինք տո­ւած մեր ինքնու­թիւնը ձե­ւաւո­րող մի­ջավայ­րե­րու։ Իրա­ւացի դի­տողու­թիւն մըն էր այդ եւ իս­կոյն ձեռ­նարկե­ցինք նման բաց­թո­ղու­մը սրբագ­րե­լու։

Այ­սօր կը սկսինք նոր յօ­դուա­ծաշարք մը, ուր կը պար­զո­ւին, մեր ինքնու­թիւնը, աշ­խարհա­հայեաց­քը եւ դիր­քո­րոշու­մը ձե­ւաւո­րող մի­ջավայ­րե­րը եւ ան­ձիք։ Պար­տիմ նշել թէ իբ­րեւ աշա­կերտ բա­ւակա­նին կարճ եղած է Կեդ­րո­նական Վար­ժա­րանի մէջ իմ գո­յու­թիւնը։ Եթէ ըն­կե­րական մի­ջավայ­րի մէջ ին­ծի վե­րագ­րո­ւած ինքնու­թիւննե­րէն մէկն ալ «կեդ­րո­նական­ցի» կո­չումն է, այդ մէ­կը առնչո­ւած է դպրո­ցէ աւե­լի Կեդ­րո­նական Սա­նուց Միու­թեան հետ։

Միու­թիւն յա­ճախել սկսայ Սա­յաթ Նո­վա երգչա­խումբի ան­դա­մակ­ցե­լուս հետ նոյն շրջա­նին։ Պատ­ճա­ռը պարզ էր՝ Սա­յաթ Նո­վա Երգչա­խումբի մէջ մեծ թիւ կը կազ­մէին բո­լոր անոնք, որոնք ու­սա­նող կամ շրջա­նաւարտ եղած էին Կեդ­րո­նակա­նէն եւ հե­տեւա­բար կը յա­ճախէին նաեւ Սա­նուց Միու­թիւն։

Եթէ երգչա­խումբի հա­ւաքա­տեղին, Պո­յաճը­գիւ­ղի Սուրբ Երից Ման­կանց Եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փակը հա­սանե­լի է միայն կի­րակի օրե­րուն, միու­թիւն կրնա­յինք յա­ճախել շա­բաթո­ւայ բո­լոր օրե­րուն, տրո­ւած ըլ­լա­լով թէ ան կը գտնո­ւէր քա­ղաքի կեդ­րո­նական թա­ղամա­սը։

Այստեղ նշո­ւածը 1972 կամ 73 տա­րեթի­ւերն են։ Այդ շրջա­նին միու­թե­նէ ներս կար­ծես եր­կու շերտ գո­յու­թիւն ու­նէր, երէց­նե­րէ, նոյ­նիսկ տա­րեց­նե­րէ բաղ­կա­ցող վար­չութիւ­նը եւ մեր ալ մաս կազ­մած Երի­տասար­դաց Յանձնա­խումբը։

Վար­չա­յին­նե­րը՝ որոնց մէկ մա­սը ար­դէն իբ­րեւ ու­սուցիչ­ներ ծա­նօթ էին նաեւ դպրո­ցական տա­րինե­րէն։ Ջերմ հա­մագոր­ծակցու­թիւնով հան­դերձ որոշ հե­ռաւո­րու­թիւն մը կար մեր ու վար­չա­յին­նե­րու մի­ջեւ։ Անոնք շա­բաթը մէկ ան­գամ կ՚այ­ցե­լէին միու­թիւն եւ կը կա­տարէին իրենց հեր­թա­կան ժո­ղովը։ Այդ տա­րինե­րուն մեր ու­նե­ցած տպա­ւորու­թեան հա­մաձայն վար­չութիւ­նը իր պաշ­տօ­նավար­ման շրջա­նին կը զբա­ղէր եր­կու կա­րեւոր մի­ջոցա­ռումնե­րով։ Անոնցմէ առա­ջինն էր իւ­րա­քան­չիւր տա­րի Դեկ­տեմբեր ամ­սու երկրորդ կի­րակի օր նշո­ւած Բա­ժակի Պա­հը։ Այդ գա­ղափա­րի յղա­ցող­ներն էին միու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րու սե­րունդէն Արա Վան­լըեան եւ ըն­կերնե­րը։

Օրո­ւայ բնա­բանն էր «Ապ­րի՛ Կեդ­րո­նակա­նը, Ապ­րի՛ Կեդ­րո­նական­ցին»՝ որ կ՚ար­տա­սանո­ւէր այդ պա­հուն ներ­կայ գտնո­ւող երի­ցագոյն եւ կրտսե­րագոյն կեդ­րո­նական­ցի­ներու բա­ժակ­նե­րը իրար խփե­լով։ Ապա բնա­բանը կը կրկնո­ւէր բո­լոր ներ­կանե­րուն կող­մէ։

Վար­չա­յին­նե­րու երկրորդ կա­րեւոր կազ­մա­կեր­պութիւնն էր տա­րեկան պա­րահան­դէսնե­րը, որոնք Բա­ժակի Պա­հուն նման կը կա­տարո­ւէին յայտնի հիւ­րա­նոց­նե­րու շքեղ սրահ­նե­րուն մէջ։ Պա­րահան­դէ­սը նաեւ կը հա­ւասա­րակշռէր միու­թեան տա­րեկան ելմտա­ցու­ցա­կը։

Խոս­տո­վանիմ թէ մենք որ­պէս Երի­տասար­դաց Յանձնա­խումբ, եր­բեք չէինք զգար միու­թեան ծախ­սե­րու հո­գը։ Մեր գլխա­ւոր ծախ­սը սահ­մա­նուած էր միու­թեան գրա­դարա­նը նոր հրա­տարա­կու­թիւննե­րով ճո­խաց­նե­լով։

Այդ ոչ լուրջ պիւտճէի հա­մար սա­կար­կութիւններ կ՚ու­նե­նայինք վար­չա­յին­նե­րու հետ։ Այ­սօր բո­լորն ալ երախ­տի­քով յի­շած այդ անուննե­րը մեր երի­տասար­դութեան տա­րինե­րուն կը դի­տէինք իբ­րեւ պուրժու­վա իշ­խա­նաւոր­ներ, որոնք կը զլա­նային գրա­դարա­նին պիւտճէ տրա­մադ­րե­լէ։

Այս յօ­դուա­ծաշար­քին մէ­ջ ես պարտք կը հա­մարեմ, եթէ ոչ ամ­բողջա­կան ճշգրտու­թեամբ, բայց մեր վրայ ազ­դե­ցու­թիւն գո­յացու­ցած հե­ղինա­կաւոր անուննե­րը նշե­լու։ Սոյն տա­րինե­րուն միու­թեան ատե­նապետն էր բժիշկ Նա­զարէթ Տիլ­սի­զեան, որ նաեւ մին­չեւ մօտ ան­ցեալ կեն­սա­գիտու­թիւն կը դա­սաւան­դէր դպրո­ցէն ներս։ Նոյնպէս երախ­տի­քով ու յար­գանքով կը յի­շեմ բժիշկ Գէորգ Գէոր­գեանը, որ եր­կար տա­րիներ ան­հա­տական մեծ ներդրու­մով հրա­տարա­կած էր միուեան պաշ­տօ­նաթեր­թը՝ «Հան­դէս Մշա­կոյ­թի» պար­բե­րակա­նը։ Մա­նաւանդ ժա­մանա­կի գոր­ծադրու­թեան առու­մով բծախնդրու­թեամբ յայտնի բժիշկ Հեր­մոն Արաք­սը, երի­տասար­դութեան հան­դէպ հա­մակ­րանքով լե­ցուն Տի­կին Գե­ղու­հի Կէօք­պերքը եւ ամու­սի­նը ատամ­նա­բոյժ Սու­րէն Կէօք­պերքը։

Այ­սօր երբ մենք իւ­րա­քան­չիւրս հա­սած ենք իրենց այդ տա­րինե­րու տա­րիքին դիւ­րաւ կրնամ մե­ղան­չել թէ չէինք կրցած գնա­հատել անոնց նո­ւիրեալ ծա­ռայու­թիւնը։

Այս խոս­տո­վանու­թեան հա­մար շատ աւե­լի կա­նուխ ուշքի եկած էինք, երբ քա­նի մը տա­րինե­րու ըն­թացքին այդ սե­րունդը գրե­թէ ամ­բողջու­թեամբ հե­ռացաւ վար­չա­կան պաշ­տօննե­րէ հեր­թա­փոխու­թիւնը յանձնե­լով յա­ջորդնե­րուն։

Այդ աւագ սե­րունդին յա­ջոր­դողնե­րը հա­մեմա­տաբար աւե­լի երի­տասարդներ էին, որոնց կրնա­յինք «Աղ­բա­րիկ» կո­չու­մով դի­մել։ Հոս եւս կը նկա­տուէր հա­մադա­սարա­նական­նե­րու միաս­նութիւն մը, որուն առաջ­նորդն էր բժիշկ Ար­ման Չա­քըր։

Կա­րեւոր մէջ­բե­րում մը ընե­լով պար­տիմ յի­շել սա­նուց միու­թեան վաս­տա­կաւոր տնտե­սը՝ Ալի Սե­հերեըլ­տը­զըն։ Իրա­կանու­թեան մէջ միու­թեան մէջ անոր գո­յու­թիւնը տնտես կո­չու­մով բնու­թագրե­լը խիստ անար­դար է։ Ան տե­սակ մը տնօ­րէնի հան­գա­մանք ու­նէր միու­թեան առօ­րեայ ապ­րումնե­րուն մէջ։ Դիւ­րա­հաղորդ էր Ալին, որուն ցուցմունքնե­րէն ամե­նաշատ օգ­տո­ւող­նե­րը կ՚ըլ­լա­յինք մենք Երի­տասար­դաց Յանձնա­խումբի ան­դամներս։ Միու­թե­նէ ներս կազ­մա­կերպչա­կան բո­լոր գոր­ծե­րու հա­մար կը թե­թեւցնէր, թէ վար­չութեան եւ թէ երի­տասար­դաց բեռը։ Կ՚ար­ժէ յի­շել անոր ցու­ցա­հան­դէսնե­րուն բաց­ման կամ առա­ջին ներ­կա­յացումնե­րու հա­մար քոք­թէյլի խմիչք պատ­րաստե­լու եղա­նակը։ Ու­նէր եր­կու դոյ­լեր, որոնց մէջ կը լեց­նէր նո­ւազ չա­փով ալ­քոլ եւ ապա կ՚ամ­բողջաց­նէր զա­նազան հիւ­թե­րով։ Աւար­տին կ՚ու­նե­նար եր­կու տե­սակ խմիչք մէ­կը վար­դա­գոյն, իսկ միւ­սը դե­ղին, որուն հա­մար տիկ­նայք բա­ղադ­րա­տոմս կը խնդրէին Ալիէն։ Ալի նաեւ միու­թեան եր­դի­կին տակ լա­ւագոյն ճատ­րակ խա­ղացողն էր փաս­տա­բան Արա Ղու­պէ­սէրեանի հետ։

Մին­չեւ այս պա­հուն եթէ խօ­սեցանք միու­թեան երի­ցագոյն ան­դամնե­րու մա­սին, կ՚ար­ժէ խօ­սիլ նաեւ մեր սե­րունդա­կից­նե­րու կամ մեզ­մէ քա­նի մը տա­րիով աւե­լի մեծ եղող­նե­րու մա­սին ալ։ Այդ շրջա­նակէ ներս առա­ջին առ­թիւ կ՚ու­զեմ անդրա­դառ­նալ Արա Ղու­պէ­սէրեանին։ Ան մեզ­մէ շա­տերուն վրայ խոր տպա­ւորու­թիւն թո­ղած է իր մտա­ւորա­կանի յա­տուկ նա­խասի­րու­թիւննե­րով ու գի­տելիք­նե­րով։ Օրի­նակի հա­մար իր մի­ջոցաւ ըն­կա­լած ենք դա­­սական երաժշտու­­թիւն լսե­­լու ճա­­շակը։ Եթէ ոչ ամէն շա­­բաթ, գէթ եր­­կու շա­­բաթը ան­­գամ մը կը մէկ­­տե­­­ղուէինք Արա­­յի Չի­­մեն փո­­ղոցի վրայ գտնո­­ւող բնա­­կարա­­նը։ Երկյար­­կա­­­նի այդ բնա­­կարա­­նի նկու­­ղը Արա­­յի տե­­սակ մը առանձնա­­տունն էր։ 8-10 երկսեռ երի­­տասարդներ կը մէկ­­տե­­­ղուէինք այդ սե­­նեակին մէջ եւ աժան գի­­նիի ըն­­կե­­­րակ­­ցութեամբ դա­­սական երաժշտու­­թիւն կը լսէինք։ Արան տա­­րիքով մեզ­­մէ մեծ էր եւ կը թո­­ղուր այն տպա­­ւորու­­թիւնը թէ ար­­դէն կեան­­քի ու­­ղին գծած, փաս­­տա­­­բանա­­կան սե­­փական գրա­­սենեակը բա­­ցած մէկն է։ Աւե­­լի ուշ նկա­­տեցինք թէ իրո­­ղու­­թիւնը տար­­բեր էր։ Արա­­յի ներքնաշ­­խարհը բա­­ւակա­­նին փո­­թոր­­կոտ էր։ Բա­­ցի երաժշտու­­թեան հան­­դէպ տա­­ծած հե­­տաքրքրու­­թե­­­նէն, Արան նկա­­րիչ էր նաեւ եւ ար­­հեստա­­վարժ որ­­սորդ։ Յա­­ճախ հրա­­ւէր­­ներ կը ստա­­նար իր որ­­սորդ բա­­րեկամ­­նե­­­րէն եւ հրա­­ցանը վերցնե­­լով կ՚եր­­թար քա­­նի մը օրեր շա­­րու­­նա­­­կելի որ­­սի ար­­շաւնե­­րուն։ Գրա­­կանու­­թեան հան­­դէպ ալ ու­­շադրու­­թիւն ու­­նէր եւ լաւ ըն­­թերցող մըն էր։ Շատ հա­­ճելի էր իր մեկ­­նա­­­բանու­­թիւննե­­րը լսել Ճեք Լան­­տը­­­նի հիւ­­սի­­­սային պատ­­մո­­­ւածքնե­­րու եւ մա­­նաւանդ ալ այդտեղ գոր­­ծադրո­­ւած տիալեկ­­տի­­­կայի մա­­սին։ Իր շնոր­­հիւ որ­­դեգրե­­ցինք իւ­­րա­­­քան­­չիւր շա­­բաթա­­վեր­­ջին յա­­ճախել Իս­­թանպու­­լի Պե­­տական Սիմ­­ֆո­­­նիկ Նո­­ւագա­­խումբի հա­­մերգնե­­րուն։ Այդ սո­­վորու­­թիւնը հա­­մարեա ան­­խա­­­փան շա­­րու­­նա­­­կուե­­ցաւ մին­­չեւ մեր ամուսնու­­թեան առա­­ջին տա­­րինե­­րուն։

Ծնող­­նե­­­րու մա­­հով Արա Ղու­­պէ­­­սէրեան լքեց պա­­պենա­­կան տու­­նը ու տե­­ղափո­­խուե­­ցաւ Վոս­­փո­­­րի ափի Քի­­րեչ­­պուրնու թա­­ղը։ Հա­­մարեա նոյն շրջա­նին թո­ղեց նաեւ փաս­տա­բանա­կան աս­պա­րէզը եւ բո­լորո­վին որ­դեգրեց ձկնոր­սութիւ­նը։ Իր կար­ճա­տեւ կեան­քի վեր­ջին տա­րինե­րը ան­ցուց այդ նա­ւուն վրայ ձկնոր­սութեամբ։

Ինչպէս վե­րեւ ալ ըսի Արա Ղու­պէ­սէրեանը խո­րապէս տպա­ւորած էր մեզ, բայց առան­ձի­նը չէր այդ ուղղու­թեան մէջ։ Յա­ջոր­դով պի­տի անդրա­դառ­նանք Երի­տասար­դաց Յանձնա­խումբի այլ անուննե­րուն ալ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ