«Օրօրա» մրցանակը կը շնորհուի Հոկտեմբերին

2022 թ. «Օրօ­­րա» մրցա­­նակի շնորհման արա­­րողու­­թիւնը ու անոր ու­­ղեկցող յա­­տուկ մի­­ջոցա­­ռումնե­­րը տե­­ղի կ՚ու­­նե­­­նան Իտա­­լիոյ Վե­­նետիկ քա­­ղաքը 14–16 Հոկ­­տեմբեր թո­­ւական­­նե­­­րուն։ Մէկ վայ­­րի մէջ կը հա­­մախմբո­­ւին մար­­դա­­­սիրու­­թեան ոլոր­­տի աշ­­խարհի առա­­ջատար­­նե­­­րը՝ ար­­ժա­­­նին մա­­տու­­ցե­­­լու մե­­րօրեայ հե­­րոս­­նե­­­րուն, փա­­ռաբա­­նելու մարդկու­­թեան ոգին եւ զօ­­րաց­­նե­­­լու մարդկանց օգ­­նութեան ձեռք մեկ­­նողնե­­րու յա­­ջորդ սե­­րունդին։

«Օրօ­­րա» մար­­դա­­­սիրա­­կան նա­­խաձեռ­­նութիւ­­նը եւ «Օրօ­­րա» մրցա­­նակը կը ձգտին լու­­ծել մար­­դա­­­սիրա­­կան խնդիր­­նե­­­րը աշ­­խարհի տար­­բեր ան­­կիւննե­­րուն՝ տե­­ղին օգ­­նե­­­լով ամե­­նակա­­րիքա­­ւոր­­նե­­­րուն։ Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը վե­­րապ­­րողնե­­րու անու­­նով՝ ի երախ­­տա­­­գիտու­­թիւն անոնց փրկող­­նե­­­րուն, ամէն տա­­րի «Օրօ­­րա» մրցա­­նակի դափ­­նե­­­կիրին կը շնոր­­հո­­­ւի 1.000.000 ԱՄՆ տո­­լար պար­­գեւ՝ անոր ըն­­ձե­­­ռելով բա­­ցառիկ հնա­­րաւո­­րու­­թիւն շա­­րու­­նա­­­կելու նո­­ւիրա­­տուու­­թեան շղթան եւ աջակ­­ցե­­­լու այն կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րուն, որոնք կ՚օգ­­նեն այ­­լոց։ Բա­­ցայայ­­տե­­­լով եւ աջակ­­ցե­­­լով աշ­­խարհի ան­­յայտ հե­­րոս­­նե­­­րուն՝ «Օրօ­­րան» զգա­­լի ազ­­դե­­­ցու­­թիւն ու­­նե­­­ցած է՝ ար­­դէն բա­­րեփո­­խելով կա­­րիքի մէջ գտնո­­ւող աւե­­լի քան 2.7 մի­­լիոն մար­­դու կեան­­քը։

Վե­­նետի­­կի մէջ կա­­յանա­­լիք յա­­տուկ մի­­ջոցա­­ռումնե­­րու ըն­­թացքին տե­­ղի կ՚ու­­նե­­­նայ Aurora Dialogues եր­­կու քննար­­կում։ Առա­­ջինը կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ 2022 թ. «Օրօ­­րայի» հե­­րոս­­ներ Ջա­­միլա Աֆ­­ղա­­­նիի, Մա­­հինուր էլ-Մաս­­րիի եւ Հա­­դի Ջու­­մա­­­նի ան­­վե­­­հեր աշ­­խա­­­տան­­քը։ Իսկ երկրորդ մի­­ջոցա­­ռու­­մը կը քննար­­կէ երի­­տասարդ սե­­րունդի կեն­­սա­­­կան դե­­րը՝ մարդկու­­թեան ապա­­գան որո­­շող խնդիր­­նե­­­րու լուծման գոր­­ծին մէջ։ Խա­­ղաղու­­թեան եւ մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու աշ­­խարհահռչակ ակ­­տի­­­վիստնե­­րը ու մար­­դա­­­սէր­­նե­­­րը՝ նե­­րառեալ «Օրօ­­րա» մրցա­­նակի ընտրող յանձնա­­ժողո­­վի ան­­դամնե­­րը, ինչպէս նաեւ «Օրօ­­րա» հա­­մայնքի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րը ու նա­­խաձեռ­­նութեան աջա­­կից­­նե­­­րը, կը միաւո­­րեն իրենց ջան­­քե­­­րը այնպի­­սի գա­­ղափար­­ներ բա­­ցայայտման գոր­­ծին մէջ, որոնք կը բե­­րեն շօ­­շափե­­լի, դրա­­կան փո­­փոխու­­թիւններ։

Յա­­տուկ մի­­ջոցա­­ռումնե­­րը կը եզ­­րա­­­փակո­­ւին 2022 թ. «Օրօ­­րա» մրցա­­նակի շնորհման արա­­րողու­­թեամբ, որ տե­­ղի կ՚ու­­նե­­­նայ Մխի­­թարեան Միաբա­­նու­­թեան Սուրբ Ղա­­զար Կղզիի մէջ աշ­­խարհի հայ մշա­­կոյ­­թի ամե­­նան­­շա­­­նաւոր կեդ­­րոննե­­րէն մէ­­կուն։ Այս տա­­րի «Օրօ­­րան» կը մե­­ծարէ մե­­րօրեայ երեք հե­­րոս­­նե­­­րը, որոնք կրթու­­թեան հնա­­րաւո­­րու­­թիւն կու տան կա­­նանց եւ աղ­­ջիկնե­­րուն Աֆ­­ղանստա­­նի մէջ, կ՚ազա­­տեն ռազ­­մա­­­գերի­­ներուն Եմե­­նի մէջ եւ կը պաշտպա­­նեն մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րը Եգիպ­­տոս։ Արա­­րողու­­թեան ըն­­թացքին 2022 թ. «Օրօ­­րայի» հե­­րոս­­նե­­­րէն մէ­­կը կը դառ­­նայ 2022 թ. «Օրօ­­րա» մրցա­­նակի դափ­­նե­­­կիր՝ ըստ իր ցու­­ցա­­­բերած խի­­զախու­­թեան, նո­­ւիրո­­ւածու­­թեան եւ ու­­նե­­­ցած ազ­­դե­­­ցու­­թեան։

Այժմ կա­­րող էք առա­­ջադ­­րել թեկ­­նա­­­ծու­­նե­­­րուն՝ 2023 թ. «Օրօ­­րա» մրցա­­նակի հա­­մար։

***

«Օրօ­­րա» հա­­մաշ­­խարհա­­յին
մար­­դա­­­սիրա­­կան մրցա­­նակի
մա­­սին

«Օրօ­­րա» հա­­մաշ­­խարհա­­յին մար­­դա­­­սիրա­­կան մրցա­­նակի առա­­քելու­­թիւնն է ճա­­նաչ­­ման ար­­ժա­­­նաց­­նել եւ աջակ­­ցիլ անոնց, որոնք վտան­­գի կ՚են­­թարկեն սե­­փական կեան­­քը, առող­­ջութիւ­­նը կամ ազա­­տու­­թիւնը, որ­­պէսզի փրկեն այն մարդկանց կեան­­քը, առող­­ջութիւ­­նը կամ ազա­­տու­­թիւնը, որոնք կը տա­­ռապին հա­­կամար­­տութիւննե­­րու, մարդկու­­թեան դէմ իրա­­գոր­­ծո­­­ւող յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւննե­­րու կամ մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու այլ լուրջ խախ­­տումնե­­րու հե­­տեւան­­քով։ «Օրօ­­րա» մրցա­­նակի դափ­­նե­­­կիրը կ՚ընտրո­­ւի՝ ըստ ցու­­ցա­­­բերած խի­­զախու­­թեան, նո­­ւիրու­­մի եւ ու­­նե­­­ցած ազ­­դե­­­ցու­­թեան։

«Օրօ­­րա» մրցա­­նակի Ընտրող յանձնա­­ժողո­­վի կազ­­մին ընդգրկո­­ւած են Նո­­պելեան դափ­­նե­­­կիր­­ներ Շի­­րին Էբա­­դին եւ Լեյ­­մա Գբո­­վեն, Իռ­­լանտիայի նախ­­կին նա­­խագահ Մե­­րի Ռո­­բին­­սո­­­նը, մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու ակ­­տի­­­վիստ Հի­­նա Ջի­­լանին, Մեք­­սի­­­կայի նախ­­կին նա­­խագահ Էռ­­նեստօ Սե­­դիլ­­յոն, մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու ակ­­տի­­­վիստ եւ The Sentry նա­­խաձեռ­­նութեան հա­­մահիմ­­նա­­­դիր Ճոն Փրեն­­դերգաս­­թը, Unilever ըն­­կե­­­րու­­թեան նախ­­կին գլխա­­ւոր գոր­­ծա­­­դիր տնօ­­րէն եւ IMAGINE կազ­­մա­­­կեր­­պութեան հա­­մահիմ­­նա­­­դիր եւ հա­­մանա­­խագահ Փոլ Փոլ­­մա­­­նը, «Բժիշկներ առանց սահ­­մաննե­­րու» կազ­­մա­­­կեր­­պութեան հա­­մահիմ­­նա­­­դիր եւ Ֆրան­­սա­­­յի նախ­­կին արտգործնա­­խարար Պեռ­­նարդ Քուշնե­­րը, լրագ­­րող, Պու­­լի­­­ցերեան մրցա­­նակի դափ­­նե­­­կիր Դե­­լէ Օլո­­ջեդեն, Նիւ Եոր­­քի Կար­­նե­­­գի կոր­­պո­­­րացիայի նա­­խագահ Վար­­դան Գրե­­գորեանը (1934-2021)։ Յանձնա­­ժողո­­վը կը նա­­խագա­­հէ Լոն­­դո­­­նի կայ­­սե­­­րական քո­­լեջի Կլո­­պալ առող­­ջա­­­պահա­­կան նո­­րարա­­րու­­թիւննե­­րու ինստի­­տու­­տի հա­­մաղե­­կավար Լորդ Արա Դար­­զին։

Պա­­տուա­­ւոր հա­­մանա­­խագահ­­ներն են խա­­ղաղու­­թեան եւ մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու յայտնի ակ­­տի­­­վիստ Պեն­­ժա­­­մին Ֆե­­րեն­­ցը եւ օս­­կա­­­րակիր դե­­րասան, մար­­դա­­­սէր Ճորճ Քլու­­նին։

Մենք կը յար­­գենք Ընտրող յանձնա­­ժողո­­վի առա­­ջին հա­­մանա­­խագահ, Մար­­դա­­­սիրու­­թեան «Էլի Վի­­զել» հիմ­­նադրա­­մի նա­­խագահ, Նո­­պելեան դափ­­նե­­­կիր Էլի Վի­­զելի (1928-2016 թթ.) յի­­շատա­կը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ