Վերաբացում Կազդուրման Կայանի

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

Գընա­­լը Կղզիի Կազ­­դուրման Կա­­յանը հա­­մավա­­րակի պատ­­ճա­­­ռած եր­­կու տա­­րուայ ընդհա­­տու­­մէն ետք 26 Յու­­նիս կի­­րակի օր կրկին բա­­ցաւ իր դռնե­­րը հայ մա­­նուկնե­­րու դի­­մաց։

Այս տա­­րուայ հա­­մար Կազ­­դուրման Կայ­­նի եր­­դի­­­կին տակ նա­­խատե­­սուած են մարմնա­­մար­­զա­­­կան խա­­ղեր, լե­­զուի եւ գե­­ղարո­­ւես­­տի ու­­սուցում եւ այլ տե­­սակի զա­­նազան մի­­ջոցա­­ռումներ։

Արի Չո­­լաքի գլխա­­ւորած Կազ­­դուրման Կա­­յանի վար­­չութիւ­­նը ըն­­կե­­­րակ­­ցութեամբ ճամ­­բա­­­րի տնօ­­րէնու­­հի Լի­­զա Չո­­լաքօղ­­լու, վար­­չա­­­յին­­ներ Նո­­րա Քումրալ, Այ­­քուն Պու­­տակ, Առ­­նօ Պենկլիեան եւ իտա­­լերէն դա­­սըն­­թացքնե­­րու ու­­սուցչու­­հի Միր­­նա Չո­­լաքի, այ­­ցե­­­լեց «Ակօս»ի խմբագ­­րա­­­տուն եւ լրա­­ցու­­ցիչ տե­­ղեկու­­թիւններ փո­­խան­­ցեց ճամ­­բա­­­րի ծրա­­գիր­­նե­­­րուն մա­­սին։

Հետզհե­­տէ աւան­­դա­­­կանա­­ցած Կազ­­դուրման Կա­­յանի այս տա­­րուայ սի­­րոյ սե­­ղանը պի­­տի կա­­յանայ 31 Յու­­լի­­­սին եւ պի­­տի ձօ­­նուի նա­­խորդ տա­­րի վախ­­ճա­­­նած Հայր Թա­­թուլ Անու­­շեանի յի­­շատա­­կին։ Պի­­տի ոգե­­կոչո­­ւին նաեւ ճամ­­բա­­­րի բա­­րերար­­ներ Անի Հա­­ւըթերս եւ Անի Հա­­մամ­­ճըօղ­­լո­­­ւի յի­­շատակ­­նե­­­րը։

Այս տա­­րի ճամ­­բա­­­րին կը մաս­­նակցին 110 աշա­­կերտներ, որոն­­ցէմ 15-ը եկած են Հրանդ Տինք վար­­ժա­­­րանէն։ Վա­­րիչ­­նե­­­րը յոյ­­սով են թէ ճամ­­բա­­­րի տե­­ւողու­­թեամբ նա­­խատե­­սուած մի­­ջոցա­­ռումնե­­րը ոգե­­ւորու­­թիւն պի­­տի գո­­յաց­­նեն աշա­­կերտնե­­րու մօտ։ Այս տա­­րուայ հա­­մար նա­­խատե­­սուած է թատ­­րո­­­նի, երգչա­­խումբի եւ կե­­րամի­­կայի աշ­­խա­­­տանոց­­ներ։ Պի­­տի ըն­­թա­­­նան հա­­յերէ­­նի, անգլե­­րէնի եւ իտա­­լերէ­­նի դա­­սըն­­թացքներ։ Նաեւ կը նա­­խատե­­սուի գաղտնագ­­րե­­­րու ըն­­թերցման ուսուցում։

Թա­­տերա­­կան աշ­­խա­­­տանո­­ցը կը գլխա­­ւորէ «Յան­­կարծ» թա­­տերա­­խումբի գե­­ղարուես­­տա­­­կան վա­­րիչ Եղիա Աք­­կիւն։

Ֆուտպո­­լի մար­­զումնե­­րը ստանձնած է «Թաք­­սիմ», վոլէյ­­պոլ, պաս­­կետպոլ, ճատ­­րակ, թե­­նիս եւ մարմնա­­մար­­զութեան ճիւ­­ղերն ալ «Շիշ­­լի» մար­­զա­­­կումբնե­­րը։

Գը­­նալը Կղզիի հո­­գեւոր հո­­վիւ Յա­­րու­­թիւն Վար­­դա­­­պետ Տա­­մատեանն ալ պի­­տի դա­­սաւան­­դէ կրօնք։

Կազ­­դուրման Կա­­յանէ ներս աւան­­դութիւն դար­­ձած «Բառ Խաղ»ը այս տա­­րի ալ պի­­տի կա­­յանայ։

Ճամ­­բա­­­րի տնօ­­րէնու­­հի Լի­­զա Չո­­լաքօղ­­լու յայտնեց թէ բծախնդրու­­թեամբ կը գոր­­ծադրեն պսա­­կաձեւ ժահ­­րի դէմ կան­­խա­­­միջոց­­նե­­­րը։ Անձնա­­կազ­­մը դի­­մակ­­նե­­­րով պի­­տի աշ­­խա­­­տի եւ ննջա­­րան­­նե­­­րու օդը յա­­ճախ պի­­տի փո­­խուի եւ պի­­տի պա­­հուի ան­­կո­­­ղին­­նե­­­րու մի­­ջեւ անհրա­­ժեշտ հե­­ռաւո­­րու­­թիւնը։

Մի­­ջոցա­­ռումնե­­րու եւ ճամ­­բա­­­րի ըն­­թա­­­ցող ծրա­­գիր­­նե­­­րուն կա­­րելի է հե­­տեւիլ Կազ­­դուրման Կա­­յանի Դի­­մատետ­­րի եւ Ինստեկ­­րա­­­մի էջե­­րէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ