«Ընտրութիւնները լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ»

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

Փոքրա­մաս­նութեան հա­մայնքնե­րու պատ­կա­նող հիմ­նարկնե­րու վար­չութիւննե­րը ճշդե­լու հա­մար գոր­ծադրո­ւելիք նոր կա­նոնա­գիրը 18 Յու­նի­սին պե­տու­թեան պաշ­տօ­նաթեր­թին մէջ հրա­տարա­կուե­լով գոր­ծադրու­թեան դրո­ւած էր։ Հիմ­նարկնե­րը թէեւ ու­րա­խու­թեամբ դի­մաւո­րեցին այդ ըն­թացքը, բայց ներ­կա­յացած կա­նոնա­գիրը չէ դի­մագ­րա­ւած հա­սարա­կու­թեան ակնկա­լու­թիւննե­րը։

Ընտրա­տարածքնե­րու բա­ժանու­մը եւ հի­ւան­դա­նոց­նե­րու հո­գաբար­ձութեան ընտրու­թիւննե­րուն 2023-ի տա­րեվեր­ջին յե­տաձ­գումը դժգո­հու­թեան կա­րեւոր կէ­տերն են։

Հայ հա­մայնքա­յին վա­րիչ­նե­րը մտա­դիր են քննար­կումնե­րէ ետք առար­կութիւն ներ­կա­յաց­նե­լու։

Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարու­թեան Կու­սակցու­թեան Ամի­տայի պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան կը յայտնէ թէ ներ­կա­յացած կա­նոնա­գիրը պար­տադրանք մըն է, որ պէտք է մեր­ժո­ւի։ Փայ­լան «Ակօս»ին տո­ւած յայ­տա­րարու­թիւնով նշեց թէ կա­նոնա­գիրը պա­հանջնե­րը նկա­տի ու­նե­նալով չէ պատ­րաստո­ւած եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ ալ ան­պա­տեհու­թիւններ պի­տի բե­րէ։ «Սոյն կա­նոնա­գիրը պար­տադրանք մըն է եւ ան­տե­սած է փոք­րա­մաս­նութիւննե­րը պա­հանջնե­րը։ այդ առու­մով ալ պէտք է մեր­ժո­ւի։ Սա­կայն ինը տա­րիէ աւե­լի է որ առ­կա­խուած ընտրու­թիւննե­րը թէ­կուզ ներ­կայ հա­կաժո­ղովրդա­վարա­կան պայ­մաննե­րուն մէջ անցկաց­նե­լու ա­ռիթը բնա­կանա­բար գո­հու­նա­կու­թիւն պատ­ճա­ռած է։ Սա­կայն պէտք է առար­կել այս պար­տադրան­քին դէմ որ­պէսզի երկրի իշ­խա­նափո­խու­թեան եր­թա­լու պա­րագա­յին հա­մայնքնե­րու դժգո­հու­թիւնը ար­ձա­նագ­րո­ւած ըլ­լայ»։

Ընտրու­թիւննե­րը կար­գա­ւորող նա­խորդ կա­նոնա­գիրը 2013 թո­ւակա­նին աւե­լի լա­ւը պատ­րաստե­լու պատ­րո­ւակով չե­ղեալհա­մարո­ւած էր։ Կա­րօ Փայ­լան կը նշէ թէ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու հիմ­նա­կան պա­հան­ջը աւելի ար­դար ընտրու­թիւններ անցկաց­նելն էր։ Ար­դա­րեւ նա­խորդ ընտրու­թիւննե­րու ըն­թացքին օրի­նական զան­ցա­ռու­թիւններ նկա­տուած էին։ Այս մա­սին հար­ցա­գիրով մը Թուրքիոյ Խորհրդա­րանին դի­մող Կա­րօ Փայ­լա­նի հա­մաձայն հի­ւան­դա­նոց­նե­րու հո­գաբար­ձութեան ընտրու­թիւննե­րը յա­ջորդ տա­րուան յե­տաձ­գե­լը գայ­թակղու­թեան բնոյթ ու­նի։

«Ցան­կա­ցած հիմ­նարկ այս նոր կա­նոնագ­րութիւ­նով ալ կրնայ ապօ­րէն ընտրու­թիւն կա­տարել։ Ընտրու­թիւնը բո­լորո­վին յանձնո­ւած է Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան։ Ու­րեմն ցան­կա­ցած հիմ­նարկի վար­չութիւն Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան հետ հա­մաձայ­նե­լով կրնայ իր Ընտրու­թեան Կար­գա­դիր Յանձնա­խումբը ճշդել, ընտրա­ցան­կե­րը եւ ընտրու­թեան տա­րած­քը իրեն ձեռնտու կեր­պով դա­սաւո­րեիլ։ Այս երե­ւոյ­թը ար­գելք է ժո­ղովրդա­վարա­կան, ար­դար եւ թա­փան­ցիկ ընտրու­թեան։ Մինչ այդ հի­ւան­դա­նոցի ընտրու­թիւննե­րուն տա­րան­ջա­տու­մը կա­տարեալ գայ­թակղու­թիւն մըն է։ Ի վեր­ջոյ հա­մայնք կո­չուա­ծը պատ­րիար­քա­րանով, եկե­ղեցի­ներով, հի­ւան­դա­նոց­նե­րով եւ դպրոց­նե­րով ամ­բողջու­թիւն մըն է։ Տո­ւեալ հա­մայքնի կա­րիք­նե­րը գո­հաց­նե­լու հա­մար հիմ­նո­ւած հաս­տա­տու­թիւննե­րէն մէկն ալ հի­ւան­դա­նոցն է։ Հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան ընտրու­թիւնը ամ­բողջէն տա­րան­ջա­տելը լուրջ հե­տեւանքներ կրնայ ու­նե­նալ։ Մա­նաւանդ ալ Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան ատե­նապե­տը ինքզինք հա­մայնքի աշ­խարհիկ առաջ­նորդը ըլ­լա­լով կը ներ­կա­յաց­նէ։ Հե­տեւա­բար ընտրու­թե­նէ զերծ մնա­ցած մէ­կու մը հա­մայքնի առաջ­նորդ հա­մարո­ւիլը անըն­դունե­լի երե­ւոյթ մըն է։ Այս բո­լորին պատ­ճա­ռաւ պէտք է առար­կել այս կա­նոնա­գրին։ Ան­շուշտ որ կա­րեւոր է ընտրու­թիւննե­րուն անցկա­ցու­մը, բայց ապա աւե­լի լուրջ խնդիր­նե­րու հետ դէմ յան­դիաման պի­տի մնանք։ Վեր­ջա­պէս Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցին երկրի Առող­ջա­պահա­կան Նա­խարա­րու­թեան կցո­ւելուն դէմ ամ­բողջ հա­մայնքը պէտք է բո­ղոք բարձրաց­նէ։ Ես թէեւ Թուրքիոյ Խորհրդա­րանի մէջ հայ երես­փո­խան մըն եմ, բայց կը խոր­հիմ թէ այս տե­սակի առար­կութիւննե­րը պէտք է ուղղա­կի հա­մայնքէն բարձրա­նայ։ Ըստ իս կա­րելի է, թէ ընտրու­թիւննե­րը կա­տարել եւ թէ այս կա­նոնագ­րի դէմ իրա­ւական գետ­նի վրայ պայ­քա­րիլ։ Այս պայ­քա­րի առաջ­նորդը պէտք է նոյն ինքն հիմ­նարկնե­րը ըլ­լալն, նոյն ինքն հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութիւ­նը։ Մեր աւան­դութիւննե­րուն հա­կասող պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թիւն մը կա­տարե­ցինք եւ այժմ նոյն մտա­հոգու­թիւննե­րով նոր սխալ մը գոր­ծե­լու, այ­սինքն պար­տադրո­ւածը իւ­րացնե­լու վտան­գի մը հետ դէմ յան­դի­ման ենք»։

Երես­փո­խան Կա­րօ Փայ­լան նաեւ նշեց թէ սոյն կա­նոնագ­րի պատ­րաստու­թեան մէջ Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թիւնը կա­րեւոր դե­րակա­տարու­թիւն ու­նե­ցած է։ Բո­լորո­վին անի­մաստ է այս երե­ւոյ­թը, քա­նի որ ազ­գա­յին կամ կրօ­նական փոք­րա­մաս­նութիւննե­րը երկրի անվտան­գութեան վե­րաբե­րեալ խնդիր մը չեն հա­մարո­ւիր։ «Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թիւնը են­թա­կայ է Մշա­կոյ­թի եւ Զբօ­սաշրջու­թեան Նա­խարա­րու­թեան։ Սա­կայն կա­նոնագ­րի պատ­րաստու­թեան մէջ այդ նա­խարա­րու­թեան ազ­դե­ցու­թիւնը չէ եղած։ Սոյն պար­տադրան­քը կը հա­կասէ նաեւ մի­ջազ­գա­յին հա­մաձա­նու­թիւննե­րու» ըսած է Կա­րօ Փայ­լան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ