Գաղափարախօսութեան նշանակութիւնը

Մեզ յղկող միջավայրի մասին (Բ)

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Արա Ղու­պէ­սէրեանի հետ սերնդա­կից անուննե­րէն մէկն ալ Զա­ւէն Պա­քըր­ճըն էր։ Ան եւս ու­նէր այդ տա­րինե­րու յա­տուկ ար­դի սար­քե­րու հան­դէպ հե­տաքրքրու­թիւն։ Բայց մեզ ալա­ւելի հե­տաքրքրո­ղը անոր լու­սանկար­չա­կան արո­ւես­տի ու թեք­նի­քի տի­րապե­տելու ու­նա­կու­թիւնն էր։ Մեր ան­վերջա­նալի հար­ցումնե­րը յամ­բե­րու­թեամբ պա­տաս­խա­նող Զա­ւէն վեր­ջա­պէս որո­շեց միու­թեան եր­դի­քին տակ լու­սանկար­չա­կան դա­սըն­թացք մը կազ­մա­կեր­պել։ 10-15 երի­տասարդներ մեծ հե­տաքրքրու­թեամբ հե­տեւե­ցանք Զա­ւէնի դա­սըն­թացքնե­րուն։ Իր­մէ սոր­վե­ցանք լու­սանկար­չա­կան գոր­ծի­քին յատ­կութիւննե­րը։ Լրա­ցու­ցիչ բա­ցատ­րութիւններ տո­ւաւ ֆիլ­մե­րու լոյ­սի հան­դէպ զգայ­նութեան մա­սին, որոնք կը բնո­րոշո­ւէին ASA կամ DIN չա­փանիշ­նե­րով։ Հե­տաքրքա­կան էր թէ դա­սըն­թացքի մաս­նա­կից­նե­րէս ոչ մէկս ու­նէինք լու­սանկար­չա­կան գոր­ծիք։ Մեր հա­շուոյն լուրջ, բայց իրա­կանին մէջ աննշան խնա­յողու­թիւննե­րով ապա­հովե­ցինք սո­վետա­կան ար­տադրու­թիւնով «Լու­պի­թել-2» կամ «Սմե­նա-Սիմ­պոլ» լու­սանկար­չա­կան գոր­ծիքներ, որոնք այդ տա­րինե­րուն ամե­նաաժան­ներն էին։ Դա­սըն­թացքի հե­տեւող­նե­րէն Սար­գիս Պա­հարօղ­լու իբ­րեւ ար­հեստ եւ ապ­րուստի մի­ջոց որ­դեգրեց ար­հեստա­վարժ լու­սանկար­չութիւ­նը, որ մին­չեւ օրս կը շա­րու­նա­կէ Միացեալ Նա­հանգնե­րու մէջ։ Պա­հարօղ­լու նախ­քան Ամե­րիկա գաղ­թել որոշ ժա­մանակ աշ­խա­տեցաւ նաեւ անո­ւանի լու­սանկա­րիչ Արա Կիւ­լե­րի աշ­խա­տանո­ցը։

Լու­սանկար­չութիւ­նը իբ­րեւ ընտրե­լի դա­սըն­թացք տեղ գտաւ նաեւ Կեդ­րո­նական Վար­ժա­րանի մէջ։ Դպրո­ցի դա­սըն­թացքնե­րուն հե­տեւող­նե­րէն մէկն էր Մկրտիչ Ար­ծի­ւեան, որ դպրո­ցական տա­րինե­րէն դար­ձաւ ֆո­թոժուրնա­լիստ եւ այ­սօր ալ իր այդ նա­խասի­րու­թեամբ կը շա­րու­նա­կէ վա­ւերա­կանաց­նել Պոլ­սա­հայ ըն­կե­րային կեան­քը։

Զա­ւէնի հետ մեր վեր­ջին հան­դի­պու­մը կա­յացաւ 2020 թո­ւակա­նի Յու­նո­ւար ամ­սուն Ուա­շինկթը­նի իր բնա­կարա­նը։ Մեր սի­րելի ըն­կե­րը թո­ղած էր ատաղ­ձա­գոր­ծա­կան ար­տադրու­թիւններ ընող ըն­կե­րու­թեան մէջ իր բազ­մա­մեայ աշ­խա­տան­քը եւ թո­շակա­ռու դար­ձած, բայց չէր հրա­ժարած իր երի­տասար­դա­կան նա­խասի­րու­թե­նէն։ Տան պար­տե­զին մէջ տե­ղադ­րած էր աստղա­դիտակ մը, որու ագու­ցած լու­սանկար­չա­կան գոր­ծի­քով կը նկա­րէր երկնա­կամա­րի գի­շերուայ պատ­կե­րը։ Խա­ւարի սեւ ֆո­նին վրայ աստղե­րը կը պլպլա­յին տար­բեր գոյ­նե­րով։ Մե­զի հա­մար շատ ու­րա­խալի էր տես­նել թէ Զա­ւէնը ինչպէս կը ոգե­ւորո­ւէր այդ նկար­նե­րը ձեռքբե­րելով։ Այդ պա­հուն կը վեր­յի­շէի թէ Կեդ­րո­նական Միու­թեան դա­սըն­թացքնե­րուն ան պատ­մած էր լու­սի­նը նկա­րելու դժո­ւարու­թիւննե­րը։ «Գի­շերո­ւայ մու­թին լոյ­սի ան­բա­ւարա­րու­թեան պատ­ճա­ռաւ ստի­պուած ես փո­զը եր­կար պա­հելու, բայց այս ան­գամ ալ եր­կի­րը շրջե­լուն հա­մար կը կորսնցնես լուսնի բո­լորա­ձեւ երե­ւոյ­թը»։ Անցնող մօտ 60 տա­րինե­րը բազ­մա­թիւ նո­րու­թիւննե­րու կող­քին դիւ­րա­ցու­ցած էին նաեւ մու­թին մէջ նկա­րելու առիթ­նե­րը։

Սեր­տո­ղու­թեան պա­հեր
միու­թեան մէջ

Վե­րեւ նշած էինք Մկրտիչ Ար­ծի­ւեանի անու­նը։ Ու­րեմն սեր­տո­ղու­թեան պա­հերու նիւթն ալ բա­նանք իր խօս­քե­րով. «1973-ին, երբ առա­ջին ան­գամ մուտք գոր­ծե­ցի Կեդ­րո­նական, ուսման տա­րեշրջա­նի աւար­տին տկար նի­շեր ու­նէի։ Այդ ժա­մանակ մենք Օր­թա­գիւղ կը բնա­կէինք։ Այդ ամառ ամէն օր Կեդ­րո­նական Սա­նուց Միու­թիւն եկայ եւ հոն պատ­րաստո­ւեցայ լրա­ցու­ցիչ քննու­թիւննե­րուն։ Սեպ­տեմբե­րին քննու­թիւննե­րը յա­ջողած էի եւ ան­ցած յա­ջորդ դա­սարան»։

Երի­տասար­դաց յանձնա­խումբէն Յո­վան­նէս Գու­լաք (Աւե­տիքեան) եւ Կա­րապետ Քա­րաքա­յա (Տա­քեսեան) կը պաշ­տօ­նավա­րէին նաեւ Կեդ­րո­նական Վար­ժա­րան։ Աշա­կեր­տութեան հետ շա­րու­նակ շփման մէջ ըլ­լա­լով այդ եր­կուքն է, որ կազ­մա­կեր­պե­ցին սեր­տո­ղու­թեան պա­հերը։ Աշա­կեր­տութիւ­նը դպրո­ցէն ար­ձա­կուե­լով կը փու­թար միու­թիւն եւ այնտեղ հեր­թա­պահ հա­մալ­սա­րանա­կան­նե­րու հսկո­ղու­թեան տակ կ՚ամ­բողջաց­նէր իրենցմէ պա­հան­ջո­ւած տնա­յին պար­տա­կանու­թիւնը։ Տա­կաւին ու­սա­նողա­կան տա­րինե­րէն միու­թեան հետ ապա­հովուած այդ շփու­մը պատ­ճառ կը դառ­նար որ տղաք շրջա­նաւարտ ըլ­լա­լէ ետք ալ կա­պը պա­հեն միու­թե­նական աշ­խա­տու­թիւննե­րու հետ։

Յով­հաննէս Գու­լա­քը ու­նէր յա­ւելեալ մտա­հոգու­թիւններ։ Տրո­ւած ըլ­լա­լով թէ Կեդ­րո­նական այդ տա­րինե­րուն արա­կան վար­ժա­րան էր, եւ Էսաեան իգա­կան, Գու­լաք կ՚ու­զէր երկսեռ մի­ջավայ­րի մը մէջ պա­տանի­ներուն հա­մար ըն­կե­րային մի­ջավայր գո­յաց­նել։ Այսպէս յղա­ցաւ բնու­թիւնը ճանչնա­լու ուղղուած մի­ջոցա­ռումներ կազ­մա­կեր­պե­լու գա­ղափա­րը։ Այս գա­ղափա­րը կեան­քի կո­չելու հա­մար ալ դի­մեց իր պաշ­տօ­նակի­ցին՝ Էսաեան Վար­ժա­րանի բնա­գիտու­թեան ու­սուչցու­հի Ժա­նէթ Ալ­թունին։ Այդ եր­կուքի հա­մագոր­ծակցու­թեամբ եւ միու­թեան Երիտ­սա­րադաց Յանձնա­խումբի կազ­մա­կերպչու­թեամբ կա­տարո­ւեցան բնու­թիւնը ճանչնա­լու ուղղեալ ար­շաւներ, դէ­պի Պելկրա­տի ան­տառներ կամ ձմրան եղա­նակին բո­լորովին ամա­յացած Մեծ Կղզիի ան­տառնե­րը։ Այդ ար­շաւնե­րը շու­տով տո­ւին ակնկա­լուած ար­դիւնքը եւ գո­յացաւ երի­տասարդնե­րու մի­ջեւ որոշ մտեր­մութիւն։ Այ­լեւս ոչ Էսաեանի աղ­ջիկնե­րը եւ ոչ ալ Կեդ­րո­նակա­նի տղա­քը իրա­րու հետ խօ­սած պա­հուն կը կարմրէին ամօթ­խա­ծու­թեամբ։ Քա­նի որ Երի­տասար­դաց Յանձնա­խումբը կազ­մա­կեր­պիչն էր այս մի­ջոցա­ռումնե­րուն, մենք եւս կ՚ըն­կե­րակ­ցէինք տղոց, բաժ­նե­լով անոնց ու­րախ տրա­մադ­րութիւ­նը։

Գու­լաք առաջ­նորդ կ՚ըլ­լար եւ աշա­կերտնե­րուն կը բա­ցատ­րէր շե­րեփուկնե­րու, մո­ղես­նե­րու կամ մի­ջատ­նե­րու բնու­թեան մա­սին։ Անսպառ օրի­նակ­նե­րով լե­ցուն էր մի­ջավայ­րը։ Ան­շուշտ որ խինդ ու կա­տակն ալ ան­բա­ժան էր այդ գի­տական հե­տազօ­տու­թիւննե­րու պա­հուն։ Երբ այս տո­ղերը կը գրեմ, կը յի­շեմ նաեւ անուններ, որոնք դրոշ­մո­ւած են յի­շողու­թեանս մէջ իրենց ու­րոյն յատ­կութիւննե­րով։ Այդ տա­րինե­րուն ինչպէս այ­սօր ալ է, երի­տասարդնե­րու գլխա­ւոր մտա­տան­ջութիւնն էր հա­մալ­սա­րանի մտից քննու­թիւննե­րու յա­ջողե­լու խնդի­րը։ Այդ առու­մով ալ անսպառ հար­ցումնե­րով կը դի­մէին Ար­թին Էս­քի­հան­ճըին։ Ան նախ աւար­տած էր Իս­թանպու­լի Հա­մալ­սա­րանի Ու­սո­ղու­թեան Բա­ժինը եւ ապա կրկին յա­ջողե­լով մտից քննու­թիւննե­րը, այս ան­գամ ալ Իս­թանպու­լի Թեք­նիկ Հա­մալ­սա­րանի Թո­ւաբա­նական Ճար­տա­րագի­տու­թեան Բա­ժինը։ Այդ բնու­թեան ար­շաւնե­րու ըն­թացքին Էս­քի­հան­ճը չէր դրսե­ւորեր շե­րեփուկնե­րու լո­ղալու եղա­նակին կամ մի­ջատ­նե­րու շար­ժումնե­րու հան­դէպ հե­տաքրքրու­թիւն, այլ կ՚ընտրէր վայր մը, ուր մե­կու­սա­նալով կը փոր­ձէր կար­դալ իր հետ բե­րած գիր­քը։Այդ ըն­թերցու­մը յա­ճախ կը խան­քա­րուէր երի­տասարդնե­րու հար­ցումնե­րով, որոնց կը պա­տաս­խա­նէր յա­տուկ լրջու­թեամբ, որ մեծ գո­հու­նա­կու­թիւն կը պար­գե­ւէր տղոց։

Ար­թին Էս­քի­հան­ճը ապա որ­դեգրեց ու­սուցչա­կան աս­պա­րէզը եւ շատ եր­կար տա­րիներ թո­ւաբա­նու­թիւն դա­սաւան­դեց Սա­հակեան Վար­ժա­րանի մէջ։

Յով­հաննէս Գու­լա­քի եւ Կա­րապետ Գա­րագա­յայի ար­տերկիր մեկ­նե­լէն ետք դպրո­ցի եւ միու­թեան մի­ջեւ կա­պը խզուելով հետզհե­տէ վե­րացաւ նաեւ սեր­տո­ղու­թեան պա­հերը միու­թե­նէ ներս։

1970-ական տա­րեթի­ւերու առա­ջին կէ­սին Երի­տասար­դաց Յանձնա­խումբի գոր­ծունէու­թիւնը մեծ աշ­խուժու­թիւն բե­րած էր միու­թեան առօ­րեային։ Բնաւ կաս­կած չկայ որ այդ աշ­խուժու­թեան մէջ բա­ժին ու­նէր շրջա­նի վար­չութեան երի­տասարդնե­րու հան­դէպ վստա­հու­թիւնը։ Երբ հա­սանք նոյն 1970-ական տա­րեթի­ւերու երկրորդ կէ­սին վար­չութիւ­նը գրե­թէ բո­լորո­վին փո­խուած էր եւ սա­կայն վար­չութեան հետ միասին փո­խուած էր հաս­կա­ցողու­թիւններն ալ։ Բժիշկ Ար­ման Չա­քըրի գլխա­ւորած նոր վար­չութիւ­նը դա­սըն­կերնե­րու հա­մախմբում մըն էր նաեւ։ Սե­րունդ մը՝ որ ետ մնա­ցած էր երկրի հա­մալ­սա­րան­նե­րէ ներս տի­րող յե­ղափո­խական հո­սանքնե­րէն։ Ան­շուշտ որ այդ յե­ղափո­խական հո­սան­քը ուղղա­կիօրէն ոչ մէկ առնչու­թիւն ու­նէր միու­թե­նական աշ­խա­տու­թիւննե­րու հետ։ Բայց տրո­ւած ըլ­լա­լով թէ ըն­կե­րային կեան­քի մէջ ան­հատնե­րու կազ­մութիւ­նը եւ մեր­ձե­ցումնե­րը մեծ նշա­նակու­թիւն ու­նին, այդ ալ իր հետ կը բե­րէ հա­մապա­տաս­խան ոգին։ Ասա­տուր Չի­լին­կիր, Բժիշկ Վար­դա­վառ Սոր­կոս, Թե­լեմակ Լոք­մա­կէօզեան, Պա­րոյր Պոս­տան, Մկրտիչ Սե­թեան, Բժիշկ Վարդգէս Պէյ­լե­րեան, Յա­րու­թիւն Էպէօղ­լու եւ այլ անուննե­րէ բաղ­կա­ցած վար­չութիւ­նը կար­ծես սա­նուց միու­թիւնը դի­տեց դէ­պի խնա­մակա­լու­թեան տա­նող սան­դուխի առա­ջին աս­տի­ճան­ներ ըլ­լա­լով։

Ար­դա­րեւ մէկ կամ եր­կու շրջան ետք, այդ կազ­մը գրե­թէ ամ­բողջւթեամբ ստանձնեց Ղա­լաթիոյ Եկե­ղեց­ւոյ եւ Կեդ­րո­նական Վար­ժա­րանի խնա­մակա­լու­թեան պաշ­տօ­նը։ Մինչ այդ վրայ հա­սած էր 12 Սեպ­տեմբեր 1980-ի զի­նուո­րական յե­ղափո­խու­թիւնը, որ իբ­րեւ առա­ջին քայլ ար­գի­լեց երկրի տա­րած­քին գոր­ծող բո­լոր միու­թիւննե­րը։ Այս չորս տա­րուան ար­գի­լեալ շրջա­նը բա­ւակա­նին սուղ ազ­դեց ո՛չ միայն Կեդ­րո­նակա­նին, այլ պոլ­սա­հայոց մշակութային կեանքը ձեւաւորող բոլոր միութիւններուն վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ